Ծանօթանա՛նք թորոնթոհայ շքանշանակիրներուն


Շաբաթ, 10 յունիս 2023-ի երեկոյեան, Թորոնթոյի Հայ կեդրոնի սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ պաշտօնական ճաշկերոյթ մը՝ ի պատիւ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին։ Ճաշկերոյթի ընթացքին շքանշաններով գնահատուեցան անոնք, որոնք երկար տարիներ ծառայած են Թորոնթոյի համայնքին։ Վեհափառ հայրապետի ձեռամբ «Կիլիկիան ասպետ»-ի շքանշանին արժանացան՝ Վազգէն Թերզեան, Արմէն Կէտիկեան, Ժիւլիէթ Ճանպազեան, Օսիկ Մխսիարթինեան եւ Ժիւլիէթ Սարգիսեան։ «Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանին արժանացան ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանի երկարամեայ ուսուցիչներ Յասմիկ Պապեանն ու Սիլվա Փայիլեանը, ինչպէս նաեւ՝ Ալիս Շիթիլեանը։

Ստորեւ կը ներկայացնենք շքանշանակիրներու ամփոփ կենսագրականները (մականունի այբբենական կարգով):


Թէրզեան Վազգէն. «Կիլիկիան ասպետ»-ի շքանշան

(լուսանկարը՝ Իշխան Ղազարեանի. տրամադրած է Ազգային առաջնորդարանը)

Ծնած է Պէյրութ: Փոքր տարիքէն յաճախած է Պէյրութի Նշան Փալանճեան ճեմարանը, զոր աւարտած է 1953-ին: Աշակերտած է Լեւոն Շանթի, Նիկոլ Աղբալեանի, Սիմոն Վրացեանի, Կարօ Սասունիի, Բարսեղ Կանաչեանի, Կոստան Զարեանի, Մուշեղ Իշխանի, Գառնիկ Կիւզելեանի, Գառնիկ Բանեանի, որոնք իր մէջ ներարկած են գաղափարական թրծուածք եւ ազգային ու համամարդկային վսեմ արժէքներ:

Անդամակցած է Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան (ՀՄԸՄ) եւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան (ՀՅԴ) պատանեկան միութեան։ 1955-ին ընտանեօք  փոխադրուած է Գանատա՝ հաստատուելով Սէնթ Քանթրինզ:

Անդամակցած է ՀՅԴ-ի կազմակերպական շարքերուն եւ ՀԵԴ-ի կազմին, այնուհետեւ ընտրուած է ՀՅԴ Գանատայի շրջանային գործադիր մարմինի անդամ։ Եղած է ազգային եկեղեցական երեսփոխան։ Գանատայի կառավարութեան դիտորդական խումբին մաս կազմելով՝ որպէս դիտորդ մասնակցած է Հայաստանի անկախութեան հանրաքուէին։

Ան մեծ ներդրում ունեցած է վերակազմակերպելու Գանատայի հայ առեւտրականներու խորհուրդը (Canada-Armenia Business Council – CABC):

Աշխուժ մասնակցութիւն բերած է Թորոնթոյի Կիլիկեան թեմի եկեղեցաշինութեան աշխատանքներուն, որպէս դրամահաւաքի յանձնախումբի պատասխանատու: Յաջորդական տարիներուն՝ ընտրուելով Ազգային եկեղեցական երեսփոխան, իր ներդրումը բերած է ազգային – եկեղեցական կեանքին։

Կէտիկեան Արմէն. «Կիլիկիան ասպետ»-ի շքանշան

(լուսանկարը՝ Իշխան Ղազարեանի. տրամադրած է Ազգային առաջնորդարանը)

Ծնած է Հալէպ, 1944-ին: Նախնական ուսումը ստացած է Հալէպի Զաւարեան վարժարէն եւ երկու տարի յաճախած է Քարէն Եփփէ Ճեմարանը, ապա նիւթական պատճառներով նետուած է կեանքի ասպարէզ. 1961-ին ընտանեօք փոխադրուած է Լիբանան, ապա 1968-ին՝ հաստատուած Գանատա։ Արմէն ուսում ստանացած է որպէս օդի բարեխառնութեան մասնագէտ (HVAC Technician): 1984-էն մինչեւ իր հանգստեան կոչուիլը HYPLast ընկերութեան տնօրէնը եղած է: Ամուսնացած է Այտա Շիշմանեանին հետ, 1973 թուականին։

Գանատա հաստատուելէ ետք իր մասնակցութիւնը բերած է գաղութի կազմաւորման աշխատանքներուն. Համազգայինի երգչախումբ, թատերախումբ եւ այլ ակումբային աշխատանքներ:

1969-ին ՀՄԸՄ Թորոնթոյի մասնաճիւղի հիմնադրութեան օրէն սկսեալ մինչեւ օրս գործօն մասնակցութիւնը կը բերէ մասնաճիւղի կազմութեան եւ վերելքին, զանազան պաշտօններ վերցնելով. Սկաուտական եւ Մարզական խորհուրդ, վարչական, ատենապետ, Շրջանային վարչութեան անդամ, ինչպէս նաեւ՝ Կեդրոնական վարչութեան անդամ: Երկար տարիներու ծառայութեան համար արժանացած է ՀՄԸՄ ծառայութեան շքանշանին, պարգեւատրուած է նաեւ ՀՄԸՄ-ի արժանեաց շքանշանով:

Ճանպազեան Ժիւլիէթ. «Կիլիկիան ասպետ»-ի շքանշան

(լուսանկարը՝ Իշխան Ղազարեանի. տրամադրած է Ազգային առաջնորդարանը)

Ծնած է Պոլիս։ Նախնական ուսումը ստացած է Պոլսոյ Անարատ յղութեանց եւ Տատեան վարժարաններէն ներս: Միջնակարգը աւարտելէ ետք, 1972-ին, փոխադրուած է Թորորնթօ եւ յաճախած՝ Ճորճ Վանիէ երկրորդական վարժարանը: Բարձրագոյն ուսումը ստացած է Թորոնթոյի համալսարանէն՝ Commerce and Finance ճիւղին մէջ: 1979-ին ամուսնացած է Յակոբ Ճանպազեանին հետ եւ միասին հիմը դրած են եւ ընդարձակած առեւտրական յաջող գործունէութիւն մը Baskin Robbins ընկերութեան հետ, ուր ան ստանձնած է պատասխանատու պաշտօններ:

Թորոնթոյի մէջ ունեցած է ու կը շարունակէ ունենալ ազգային աշխուժ գործունէութիւն: Անդամակցած է Հայ օգնութեան միութեան (ՀՕՄ), աւելի քան երկու տասնամեակներէ ի վեր անդամ է ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանի կրթական մարմինին, տարիներ շարունակ եղած է ՀՕՄ-ի ամառնային ճամբարի յանձնախումբի ատենապետ եւ վարած է վարժարանի Ծնողական յանձնախումբի ատենապետի պաշտօնը: Մաս կազմած է ՀՕՄ-ի զանազան յանձնախումբերու, Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան «Գլաձոր» մասնաճիւղի գրադարան-գրատարած յանձնախումբին ու Գանատայի թեմի Քրիստոնէական դաստիարակութեան յանձնախումբին: ՀՅԴ-ի անդամ է:

Իր երկարամեայ նուիրական գործունէութեան համար ստացած է բազմաթիւ գնահատանքներ, ինչպէս՝ Օնթարիոյի տարուան կամաւորականի մրցանակն ու Ելիզապէթ Թագուհիի Բլաթին յոբելեանի մետալը:

Մխսիարթինեան Օսիկ. «Կիլիկիան ասպետ»-ի շքանշան

(լուսանկարը՝ Իշխան Ղազարեանի. տրամադրած է Ազգային առաջնորդարանը)

Ծնած է Պէյրութ, Լիբանան: Նախնական եւ երկրորդական կրթութիւնը ստացած է Ազգային Սուրէն Խանամիրեան քոլէճին մէջ, Սբ. Նշան առաջնորդանիստ մայր եկեղեցիին կողքին, ուր եղած է դպրուհի եւ կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտ, մինչեւ աւարտական դասարանը: Իր երկրորդ տունը եղած են «Բաբգէն Սիւնի», ապա «Երեւանեան» ակումբները: 1975-ին, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի սկիզբը անդամակցած է Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան եւ վարած վարչական պաշտօն:

1977-ին հաստատուած է Թորոնթօ: 1980-ին սկսած է իր 35 տարուան երկար պաշտօնէութիւնը Bank Of Montreal-ի մէջ, որու ճամբով կրցած է դրամատնային հարցերով արհեստավարժ ծառայութիւն մատուցել համայնքին աճող եւ բազմացող հայ ընտանիքներուն, Հայ կեդրոնին եւ Սբ. Աստուածածին եկեղեցիին:

1988-էն սկսեալ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ եւ Ազգային առաջնորդարանի մէջ վարած է բազմաթիւ պատասխանատու պաշտօններ՝ Տիկնանց յանձնախումբի անդամ, հոգաբարձութեան խորհրդական եւ դիւանի անդամ, ազգային երեսփոխան, Ազգային վարչութեան անդամ։ Գործօն մասնակցութիւն բերած է 2001-ի Հայ կեդրոնին եւ եկեղեցիին պարտքերու շիջեցումի՝ SMACCի հանգանակութիւններուն, սուրիայութեան, լիբանանահայութեան եւ Արցախի նուիրահաւաքներուն։ Ստանձնած է բարերարութիւնը՝ Անթիլիասի Մայր տաճարի վնասուած գմբէթի վերաշինութեան, Սբ. Աստուածածին եկեղեցիի մայր մուտքին զետեղուած քանդակներուն, որմնանկարներուն, եւ վախճանեալ Մեղրիկ սրբազանի եպիսկոպոսական օծումի կքահայրութեան:

Անդամակցած է ՀՅԴ պատանեկան եւ երիտասարդական միութեանց, ապա 1963-ին անցած է ՀՅԴ շարքերը։  Գործօն անդամ եղած է Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, ինչպէս նաեւ՝ ընտրուած է ազգային երեսփոխան եւ երկար տարիներէ կը  մասնակցի Գանատայի Ազգային երեսփոխանական ժողովներուն։

Շիթիլեան Ալիս. «Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշան

(լուսանկարը՝ Իշխան Ղազարեանի. տրամադրած է Ազգային առաջնորդարանը)

Ծնած է Տէր Զօր, Սուրիա։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է Պուրճ Համուտի Քառասուն Մանկանց վարժարանին, երկրորդական ուսումը՝ Համազգայինի Նշան Փալանճեան ճեմարանին մէջ, Պէյրութ։ Համալսարանական պսակաւոր արուեստի եւ մագիստրոսի վկայականները ստացած է Պէյրութի ամերիկեան Համալսարանէն՝ մաթեմաթիք մասնագիտութեամբ։

Դասաւանդած է Պէյրութի Սուրէն Խանամիրեան երկրորդական վարժարանին եւ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին մէջ։ 1968-ին հաստատուած է Թորոնթօ։ Օնթարիօ նահանգին մէջ վկայուած է դասաւանդելու Mathematics եւ Computer Science՝ երկրորդականի բարձրագոյն կարգերու, ֆրանսերէն լեզու՝ միջնակարգի մէջ, ինչպէս նաեւ՝ երկրորդական վարժարանի տնօրէնութիւնը վարելու։

1970-ին եղած է ՀՕՄ-ի ամառնային ամէնօրեայ վարժարանի (ներկայիս ՀՕՄ-ի ամառնային Ճամբարի) հիմնադիր անդամներէն եւ տարիներ շարունակ աշխատած Ամառնայինի ուսումնական մարմինին մէջ։

Շնորհիւ իր եւ Մատլէն Տայեանի, 1982-ին Օնթարիոյի կրթական նախարարութեան կողմէ վաւերացուեցաւ եւ հաստատուեցաւ Հայերէն լեզուի դասընթացքը Օնթարիոյի երկրորդական վարժարաններու համար։ Այդ դասընթացքը կը շարունակուի մինչեւ օրս։

Անդամակցած է ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղին եւ վարած զանազան պատասխանատու պաշտօններ։

Պապեան Յասմիկ. «Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշան

(լուսանկարը՝ Իշխան Ղազարեանի. տրամադրած է Ազգային առաջնորդարանը)

Ծնած է Պէյրութ, Լիբանան: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Էշրէֆիէի Ազգային Չաթալպաշեան միջնակարգ դպրոցը, ապա, աւարտած է Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլէճը: Հետեւած է հայագիտական դասընթացներու Սէն Ժոզէֆ համալսարանին մէջ, միաժամանակ պաշտօնավարելով Անարատ յղութեան հայ քոյրերու մօտ: 1973-1984 թուականներուն ուսուցչութեամբ զբաղած էՊէյրութի մէջ:

1984-ին ամուսնացած է թորոնթոբնակ Գալուստ Պապեանին հետ եւ հաստատուած է Թորոնթօ: 1986-էն մինչ օրս,  37 տարիներէ ի վեր կը պաշտօնավարէ ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանէն ներս, որպէս հայերէն լեզուի եւ գրականութեան միջնակարգի դասատու:

Յասմիկ Պապեան ուսուցչութեան ասպարէզին առընթեր անդամ է ՀՕՄ-ին եւ  Համազգային մշակութային միութեան: Հայր Մեղրիկ Բարիքեան սրբազանին խնդրանքով երկու տարի՝ 2000-2002 թուականներուն, վարած է Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ դպրոցին տնօրէնութիւնը: 2007-ին երկար տարիներու իր ծառայութեան համար՝ յանուն Գանատայի Հայոց թեմին, պարգեւատրուած է «Անանիա Շիրակացի» շքանշանով։

Սարգիսեան Ժիւլիէթ. «Կիլիկիան ասպետ»-ի շքանշան

(լուսանկարը՝ Իշխան Ղազարեանի. տրամադրած է Ազգային առաջնորդարանը)

Ծնած է Հալէպ։ Աւարտած է Ազգային Քարէն Եփփէ ճեմարանը։ Պաշտօնավարած է Ազգ․ Հայկազեան վարժարանէն ներս՝ դասաւանդելով  հայերէն լեզու եւ՝ դպրոցին գրասենեակային աշխատանքներուն արաբերէն լեզուով օգնական։

Թորոնթօ տեղափոխուելէն ետք ուսանած է համակարգչային գիտութիւն և հաշուապահութիւն։ Անդամակցած է Համազգայինի «Գլաձոլ» մասնաճիւղին եւ մաս կազմած՝ յանձնախումբերու աշխատանքներուն։ ՀՕՄ-ի ամառնային ամէնօրեայ վարժարանէն ներս ստանձնած է զանազան պատասխանատուութիւններ, եղած է Ուսումնական մարմինի անդամ։

2003-2008թուականներուն ընտրուած է Թորոնթօի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան անդամ, 2010-էն 2018՝ Գանատայի հայոց թեմի ազգային երեսփոխան, 2011-էն 2017՝ Գանատայի հայոց թեմի ազգային վարչութեան անդամ։

Փայլեան Սիլվա. «Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշան

(լուսանկարը՝ Իշխան Ղազարեանի. տրամադրած է Ազգային առաջնորդարանը)

Ծնած է Հալէպ։ Եօթ տարեկանին, ծնողքը որոշած է փոխադրուիլ Պէյրութ-Լիբանան։ Յաճախած է  «Արմէն Ղարիպ» երկրորդական վարժարանը, այնուհետեւ իր համալսարանական ուսումը շարունակած է Ամերիկեան համալսարանը, միաժամանակ՝ դասաւանդելով Սիմոնեան քոլէճէն ներս։

Մեծի տանն Կիլիկիոյ վեհափառ Գարեգին Բ.-ի թելադրութեամբ՝ պաշտօնավարած է «Եղիշէ Մանուկեան» երկրորդական վարժարանէն ներս։

1989-ին փոխադրուած է Թորոնթօ-Գանատա եւ դարձեալ Գարեգին Բ. վեհափառի թելադրանքով ու հաստատագիրով սկսած է պաշտօնավարելու ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանէն ներս մինչ օրս, այսինքն՝ 33 տարիներ շարունակ, միաժամանակ 22 տարիներ վարած է ՀՕՄ-ի ամառնային ճամբարի տնօրէնութեան պաշտօնը։