ՀՕՄ-ի Ամէնօրեայ վարժարանի աշակերները՝ ընդմիշտ կապուած հայրենի հողին


Մարտ 2023-ին, ՀՕՄ-ի Ամէնօրեայ վարժարանի «Լափոյեան» երկրորդականի ԺԱ կարգի 15 աշակերտներ մասնակցեցան տարեկան Հայաստանագնացութեան ծրագրին: Այստեղ կը ներկայացնենք իրենց տպաւորութիւնները:


6 մարտի ճամբորդութիւնս դէպի Հայաստան ինծի առիթ եղաւ՝ թէ՛ առաջին անգամ ճամբորդել ընկերներով, թէ՛ առաջին անգամ այցելել հայրենիքս: Վստահ էի, որ շատ տպաւորուած պիտի վերադառնամ Թորոնթօ ու ստեղծած պիտի ըլլամ յիշատակներ, որոնք պիտի գրաւեն յատուկ տեղ մը թէ՛ սրտիս, եւ թէ՛ մտքիս մէջ:

Կրնամ ըսել՝ պտոյտին ամէնատպաւորիչ պահերէն մէկն էր Արարատ լեռը տեսնել առաջին անգամ: Կը քշէինք դէպի Մայր Հայաստան, երբ մեր մեքենային պատուհաններէն դուրս, հիացած հայացքով դիտեցինք լեռը: Միւս տպաւորիչ պահերէն էին, երբ ծաղիկներ զետեղեցինք Ծիծեռնակաբերդի անմար կրակին առջեւ, ինչպէս նաեւ այցելեցինք Եռաբլուր, ուր նոյնպէս ծաղիկներ խոնարհեցինք մեր անմահ հերոսներու շիրիմներուն: Այցելեցինք Գառնիի հեթանոսական տաճարը, ինչպէս նաեւ՝ Գեղարդի վանքը։

Յաջորդ օրերուն գացինք Խոր վիրապ, այցելեցինք քանի մը փոքր գիւղեր, քշեցինք դէպի Նորավանք, որն իմ կարծիքով Հայաստանի ամէնէն տեսարժան վայրն է։ Սորվեցանք գաթա եւ լաւաշ պատրաստել ու խաչքար քանդակել: Այցելեցինք նաեւ յուշարձաններ ու թանգարաններ: Գիշերեցինք Եղեգիսի, Դսեղի եւ Գիւմրիի մէջ: Վերջին օրերու ընթացքին այցելեցինք Էջմիածին, Սարդարապատ, Վերնիսաժ ու եղանք մեր վարժարանի նախկին տնօրէնին տունը եւ մեր դասարանի անցեալի դասատուին տունը:

Այս պտոյտի ընթացքին, ուրախ եմ, որ առաջին անգամ Grand Candy-էն բոնչիկ փորձեցի եւ Երեւանի յայտնի պուլպուլակներէն (ցայտաղբիւրներէն) պաղ ջուր խմեցի: Ընդհանուր առմամբ՝ այս այցելութիւնը Հայաստան անմոռանալի փորձառութիւն մըն էր։ Անհամբեր կը սպասեմ նոր առիթի, երբ կարենամ ետ վերադառնալ։

Գայանէ Թ.


Թէեւ առաջին անգամը չէր, որ Հայաստանը կ’այցելէի, կարելի է ըսել, որ այս ճամբորդութիւնը բոլորովին տարբեր էր նախկիններէն: Երկու շաբթուան ընթացքին այցելեցինք հինգ մարզեր եւ բազմաթիւ գիւղեր ու քաղաքներ, որոնցմէ ամէն մէկը իւրայատուկ էր իր կլիմայով ու տեսարժան վայրերով: Տեսանք լեռնաշղթաներ, զանազան կենդանիներ ու տեսարանները, որոնք հիանալի էին:

Բացի ասոնցմէ, տեսանք բազմաթիւ եկեղեցիներ ու արձաններ: Անոնց քանդակները այնքան գեղեցիկ ու մանրամասն էին, որ բառերով չեմ կրնար զանոնք նկարագրել: Յայտնի է ինչքան զգուշութեամբ աշխատած էին քանդակագործները, եւ ամէն քանդակը իր պատմութիւնը ունի:

Առիթը ունեցանք այցելելու տարբեր արհեստաւորներու եւ սորվելու իրենց արհեստներուն մասին: Ուրախ եմ, որ առիթը ունեցայ համտեսելու համեղ ուտելիքներ, որոնք յաճախ հնարաւորութիւնը չեմ ունենար ուտելու:

Տպաւորիչն էր նաեւ այն ժամանակը, որ ընկերներուս հետ անցուցի: Տարիներ անց, երբ վերյիշեմ ճամբորդութիւնս, ամէնէն շատը պիտի յիշեմ ընկերներուս կատակները, հիւրանոցի արկածները եւ այն վայրերը, որոնք միասին այցելեցինք ու վայելեցինք մեր ազատ ժամերուն:

Ալիս Պ.


Թորոնթօ ապրելով, բոլոր կեանքս տեսած եմ տափակ դաշտավայր: Հայաստան երթալով, լեռնային բնավայրը ամէնէն տպաւորիչն էր: Մայր Հայաստանի արձանէն էր, որ առաջին անգամ տեսայ Արարատ լեռը: Նկարներով տեսած էի, բայց աչքերով տեսնելը բոլորովին ուրիշ զգացումներ տուաւ: Երբ մենք Արարատեան դաշտէն ելանք դէպի հարաւ, Նախիջեւանի մօտ, բազմաթիւ լեռնաշղթաներ տեսնելը հիանալի էր:

Ուրիշ տպաւորիչ դէպք մը, երբ այցելեցի Երեւանի թատերասրահը, ուր դիտեցի Խաչատրեանի «Գայանէ» թատերապարը: Հայկական արուեստագէտներու գործերը շատ չես տեսներ Թորոնթոյի օտար թատերասրահներու մէջ, ուրեմն՝ այս լաւ նորութիւն մըն էր ինծի համար:

Առէն Շ.


Բախտաւոր եմ, որ մանկապարտէզէն ի վեր կը յաճախեմ ՀՕՄ-ի Ամէնօրեայ վարժարանը եւ այս տարի Աստուծոյ կամքով պիտի աւարտեմ դպրոցս: Այս տարիներու ընթացքին միշտ լսած, կարդացած եւ սորված եմ իմ ուսուցիչներէս Հայաստանի մասին: Եւ միշտ երեւակայած եմ, թէ ինչպիսի՛ երկիր է, եւ փափաքած եմ այցելել: Այս տարի այդ երազանքը իրականացաւ, եւ որպէս աւարտական դասարան այցելեցինք հայրենիք: Երբ «Զուարթնոց» օդակայան հասանք եւ օդանաւէն վար իջելով հայրենի հողը կոխեցինք, զգացի որ իմ փորձառութիւնս շլացուցիչ պիտի ըլլայ այս երկրին մէջ: Երկու շաբաթ Հայաստանի մէջ գտնուելով, ես զգացի որ Հայաստանը կարելի չէ համեմատել որեւէ երկրի հետ, զոր ասկէ առաջ այցելած եմ:

Հայաստանի մեր պատմութիւնը եւ անցեալը ամբողջութեամբ ներկայացնող թանգարան մըն է: Իր յուշարձաներով, վանքերով, եկեղեցիներով, տուն-թանգարաններով կը ներկայացնէ մեր ազգի պանծալի եւ հերոսական պատմութիւնը եւ անցեալը:

Հայաստանի ժողովուրդը շատ հիւրասէր, ընկերային, հոգատար եւ կարեկից մարդիկ են: Երկու շաբթուան ընթացքին մեզ հիւրասիրեցին ընկերային եւ մշակութային ձեռնարկներ եւ սքանչելի պտոյտներ, որոնք բնաւ պիտի չմոռնամ իմ ամբողջ կեանքիս ընթացքին։ Կը փափաքիմ կրկին այցելել եւ վայելել հայրենի երկիրս՝ Հայաստանը:

Վերջացնելով, մեծապէս շնորհակալութիւն կը յայտնեմ սիրելի վարժարանիս, տնօրէնութեան, ուսուցիչներուն, որոնք ընկերացան մեզի եւ այս սքանչելի պտոյտը մեզի պարգեւելուն համար:

Քրիս Գ.


Դասարանիս ընկերներուն հետ Հայաստանի այս ճամբորդութիւնը շատ հաճելի էր։ Ես միշտ ամրան գացած եմ Հայաստան, ուրեմն շատ տպաւորիչ էր ինծի համար ձիւնածածկ Գեղարդն ու սարերու լանջերը տեսնելը։

Հայաստանի շատ տարբեր մասերը տեսած եմ, բայց Եղեգնաձոր մեր այցելութիւնը նորութիւն էր ինծի համար։ Հոս՝ ընկերներուս հետ սարերը մագլցեցանք մայրամուտը դիտելու համար եւ կատուներու ու գելխեղդ շան հետ խաղցանք։

Գիւմրիի եւ Երեւանի մէջ բոլորս պոնչիկ կերանք եւ գիշերները քաղաքները պտըտեցանք։ Ծանօթացանք մեզի տարեկից երիտասարդներու հետ ու դեռ անոնց հետ կապը կը պահենք։
Այցելեցինք Ուշի, նախկին մեր տնօրէնին՝ պարոն Մարգար Շարապխանեանին տունը։ Ան Ուշիի վաստակաւոր անձերէն մէկն է։

Քաղաքէ֊քաղաք գացինք, այցելեցինք կարգ մը մեր մեծերուն թանգարանները։ Նաեւ Եռաբլուր գացինք․ շատ բաներ սորվեցանք։ Գանատայի մէջ մեր լսուած զոհերու թիւին ահռելիութիւնը չէինք հասկցած մինչեւ գերեզմանները տեսնելը։

Ընդհանուր առմամբ, բոլորս աւելի մտերմացանք։ Գիշերները, հիւրանոցին մէջ, բոլորս մէկուն սենեակը կը հաւաքուէինք ու քարտով խաղեր կը խաղայինք, կը խօսէինք, կ’երգէինք, կը պարէինք ու կը խնդայինք։

Անուշ Յ.


Առաջին անգամ էր, որ Հայաստան գացի եւ այս այցը ամէնէն ճոխ շաբաթներն էին կեանքիս մէջ։ Հայրենիքին մէջ շատ տեղեր այցելեցինք, բայց իմ սիրած տեղերը Գառնին եւ Գեղարդն էին։

Դէպի Գառնիի տաճար քալած ատէն շատ գեղեցիկ էր բնութիւնը, կրնայիր տեսնել բոլոր լեռները հեռուէն։ Երբ Գեղարդ հասանք, ամբողջ եղանակը փոխուեցաւ՝ անձրեւէն դարձաւ ձիւն։ Եկեղեցին շատ սիրուն էր եւ մեծ։ Հոն աղբիւր մը կար, որ սուրբ էր եւ կրցանք այդ ջուրով մեր ձեռքերը եւ դէմքերը լուալ։ Վերջաւորութեան, բոլորս մոմ վառեցինք մեր հերոսներուն համար։

Ամբողջութեամբ Հայաստանը շատ հաճելի տեղ մըն էր ապրելու համար։ Ես անպայման կ’ուզեմ նորէն այցելել։

Կրէկըրի Ս.


Հայաստան իմ այցելութեանս ընթացքին ունեցայ շատ հիանալի փորձառութիւններ եւ տպաւորութիւններ։ Մեր օրերը անցուցինք ուսումնասիրելով Երեւանի գեղեցիկ փողոցները, հիանալով ճարտարապետութեամբ եւ համեղ տեղական ուտելիքներով։ Այցելեցինք հրաշալի վանքերն ու եկեղեցիները՝ հիանալով անոնց որմնաքանդակներով, որոնք կը զարդարեն պատերը:

Երեւանէն դուրս, մենք կը քալէինք լեռներուն միջեւ, ուր կը շնչէինք լեռնային մաքուր օդը եւ կը վայլէինք սքանչելի տեսարանները։

Իմ ամէնէն լաւ յիշատակը այն էր, որ կրցայ տեսնել այն վայրերը, որոնք առաջ միայն գիրքի մէջի նկարներով տեսած էի, ինչպէս՝ Արարատ լեռը, Սարդարապատը, Էջմիածինը, Ծիծեռնակաբերդը, Նորավանքը եւ մեր Հայոց պատմութեան տիտաններուն արձանները, ինչպէս՝ Արամ Մանուկեանի, Գարեգին Նժդեհի, Գէորգ Չաւուշի, Մեսրոպ Մաշտոցի եւ այլ մեծերու։

Հայաստանը իմ սիրտս կրցաւ ալ աւելի «գողնալ»։ Յոյս ունիմ, որ շուտով նորէն պիտի կրնամ վերադառնալ եւ ապագային պիտի կարենամ մեր ազատ Արցախը այցելել:

Արամ Թ.


Այս մարտին, մեր դասարանի աշակերտները ճամբորդեցին Հայաստան: Վստահօրէն կարելի է ըսել, որ այս ճամբորդութիւնը մեր ամէնէն լաւ յիշատակներէն պիտի ըլլայ: Սկիզբէն մինչեւ վերջ լաւ տպաւորութիւններ ունեցած ենք եւ անմոռանալի փորձառութիւններ ձեռք բերած:
Բոլորս մեծ ուրախութեամբ նստանք օդանաւ եւ անհամբեր կը սպասէինք վայրէջքին: Երբ օդակայանէն դուրս ելանք, անմիջապէս հարազատութիւն եւ հանգստութիւն զգացի մեր հայրենի հողին վրայ գտնուելով: Թէեւ քիչ մը յոգնած, սակայն շատ ուրախ էինք: Միւս օրը, թարմ երեսներով արթնացանք եւ Երեւանին մէջ պտոյտի ելանք: Յաջորդող օրերուն զանազան վայրեր այցելեցինք, ինչպէս՝ Մատենադարան, Գառնի եւ Գեղարդ, Ծիծեռնակաբերդ, Խոր վիրապ եւ Նորավանք:

Նոյնիսկ գիշեր մը անցուցինք Եղեգիս գիւղը, սարերուն մէջ գտնուող հիւրանոցի մը մէջ: Յաջորդ օրերուն այցելեցինք Էջմիածին, Սեւանայ լիճ, Դիլիջան եւ Ծաղկաձոր: Գիշեր մը անցուցինք Դսեղ գիւղը: Նաեւ ուղուեցանք դեպի Գիւմրի եւ երկու գիշեր անցուցինք հոն: Ետ գալով, այցելեցինք Դաշտադէմի Ամրոց, Ուշի գիւղ եւ Դաշնակցութեան թանգարան:

Մեր պտոյտի ատեն, այցելեցինք զանազան թանգարաններ, ինչպէս ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանը, Պարոյր Սեւակի, Յովհաննէս Թումանեանի, Յովհաննէս Շիրազի եւ Կոմիտասի տուն-թանգարանները: Տարբեր հետաքրքրական գործունէութիւններու մասնակցեցանք, ինչպէս՝ ժողովրդական պարի, կաւագործութեան, լաւաշի եւ գաթայի պատրաստութեան, նաեւ տուֆ քարի վրայ Արարատ լեռը քանդակեցինք:

Պարզ է, որ շատ հետաքրքրական եւ հաճելի ժամանակ անցուցած էինք այս պտոյտի ատեն: Կը կարծեմ, որ այսպիսի պտոյտ մը անհրաժեշտ է մեր աշակերտներուն, որովհետեւ կը տեսնենք մեր հայրենիքը, միեւնոյն ատեն լաւ ժամանակ կ’անցնենք մեր ընկերներուն հետ:

Անահիտ Յ.


Երբ Հայաստանը այցելեցինք դասարանով, շատ աւելի մօտ կապեր ստեղծեցի դասընկերներուս հետ։ Ասիկա երկրորդ անգամն էր՝ հայրենքս կ’այցելէի, որ շատ աւելի զուարճալի եւ տարբեր փորձառութիւն մըն էր ինծի համար։

Ամենէն շատ տպաւորիչ այցելութիւնը ինծի համար մեր սուրբ եւ հին եկեղեցիներն էին։ Ամէնէն սիրածս՝ Նորավանք եկեղեցին էր, որ 13 -րդ դարուն շինուած վանք մըն է եւ ունի ցնցող եւ անբացատրելի տեսարան մը։ Նաեւ շատ սիրեցի, երբ գաթա եւ լաւաշ սորվեցանք պատրաստել։

Թէեւ կային շատ ուրախ օրեր, բայց նաեւ կային յուզիչ եւ տխուր օրեր, մանաւանդ երբ այցելեցինք Եռաբլուր եւ բոլոր դասարանով յուզուած էինք։ Դժուար էր տեսնել բոլոր զինուորներու գերեզմանները, որոնք իրենց կեանքերը զոհեցին մեր հայրենիքին համար։

Թամար Օ.


Իմ եւ դասընկերներուս այցը Հայաստան անմոռանալի էր։ Բախտաւոր եմ, որ դպրոցը մեզի հնարաւորութիւնը տուաւ, որ դասընկերներով այցելենք հայրենիք: Կեանքը եւ վիճակը Հայաստանի մէջ մեծ չափով բարելաւուած է։ Ուրախ եմ, որ Հայաստանը յառաջդիմած է եւ կը շարունակէ յառաջդիմել:

Առաջին բանը որ ինծի ազդեց, Արարատը տեսնելն էր, երբ օդանաւէն դուրս ելանք։ Մենք մեր դպրոցական դասերուն մէջ անընդհատ սորված ենք Հայաստանի տարբեր եկեղեցիներու եւ վայրերու մասին, անոր համար շատ տպաւորիչ էր: Ես ընկերներուս հետ վերջապէս կրցայ տեսնել այն տեսարժան վայրերը, որոնք տարիներու ընթացքին սորված ենք Հայոց պատմութեան մէջ։

Ամէնէն յուզիչ տեղը Եռաբլուրն էր։ Շատ ցաւալի էր տեսնել բոլոր այն երիտասարդները, մեծամասնութիւնը իմ տարիքիս, որոնք զոհուեցան հայրենիքը պաշտպանելու համար:
Ընդհանուր մեր այցը անմոռանալի էր։ Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ դպրոցին, որ մեզի առիթը տուաւ հայրենիք երթալու։

Արիս Մ.


6 մարտին, դասարանիս հետ այցելեցի Հայաստան։ Թէեւ առաջ այցելած էի, բայց դասընկերներով այցելելը տարբեր փորձառութիւն է:

Ճամբորդութեան ընթացքին վրաս ամենամեծ ազդեցութիւնը ունեցաւ այն, որ գիւղեր այցելեցինք եւ այնտեղ ապրող երեխաները տեսանք եւ կրցանք իրենց ընտանիքներուն տուները մտնել եւ ուտել իրենց հետ:

Այս ընտանիքները չափազանց բախտաւոր են, որ կ’ապրին մեր հայրենիքին մէջ, բան մը որ մենք դժբախտաբար հնարաւորութիւնը չունինք․ շատ բախտաւոր պէտք է զգանք ամէն ինչով, որ ունինք։ Սակայն անոնք այդքան բախտաւոր չեն, իրենց առօրեայ ապրելակերպով:

Տարբեր զգացում է, երբ անձնապէս կը տեսնես այդ բանը, որ կը պաշտպանես եւ որուն կը հաաւատաս, ինչպէս ժողովուրդը, հողը եւ ազգը: Տեսնելով այն երեխաները, որոնք օր մը պիտի դառնան զինուոր՝ կռուելու մեր հայրենիքին համար, կ’ոգեշնչէ զիս աւելի լաւ աշխատելու իմ երկրին համար։ Այս անկասկած ամենամեծ ազդեցութիւնն ունեցաւ իմ վրաս։

Լարա Տ.


Մեր դասարանին հետ Հայաստանի պտոյտը շատ լաւ անցուցինք: Դպրոցի կազմած գործունէութիւնները արտօնեցին տեսնել մեր հայրենիքը: Անմոռանալի փորձառութիւն էր, որ միշտ սիրով պիտի յիշեմ:

Հայաստան հասնելուն՝ բոլորիս արտայայտութիւնը շուտով փոխուեցաւ: Քանի մը աշակերտներու համար առաջին այցելութիւնն էր՝ ես այդ աշակերտներէն մէկն էի:

Առաջին քանի մը օրերու ընթացքին՝ այցելեցինք Գառնի-Գեղարդ: Հանրակառքէն կը դիտէինք լեռները՝ կարծես շարժապատկեր ըլլային: Ձիւնը երբ սկսաւ, տեսարանը հիանալի դարձաւ:

Հայաստանի ճաշերը շատ համեղ էին: Բազմաթիւ ճաշարաններ այցելեցինք ու ճաշը միշտ ընտիր էր: Սիրած ճաշս ոսպով գնդիկներն էին: Մատնաքաշ հացն ալ շատ համեղ էր։

Իմ սիրած տեղը Երեւանի կեդրոնն էր: Հրապարակը գիշերուան ընթացքին ամէնէն գեղեցիկ տեղն էր քաղաքին մէջ: Մինչեւ գիշեր՝ մարդիկ կը զբօսնէին, ճաշարաններն ու պաղպաղակի տեղերը բաց կ’ըլլային։ Նոյնիսկ մարդիկ երաժշտական զանազան գործիքներ կը նուագէին: Աշխարհի մէջ իմ ամենասիրած երկիրն է։ Ապագային նորէն պիտի այցելեմ:

Գամիլլա Գ.


Իմ երկրորդ այցելութիւնս դէպի Հայաստան շատ յիշատակելի պիտի մնայ մտքիս մէջ ոչ միայն որովհետեւ իմ մայրենի հողս տեսայ եւ զգացի, այլ նաեւ այդ զգացումները իմ հարազատ դասընկերներուս հետ կիսեցի։ Մեր պտոյտը լեցուած էր խնդուքով, մտերմութիւնով, երգով եւ պարով։ Երբ Երեւան հասայ ունեցայ ոգեւորիչ, հանգիստ եւ ուրախ զգացում մը, վստահ եմ, որ բոլոր դասընկերներս ալ նոյնը զգացին, որովհետեւ սկսանք արտահայտուիլ երգելով «Երեւան դարձած իմ Էրեբունի» եւ «Գինի լից» երգերը։ Երկրորդ օրը բարեբախտաբար Կանանց միջազգային օրն էր եւ տօնով սկսաւ: Երբ խումբով կը շրջէինք Երեւանը, նշմարեցի, թէ ան լեցուած էր սիրով, ժպիտներով եւ ծաղիկներով։ Ժողովուրդը իրարու հետ ընտանիքի պէս կը վարուէին եւ մասնաւորապէս կիները կը յարգէին։ Շատ ուրախացայ, երբ մեր դասարանի տղաքն ալ անակնկալ նուիրեցին կարմիր վարդեր ինծի եւ դասընկերուհիներուս։

Պտոյտին ընթացքին այցելեցինք կարեւոր վայրեր ինչպէս՝ Ծիծեռնակաբերդ, Մայր Հայաստանի արձանը, Խոր վիրապ, ուր «բանտարկուեցանք» 10 րոպէ չկարենալով ետ վեր բարձրանալ ուրիշ այցելուներու պատճառաւ, Նորավանք, ուր հիացած կը դիտէինք գեղեցիկ լեռները, Յովհաննէս Թումանեանի տուն թանգարան եւ այլ վայրեր։ Ինծ համար ամենագեղեցիկ վայրն էր Գառնի-Գեղարդը։ Թէեւ օդը ձիւն եւ անձրեւ էր, տեսարանը եւ լեռնաշղթաները ընդարձակ եւ աննման էին։ Գեղարդի վանքը տարբեր էր Հայաստանի միւս վանքերէն, որովհետեւ ժայռափոր էր։ Շատ խաղաղ զգացի, երբ շրջան կազմեցինք եւ երգեցինք «Տէր ողորմեա» շարականը. մեր ձայնը պատերէն կ’արձագանգէր։

Մեր այցելած ամենատպաւորիչ տեղն էր Եռաբլուրը, ուր կը գտնուին 2020-ի պատերազմին զոհուած մեր հերոսներուն մեծամասնութեան գերեզմանները։ Բոլորս ալ անձամբ տեսնելով մեր զոհերուն քանակը եւ վերյիշելով իրենց հերոսութեան դէպքերէն յուզուեցանք, մանաւանդ որ զոհերը երիտասարդներ էին։ Այս ամբողջ այցելութեան ամփոփումը շատ դժուար է, որովհետեւ ամէն օր հազարաւոր փոքր եւ մեծ յիշատակներ կ’ունենայինք։ Փոքր յիշատակներ ինչպէս շուներու եւ կատուներու հետ խաղալ եւ մեծ՝ ինչպէս իրար հետ հայկական տարազներով լուսանկարուիլ եւ երգել։

Մենք միասնաբար մեծ ընտանիք մը դարձանք եւ զիրար սիրելով մեր կապերը զօրացուցինք։

Բալիկ Թ.


Թորոնթոյէն մեկնեցանք 6 մարտին այցելելու մեր հայրենիքը՝ Հայաստանը։ Թէեւ առաջին անգամս չէր, բայց դասընկերներուս հետ ըլլալը տարբեր զգացումներ յառաջացուց իմ մէջ։

Լման պտոյտը շատ լաւ անցաւ, բայց անշուշտ կային անձնական տպաւորիչ մասեր, ինչպէս՝ մեր այցելութիւնները Ծիծեռնակաբերդ, Նորավանք եւ Եռաբլուր։ Յուզիչ էր տեսնել մեր հարիւրաւոր հայ երիտասարդ զինուորներու գերեզմանները։ Մենք պետք է հպարտանանք իրենց հերոսական արարքով՝ պաշտպանելով մեր հայրենիքը։

Երբ Երևան էի, զգացի տունէս հեռու տանս մէջ եւ անիկա քեզի ուրիշ զգացողութիւն կու տայ․ ​​զգացում մը, որ միայն կրնաս ունենալ քու հայրենիքիդ մէջ որպէս հայ։ Յատկապէս այս այցելութենէս ետք, ես հպարտ էի Հայաստանն իմ հայրենիք անուանելու համար։

Մելանիա Շ.