Օնթարիոյի գանատահայ բժշկական ընկերակցութիւնը (ACMAO)` 35 տարեկան․ հարցազրոյց


Ստորեւ կը ներկայացնենք «Նոր հայ հորիզոն» հերուստաժամի հարցազրոյցը Օնթարիոյի գանատահայ բժշկական ընկերակցութեան (ACMAO) նախկին ատենապետ տոքթ. Անի Հասըրճեանին հետ, ընկերակցութեան 35 տարուան պատմութեան, անոր գործունէութեան ու յոբելեանին առիթով կազմակերպուելիք տօնակատարութեան մասին: Հարցազրոյցը վարեց «Նոր հայ հորիզոն»-ի հաղորդավար Քաթիա Տէր-Յովակիմեանը:


«Նոր հայ հորիզոն» – Կ’իմանանք` ձեր ընկերակցութիւնը այս տարի իր 35-ամեակը կը տօնէ: Կարելի՞ է նշել, թէ ինչպէս հիմնուած է Օնթարիոյի գանատահայ բժշկական ընկերակցութիւնը:

Տոքթ. Անի Հասըրճեան – 7 դեկտ. 1988-ին Հայաստանի երկրաշարժը ֆիզիքապէս ցնցեց մեր հայրենիքը, միաժամանակ այդ դղրդիւնը պատճառ հանդիսացաւ սփիւռքի հայ ժողովուրդի հայրենիքին օժանդակելու միասնական զգաստութեան։ Այդ հիման վրայ, երկրաշարժի յաջորդ օրն իսկ, խումբ մը նուիրեալ բժիշկներ, դեղագործներ, ատամնաբուժներ, հիւանդապահուհիներ եւ առողջապահութեան ոլորտի մէջ եղող մասնագէտներ, Թորոնթոյի բոլոր գործօն կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու կողքին, հրաւիրուեցան՝ Թորոնթոյի Հայ կեդրոնի ղեկավարութեան կողմէ կազմակերպելու եւ համադրելու դեղորայքի, շտապ օգնութեան եւ  առողջապահական կարիքներու օժանդակութեան գործընթացը։

Եւ այսպէս, երկրաշարժի աղէտեալներուն նպաստ հասցնելու աշխատանքներուն նպատակով, 8 դեկտ. 1988-ին, Թորոնթոյի Հայ կեդրոնին մէջ ծնունդ առաւ Օնթարիոյի գանատահայ բժշկական ընկերակցութիւնը՝ the Armenian Canadian Medical Association of Ontario (ACMAO):

ՆՀՀ –  Ինչո՞ւ կարեւոր է ձեզի համար նշել ACMAO-ի 35-ամեակը։

ԱՀ – Տարեդարձները պատեհ եւ յատուկ առիթներ են` անհատներու, ընտանիքներու կամ կազմակերպութիւններու կեանքէն ներս` յետադարձ ակնարկով գործերու կամ գործունէութիւններու վերարժեւորման: Անոնք մասնաւոր առիթ կ’ընծայեն յիշելու եւ գնահատելու անցեալի արժէքները, քննելու եւ սերտելու ներկան, ապա հաստատակամութեամբ մշակելու նոր ծրագիրներ եւ յոյսով ձգտելու դէպի լուսաշող ապագայ։

Կը գիտակցինք, որ կը գտնուինք զանազան մարտահրաւէրներու առջեւ, սակայն մեր հիմնադիր անդամներու նուիրումին եւ ծառայութեան ոգիին օրինակով, կարեւոր կը նկատենք շարունակել Հայրենիքի եւ Արցախի մէջ մեր օժանդակութիւնը բերել հանգանակային ձեռնակ մը կազմակերպելով՝ 35-ամեակին առթիւ։

ՆՀՀ –  Իր 30-ամեակի առթիւ եւ անկէ ետք ի՞նչ գործունէութիւններ կատարած է ընկերակցութիւնը։

ԱՀ- 24 նոյ. 2018-ին, ընկերակցութեան 30-ամեակին առթիւ, Armenian Medical International Committee (AMIC) կազմակերպութեան ցուցմունքներով, Օնթարիոյի գանատահայ բժշկական ընկերակցութեան կազմակերպութեամբ՝ հրաւիրուեցան խորհրդաժողովի մը։ Նպատակը Հայաստան եւ Արցախ ուղղուած  օնթարիոհայութեան բոլոր օժանդակութիւններուն ծանօթանալն էր։ Իւրաքանչիւր ընկերակցութենէ ներկայացուցիչ մը ներկայացուց իրենց ծրագիրները, որոնք կ’ընդգրկէին բժշկական, դաստիարակչական, տնտեսական, գիտական, ընկերային եւ այլ ծառայութիւններ։

ACMAO-ի 30-ամեակի տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ նոյն երեկոյեան, յատուկ ճաշկերոյթ-կալայով մը: Գիտական եւ գեղարուեստական ներկայացումներէն ետք, կարգ մը առողջապահութեան ոլորտի մասնագէտներ գնահատագիրներով պատուուեցան անցնող երեք տասնամեակներու ընթացքին իրենց գործունէութեան համար:

Հասոյթէն բաժին մը ղրկուեցաւ Արցախի շրջուն ատամնաբուժարանի ընթացիկ ծախսերուն համար եւ մաս մըն ալ յատկացուեցաւ Գիւմրիէն Երեւանի պետական բժշկական համալսարան յաճախող աշակերտներու կրթաթոշակներուն։

2018-էր ի վեր, COVID-19 համաճարակի պատճառով ACMAO-ն «անձամբ» շատ գործունէութիւն չունեցաւ, սակայն շարունակեց իր ծառայութիւնը բերել համայնքին մէջ առցանց դաստիարակչականներով։ Նաեւ գրեթէ ամէն կիրակի ACMAO-ն առցանց մասնակցեցաւ AMIC-ի ժողովներուն համադրելու համար Հայաստանի օժանդակութիւնը համաճարակի ընթացքին:

27 սեպտ. 2020-ին Արցախի պատերազմի լուրը կայծակի արագութեամբ հասաւ աշխարհի ամէն անկիւն, ու անգամ մը եւս հայորդիներ ցնցուած, բայց միասնական ոգիով 44 օրեր գիշեր ու ցերեկ ցոյցերով եւ հանրահաւաքներով ջանացին իրենց ձայնը լսելի դարձնել համայն աշխարհի պետութիւններուն։ Անշուշտ մեզի ծանօթ է, թէ ինչպէս 44 օրուան կռիւը վերջ գտաւ՝ յուսախաբութեան եւ պառակտումի մատնելով հայ ազգը ամենուրէք։ Սակայն հայը յուսահատիլ չի գիտեր։

Հոկտեմբեր 2020-ին, 44-օրեայ Արցախի պատերազմին կարգ մը ընկերակցութիւններ առցանց ժողովներով հանգանակային միջոցառումներ կազմակերպեցին։ ACMAO-ն ալ հանգանակեց եւ գումարները յատկացուց՝ յատկապէս պահանջուած շտապ օգնութեան ինքնաշարժներու (emergency ambulance) համար։

Պայմանները պատճառ հանդիսացան Օնթարիոյի կազմակերպութիւններու միասնականութեան եւ միացեալ հայ խորհուրդը (the United Armenian Council of Ontario, UACO) կազմուեցաւ: ACMAO-ն հրաւիրուեցաւ, որպէսզի համադրէ բժշկական օգնութիւնը, որ Հայաստան եւ Արցախ ուղարկուի։ Օնթարիոյի միւս ընկերակցութիւններու եւ կազմակերպութիւններու կողքին, ACMAO-ն եւս աշխատանք տարաւ ապահովելու բժշկական, վիրաբուժական սարքաւորումներ, սայլակներ եւ այլազան պիտանի նիւթեր։

Պատերազմի աւարտին, դժբախտաբար, հազարաւոր զոհերու կողքին շատ մը կարեւոր քաղաքներ ալ Արցախի մէջ գրաւուեցան ու քանդուեցան։ Հադրութի եւ Շուշիի գրաւումով երկու ատամնաբուժարան եւ շրջուն ատամնաբուժարանը եւս կորսնցուցինք։

Ներկայիս մեր խորհուրդները յատկապէս կ’ուղղուին դէպի 120 000 Արցախի բնակչութեան։ Կը յուսանք, կ’աղօթենք Արցախի մեր եղբայրներու եւ քոյրերու բարօրութեան համար, որոնք տակաւին կը տառապին շրջափակումին պատճառով։ Մենք կը շարունակենք ծանր աշխատանքով օգնութեան ձեռք երկարել դէպի Հայաստան եւ Արցախ։

ՆՀՀ –  Հանգանակային ձեռնարկի հասոյթով ի՞նչ ծրագիրներու պիտի օժանդակէք։

ԱՀ – 35-ամեակի GALA-ի հասոյթը պիտի յատկացուի կարգ մը կարեւոր առողջապահական ծրագիրներու, ինչպէս՝ Therapists for Armenia հաստատութեան վերականգնողական աշխատանքին, Ալցհայմերի խնամք Հայաստան (Alzheimer’s Care Armenia) կազմակերպութեան, եւ Գիւմրիի օրթոպեդիկ դպրոցին:

Անգամ մը եւս, շնորհիւ թորոնթոհայութեան համագործակցութեան եւ աջակցութեան, միասնական ուժերով կը շարունակենք մարդասիրական եւ հայրենասիրական մեր աստուածահաճոյ աշխատանքը, նպաստելով Հայաստանի եւ Արցախի առողջապահական համակարգի վերելքին։ Շնորհակալութիւն բոլոր նուիրատուներուն։

ՆՀՀ –  Ե՞րբ եւ Ո՞ւր տեղի պիտի ունենայ ACMAO-ի 35-ամեակի տօնակատարութիւնը, ի՞նչ է բնոյթը եւ յայտագիրը։

ԱՀ – ACMAO-ի 35-ամեակի տօնակատարութիւնը տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 4 յունիս  2023-ին, կ.ե. Ժամը 5-էն սկսեալ՝ Parkview Manor սրահին մէջ (Barber Green փողոցին վրայ):

Պարանցիկ կալայի ընթացքին տեղի պիտի ունենայ երաժշտական գեղարուեստական ճոխ  յայտագիր, ծրագիրներու ամփոփ ներկայացում եւ զանազան անակնկալներ։ Սիրով հրաւիրուած են բոլոր փափաքողները։

Տոմսերու կամ նուիրատուութեան համար կարելի է մօտենալ վարչական անդամներուն կամ այցելել ACMAO-ի կայքէջը: