Արցախի մէջ մեծ շուքով նշուեցաւ 28 մայիսը․ Արցախն այս շաբաթ


Արցախի Հանրապետութիւնը մօտ վեց ամիսէ շրջափակուած կը մնայ։ Արցախահայութիւնը զրկուած է մարդկային ամենէն կենսական կարիքներէն։  Հայաստանը, Ազրպէյճանը եւ Արեւմուտքը քաղաքական առեւտուրի առակայ կը դարձնեն 120 հազար բնակչութիւնը՝ անտեսելով իր հայրենիքին մէջ ապրելու անոր իրաւունքը։ Գոյութենական վտանգի մէջ ապրելով արցախահայութիւնը շարունակէ արարել ու պահել հայ մշակոյթը։

Ստորեւ «Թորոնթոհայ»-ի այս շաբթուան ամփոփումը․

«Ղարաբաղի հայերուն դիմաց մէկ ճամբայ կայ՝ ենթարկուիլ Ազրպէյճանի օրէնքներուն». Ալիեւ

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարեց, որ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրը կրնայ յառաջիկային կնքուիլ: Ան յայտարարեց, թէ «Երեւանի կողմէ մեր տարածքային ամբողջականութեան ճանաչումէն ետք, խաղաղութեան պայմանագիրի կնքման համար գործնականին մէջ լուրջ խոչընդոտներ չկան»:

Բռնագրաւուած Քաշաթաղի շրջան այցելութեան ընթացքին Ալիեւ ըսաւ, որ Արցախի բնակչութիւնը պէտք է ենթարկուի Ազրպէյճանի օրէնքներուն եւ խօսքը անոնց ուղղելով նշեց. «Ձեր գիրքը փակուած է, «Միացում»ի գիրքը փակուած է, անջատողականութեան վերջը հասած է, անկախութեան երազանքները, ինչպէս կարգավիճակը, ի չիք դարձած են»:

Ըստ անոր՝ արցախահայութեան համար մնացած միակ ուղին «Ազրպէյճանի օրէնքներուն ենթարկուիլն է, Ազրպէյճանին հաւատարիմ, բնական քաղաքացի դառնալը, «պետական ստորոգելիները» աղբանոցը նետելը եւ խորհրդարանը լուծարելը»: «Մենք կը հաւատանք, որ իրենք պիտի հասկնան, պիտի գան ու քայլ պիտի առնեն, որ Ազրպէյճանի դրօշին տակ ապրին: Մենք կը սպասենք ասոր: Ուստի մենք այլ քայլ չենք առներ, եւ կը կարծեմ, թէ վերջին 2.5 տարիներու ընթացքին տեղի ունեցած իրադարձութիւնները պէտք է արթնցնեն զանոնք, արթնցնեն երազանքներէն», ըսած է Պաքուի բռնապետը:

Ալիեւ Բերձորի մէջ թանգարաններու հիմնակրէքի արարողութիւն կը կատարէ (լուսանկարը՝ RF/RL-ի)

Ըստ ատրպէյճանական լրատուամիջոցներուն՝ Ատրպէյճանի նախագահը նաեւ մասնակցեցաւ շարք մը ձեռնարկներուն, ինչպէս՝ Լաչին քաղաքին մէջ «Բռնագրաւում» եւ «Յաղթանակ» թանգարաններու հիմնարկէքին, Դեկտեմբեր 1-ի յուշատախտակի բացման, փողոցներու անուանակոչութեան, որոնց կարգին իր հօր՝ Հայտար Ալիեւի անուամբ, «Յաղթանակ», «Զանգեզուր» փողոցներու, բնակելի թաղամասի հիմնարկէքի արարողութիւններուն: Ան յայտնեց, որ օր մը առաջ արդէն 20 ընտանիք տեղափոխուած է Լաչին, իսկ մինչեւ Սեպտեմբեր Զաբուխ (Աղաւնօ) գիւղը կը յանձնուի բնակիչներուն:

Ան Քելբաջարի մէջ (Քարվաճար) մասնակցեցաւ զինուորական հիւանդանոցի բացման, ինչպէս նաեւ բնակելի թաղամասի եւ դպրոցի հիմնարկէքի: Ալիեւ ծանօթացաւ նաեւ այդ շրջանին մէջ կառուցող փապուղիներուն, ինչպէս նաեւ Քելբաջար-Լաչին 76 քիլոմեթր երկարութեամբ մայրուղիի շինարարական աշխատանքներուն:

Արցախի Հանրապետութեան ազգային ժողովը կը դատապարտէ Ազրպէյճանի նախագահի 28 մայիսի յայտարարութիւնը

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի լրատուութեան եւ հանրութեան հետ կապերու բաժանմունքը կը դատապարտէ Ալիեւի սպառնալից յայտարարութիւնը եւ կ’ընդգծէ, որ այդ սպառնալիքներուն տակ Արցախի ժողովուրդը պարզապէս չի կրնար Ազրպէյճանի կազմին մէջ ապրիլ` այնտեղ տիրող հայատեաց ու հայամերժ քաղաքականութենէն բխող գոյաբանական վտանգներուն պատճառով, դատապարտելով Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի, ինքնիշխանութեան եւ անվտանգութեան, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանի խաղաղութեան հանդէպ այսպիսի յարձակումները եւ ռազմական գործողութիւններու վերսկսման սպառնալիքները:

Արցախի Հանրապետութեան ազգային ժողովի շէնքը (լուսանկարը՝ RFE/RL-ի)

Ազգային ժողովը կը դիմէ միջազգային հանրութեան բոլոր դերակատարներուն, ներառեալ` 9 նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութիւնը ստորագրած Ռուսիոյ ու Հայաստանի, ինչպէս նաեւ` տարածաշրջանի մէջ խաղաղութեամբ ու կայունութեամբ շահագրգռուած բոլոր ենթականերուն` ակնկալելով անոնց գործնական ու աշխուժ գործողութիւնները` վերացնելու Արցախի գրեթէ վեցամսեայ շրջափակումը եւ այլ շարունակական ոտնձգութիւնները, ինչպէս նաեւ` կանխելու Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի ժողովուրդի դէմ ուղղուած նոր յանցագործութիւնները, որոնց շարքին` հնարաւոր ռազմական նախայարձակումը:

«Կ’ողջունենք Ալիեւի` «համաներում» քննարկելու մասին վերջին յայտարարութիւնները»․ Միլըր

Միացեալ Նահանգներ արդիւնաւէտ հանդիպում կ’ակնկալէ Քիշնեւի մէջ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ: Այս մասին յայտարարեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլըր:

«Ինչպէս արտաքին գործոց նախարար Պլինքըն յայտարարած էր, Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութիւնը կարելի է: Վերջերս մենք բարձր գնահատած ենք վարչապետ Փաշինեանի հաւատարմութիւնը խաղաղութեան, եւ մենք կ’ողջունենք նախագահ Ալիեւի վերջին յայտարարութիւնները (Ղարաբաղի նկատմամբ) համաներում քննարկելու մասին», նշած է Միլըր` աւելցնելով. «Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարները այս շաբաթավերջին Քիշնեւի մէջ պիտի հանդիպին մեր եւրոպացի գործընկերներուն հետ: Եւ մենք յոյսով ենք, որ ատիկա արդիւնաւէտ քայլ պիտի ըլլայ բանակցութիւններու սեղանին շուրջ այս խնդիրները լուծելու ուղղութեամբ, եւ ոչ թէ բռնութեան կիրարկումով», ըսած է Միլըր:

Արցախը խոր հիասթափութիւն կը յայտնէ ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչի յայտարարութեան վերաբերեալ

Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը խոր հիասթափութիւն եւ տարակուսանք յառաջացնող որակեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչին 30 մայիսի յայտարարութիւնը, որուն մէջ ան ողջունած է Արցախի (Լեռնային Ղարաբաղի) բնակիչներու, այսպէս կոչուած, համաներման հարցը դիտարկելու պատրաստակամութեան մասին Ազրպէյճանի նախագահի վերջին յայտարարութիւնները:

ԱԳ մեկնաբանութեան մէջ նաեւ նշուած է. «Անբացատրելի է, թէ ինչպէ՞ս կարելի է ամբողջութեամբ բացայայտ շանթաժի եւ պարտադրանքի վրայ հիմնուած Ազրպէյճանի նախագահի այդ յայտարարութեան մէջ խրախուսանքի արժանի որեւէ դրական տարր գտնել: Ակնյայտ է, որ Ազրպէյճանի նախագահի յայտարարութեան հիմնական ուղերձը կը կայանար անոր մէջ, որ Ազրպէյճանը կը հրաժարի Արցախի Հանրապետութեան ժողովրդավարական ճամբով ընտրուած իշխանութիւններուն հետ հաւասար երկխօսութենէն եւ կ’առաջնորդուի միայն իր իշխանութիւնը Արցախի ժողովուրդին ուժով պարտադրելու ցանկութեամբ:

Կասկածներ չունինք, որ Միացեալ Նահանգներ ցանկութիւն ունին դրական դեր խաղալ ազրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան արդար, հաւասարակշռուած ու արժանապատիւ լուծման եւ շրջանին մէջ երկարաժամկէտ խաղաղութեան հասնելու գործին մէջ: Միեւնոյն ժամանակ, կը գտնենք, որ Պաքուի ապակառուցողական եւ ռազմատենչ քաղաքականութեան խրախուսումը կը հակասէ հակամարտութեան խաղաղ լուծման հարցին մէջ դրական փոփոխութիւններու հասնելու ցանկութեան»:

Շարլ Միշէլ կրկին արցախահայութիւնը որակեց « նախկին ԼՂԻՄ տարածքին մէջ բնակող հայեր»

Եւրոպական Միութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլ Քիշինեւի մէջ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ կայանալիք հանդիպման ընդառաջ գրառում կատարեց «Թուիթըր»-ի վրայ՝ յոյս յայտնելով, որ հանդիպումը կարելիութիւն պիտի տայ շարունակել քննարկումները հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին վերաբերեալ: Բայց եւ այնպէս ան իր գրառումին մէջ արցախահայութիւնը որակեց «նախկին ԼՂԻՄ տարածքին մէջ բնակող հայեր»:

Անոր գրառումին մէջ կը նշուի. «Անհրաժեշտ է վերահաստատել յարգանքը միմիանց ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ, յառաջխաղացք արձանագրել սահմաններու սահմանագծման հարցին մէջ, ինչպէս նաեւ նուազեցնել սահմանային շրջաններու վտանգները: Այժմ կենսական է Պաքուի եւ նախկին ԼՂԻՄ տարածքին մէջ բնակող հայերուն միջեւ երկխօսութիւնը՝ անոնց իրաւունքներուն եւ ապահովութեան վերաբերեալ: Կարեւոր է զերծ մնալ առաւելապաշտական դիրքորոշումներէն եւ ձգտիլ երկխօսութեան: Հակամարտութեան աւելի քան 30 տարիներէ ետք ժամանակի կարիք կայ, որ վէրքերը սպիանան: Անհրաժեշտ են համարձակ որոշումներ»:

Ստեփանակերտի ՄէջՀայաստանի ԱՀանրապետութեան կազմաւորման 105-ամեակին նուիրուած ձեռնարկ

Ստեփանակերտի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան պալատին մէջ, 29 մայիսին տեղի ունեցաւ համերգային երեկոյ` նուիրուած Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան կազմաւորման 105-ամեակին: Հանդիսութիւնը կազմակերպուեցաւ Արցախի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի նախարարութեան եւ ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան նախաձեռնութեամբ, կը տեղեկացնէ «Ապարաժ»-ը:

Արցախի թեմի Քրիստոնէական դաստիարակութեան եւ քարոզչութեան կեդրոնի տնօրէն Վաչական քհն. Գիւրճեան անդրադարձաւ արցախցիներուն մասնակցութեան մայիսեան հերոսամարտին:

«Մայիսեան հերոսամարտերու գլխաւոր դերակատարներէն մէկը, եթէ ոչ` հիմնականը, եղած է արցախցի, դաշնակցական Արամ Մանուկեանը: Արցախէն մահապարտներու գունդը, Դանիէլ Բէկ Փիրումեանի գլխաւորութեամբ, մասնակցեցաւ այդ պայքարին, իսկ Մայր Աթոռի միաբան հոգեւորականներէն կազմուած մահապարտներու գունդը եւս կը ղեկավարէր ծնունդով արցախցի Գարեգին եպս. Յովսէփեանցը: Այս կը նշանակէ, որ Արցախը անմնացորդ նուիրուած էր հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական պայքարին, որովհետեւ այլ կերպ ըլլալ չէր կրնար», ըսաւ Վաչական քհնյ. Գիւրճեան:

Արցախի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան փոխնախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեանի խօսքով, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ստեղծումը 20-րդ դարու հայոց պատմութեան ամէնէն նշանաւոր իրադարձութիւններէն մէկն է:

ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամ Տիրուհի Գասպարեան նշեց, թէ ինչպէս հայ ժողովուրդի մղած բոլոր պատերազմներուն, այնպէս ալ Սարդարապատի ճակատամարտին իրենց ուրոյն դերակատարութիւնը ունեցան նաեւ արցախցիները:

Ստեփանակերտի մէջ 44-օրեայ պատերազմին անմահացած տղաներուն նուիրուած յուշաղբիւր 

27 մայիսին Արցախի մայրաքաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ յուշաղբիւրի բացման արարողութիւն` նուիրուած 44-օրեայ պատերազմին հերոսաբար զոհուած ընկերներու` Միքայէլ Դաւիթի Բեգլարեանի եւ Յարութ Ալեքսանդրի Ղարախանեանի, որոնք յետմահու պարգեւատրուեցան «Մարտական խաչ» առաջին աստիճանի շքանշաններով: Այս յուշաղբիւրը կանգնեցնելու նախաձեռնութիւնը յաջողցուցին հերոս ընկերներու հայրերը:

27 մայիսինԲացման արարողութեան ներկայ գտնուեցան ներքին գործոց նախարար Կարէն Սարգսեանը եւ Ստեփանակերտի քաղաքապետ Դաւիթ Սարգսեանը: Յուշաղբիւրին մօտ բարձրացաւ Արցախի Հանրապետութեան  դրօշը։

Յուշաղբիւրի բացման արարողութիւն (լուսանկարը՝ «Արցախպրես»-ի)

Յուշաղբիւրի բացման արարողութեան Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին` Մինաս քհն. Մովսիսեանի ձեռամբ կատարուեցաւ օրհնութեան կարգ: «Մենք այսօր կ՛ուխտենք, որ անոնց գործը պիտի շարունակենք ու յաղթական աւարտին պիտի հասցնենք», ըսաւ Տէր հայրը:

Ստեփանակերտի մէջ Երեխաներու պաշտպանութեան օրուան առթիւ տօնական միջոցառում

1 յունիսին, երեխաներու պաշտպանութեան միջազգային օրուան առթիւ Ստեփանակերտի Ստեփան Շահումեանի անուան օղակաձեւ պուրակին մէջ Ստեփանակերտի քաղաքապետարանին կողմէ կազմակերպուած է տօնական միջոցառում:

«Արցախպրես»-ի թղթակիցի հաղորդմամբ` ցուցադրուած է տիկնիկային ներկայացում, կազմակերպուած տեղական արտադրութեան մանկական ապրանքատեսակներու ցուցահանդէս-տօնավաճառ, տարբեր տաղաւարներու մէջ ցուցադրուած են  ձեռքի աշխատանքներ, գոբելենի, կարպետագործութեան նմուշներ, փայտէ պատրաստուած իրեր: Իսկ վերջաւորութեան տեղի ունեցած է տօնական համերգ` երաժշտական տարբեր խումբերու մասնակցութեամբ:

Նպատակը մեր երեխաներուն տօն պարգեւելն է, ժպիտ փոխանցելը: Յանուն անոնց` մենք պէտք է յաղթահարենք մեր առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները», ըսած է քաղաքապետարանի աշխատակից Տաթեւիկ Բալայեանը։  

Նոյն օրը Ստեփանակերտի Ս. Աստուածածին առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ տէր Մաթեւոս քհն․ Դրաւանցի ձեռամբ մանուկներու օրհնութեան կարգ կատարուեցած է:

Ստեփանակերտի մէջ եռեակ տղաներ ծնած են

Ստեփանակերտի մէջ 25 մայիսին եռեակ ծնած է:

«Արցախպրես» հաղորդմամբ՝ «Մօր եւ մանկան առողջութեան» պահպանման կեդրոնի տնօրէն Վարդգէս Օսիպով ըսած է, որ երեք նորածիններն ալ տղաներ են: Եռեակները կը կշռեն 1,610 կրամ, 1,600 կրամ եւ 1,400 կրամ, որոնք չհասունացած լոյս աշխարհ եկած են եւ կը ստանան համապատասխան խնամք ու բուժում:

Ազրպէյճանցիները Բերձորի մէջ քանդած են Մեծ Հայրենականի զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշահամալիրը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի մէջ հողին հաւասարեցուցած են քաղաքի կեդրոնը` բլուրի վրայ գտնուող, տակաւին խորհրդային տարիներուն կառուցուած 1941-45թուականներու Հայրենական պատերազմի զոհերու յիշատակը յաւերժացնող Փառքի յուշահամալիրը, կը յայտնեն Արցախի Հանրապետութեան Պատմական միջավայրի պահպանութեան պետական ծառայութենէն` նշելով, որ Բերձորի Փառքի յուշահամալիրը նուիրուած էր նաեւ Արցախեան գոյամարտին Քաշաթաղի շրջանին մէջ հերոսաբար զոհուած հայորդիներուն:

Բերձորի յուշահամարինէն պատկեր մը (լուսանկարը՝ «Արցախպրես»-ի)

Յուշահամալիրի երեք պատերուն վրայ հերոսներու անունները փորագրուած էին: Փառքի յուշահամալիրը իր մէջ կ’ընդգրկէր երեք խաչքար: Մէկը նուիրուած է «Յատուկ գունդին», միւսը՝ Շուշիի ազատագրութեան համար նահատակուած հայորդիներուն եւ երրորդը՝ Վազգէն Սարգսեանին: