«Թորոնթոհայութի՛ւն, վստահ եղէք, որ միշտ ձեր կողքին եմ». թեկնածու Ճաշ Մեթլաու


Թորոնթոյի Հայ դատի յանձնախումբը իր զօրակցութիւնը յայտնած է Թորոնթոյի քաղաքապետի թեկնածու Ճաշ Մեթլաուին: Հայ համայնքի երկարամեայ բարեկամը 2010-էն ի վեր կը ծառայէ Թորոնթոյի քաղաքապետարանի խորհուրդին մէջ՝ ներկայացնելով Թորոնթօ-Սբ. Փոլ շրջանը:

«Եօթը լաւագոյն թեկնածուները ներկայ գտնուեցան այս տարուան Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման հանդիսութեան, սակայն անոնցմէ մէկը միշտ մեր կողքին եղած է, երբ անոր կարիքը ունեցած ենք», Հայ դատի յանձնախումբը յայտնեց իր հրապարակած յայտարարութեան մէջ:

Նախքան քաղաքապետարանի խորհուրդի անդամ ընտրուիլը, Մեթլաու եղած է Թորոնթոյի հանրային դպրոցներու խորհուրդի հոգաբարձու՝ 2003-էն 2010 թուականներուն: Ան ընտրուած է քաղաքապետարանի խորհուրդի անդամ 2010 թուականի տեղական ընտրութիւններուն եւ վերընտրուած 2014, 2018 եւ 2022 թուականներուն:

«Այսօր Թորոնթօն աշխուժ քաղաք մըն է, կազմուած աշխարհի տարբեր ծայրերէն եկած ժողովուրդներէ, որոնք այստեղ կրցած են ապահով ապաստան գտնել նախապաշարումներէ եւ հակամարտութիւններէ: Քաղաքիս հայ համայնքը այդ խճանկարի մէկ կարեւոր, հիմնական մասն է», Մեթլաուն ըսած է թորոնթոհայութեան ուղղուած իր բաց նամակին մէջ (թարգմանութիւնը՝ ստորեւ):

Որպէս դպրոցներու խորհուրդի հոգաբարձու՝ Մեթլաուն ցեղասպանութեան պատմութեան մասին հանրային կրթութեանն ջատագովն էր: 2008-ին ան աշխուժօրէն աջակցեցաւ ԺԱ. կարգի «Ցեղասպանութիւն եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւն» դասընթացքի որդեգրումին: Թորոնթոյի քաղաքապետարանի խորհուրդի անդամ ընտրուելէն ի վեր՝ Մեթլաուն շարունակեց մնալ համայնքին կողքին:

«Այս միջանկեալ ընտրութիւններուն ձեր աշխուժ մասնակցութեամբ եւ ներգրաւուածութեամբ է, որ հայկական համայնքը յուզող հարցերը Թորոնթոյի մէջ մոռացութեան չեն մատնուիր: Երկու պետութիւններ Գանատայի մէջ միլիոնաւոր տոլարներ կը ծախսեն՝ տապալելու համար այն յառաջընթացը, զոր մենք ձեռք բերած ենք միասին», Հայ դասի յանձնախումբը յայտնեց իր յայտարարութեան մէջ:

Յանձնախումբը նաեւ կոչ ըրած է թորոնթոհայութեան իրենց քուէարկութիւնը կատարելու 8-16 յունիսին՝ նախնական քուէարկութեան ժամանակ:

Ստորեւ կը ներկայացնենք Մեթլաուին թորոնթոհայութեան ուղղուած նամակին թարգմանութիւնը:


Սիրելի թորոնթոհայ բարեկամներ,

Անցեալ ամիս ես պատիւն ունեցայ ձեզի հետ ոգեկոչելու Հայոց ցեղասպանութեան՝ մարդկային պատմութեան սեւ էջին 108-ամեակը: Այսօր բոլորիս համար կենսական է հաւատարիմ մնալ «Այլեւս երբեք» սկզբունքին, մանաւանդ երբ Արցախի մէջ վերջին իրադարձութիւնները կրկին կը բանան հին վէրքեր:

Որպէս Թորոնթոյի հանրային դպրոցներու խորհուրդի հոգաբարձու՝ ես անձնական պարտք համարեցի ջատագովն ըլլալու ցեղասպանութեան պատմութեան մասին դասընթացքի մը որդեգրման աշխատանքին: 2008-ին, այդ ջանքերը իրենց գագաթնակէտին հասան Թորոնթոյի դպրոցներու շրջանային վարչութեան ԺԱ. կարգի «Ցեղասպանութիւն եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւն» թեմայով դասընթացքով, որ այսօր կը դասաւանդուի նաեւ ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանէն ներս: Դպրոցական խորհուրդէն Թորոնթոյի քաղաքապետարան անցնելէն ի վեր, շարունակած եմ ուս-ուսի կանգնիլ հայ համայնքին հետ, յատկապէս, երբ մենք միասնաբար ոգեկոչեցինք Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակը՝ 2015 թուականին:

Այս տարի մենք կը նշենք մէկ այլ հարիւրամեակ. հարիւր տարի առաջ, Հայոց ցեղասպանութեան որբերէն առաջին խումբը եկաւ Ճորճթաուն, Օնթարիօ: Անոնց ժամանումը կարեւոր նախադէպ մը հանդիսացաւ այն օրերուն Գանատայի սահմանափակ ներգաղթի քաղաքականութիւնը կոտրելու գործընթացին մէջ:

Այսօր Թորոնթօն աշխոյժ քաղաք մըն է, կազմուած աշխարհի տարբեր ծայրերէն եկած ժողովուրդներէ, որոնք այստեղ կրցած են ապահով ապաստան գտնել նախապաշարումներէ եւ հակամարտութիւններէ: Քաղաքիս հայ համայնքը այդ խճանկարի մէկ կարեւոր, հիմնական մասն է։

Խորին շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ձեզի, սիրելի՛ թոոնթոհայութիւն, ձեր անխոնջ աշխատանքին համար, որ մեր բոլորին համար կ’ապահովէ աւելի ներառական ապագայ: Վստահ եղէք, որ միշտ ձեր կողքին եմ:

Ճաշ Մեթլաու
27 ապրիլ 2023