Արցախը կոչ կ’ուղղէ համայն հայութեան․ Արցախն այս շաբաթ


Ի զօրակցութիւն Արցախի` հանրահաւաք Կոռնիձորրի մէջ

Հայաստան-Արցախի սահմանին մօտ՝ Կոռնիձորի մէջ, 20 մայիսին տեղի ունեցաւ «Կամաւորական շարժում» հասարակական կազմակերպութեան նախաձեռնած բազմահազարանոց հանրահաւաքը, որուն մասնակցեցան Հայաստանի տարբեր մարզերէն եւ Երեւանէն ժամանած քաղաքացիներ, քաղաքական- հասարակական գործիչներ:

Հանրահաւաքը սկսաւ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ Սիւնեաց թեմի հոգեւորականներու օրհնութեամբ եւ Տէրունական աղօթքով:

Ելոյթներ ունեցան Սիսական գունդի հրամանատար Աշոտ Մինասեանը («Աշոտ երկաթ»), ՀՅԴ ՀԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Գոռ Սարգսեանը, «Համախմբում» շարժման խորհուրդի անդամ Աւետիք Չալաբեանը, ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանը, «Կամաւորական շարժում» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Հրանդ Մարգարեանը:

Մարգարեան իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Այսօրուան մեր հաւաքը ոչ միայն խորհրդանշական է, այլ նաեւ մեկնարկ պիտի ըլլայ մեծ պայքարի, որ անպայման յաղթանակով պիտի աւարտի: Այդ պայքարը անպայման պիտի աւարտի յաղթանակով, ես ատոր մէջ չեմ կասկածիր: Մենք մեր առաջին ազատամարտը այդպէս ալ սկսանք: Մենք հասկցանք, թէ ուր է մեր ուժը, մեր ուժի աղբիւրը. ատիկա մեր միասնութիւնն է»:

Հանրահաւաքի աւարտին հնչեց ուղերձ` ուղղուած հայութեան եւ ի լուր աշխարհին:

Նոյն պահուն Արցախի մէջ նոյնպէս երթ եւ հանրահաւաք տեղի ունեցած է` ի աջակցութիւն Կոռնիձորի հանրահաւաքին: Արցախցիները` Ստեփանակերտի Զինուորական պանթէոնէն քայլերթով շարժեցան դէպի Արցախը Մայր Հայաստանին կապող մայրուղիի Զառին Բաղ կոչուող տեղամաս: Երթին նպատակը Արցախի ու Հայաստանի ժողովուրդի միասնականութեան ընդգծումն էր, Արցախը հայկական պահելու միասնական պայքարի ու կամքի արտայայտումը եւ անհամաձայնութիւնը` պարտադրուող սահմաններին:

Արցախի ազգային ժողովը Փաշինեանի յայտարարութիւնը նկատեց Հայաստանի անկախութեան հռչակագիրին եւ սահմանադրութեան խախտում

22 մայիսին, Արցախի Ազգային ժողովին մէջ գումարուած արտակարգ նիստի մը ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի նոյն օրը կատարած յայտարարութիւնները, որոնց մէջ ան նշեց, որ Հայաստան կը ճանչնայ Ազրպէյճանի սահմանները, որոնց մէջ ներառուած է Արցախը։

Ըստ «Արցախպրես»-ի՝ Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեան ըսաւ. «Հայաստանի վարչապետը, անտեսելով Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակագիրը, հրապարակաւ յայտարարած է, որ Հայաստանը պատրաստ է ճանչնալու Ազրպէյճանի 86,600 քառ․ կմ․ տարածքային ամբողջականութիւնը, որ ըստ Նիկոլ Փաշինեանի` կը ներառէ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղը, սակայն Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան անվտանգութեան հարցը պէտք է քննարկուի Պաքու-Ստեփանակերտ երկխօսութեամբ: Ի՞նչ իրաւունքներու, անվտանգութեան եւ երաշխիքներու մասին խօսքը կրնայ ըլլալ, երբ Ազրպէյճանը ապօրինաբար 162 օր Արցախը կը պահէ լիակատար շրջափակման մէջ` շարունակելով 1980-ականներէն Արցախի ժողովուրդի էթնիկ զտման քաղաքականութիւնը»։

Թովմասեան կոչ ուղղեց աշխրահասփիւռ հայութեան, Հայաստանի եւ Արցախի ճակատագիրով մտահոգ հասարակութեան՝ սատար կանգնելու Արցախին` իր հայրենիքին մէջ խաղաղ ու անկախ ապրելու եւ արարելու կամքին:

Աւելի ուշ Արցախի Ազգային ժողովը որդեգրեց յայտարարութիւն մը, ուր կը նշուի, որ Փաշինեանի յայտարարութիւնը կոպտօրէն կը խախտէ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակագիրը եւ Սահմանադրութիւնը, ուր կը մերժուի որեւէ փաստաթուղթ, որ Լեռնային Ղարաբաղը նշուած կ’ըլլայ Ազրպէյճանի կազմին մէջ։

«Եւս մէկ անգամ կը վերահաստատենք, որ Արցախի կարգավիճակը արդէն իսկ որոշուած է 10 Դեկտեմբեր 1991-ի համաժողովրդական կամարտայայտութեամբ եւ որեւէ իշխանութիւն իրաւասու չէ զայն բեկանելու», ըսուած է յայտարարութեան մէջ, կոչ ընելով համայն հայութեան թոյլ չտալու Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ հայոց հայրենիքի մէկ մասը՝ Արցախի Հանրապետութիւնը և ՀՀ ինքինիշխան տարածքները անկլաւներու անուան տակ Ազրպէյճանին զիջելուն ուղղուած աղետալի քայլերը, որ անխուսափելիօրէն պիտի յանգեցնեն հայկական պետականութեան կորուստին։

Հայաստանի ու Արցախի նախկին նախագահները անընդունելի կը նկատեն Փաշինեանի յայտարարութիւնը

Հայաստանի երրորդ եւ Արցախի նախկին նախագահները անընդունելի կը նկատեն վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութիւնները, թէ Երեւանը պատրաստ է Լեռնային Ղարաբաղը ճանչնալու իբրեւ Ազրպէյճանի մաս:

«Մշտապէս, ներառեալ անցեալ հինգ տարիները, բոլոր առիթներով ես յայտարարած եմ` Արցախը պիտի չըլլայ Ազրպէյճանի կազմին մէջ», շեշտած է Հայաստանի երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեան:

Ձախէն աջ՝ նախկին նախագահներ Բակօ Սահակեան, Սերժ Սարգսեան եւ Արկադի Ղուկասեան (լուսանկարը՝ «Ֆոտոլուր»-ի)

Արցախի նախկին ղեկավարներ Արկադի Ղուկասեանն ու Բակօ Սահակեանը համատեղ յայտարարութեամբ ընդգծած են. «Հայաստանի Հանրապետութեան գործող իշխանութիւններուն պահուածքն ու դիրքորոշումը` Արցախի ժողովուրդի համար ճակատագրական հարցերու մէջ Ազրպէյճանի ցանկութիւններուն անվերապահ ենթարկուելու տրամաբանութեամբ, անընդունելի են»:

«Ոչ ոք բարոյական իրաւունք ունի որոշելու մեր ու մեր զաւակներուն ապագան: Արցախը չէ ընդունած եւ պիտի չընդունի այն մօտեցումները, որոնք այսօր ներկայացուած են Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին կողմէ եւ, ինչպէս նախապէս պայքարած է, այնպէս ալ հիմա, բոլոր կարելի միջոցներով պիտի պայքարի իր հայրենիքին մէջ արժանապատիւ ապրելու իրաւունքի համար»:

Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը Եւ Ս․ Էջմիածինը կը մերժեն Արցախը Ազրպէյճանի մաս նկատելու փորձերը

23 մայիսին, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը հաղորդագրոթեամբ մը յայտարարեց, որ «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հայրապետական Սուրբ աթոռը, աշխարհատարած թեմերով, ազգային իշխանութիւններով ու յարակից կառոյցներով ու միութիւններով, իր ամբողջական զօրակցութիւնը կը յայտնէ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի յայտարարութեան` մերժելով Արցախի Հանրապետութիւնը Ազրպէյճանի հողային ամբողջականութեան մաս նկատելու որեւէ մօտեցում ու ճիգ, ոեւէ մէկուն, եւ այս պարագային յատկապէս՝ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին ու իշխանութեան կողմէ»։

Արամ Ա․ եւ Գարեգին Բ․ կաթողիկոսներ (լուսանկարը՝ «Ֆոտոլուր»-ի)

Յայտարարութեամբ կոչ կ’ուղղուի մեր ժողովուրդի զաւակներուն համախմբուելու եւ զօրակցելու Արցախին։

Նոյն օրը, Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ, նախագահութեամբ Գարեգին Բ․ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի, տեղի ունեցաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհրդի ժողով եւ հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ, ուր դատապատեց բանակցային գործընթացին մէջ Հայաստանի իշխանութիւններու որդեգրած վտանգաւոր ու մերժելի դիրքորոշումները:

Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը անընդունելի նկատեց խաղաղութեան պատրուակով «հիմնաւորուող» միակողմանի զիջումները եւ հորդորեց  իշխանութիւններուն` հրաժարիլ պարտուողական մտայնութենէն եւ անկէ բխող կործանարար քայլերէն, համազգային մարտահրաւէրներու յաղթահարման համար գտնել խելամիտ ու արժանապատիւ լուծումներ: Ան կոչ կ’ուղղեց հայ ժողովուրդին, ազգային կառոյցներուն օրհասական այս պահուն ողջախոհութեամբ սթափ գնահատելու ստեղծուած բարդ կացութիւնը եւ աննահանջ ու միաբան մնալու մեր համազգային շահերուն, Արցախի ինքնորոշման իրացուած իրաւունքի հետապնդման գործին մէջ:

Արայիկ Յարութիւնեան կոչ կ’ուղղէ Հայաստանի իշխանութիւններուն` ձեռնպահ մնալու Արցախը Ազրպէյճանի կազմին մէջ ճանչնալու որեւէ գործողութենէ

«Ողջունելով Արցախի Ազգային ժողովի յայտարարութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ հնչած միտքերուն վերաբերեալ` կ’ընդգծեմ, որ մեզի համար անընդունելի է Արցախի Հանրապետութեան ինքնիշխանութիւնը, մեր ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը եւ ատոր իրագործման փաստը անտեսող որեւէ յայտարարութիւն եւ փաստաթուղթ», իր ուղերձին մէջ յայտարարեց Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան:

Արցախը չէ եղած եւ պիտի չըլլայ Ազրպէյճանի կազմին մէջ, քանի որ ատիկա է մեր ժողովուրդի կամքը, շեշտած է ան կոչ ուղղելով արցախցիներուն չվհատելու:

Ըստ անոր, սփիւռքը պէտք է Հայաստանի Հանրապետութենէն պահանջէ գործնական քայլեր Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի եւ անվտանգութեան երաշխաւորման ուղղութեամբ:

ԱՄՆ Արիզոնայ Նահանգի Ներկայացուցիչների պալատը ճանաչել է Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը

Հայ դատի Ամերիկայի յանձնախումբի եւ Արիզոնայի հայ համայնքի ջանքերուն շնորհիւ ԱՄՆ Արիզոնա նահանգի Ներկայացուցիչներու պալատի խօսնակ Պեն Թոման առանձին յայտարարութեամբ ճանչցած է եւ համերաշխութիւն յայտնած Արցախի Հանրապետութեան ինքնորոշման իրաւունքին եւ Արցախի ժողովուրդի պայքարին` յանուն ազատ ու անկախ կեանքի: 

Մեկնաբանելով այս որոշումը` Հայ դատի Ամերիկայի կեդրոնական յանձնախումբի անդամ Զանգու Արմէնեանը ըսած է․ «Մենք կ’ողջունենք Արիզոնայի նահանգային ժողովի նախագահի յայտարարութիւնը, որով կը ճանչնայ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը: Ատիկա կարեւոր քայլ է Արցախի ժողովուրդին համար: Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի շրջափակման պայմաններուն մէջ համերաշխութեան այս դրսեւորումը մեր համայնքի շարունակական ջանքերու կարեւոր մասն է, որ նպատակ ունի իրազեկելու ծաւալող մարդասիրական աղէտի մասին եւ ապահովելու, որ Ազրպէյճանը պատասխանատուութիւն կրէ հայ ժողովուրդին դէմ իր չդադարող բռնութեան համար»:

 Ռոտ Այլընտի Քրենսթըն եւ Ստեփանակերտ քաղաքները՝ «Բարեկամ քաղաքներ» հռչակուեցան

Ռոտ Այլընտի Քրենսթըն քաղաքին քաղաքապետական խորհուրդը, 24 ապրիլին հաստատեց այդ քաղաքին եւ Արցախի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Ստեփանակերտի միջեւ գոյացած՝ «Բարեկամ քաղաքներ» դառնալու հռչակագիրը, կը հաղորդէ Ռոտ Այլընտի Հայ Դատի յանձնախումբը։

Յիշեցնենք, որ Ռոտ Այլընտի Հայ Դատի յանձնախումբին ջանքերով, Ռոտ Այլընտի նահանգային խորհրդարանը 2012-ին պաշտօնապէս ճանչցած էր Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը։

Համաձայնութիւնը ամուր հիմերու վրայ պիտի դնէ երկու հեռաւոր քաղաքներուն միջեւ բազմամակարդակ եւ սերտ յարաբերութիւններ հաստատելու ջանքերը, նպատակ ունենալով զօրակցիլ Ստեփանակերտի տնտեսական կայունութեան եւ մշակութային հարստութեանց պահպանութեան, ինչ որ յոյժ կարեւոր է այս օրերուն, երբ Արցախը պաշարուած կը մնայ։

Քրենսթըն Ռոտ Այլընտի երկրորդ մեծագոյն քաղաքը կը հանդիսանայ եւ հոն կը բնակի նահանգին հայութեան մեծամասնութիւնը։

Արցախի Աշան եւ Իլինոյի Կրենիթ Սիթի քաղաքները «Բարեկամ քաղաքներ» հռչակուեցան

Իլինոյի Կրենիթ Սիթի քաղաքին Քաղաքապետական խորհուրդը հաստատեց իր եւ Արցախի Հանրապետութեան Աշան քաղաքին միջեւ գոյացած «Բարեկամ քաղաքներ» դառնալու հռչակագիրը, որ ամուր հիմերու վրայ կը դնէ հեռաւոր քաղաքներու միջեւ բազմամակարդակ սերտ յարաբերութիւններ հաստատելու ջանքերը, որ յոյժ կարեւոր է այս օրերուն, երբ Արցախը կը շարունակէ պաշարուած մնալ, կը հաղորդէ Արեւելեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը:

2023ի առաջին չորս ամիսներուն «Հայաստան Արցախ» հիմնադրամը 1,1 միլիոնի դեղորայք հայթայթած է Հայաստանին եւ Արցախին

2023-ի առաջին չորս ամիսներուն «Հայաստան Արցախ» հիմնադրամը վեց տարբեր առաքումներով դեղորայք հայթայթած է Հայաստանին եւ Արցախին: Ուղարկուած ապրանքներուն ընդհանուր արժէքն է 1,1 միլիոն տոլար, որուն 152 հազար տոլարի համարժէքը տրամադրուած է Արցախին: Դեղորայքի բոլոր վեց առաքումները նուիրուած էին Սանթա Պարպարայէն Direct Relief կազմակերպութեան կողմէ` «Հայաստան Արցախ» հիմնադրամին խնդրանքով:

Հակառակ անոր որ Ազրպէյճան աւելի քան չորս ամիսէ ի վեր շրջափակած է Արցախը Հայաստանին կապող Լաչինի միջանցքը, Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէն յաջողեցաւ Արցախ հասցնել հրատապօրէն անհրաժեշտ դեղերու առաքումները:

«Չափազանց բարձր կը գնահատենք Direct Relief-ի կողմէ Հայաստանի եւ Արցախի համար նուիրուած, կեանք փրկող դեղերը, ինչպէս նաեւ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէին տրամադրած անյապաղ օգնութիւնը` զանոնք Արցախի մէջ շրջափակուած 120 հազար հայութեան հասցնելու նպատակին համար», յայտնեց «Հայաստան Արցախ» հիմնադրամի նախագահ Յարութ Սասունեան:

Անցնող 34 տարիներուն «Հայաստան Արցախ» հիմնադրամն ու զայն նախորդած Միացեալ հայկական հիմնադրամը Հայաստանին ու Արցախին հայթայթած են 973 միլիոն տոլարի ընդհանուր արժէքով մարդասիրական օժանդակութիւն` մեծաւ մասամբ դեղորայք եւ բժշկական պիտոյքներ, 158 թռիչքներով եւ 2555 ծովային արկղերով:

Շուշիի կերպարուեստի թանգարանի քանդակներու պուրակը ամբողջովին անհետացած է

Արցախի մշակութային ժառանգութիւնը դիտարկող monumentwatch.org կայքը կը գրէ. «11 մայիսին Շուշի այցելած Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ մասնակցած է Շուշիի նախկին կերպարուեստի թանգարանին մէջ կազմակերպուած Հայտար Ալիեւին նուիրուած լուսանկարներու ցուցահանդէսի բացման։

Տեսանիւթին մէջ յստակ կ’երեւի, որ թանգարանի մուտքին տեղադրուած քանդակները այլեւս չկան․ չկան նաեւ թանգարանի սրահներուն մէջ ցուցադրուած ստեղծագործութիւնները։ Շուշիի կերպարուեստի թանգարանի հաւաքածոյին բոլոր ստեղծագործութիւններու վիճակն ու վայրը կը մնայ անյայտ։

Կրնանք փաստել նաեւ, որ Շուշիի կերպարուեստի թանգարանի բակը գտնուող ժամանակակից արուեստագէտներու Քանդակներու պուրակը եւս ամբողջութեամբ վերցուած է, իսկ ստեղծագործութիւններուն ճակատագիրը նոյնպէս կը մնայ անյայտ։ Այդ մասին անդրադարձ կատարուած էր տակաւին 15 օգոստոս 2021-ին, Caucasus Heritage Watch-ի հրապարակած արբանեակային լուսանկարներուն շնորհիւ, որուն անդրադարձած էր «Արցախի մշակութային ժառանգութեան մշտադիտարկում» ծրագիրի խմբակը։ Շուշիի կերպարուեստի պետական թանգարանին աւերումը Ազրպէյճանի ստանձնած միջազգային յանձնառութիւններու եւ հռչակագիրներու շարք մը դրոյթներու կոպիտ խախտում եւ ոտնահարում է»։

Արցախի մէջ առաջին եռամսեակին բնակչութեան բնական աճ արձանագրուած է

Առաջին եռամսեակին Արցախի Հանրապետութեան բնակչութեան բնական աճ  արձանագրուած է, 26 մայիսին, տեղեկացուցած է Արցախի Ազգային վիճակագրական ծառայութեան նախագահ Մանուշ Մինասեանը` ամփոփելով յունուար-մարտ ամիսներու ընկերային-տնտեսական վիճակի ցուցանիշները:

«Ծնունդներու թիւը գերազանցած է մահացութեան դէպքերը: Բնակչութեան կենսունակութեան գործակիցը 2023 թուականի յունուար-մարտին կազմած է 166.3 տոկոս: Ծնածներուն 50,7 տոկոսը տղաներն են: Մայրական մահացութեան դէպք չէ արձանագրուած», ըստ «Արցախպրես»-ի՝ ներկայացուցած է Միասեան:

«Արցախը մենք ենք». Ստեփանակերտի մէջ նկարչութեան մրցոյթ կազմակերպուած է

25 մայիսին, Ստեփանակերտի մանկապատանեկան ստեղծագործական կենտրոնին մէջ տեղի ունեցած է նկարչութեան մրցոյթ Արցախի մէջ գործող ստեղծագործական կեդրոններու, արուեստի եւ հանրակրթական դպրոցներու աշակերտներուն միջեւ: 

«Արցախպրես»-ի հաղորդմամբ` մրցոյթը կազմակերպուած է Արցախի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան կողմէ։

«Միջոցառումը ամենամեայ բնոյթ կը կրէ: Մրցոյթի 40 մասնակիցները ապահովուած են անհրաժեշտ նկարչական  պարագաներով եւ տեղւոյն վրայ, սահմանուած ժամանակի մէջ ընտրուած նիւթի վերաբերեալ իրենց մտորումները յանձնած են թուղթին», ըսած է նախարարութեան աշխատակից Արմէն Պետրոսեանը:

Մրցոյթի 1-3 տեղերը գրաւողները մրցանակներ ստացած են։

Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցաւ «Թզուկներ» եւ «Ծիածան» մանկապատանեկան երգչախումբերու համերգը

Ստեփանակերտի մէջ, 20 մայիսին կայացաւ «Թզուկներ» եւ «Ծիածան» մանկապատանեկան երգչախումբերու համերգը:

«Արցախպրես»-ի հաղորդմամբ՝ համերգի ընթացքին ներկայացուեցան հայ եւ օտար երգահաններու խմբերգներ:

Երգչախումբերու համերգէն պատկեր մը (լուսանկարը՝ «Արցախպրես»-ի)

Երգչախումբերու գեղարուեստական ղեկավար եւ խմբավար Վիոլետա Բախշիեանի խօսքով` համերգը իւրօրինակ ուղերձ է առ այն, որ Արցախը կ’ապրի եւ կ’արարէ:

«Պիտի շարունակենք երգել հայերէն, իսկ հայու պայքարն ու մշակոյթը պիտի արտայայտենք նաեւ մեր շնորհալի մանուկներու միջոցով», ըսած է ան:

Յուշ֊երեկոյ՝ նուիրուած բանաստեղծ Վարդան Յակոբեանի յոբելեանին

Ստեփանակերտի մէջ, 25 մայիսին տեղի ունեցաւ յուշ-երեկոյ՝  նուիրուած բանաստեղծ, Արցախեան շարժման առաջամարտիկ եւ Արցախի Հանրապետութեան օրհներգի տողերուն հեղինակ Վարդան Յակոբեանի 75-ամեակին:

Արցախի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Նորայր Մկրտչեանի խօսքով` մեծանուն մտաւորականի յոբելեանը կը նշուի անոր բացակայութեամբ, սակայն բոլորիս սփոփանքը ականաւոր գործիչին ձգած հարուստ մտաւոր ժառանգութիւնն է:

Յուշ-երեկոյ՝ նուիուած բանաստեղծ Վարդան Յակոբեանի 75-ամեակին (լուսանկարը՝ «Արցախպրես»-ի)

«Հարուստ եւ բազմաժանր է Վարդան Յակոբեանի ձգած գրական-մշակութային ժառանգութիւնը: Անոր եւ մեր մտաւորականութեան շնորհիւ է նաեւ, որ 1980-ական թուականներուն մեր ժողովուրդը դարձաւ ազգային հոգեբանութեան ու հոգեւոր հարստութեամբ ամբողջացած միասնութիւն եւ մէկ հայրենիք, որ իր հերթին հանդիսացաւ մեր ազգային յաջողութիւններու ուղեկիցն ու գրաւականը: Իրողութիւն, որուն կարիքը այսօր ալ  կը զգանք: Այսօր մեր խոնարհումը կը բերենք անոր անմար յիշատակին», ըսաւ նախարարը:

Տեսակապով Վարդան Յակոբեանի գրականութիւնն ու հայրենանուէր գործունէութիւնը արժեւորող խօսքով հանդէս եկան Հայաստանի գրողներու միութեան նախագահ Էդուարդ Միլիտոնեանը, ինչպէս նաեւ գրչակից ընկերներ Մայր Հայաստանէն ու Սփիւռքէն: