Նահանգապետի գլխաւորութեամբ «Հայկական ժառանգութեան ամիս»-ը նշուեցաւ Օնթարիոյի խորհրդարանէն ներս


Պէթթի Տողրամաճեան

Երկուշաբթի, 29 մայիս 2023-ին, Օնթարիոյի նահանգապետ Տակ Ֆօրտի եւ այլ բարձրաստիճան քաղաքական եւ հասարակական պաշտօնեաներու ներկայութեամբ, նահանգային խորհրդարանէն ներս նշուեցաւ «Հայկական ժառանգութեան ամիս»-ի աւարտը:

Հանդիսաւոր ձեռնարկին ներկայ էին նահանգապետ Ֆօրտ, նախարարներ, երեսփոխաններ, Գանատայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան լիազօր դեսպան Անահիտ Յարութիւնեան, Թորոնթոյի հայ համայնքի կրօնական, քաղաքական եւ համայնքային ղեկավարներ, Միսիսոկայի, Գէմպրիճի եւ Սէնթ-Քաթրինզի հայ համայնքներու ներկայացուցիչներ, թորոնթոհայ յայտնի ֆիլմատրադրիչ Աթոմ Էկոյեան, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ այլ քաղաքական, հասարակական գործիչներ, կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ ժողովուրդի հոծ բազմութիւն մը։ Ձեռնարկին նաեւ ներկայ էին զանազան ազգային-կրօնական համայնքներու ներկայացուցիչներ՝ յոյն, չինացի, ասորի, հրեայ, ղպտի, թամիլ, քլտան եւ սրիանի (արամէական) համայնքներէն:

Սրահին մէկ բաժինը յարդարուած էր Հայաստանը խորհրդանշող նուռերով, խաչքարերով եւ պատկերներով, իսկ միւս մասը՝ գեղեցիկ կարկանդակով, հայկական գինիով, կոնեակով եւ համադամ կերակուրներով։

Բացման խօսքն արտասանեց թորոնթոհայ երիտասարդ Մեղրի Հաճինեանը՝ բարի գալուստ մաղթելով ներկաներուն ու յայտնելով, թէ 105-րդ օրինագիծը իւրաքանչիւր տարուան մայիս ամիսը պիտի ճանչնայ որպէս «Հայկական ժառանգութեան ամիս»: Օրէնքի նախագիծը ներկայացուցած է Օնթարիօ նահանգի խորհրդարանի Սքարպորօ-Էյճինքորթ շրջանի երեսփոխան թորոնթոհայ Արիս Պապիկեանը՝ նահանգի առաջին հայ պատգամաւորը:

Օնթարիոյի խորհրդարանը Գանատայի առաջին օրէնսդիր մարմինն է, որ ընդունած է նման օրէնք՝ յարգելու եւ յարգանքի տուրք մատուցանելու Օնթարիոյի մէջ բնակող հայերուն իրենց գործուն ներդրումին եւ բարի աւանդին համար գանատական հասարակութեան մէջ:

Օրուան հանդիսավարը հրաւիրեց երեսփոխան Պապիկեանը, որ իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց նահանգապետ Ֆօրտին եւ նախարարներուն իրենց միաձայն աջակցութեան ու օժանդակութեան համար։

Ապա խօսք առաւ նահանգապետ Ֆօրտը, բարձր գնահատելով երեսփոխան Պապիկեանի աշխատանքը խորհրդարանէն ներս եւ օնթարիոհայ ժողովուրդին համար։ Իր կարգին, Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Անահիտ Յարութիւնեանը շնորհաւորեց ներկաները, շնորհակալութիւն յայտնեց նահանգապետին եւ նահանգային խորհրդարանականներուն, որոնք որդեգրեցին սոյն նախաձեռնութիւնը։ Դեսպանը նշեց, որ հայերը Օնթարիոյի անբաժանելի մասնիկն են եւ հակառակ անոր որ մայրենի հողէն հազարաւոր քիլոմեթրեր հեռու են, կրցած են պահպանել իրենց մշակոյթը եւ աւանդութիւնները։

Երեսփոխան Պապիկեան ապա հրաւիրեց նահանգապետ Տակ Ֆօրտը, Հայաստանի դեսպանն ու պատուոյ հիւրերը հատելու 105-ամեակի առթիւ պատրաստուած կարկանդակը։ Գեղարուեստական յայտագիրով հանդէս եկաւ՝ «Սասուն» պարախումբը՝ հրամցնելով հայկական գեղեցիկ պարեր։

Հարկ է նշել, թէ «Հայկական ժառանգութեան ամիս»-ի առիթով, երեսփոխան Պապիկեան պատրաստած էր գրքոյկ մը, որ կը մանրամասնէ հայ ժողովուրդի գաղթը դէպի Գանատա եւ հաստատումը Օնթարիօ ու համայնքի նշանակալի ներդրումը նահանգի ընկերային, մշակութային, կրթական, տնտեսական եւ քաղաքական կեանքին, մասնաւորաբար արուեստի, գիտութիւններու, գրականութեան մարզերէն ներս։ Գրքոյկին մէջ կան նաեւ տեղեկութիւններ` Գանատայի բանակին հայերու մասնակցութեան մասին՝ առաջին եւ երկրորդ Համաշխարհային պատերազմներուն ընթացքին, Գանատայի մարդկային օժանդակութեան մասին՝ ցեղասպանութենէ վերապրող հայ ժողովուրդին, ինչպէս՝ Ճորճթաունի հայ տղոց ու աղջիկներուն համար մարդասիրական առաքելութիւնը: Գրքոյկին մէջ նաեւ տեղ գտած է դաշնակցային եւ նահանգային օրէնսդիր եւ գործադիր մարմիններու կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւերու պատմութիւնը:

Ձեռնարկի աւարտին երեսփոխան Պապիկեան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք նպաստեցին ձեռնարկի կազմակերպական աշխատանքին եւ յաջողութեան։