ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանի երեք ամավերջի հանդէսները տեղի ունեցան


Խաժակ Գուլաճեան

ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանին համար յունիս 2023-ը տօնական ամիս էր, որուն ընթացքին տեղի ունեցան «Պապայեան» մանկապարտէզի, «Գոլոլեան» նախակրթարանի եւ «Լափոյեան» երկրորդական վարժարանի ամավերջի հանդէսներն ու վկայականներու բաշխումները, ներկայութեամբ՝ ծնողներուն, ուսուցչակազմին, պաշտօնէութեան, համայնքի ներկայացուցիչներուն եւ հանրութեան:


«Պապայեան» մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսն ու վկայականներու բաշխումը

Ուրբաթ, 9 յունիս երեկոյեան ժամը 5:30-էն սկսեալ եռուզեր էր Թորոնթոյի հայ երիտասարդական կեդրոնի մուտքը: 44 մանուկներ՝ իրենց ծնողներու ընկերակցութեամբ, ժամանեցին կեդրոն ուրախ եւ խանդավառ մթնոլորտ մը ստեղծելով:

(լուսանկարները՝ Իշխան Ղազարեանի)

Ձեռնարկը սկսաւ «Համազգային» թատերասրահին մէջ, յարակցումով մը յիշատակի նկարներու, որոնք կը ներկայացնէին Ծիլ կարգէն մինչեւ Ծաղիկ կարգի մեր աշակերտներուն գործունէութիւնը: Մինչ հանդիսատեսը սուզուած էր յիշատակներու ծովին մէջ, 44 շրջանաւարտ ծաղիկները կը շարուին բեմին վրայ, վարագոյրներու ետին: Կ’աւարտի ներկայացումը: Կը հնչեն Գանատայի, Հայաստանի եւ Արցախի օրհներգները, ապա վարժարանի տնօրէն Րաֆֆի Սարիգսեանը կ’ողջունէ ներկաները եւ պաշտօնապէս բացուած կը յայտարարէ հանդէսը: Կը բացուի վարագոյրը: Շրջանաւարտները մեզ կը դիմաւորեն իրենց անմեղ ժպիտներով եւ յայտագիրը կը բանան «Իմ Արցախ աշխարհ» երգով (խօսք՝ Լիլիթ Հէյբաթեանի, երաժշտ.՝ Եւա Եղոյեանց-Զարգարեանի) եւ Ռուբէն Մխիթարեանի «Իմ երկիր, իմ Հայաստան» ասմունքով: Անգլերէն լեզուով կ’ասմունքեն «Kindergarten Graduation» կտորը եւ կ’երգեն «Just Dance» երգը, իսկ ֆրասներէնով կ’երգեն «Alouette» երգը: Հանդէսի առաջին բաժինը կը փակուի Իրինա Խաչատրեանի «Հրաժեշտ մանկապարտէզին» երգով:

Կը հասնի սպասուած պահը: Փոխտնօրէն Զէլա Գագուսեան բեմ կը հրաւիրէ մանկապարտէզի ուսուցիչները եւ անոնց կը նուիրէ ծաղիկներ: Տնօրէն Րաֆֆի Սարիգսեանի, փոխտնօրէն Զէլա Գագուսեանի եւ ծաղիկ կարգի ուսուցիչներու ձեռամբ կը կատարուի վկայականներու բաշխումը: Այսպէս, ծաղիկները հրաժեշտ կու տան մանկապարտէզի ջերմ կեանքին եւ ուրախ խաղերուն եւ ցոյց կու տան իրենց պատրաստակամութիւնը` անցնելու նախակրթարանի Ա. դասարան՝ պարելով «Կենաց հերոսների» պարը։

Սբ. Աստուածածին Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ հովիւ տէր Տաթեւ աւ. քհն. Միքայէլեանի սրտի խօսքով ու պահպանիչով վերջ կը գտնէ հոգեթով հանդիսութիւնը:

«Գոլոլեան» նախակրթարանի ամավերջի հանդէսն ու վկայականներու բաշխումը

Յաջորդող ուրբաթ օրը, 16 յունիսին, «Գոլոլեան» նախակրթարանի ընթացքը աւարտող 35 աշակերտներու «Համազգային» թատերասրահ  հանդիսաւոր մուտքով եւ Գանատայի, Հայաստանի եւ Արցախի օրհներգներու յոտնկայս ունկնդրութեամբ տեղի ունեցաւ վարժարանի 8-րդ կարգի հանդէս-վկայականներու բաշխումի երեկոն: Ձեռնարկը կը հանդիսավարէր վարժարանիս հայերէն լեզուի եւ գրականութեան վաստակաշատ ուսուցիչ Յասմիկ Պապեանը:

(լուսանկարները՝ Իշխան Ղազարեանի)

Շրջանաւարտները հանդէս եկան «Ձօն Մեսրոպ Մաշտոցին եւ մեր գոյատեւման ազդակ՝ հայ լեզուին» խորագիրով Հայոց լեզուին նուիրուած ծաղկաքաղով մը, զոր համադրած էր տիկին Պապեան: Երախտիքի խօսքեր արտասանեցին հայերէնով՝ Նարինէ Արթին, անգլերէնով՝ Շանթ Մաքսուտլեան եւ Ֆրանսերէնով՝ Քարինա Սարգիսեան:

Տնօրէնութեան խօսքը փոխանցեց տնօրէն Րաֆֆի Սարգիսեանը, որ յայտնեց, թէ վարժարանիս համայնքը իր յաջողութիւններու առիւծի բաժինը կը պարտի աննման, ժրաջան եւ նուիրուած անձնակազմին: Սարգիսեան լուսարձակի տակ առաւ հեռատես եւ նուիրեալ համայնքի ղեկավարներու տեսիլքն ու աշխատանքը, որոնցմով հիմը դրուեցաւ այս վարժարանին:

Ապա, 8-րդ կարգի ուսուցիչներուն, տնօրէնին եւ Կրթական խորհուրդի ատենապետին ձեռամբ տեղի ունեցաւ մրցանակ-վկայականներու բաշխումը:

Կրթական խորհուրդի ատենապետ Վազրիկ Շարապխանեան շնորհաւորանքի խօսք ուղղեց շրջանաւարտներուն, ծնողներուն եւ ուսուցիչներուն: Ապա բեմ հրաւիրեց բազմավաստակ կրթական մշակ, 33 տարիներ նախակրթարանին մէջ հայոց լեզու եւ պատմութիւն աւանդած, սերունդներ դաստիարակած, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանին արժանացած, բոլորին սիրելի տիկին Սիլվա Փայլեանը:  Շարապխանեան վեր առաւ Փայլեանի տարիներու վաստակը, ապա պարգեւատրեց զայն ապակեայ գնահատագիրով եւ Մայքըլ Արամի ձեռամբ պատրաստուած յուշամետաղով, որուն վրայ պատկերուած էր ՀՕՄ-ի զինանշանը՝ շրջապատուած մանուկներով: Իր կարգին, տիկին Փայլեան փոխանցեց սրտի խօսքը, շնորհաւորեց նախակրթարանի տարիներուն իրեն աշակերտած շրջանաւարտ այս սերունդը եւ վեր առաւ հայկական վարժարանի կարեւոր դերը: Ապա հրաժեշտ տուաւ վարժարանին, յայտնելով՝ որ որոշած է կոչուիլ հանգստեան: Հանդիսատեսը յոտնկայս ծափողջոյններով իր գնահատանքը յայտնեց տիկին Փայլեանի տարիներու վաստակին:

Տէր Տաթեւ աւ․ քհն․ Միքայէլեան արտասանեց իր սրտի խօսքն ու կատարեց պահպանիչը:

Շրջանաւարտներու հանդիսաւոր ելքով փակուեցաւ հանդիսութիւնը։

«Լափոյեան» երկրորդական վարժարանի ամավերջի հանդէսն ու վկայականներու բաշխումը

Վերջապէս, 23 յունիսի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի վկայականներով արդէն զինուած, եւ երկրորդական վարժարանի ընթացքը աւարտած 20 երիտասարդներ, շաբաթ մը ամբողջ հետեւելով երկրորդական կարգերու հայ գրականութեան եւ հայ դատի ուսուցիչ Աշխէն Մալխասեանի ցուցմուքներուն եւ ուսուցողութեան, հանդիսաւոր մուտքով շարուեցան Թորոնթոյի հայ երիտասարդական կեդրոնի «Համազգային» թատերասրահի բեմին վրայ: Գանատայի, Հայաստանի եւ Արցախի օրհներգներէն ետք, տիկին Մալխասեան ողջունեց ներկաները եւ կը հաստատեց ներկայութիւնը ՀՅԴ կեդրոնական կոմիտէի եւ «Ս. Թէհլիրեան» կոմիտէի, եկեղեցիներու եւ կրօնական հայրերու, Հայ կեդրոնի յարակից միութիւններու, ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղի ներկայացուցիչներուն եւ բարերարներուն: Մալխասեան յայտնեց, որ այս 20 երիտասարդները «մեր աչքերուն առջեւ կազմաւորուեցան եւ դաստիարակուեցան իբրեւ տիպար քաղաքացիներ ու հայրենասէր հայեր եւ այսօր հաստատ քայլերով պիտի շարունակեն իրենց երթը դէպի նորանոր բարձունքներ»:

(լուսանկարները՝ Իշխան Ղազարեանի)

Շրջանաւարտները հանդէս եկան Ժագ Ս. Յակոբեանի «Մենք» կտորի խմբական ներկայացումով: Հրաժեշտի ուղերձներ արտասանեցին հայերէնով՝ Արամ Թիքճեան եւ Անուշ Յարութիւնեան, անգլերէնով՝ Քրիստ Տապաղեան եւ Ֆրանսերէնով՝ Գայանէ Թորոսեան:

Բեմ հրաւիրուեցաւ տնօրէն Րաֆֆի Սարգիսեան: Ան նշեց, որ այսօրուան ստանալիք վկայականներով շրջանաւարտները կը միանան ծանր պատասխանատուութիւններ կրող այն փաղանգին, որ իր յաճախած միջավայրերուն մէջ կը դառնայ Հայ ազգի ու դատի առաքեալը եւ իր յաջողութիւնները միշտ կը ծառայեցնէ ազգի վերելքին, շեշտելով, որ  այդ հոգիով է, որ թորոնթոհայ համայնքը կրցած է գոյատեւել: Սարգիսեան յայտնեց, որ այս հունձքը յատուկ է, որովհետեւ առաջինն էր, որ այցելեց հայրենիք, 44-օրեայ պատերազմէն ետք, որ սակայն չկրցաւ տեսնել թշնամիին յանձնուած Արցախը: Սարգիսեան վերյիշեցուց, որ անցեալ աւարտական հանդէսին վարժարանը ստեղծեց աւանդութիւն մը՝ յաջորդական հունձքերը անուանելու հայրենիքի տարածքներու անուններով, ամրապնդելու մեր շրջանաւարտներու պահանջատէր ոգին. «Վկայելով ձեր տարիներու ընթացքին ցուցաբերած ազգանպաստ գործերն ու ձեր բուռն հայրէնասիրութիւնը, տպաւորուելով ձեր խմբային այն նկարէն, ուր ձեր աչքերը յարած էիք դէպի շղթայուած Արարատ, եւ լսելով ձեր արտասանած բանաստեղծութեան «Մե՛նք աշխարհակալ անկախ Արարատ»-ը, ձեր հունձքը կ’անուանենք ԱՐԱՐԱՏ հունձք: Ժամանակ մը, մեր սուրբ Արարատն ալ ոմանք վաճառքի հանած էին: Մենք, այսօր, մեր առջեւ կանգնած Արարատ հունձքին հետ միասին կը հաստատենք, որ Արարատը մե՛ր սիրտն է, մե՛ր հոգին է, մե՛ր անմար պայքարի սրբազան խորհրդանիշն է» յայտարարեց Սարգիսեան:

12-րդ կարգի ուսուցիչներուն, տնօրէնին եւ Կրթական խորհուրդի ատենապետին ձեռամբ՝ տեղի ունեցաւ մրցանակ-վկայականներու բաշխումը:

Խօսք առաւ Կրթական խորհուրդի ատենապետ տիար Շարապխանեանը, որ շնորհաւորեց շրջանաւարտները, ծնողները եւ ուսուցիչները: Ապա բեմ հրաւիրեց բազմավաստակ կրթական մշակ, 37 տարիներ վարժարանիս նախակրթարանին եւ միջնակարգին մէջ հայոց լեզու, գրականութիւն ու պատմութիւն աւանդած, սերունդներ դաստիարակած, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Մեսրոպ Մաշտոց» շքաշանին արժանացած, բոլորին սիրելի Յասմիկ Պապեանը: Շարապխանեան վեր առաւ Պապեանի տարիներու վաստակը, նշելով որ ան եղած է իր եւ տնօրէն Րաֆֆի Սարգիսեանին ուսուցիչը: Շարապխանեան յանձնեց պարգեւեալին ապակեայ գնահատագիր եւ Մայքըլ Արամի ձեռամբ պատրաստուած յուշամետաղ, որուն վրայ պատկերուած էր ՀՕՄ-ի զինանշանը՝ շրջապատուած մանուկներով: Իր կարգին, պարգեւատրեալը փոխանեց իր սրտի խօսքը, նշելով յիշատակելի դէպքեր եւ զարգացումներ, շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր նախկին թէ ներկայ տնօրէններուն եւ պաշտօնակիցներուն եւ ապա յայտնեց, որ պիտի կոչուի հանգստեան: Հանդիսատեսը յոտնկայս ծափողջոյններով իր գնահատանքը յայտնեց տիկին Պապեանի տարիներու վաստակին:

Սբ. Աստուածածին Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ հայր Վարդան ծ․ վարդապետի սրտի խօսքէն եւ օրհնանքէն ետք հնչեց «վերջին զանգ»ը․ «Արարատ» հունձքի շրջանաւարտները նետեցին իրենց գլխարկները, վերջին անգամ ըլլալով նկարուեցան ուսուցիչներուն հետ ու սրահէն դուրս ելլելով բարձր թռիչքով, հայու հոգիով, հայու առաքելութեամբ ու հայու հպարտութեամբ հրաժեշտ տուին վարժարանին՝ ուղուելու դէպի լուսաշող ապագայ: