«Սէր, նուիրում, ծառայութիւն»


Մայտա Մելքոնեան

Ստորեւ հրատարակած ենք ՀՕՄ-ի կեդրոնական վարչութեան փոխատենապետ եւ պատգամաբեր Մայտա Մելքոնեանի խօսքը՝ արտասանուած ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղի վաթսունամեակի յոբելեանական ձեռնարկի ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ 30 ապրիլ 2023-ին:


Բարձրաշնորհ սրբազան Բաբգէն արք. Չարեան,գերապատիւ եւ հոգեշնորհ հոգեւոր հայրեր,
Հայաստանի Հանրապետութեան յարգարժան դեսպան,
յարգարժան ներկայացուցիչներ ուղեկից կազմակերպութիւններու,
սիրելի կեդրոնական վարչութեան ընկերուհի Արմինէ Կարապետեան
յարգարժան ներկաներ,
սիրելի ՀՕՄ-ականներ,

Առաջին հերթին շնորհակալութիւն կը յայտնեմ վաթսունամեակի այս տօնակատարութեան յանձնախումբին, ինչպէս նաեւ «Ռուբինա» մասնաճիւղի վարչութեան այս հրաւէրին համար:

Ինծի համար պատիւ է գտնուիլ հոս, ձեր հետ Յոբելենական այս տօնակատարութեան եւ Հայ օգնութեան միութեան կեդրոնական վարչութեան խօսքը փոխանցել այսօր, մեր գործունեայ միաւորի` Գանատայի աշխոյժ մասնաճիւղերէն Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղի ժրաջան եւ նպատակասլաց ընկերուհիներու փաղանգին, որ կ’արդարացնէ Հայ օգնութեան միութիւն անունը:

Սիրելինե՛ր, ՀՕՄ-ի կեդրոնական վարչութիւնը բարձր կը գնահատէ ձեր վեց բեղմնաւոր տասնամեակներու անձնուէր եւ արդիւնաբեր գործունէութիւնը: Վեց տասնամեակներու նուիրեալ ծառայութեան արդիւնքն է, որ բերած է մեզ բոլորս հոս, միատեղ հպարտութեամբ արձանագրելու «Ռուբինա» մասնաճիւղի նուաճումները եւ բերած ակնյայտ ու օգտաշատ գործունէութիւնը գաղութէն ներս, ինչպէս նաեւ գործօն ներդրումը համահայկական բոլոր ծրագիրներուն:

Ինչպէս գիտէք, 1963 թուին, ՀՅԴ տեղւոյն կոմիտէի քաջալերանքով վերակազմուած Թորոնթոյի մասնաճիւղը, չորս տարի անց միաձայնութեամբ կ’ընդունի ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղ անուանակոչումը՝ ի յարգանս ազգային հերոսուհի Ռուբինա Օհանջանեանի։

Իր ստանձնած պարտականութիւններու շարքին, մասնաճիւղը առաջնահերթ տեղ յատկացուցած է տեղւոյն ՀՕՄ-ի ամենօրեայ վարժարանին, միաժամանակ, տարեկան ամառնային ճամբարը կազմակերպելով շրջանի հայ պատանիներուն համար։ Մասնաճիւղը, նոյնպէս կանոնաւորաբար կը տօնակատարէ հայկական տոհմիկ օրերը՝ այլազան մշակութային ու դաստիարակչական ծրագիրներով՝ ի խնդիր հայկական աւանդութիւններու պահպանման։

Անցնող վեց տասնամեակներու ընթացքին «Ռուբինա» մասնաճիւղը ունեցած է մեծ ներդրում ՀՕՄ-ի կեդրոնական վարչութեան աշխատանքներուն մէջ. «Ռուբինա»-ի վաստակաւոր ընկերուհիներ մաս կազմած են ՀՕՄ-ի կեդրոնական վարչութեան եւ նուիրումով սատարած են անոր այլազան ծրագիրներուն իրականացման։

«Սէր, նուիրում, ծառայութիւն» կարգախօսով զարդարուած այս յոբելինական տօնակատարութիւնը, յստակ ցոլացումն է մեր աննման խիզախ ընկերուհիներու սրտին մէջ ծաղկած հայրենասիրութեան, կամքին, զոհողութեան եւ իրենց տուած ուխտին հանդէպ ունեցած հաւատարմութեան: 

Սիրելի ՀՕՄ-ականներ,

Այդպիսին էր ամբողջ տասնամեակներ Հայ կնոջ կամքը, գութն ու սիրտը ներկայացնող 1910-ին հայ գաղթաշխարհի տարածքին հիմնուած Հայ օգնութեան միութիւնը: Այդպիսին է ան այսօր եւ անկասկածօրէն այդպիսին պիտի մնայ գալիք իր գործունեայ տասնամեակներու ընթացքին եւս:

Պիտի մնայ, որովհետեւ ճակատագրական անցեալ ու ներկայ պայմաններու մէջ գործող ՀՕՄ-ը, գիտակից իր շրջապատի յարափոփոխ կարիքներուն, ընթացաւ միշտ քայլ պահելով ժամանակներուն յառաջադէմ զարգացման ընթացքին հետ` որպէս այժմէական տեսլականով ծրագրաւորող ու գործող համահայկական միութիւն ու միջազգային լայնատարած կազմակերպութիւն:

ՀՕՄ-ը այսօր կանգուն է 27 երկիրներու սահմաններէ ներս` որպէս անպարտելի միութիւն ու գործունեայ անդամ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան:

11 տասնամեակներ բոլորած մեր միութիւնը պահած է իր վերանորոգ աւիւնն ու յարատեւելու կամքը` շնորհիւ իր նուիրեալ ՀՕՄ-ականի տեսլականին, զոր իր երէցները յաջողած են պահել, պահպանել ու յանձնել նորընծայ սերունդներուն՝ յանուն մեր ազգին մշտադալար ու յաւէտ մշտանորոգ ապագային:

Հայաշխարհի ամբողջ տարածքին, ՀՕՄ-ի հայրենանուէր գործունէութիւնը կը սատարէ մեր ազգային միաւորման ու վերանորոգման վսեմ գաղափարին: 

Այսօր, հայրենիքէն մինչեւ աշխարհատարած հայկական սփիւռքի մեծ թէ փոքր գաղութներուն մէջ, ու՛ր որ հարկ է, ՀՕՄ-ը կ’իրականացնէ իր ընկերային, կրթական ու առողջապահական բազմապիսի ծրագիրներու ցանկը, որ կ’ընդգրկէ՝

● Ծնողազուրկ երեխաներու եւ ուսանողներու խնամակալութիւն 

● Զոհուած ազատամարտիկներու ընտանիքներու օգնութիւն

● Վիրաւոր զինուորներու օժանդակութիւն

● Հայրենիքի պաշտպանի վերականգնողական կեդրոնի աջակցութիւն

● Արցախի արեւային ջրատաքացուցիչներու ծրագիր

● Կրթական նպաստներ․ յառաջադէմ ուսանողներու տարեկան «Լաւագոյն ուսանող» պատւոգիրներն ու դրամական պարգեւները 

● Ախուրեանի «Մօր-եւ-մանկան» առողջութեան կեդրոնն ու ծննդատունը

● Արցախի եւ Պուլկարիոյ տարածքին՝ ՀՕՄ-ի «Սօսէ» հայաշու՛նչ մանկապարտէզները

● Ջաւախահայութեան օժանդակութիւնը

● ՀՕՄ-ի Ամանոր ծրագիրը, որ Կաղանդի տօնական օրերուն ուրախութիւն եւ յոյս կը ներշնչէ հայ մանուկին, ծերունիին եւ կարիքաւորին հայրենի հողէն ներս թէ՛ դուրս։

Վերջին 3-3.5 տարիներու ընթացքին ՀՕՄ-ի ընդհանուր յատկացումները նիւթական, կենցաղային, բժշկական եւ այլ կը հաշուեն մօտ 7 միլիոն ամերիկեան տոլար:

ՀՕՄ-ի համահայկական ծրագիրները կարելի պիտի չըլլար իրագործել առանց ՀՕՄ-ի միաւորներու աջակցութեան, որոնք պատմութեան ընթացքին միշտ ցուցաբերած են իրենց ազգանուէր օժանդակութիւնը:

Սիրելի՛ ներկաներ, երկար տասնամեակներու ընթացքին, հայ ժողովուրդը երբեք չէ զլացած իր օժանդակութիւնը բերել Հայ օգնութեան միութեան՝ հաւատալով անոր տեսլականին, համահայկական բնոյթին ու էութեան: Այսօր եւս կը մնանք նո՛յն պատուարին վրայ, որովհետեւ այն ինչ որ ստացած ենք ժողովուրդէն, վերադարձուցած ենք ժողովուրդին, հոն ուր կարիքը կար:

Սակայն, անհրաժեշտ է անդրադառնալ, որ անցնող ժամանակաշրջանի ընթացքին, համայն հայութիւնը հայրենիքի թէ սփիւռքի մէջ ապրեցաւ փոթորկալից օրեր:

Դժբախտաբար ներկայիս կը գտնուինք տխուր իրականութեան դէմ յանդիման` հայրենիքի անկայուն վիճակ, Արցախի անմարդկային շրջափակում, 44-օրեայ պատերազմի ծանրակշիռ կորուստներ՝ ըլլան անոնք հողերու թէ մարդկային երիտասարդ կեանքերու կորուստ, գերիներու անորոշ ապագան, որոնք թախծոտ աչքերով կը սպասեն իրենց մութ ճակատագրին: Մեր հերոսներու արեան կանչը կը պարտադրէ մեզի, որ տէր կանգնինք մեր հայրենիքին ու ժողովուրդին, ըլլանք արդարութեան ջատագովը եւ պապենական մեր հողերուն պահանջատէր ռահվիրան: Անյետաձգելի պահանջք` պահելու, պահպանելու այն ինչ որ հարազատի արիւնով ու քրտինքով ապահովուած էր, նաեւ առաջքը առնելու քաղաքական ու տնտեսական պատճառներէ յառաջացած ընկերային ոչ նախանձելի իրավիճակներու:

27 սեպտեմբեր 2020-ին սկիզբ առած Արցախի պատերազմին առաջին իսկ օրէն, ՀՕՄ-ը իր ամբողջ ներուժը օգտագործեց, որպէսզի անմիջական օժանդակութեան աշխատանքները ի գործ դնելով ձեռք երկարէ վիրաւոր Արցախին ու մեր հայրենակիցներուն։ 

ՀՕՄ-ի ներկայութիւնը Արցախի մէջ, ինչպէս նաեւ անոր իրագործած ծրագիրները զանազան ոլորտներու մէջ կու գան փաստելու ՀՕՄ-ի հաւատքն ու սէրը հայրենիքի բարօրութեան նկատմամբ։ Հակառակ բոլոր խոչընդոտներուն, Հայ օգնութեան միութիւնը ոչ մէկ վայրկեան ընդհատեց իր աշխատանքը Արցախի մէջ։ Ընդհակառակը, 44 օրեայ պատերազմին ամբողջ տեւողութեան, ինչպէս նաեւ անոր յաջորդող ամիսներուն, շարունակեցինք թիկունք կանգնիլ հայ զինուորին, ազատամարտիկին, երեխային, հայ ընտանիքներուն եւ բոլոր կարօտեալներուն, որոնք ակնթարթի մը մէջ տեղահան եղան եւ մնացին իրենց հայրենեաց տան կարօտ։

Նոյն նուիրումով Լիբանանի թէ Սուրիոյ տագնապալի քաոսային երկարատեւ տարիներու ընթացքին, ՀՕՄ-ը որպէս հոգատար մայր չդադրեցաւ տալէ իր ամբողջական օգնութիւնը լիբանանահայ եւ սուրիահայ մեր ազգակիցներուն:

Նորօրեայ աղէտալի վիճակը` երկրաշարժի անգութ հարուածը, առաւել քաղաքական թէ տնտեսական խիստ պայմանները կը վտանգեն Սփիւռքի ցայտուն գաղութներէն` Լիբանանն ու Սուրիան:

Նոյն արտորանքով ՀՕՄ-ը, իր բոլոր միաւորներու ներդրումներով, ջանք չի խնայեր եւ առաջաւոր աշխատանք կը տանի օգնութեան եւ վերակառուցման նպաստող այլազան ծրագիրներ իրագործելու եւ մեր մայր գաղութները կրկին ծաղկեցնելու: Ուժ եւ կորով ճառագայթող ՀՕՄ-ի ներկայութիւնը աղէտեալ շրջաններու մէջ, յոյս եւ հաւատք կը ներշնչեն մեր ժողովուրդին իր անորոշ ապագային նկատմամբ:

Մինչ այդ, հայրենի մեր պարտաւորութիւններու իբրեւ պատմական անքակտելի տարածք` Ջաւախքը, իր հայրենամերձ դիրքով ու հայրենաբաղձ ժողովուրդով եղաւ ու կը մնայ ՀՕՄ-ի ծրագրաւորեալ հոգածութեան ու խնամքի կիզակէտը:

Միեւնոյն ժամանակ, վստահ ենք, որ մեր միաւորները եւ դուք «Ռուբինա» մասնաճիւղը անսասան կամքով եւ վերանորոգ ուխտով, պատրաստ էք նոր մարտահրաւէրներու, ի տես հայրենի ոստաններու եւ Միջին Արեւելքի մեր գաղութներու մօտիկ անցեալին եւ ներկայիս տիրող անկայուն իրավիճակի վատթարացման։ Իւրաքանչիւր աղէտ կարծես մեզ կը գօտեպնդէ զօրեղ վճռակամութեամբ եւ իւրաքանչիւր սրտախոց պատահար մեզ աւելի կ’ուժեղացնէ: ՀՕՄ-ը միշտ մնաց եւ պիտի շարունակէ իր երթը աւելի ամրապնդելով իր անսակարկ նուիրումը եւ ծառայութիւնը մեր ազգին ու հայրենիքին հանդէպ:

Գալով հայկական սփիւռքի ընդհանուր պատկերին, դժբախտաբար, ներկայիս փայլուն եւ խոստմնալի չի թուիր: Ցաւ ի սիրտ կ’ըսեմ այս մէկը: Սակայն պէտք չէ ընկրկինք եւ թոյլ տանք, որ խաւարի մէջ խարխափող ձեռքեր պառակտեն եւ տկարացնեն սփիւռքը: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ.Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի կոչին անսալով՝ վերակազմաւորելու եւ հզօրացնելու միահամուռ աշխատանք պէտք է տանինք: Անհատականը եւ անձնականը մէկդի դրած բոլորս միասին մեր ուղեկից կազմակերպութիւններով եւ եկեղեցիով, ձգտինք ունենալ այնպիսի սփիւռք, որ իր խօսքը ոչ թէ միայն լսելի կը դարձնէ աշխարհին, այլ` գործադրելի: Ի մտի ունենանք, որ այդպիսի արդիւնքի հասնելու համար պարտաւոր ենք ըլլալ միասնական եւ հաստատակամ: Զարկ տանք մեր կրթական օճախներուն, ամրապնդենք մեր կառոյցները: Սերմանենք հայրենասիրութեան ոգին մեր մատղաշ սերունդի հոգւոյն մէջ, պահենք մեր աննման մշակոյթը եւ մեր ինքնութիւնը: Հզօր սփիւռքը գրաւականն է ուժեղ հայրենիքի:

Սիրելի՛ երիտասարդ-երիտասարդուհիներ, դո՛ւք էք մեր ապագան, աւելի ճիշդ հայ ազգի ապագան կերտողները, մեր յոյսի ջահակիրները, մեզ փոխարինող ղեկավարները եւ առաջնորդները. ձեր տաղանդը եւ ուսումը օտագործեցէ՛ք լաւ փոփոխութիւններ բերելու, ծաղկեցնելու հայ գաղութները, պահելու եւ պահպանելու մեր մշակոյթն ու ինքնութիւնը եւ հետամուտ ու պահանջատէր ըլլալու Հայ դատի արդար լուծումին: Համախմբուեցէ՛ք մեր միութիւններու շուրջ, անդամակցեցէ՛ք անոնց. իւրաքնչիւրիդ բերած նոյնիսկ կաթիլ մը ներդրումը եւ մասնակցութիւնը պիտի հզօրացնէ բոլորս եւ սատար հանդիսանայ նորանոր նուաճումներու եւ յաջողութիւններու: Այսօրուան ձեր եւ ինչու չէ մեր բոլորին աշխատանքները պիտի կերտեն եւ ձեւաւորեն մեր ազգի ապագան եւ ապահովեն Հայրենիքի բարգաւաճումը:

Ըլլանք արթուն պահակները մեր ազգի գոյատեւման գործընթացին: Այո, հաւանաբար անցնող մի քանի տարիներու դժնդակ օրերը պահ մը յուսահատութեան մատնեցին բոլորս, սակայն իմացէք թէ մեծ ու հզօր են այն ազգերը, որոնք կրնան պարտութիւնը յաղթանակի վերածել: Մենք տկարանալու իրաւունք չունինք: Հպարտօրէն կ’ըսեմ թէ ՀՕՄ-ը երբեք չտկարացաւ, մնաց անսասան եւ պահի հրամայականէն մեկնած ձեռք երկարեց բարելաւելու մեր ժողովուրդի կեանքի պայմանները եւ ամոքելու անոր վիշտը: Ինչպէս ՀՕՄ-ականին համար հոգեպարար է զինուորին առողջութիւնը, մանուկին ժպիտը, տարեցին օրհնութիւնը, հայ օճախներու ամրակերտ ըլլալը, վստահ եմ, որ դուք ալ երբ հաւատաք կամաւոր եւ նուիրեալ աշխատանքին, լ պիտի ունենաք հոգեկան այդ զեղուն յագեցումը: 

Սրտի մեծ գոհունակութեամբ Կեդրոնական վարչութեան ընկերուհիներուն անունով կը շնորհաւորեմ «Ռուբինա» մասնաճիւղի վաթսունամեակը, այն հաստատ համոզումով, որ ան նորանոր նուաճումներու եռանդով պիտի դիմաւորէ եւ բազմապատկուած ամուր շարքերով պիտի շարունակէ հարազատ թարգմանը հանդիսանալ ՀՕՄ-ի առաքելութեան: Բարձր կը գնահատենք մասնաճիւղին եւ Գանատայի միաւորին ընդհանրապէս, անվերապահ ծառայութիւնը գաղութէն ներս։ Մարդասիրական անուրանալի այս աշխատանքը արդիւնքն է բոլոր վարչական կազմերուն եւ նուիրեալ անդամուհիներուն։

Երախտապարտ ենք նաեւ Գանատայի հայ գաղութին, որ միշտ կանգնած ՀՕՄ-ի կողքին, հաւատքով սատար կը հանդիսանայ մեր աշխատանքներուն, յանուն մեր ժողովուրդի ներկայ ու ապագայ բարօրութեան: Շնորհակալութիւն ձեր բոլորին, սիրելի՛ նուիրատուներ եւ համակիրներ. ՀՕՄ-ը կը յաջողի եւ յաջողած է, որովհետեւ կը վայելէ ձեր վստահութիւնը եւ նեցուկը:

Հայ օգնութեան միութիւնը հաւատարիմ իր լոզունքին` «Ժողովուրդիս հետ, ժողովուրդիս համար», ձեռք-ձեռքի տուած իր անհամար համակիրներուն ու ազգաշէն գործունէութեան զօրավիգ կանգնած Հայ ժողովուրդին, անկոտրում կամքով ու հաւատքով պիտի շարունակէ բարձր պահել մարդասիրական իր երկնագոյն դրօշը` մինչեւ մեր համազգային երազներու իրականացման պանծալի օրը `տեսնել ազատ անկախ ու միացեալ հայրենիքը:

Շնորհակալութիւն եւ կեցցէ՛ք բոլորդ: