Արամ Ա․ վեհափառ հայրապետը հովուապետական այցելութիւն պիտի կատարէ Գանատա


Զրոյց՝ տէր Բաբգէն արք․ Չարեանի հետ

Ստորեւ կը ներկայացնենք «Նոր հայ հորիզոն» հեռուստաժամի հարցազրոյցը Գանատայի առաջնորդ տէր Բաբգէն արքեպիսկոպոս Չարեանի հետ, Արամ Ա․ վեհափառ հայրապետը Գանատա հովուապետական այցելութեան մասին: Հարցազրոյցը վարեց «Նոր հայ հորիզոն»-ի վարիչ տնօրէն Սիւզի Մելիտոնեանը:


«Նոր հայ հորիզոն» – Սրբազան, կարելի՞ է անդրադառնալ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա․ վեհափառ հօր 7-15 յունիսի հովուապետական այցելութեան մասին։ Ի՞նչ է այս այցելութեան նպատակը։

Բաբգէն արք․ Չարեան – Նախ ըսեմ, որ այս տարի Վեհափառ հայրապետը՝ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա․ կաթողիկոսը, գրեթէ բոլոր թեմերը հովուապետական այցելութիւն պիտի շնորհէ, եւ այցելութեան նպատակն է իր ժողովուրդին հետ ըլլալ, իր ժողովուրդին հետ խօսիլ։ Հայոց հայրապետը գրեթէ 5-6 տարի Գանատա չէ այցելած եւ կու գայ հայրական իր օրհնութիւնները բերելու, կու գայ իր ժողովուրդին աղօթակից դառնալու։ Ասիկա աւանդութիւն է մեր եկեղեցւոյ, որ Հայոց հայրապետը յաճախ իր հօտին հետ ըլլայ, իր հօտին հետ խօսի եւ իր օրհնութիւնները բաշխէ։ Այս է հիմնական նպատակը այս այցելութեան, որ կը կոչուի հովուապետական այցելութիւն։

ՆՀՀ – Այցելութիւնը պիտի սկսի Մոնթրէալէն եւ պիտի գայ Թորոնթօ եւ այլ գաղութներ։

ԲԱՉ – Այո, հիմնականը Մեծն Մոնթրէալ եւ Մեծն Օնթարիօ։ Երկու շրջաններուն մէջ մենք պիտի ունենանք այցելութեան ծրագիրներ։ Մեծն Մոնթրէալ պիտի հասնի 31 մայիսին եւ 1 յունիսին պիտի սկսինք հովուապետական այցելութեան ծրագրի գործադրման։ Նախ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա․ հայրապետի դիմաւորութիւն, ապա ժողովրդային աջահամբոյր։ Պիտի ունենանք ճաշկերոյթ, պատարագ, որուն ընթացքին Վեհափառ հայրապետը իր հայրապետական պատգամը պիտի փոխանցէ, այցելութիւն դպրոց․․․ մէկ խօսքով մեր գաղութներուն մէջ տարբեր, տարբեր բնագաւառներէն ներս ծրագիրներ կը մշակենք, որպէսզի Վեհափառը իրապէս կարենայ իր հօտին հետ ըլլալ։ Բայց ամէնէն կարեւորը այս պարագային Վեհափառը աշխատանքային հանդիպում պիտի ունենայ երկու շրջաններուն մէջ մեր եկեղեցական, ազգային երեսփոխաններու, ազգային վարչութեան, հոգաբարձութեանց, նաեւ Հայ կեդրոններու մէջ գործող միութիւններու հետ:

Վեհափառ հայրապետը երկրորդ տարին ըլլալով «Սփիւռքի տարի» կը հռչակէ եւ ձեւով մը Սփիւռքի տարուան իր աշխատանքային ծիրէն ներս զրոյց, ներկայացումներ պիտի ունենանք եւ Վեհափառ հայրապետը պիտի լսենք: Յատկապէս սփիւռքի վերակազմակերպման, վերաշխուժացման հետ կապուած ան իր ըսելիքները պիտի փոխացնէ, բայց նաեւ պիտի լսէ մեր ծրագիրներուն, յառաջիկայ 5-10 տարուան մեր տեսլականին մասին։ Ինչ որ անցեալ տարուան Երեսփոխանական ժողովին մեր նշանաբանը դարձուցինք եւ այս տարի այդ նշանաբանով քալեցինք, ըսելով՝ մենք մեր տան հիմերը պիտի ամրացնենք, որպէսզի երաշխաւորենք, ապահովենք գալիք սերունդները:

ՆՀՀ- Ուրեմն, 7-12 յունիսին պիտի այցելէ Թորոնթօ։

ԲԱՉ- Այո, Թորոնթոյի մէջ նախ պիտի ունենանք դիմաւորութիւն Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։ Ժողովրդային խուռներամ բազմութեամբ պէտք է դիմաւորենք Վեհափառ հայրապետը եւ բնականօրէն իր կանոնական աղօթքը պիտի կատարէ, աղ ու հացի օրհնութիւն, աջահամբոյր։ Պիտի ունենանք ժողովրդային ճաշկերոյթ Հայ կեդրոնի սրահին մէջ, նաեւ հայրապետական պատարագ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։ Այս երեք ձեռնարկներուն, ծրագիրներուն իմ եւ բոլորիս սպասումն է, որ մեր ժողովուրդը խուռներամ մասնակցի եւ դիմաւորէ Վեհափառ հայրապետը, լսէ հայոց հայրարպետին պատգամը եւ ըստ այնմ՝ օրհնութիւնները ստանայ՝ իր կեանքը այդ օրհնութիւններով ապրելու եւ շարունակելու։