Օլիվիա Չաուը Թորոնթոյի միաւորումէն ետք քաղաքի առաջին կին քաղաքապետն է


Օլիվիա Չաուը յաղթեց 26 յունիսի քաղաքապետարանի միջանկեալ ընտրութիւններուն՝ դառնալով միաւորուած Թորոնթոյի առաջին կին եւ առաջին տեսանելի փոքրամասնութենէ ընտրուած քաղաքապետը: Վաթսունվեց-ամեայ Չաուը որոշիչ առաջատարն էր նախընտրական շրջանին. երէկ ան ապահովեց ձայներու մօտաւորապէս 37 տոկոսը: Անա Պաիլաոն 32 տոկոսով գրաւեց երկրորդ տեղը։

Չաուը դիմած է իր կողմնակիցներուն՝ երախտագիտութիւն եւ ոգևորութիւն յայտնելով քաղաքի ապագային համար։ Ան իր յաղթանակի ձեռնարկին շնորհակալութիւն յայտնեց քաղաքի բնակիչներուն «փոփոխութեան յանձնարարութեան» համար եւ խոստացաւ անխոնջ աշխատիլ աւելի հոգատար, մատչելի եւ ապահով քաղաք կառուցելու ուղղութեամբ:

Հարիւր մէկ այլ թեկնածուներու դէմ պայքարելով՝ Չաուի անունի ճանաչումը անոր լուրջ առաւելութիւն մը տուաւ. Չաուը, որ 13 տարեկանին ընտանիքին հետ Հոնկ Քոնկէն ներգաղթած է Թորոնթօ, երկար տարիներ Գանատայի խորհրդարանի եւ Թորոնթոյի քաղաքապետարանի աւագանիի անդամ եղած է: Անոր հանգուցեալ ամուսինը՝ Ճեք Լեյթընը, Գանատայի Նոր ժողովրդավարական կուսակցութեան (NDP) երկարամեայ առաջնորդն էր:

Թորոնթոյի Հայ դատի յանձնախումբը իր զօրակցութիւնը յայտնած էր թեկնածու Ճաշ Մեթլաուին: Հայ համայնքի երկարամեայ բարեկամը 2010-էն ի վեր կը ծառայէ Թորոնթոյի քաղաքապետարանի խորհուրդին մէջ՝ ներկայացնելով Թորոնթօ-Սբ. Փոլ շրջանը: Մեթլաուը հինգերորդ տեղը գրաւեց քուէներու 4,9 տոկոսով (շուրջ 35 500 քուէ):

Մեթլաուն ու այլ նախկին թեկնածուներ, ինչպէս՝ Միթսի Հանթըրն ու Պրետ Պրատֆըրտը իրենց պատրաստակամութիւնը յայտնած են համագործակցելու եւ կառուցողականօրէն աշխատելու քաղաքապետ Չաուին հետ: