ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղը` 60 տարեկան. յոբելեանին նուիրուած բացառիկ տօնակատարութիւնը


Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան

ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղի ադամանդեայ յոբելեանի 60 գարուններու բուրաստանը սէր, նուիրում եւ ծառայութիւն մատուցած է հայ ազգի զաւակներուն ամենուրէք։ Խաղաղութեան մէջ ծաղկած, իր ազգն ու միջավայրը ծաղկեցուցած, յաւերժ անթառամ մնացող ՀՕՄ-ի սոյն մասնաճիւղը, իւրաքանչիւր աղէտի եւ կորուստի ընթացքին՝ առաւել եւս գօտեպնդուած, առանց ընկրկումի կամ յուսալքութեան հասած է անկարին, կարիքաւորին, միշտ մնալով լոյսի ու յոյսի անսպառ աղբիւր։

Հայ օգնութեան միութեան «Ռուբինա» մասնաճիւղի տարեկան ձեռնարկներու կարեւորագոյնը կը նկատուի ՀՕՄ-ի օրուան նուիրուած տօնակատարութիւնը, մանաւանդ այս տարուան ճաշկերոյթ-տօնակատարութիւնը, որ տեղի ունեցաւ կիրակի, 30 ապրիլ 2023-ին, կէսօրէ ետք ժամը 1-ին, Հայ կեդրոնի սրահէն ներս։ Սոյն տօնակատարութիւնը նշուեցաւ մեծ շուքով, պատշաճ գեղարուեստական յայտագիրով եւ յատուկ ճաշկերոյթի բնոյթով։

Մասնաճիւղին վերակազմութեան վաթսունամեակի տօնակատարութեան առթիւ պատրաստուած էր գիրք մը։ Իւրաքանչիւր անձի նուիրուած այդ գիրքի օրինակին մէջ նշուած էր ՀՕՄ-ի երկարամեայ գործունէութիւնն ու ծաւալած նուաճումները, ինչպէս նաեւ շնորհաւորական եւ պաշտօնական պատգամներ՝ կառավարական, ազգային եւ եկեղեցական անձնաւորութիւններէ։

Ձեռնարկը կը վայելէր տէր Բաբգէն արք. Չարեանի, առաջնորդ՝ Գանատայի հայոց թեմի, հայր Վարդան ծվ. Թաշճեանի, տէր Տաթեւ աւ. քհն. Միքայէլեանի, հայր Եղիա ծվ. Գիրէջեանի, Օնթարիոյի խորհրդարանի անդամ երեսփոխան Արիս Պապիկեանի, Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Անահիտ Յարութիւնեանի, ՀՕՄ-ի կեդրոնական վարչութեան փոխատենապետ ընկերուհի Մայտա Մելքոնեանի, ՀՕՄ-ի Գանատայի շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ ընկերուհի Արմինէ Կարապետեանի, ՀՕՄ-ի Գանատայի շրջանային վարչութեան ատենապետ Լուսին Փալանճեանի, ՀՕՄ-ի Գանատայի շրջանային վարչութեան անդամներ՝ ընկերուհիներ Իռէն Թլիմեանի եւ Անի Հոթոյեան-Ժոլիի, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան (Հ3Դ) Սողոմոն Թէհլիրեան կոմիտէի ներկայացուցիչներու, եկեղեցւոյ, վարժարանի, եւ Հայ կեդրոնի քոյր միութիւններու ներկայացուցիչներու, ՀՕՄ-ի մեծ ընտանիքի անդամներու եւ համակիրներու ներկայութիւնը։

Յայտագիրը սկսաւ օրուան հանդիսավարներու՝ Լուսին Թէճիրեանի եւ ընկերուհի Մարալ Հրեշտակեանի ներկաներուն բարի գալուստի մաղթանքով, ապա՝ Գանատայի, Հայաստանի, Արցախի եւ ՀՕՄ-ի քայլերգներու երգեցողութեամբ՝ Լիլի Գարբիի, դաշնակի ընկերակցութեամբ՝ Թալին Գըլըպոզեանի, որմէ ետք, բացման խօսքին ընդմէջէն, ՀՕՄ-ի կարեւորագոյն դերին մասին խօսեցաւ օրուան հանդիսավար ընկերուհի Լուսին Թէճիրեան եւ ըսաւ. «ՀՕՄ-ը «Ժողովուրդիս հետ, ժողովուրդիս համար» կարգախօսին հաւատարիմ, մի՛շտ զգօն, միշտ երիտասարդ ու վերանորոգ շունչով, բարձր պահելով մարդասիրական երկնագոյն դրօշը, դար մը ամբողջ շարունականնահանջ երթով կ’ուխտէ ծառայել հայ ժողովուրդին։

ՀՕՄ-ը իր վեհ եւ նուիրական առաքելութեան ու նոր մարտահրաւէրներու դիմագրաւման համար նոր լուծումներ որոնելուն շնորհիւ է, որ միշտ կը մնայ պատնէշի վրայ։ Ինքնավերանորոգուելով կը ստանայ նոր թափ եւ քայլ պահելով դարու եւ օրուան պայմաններուն հետ, այսօր եւս, կը շարունակէ տիրական ներկայութիւն ըլլալ գաղութի առօրեայ կեանքէն ներս, ջատագով կը հանդիսանայ մարդկային իրաւունքներու պահպանումին եւ ընկերային բարեփոխումներու ամբողջ աշխարհի տարածքին»:

Վարչութեան խօսքը ներկաներուն փոխանցեց ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղի ատենապետ ընկերուհի Մարալ Միսիրեան։ Ան շնորհաւորեց մասնաճիւղին վաթսունամեակը, շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՕՄ-ի մեծ ընտանիքին, բարերարներուն եւ ոչ անդամ կամաւոր օժանդակ աշխատողներուն եւ ձեռնարկի կազմակերպիչ յանձնախումբի որդեգրած՝ «Սէր, նուիրում, ծառայութիւն» լոզունքին անդրադառնալով ըսաւ, թէ այդ լոզունքը կ’ընդգրկէ մասնաճիւղին գոյատեւման եւ գործունէութեան 3 հիմնական կարեւոր սիւները, որոնցմով սոյն մասնաճիւղը կարողականութիւնը ունեցած է դիմագրաւելու բոլոր մակարդակներու վրայ գոյացած մարտահրաւէրները:

Ատենապետը մանրամասնելով մասնաճիւղին գործունէութիւնը յայտնեց, որ 400-է աւելի անդամներով, 14-է աւելի յանձնախումբերով կայացած մարդասիրական այս կազմակերպութիւնը լայնածաւալ աշխատանք տարած է եւ կը տանի՝ միշտ մնալով հաւատարիմ իր առաքելութեան։ Ատենապետը երիտասարդ անդամներուն դերին կարեւորութիւնը շեշտեց եւ անոնց ուժերուն ներգրաւմանը մասին խօսեցաւ եւ ըսաւ. «Մեր ապագան կը կայանայ ներկայ երիտասարդ սերունդին մէջ: Վերջին տարիներուն յատուկ յանձնախումբեր եւ ծրագիրներ կազմակերպելով մեր կեդրոնացումը սեւեռեցինք հայ սերունդին ներգրաւման վրայ: Զարկ տալով անդամարշաւին, մենք կը ջանանք ներգրաւել տաղանդաւոր եւ ազգանուէր հայուհիներ: Leadership-ղեկավար անդամ ծրագրով կը փորձենք ներգրաւել ու իրարու քով բերել, քաջալերել եւ պատրաստել ապագայ ղեկավար տարրը: Այսպէսով ՀՕՄ-ը կ’ապահովէ փայլուն ապագայ, միշտ հաւատարիմ մնալով եւ շարունակելով իր ազգանուէր աշխատանքը»:

Օրուան բանախօս-պատգամաբեր, Պոսթոնէն ժամանած, ՀՕՄ-ի կեդրոնական վարչութեան փոխատենապետ Մայտա Մելքոնեան շնորհակալութիւն յայտնեց վաթսունամեակի տօնակատարութեան յանձնախումբին, ինչպէս նաեւ«Ռուբինա» մասնաճիւղի վարչութեան՝ այս հրաւէրին համար եւ ըսաւ. «Սիրելինե՛ր, ՀՕՄ-ի կեդրոնական վարչութիւնը բարձր կը գնահատէ ձեր վեց բեղմնաւոր տասնամեակներու անձնուէր եւ արդիւնաբեր գործունէութիւնը: Վեց տասնամեակներու նուիրեալ ծառայութեան արդիւնքն է, որ բերած է մեզ բոլորս հոս, միատեղ հպարտութեամբ արձանագրելու «Ռուբինա» մասնաճիւղի նուաճումները եւ բերած ակնյայտ ու օգտաշատ գործունէութիւնը գաղութէն ներս, ինչպէս նաեւ գործօն ներդրումը համահայկական բոլոր ծրագիրներուն։ «Սէր, նուիրում, ծառայութիւն» կարգախօսով զարդարուած այս յոբելինական տօնակատարութիւնը, յստակ ցոլացումն է մեր աննման խիզախ ընկերուհիներու սրտին մէջ ծաղկած հայրենասիրութեան, կամքին, զոհողութեան եւ իրենց տուած ուխտին հանդէպ ունեցած հաւատարմութեան»:

Ճաշի օրհնութիւնը կատարեց տէր Բաբգէն արք. Չարեան։ Բազմատեսակ համեղ Ճաշերն ու հայկական գինին վայելելու ընթացքին, ներկաները դիտեցին Օննիկ Նազարեանցի պատրաստութեամբ«Ռուբինա» մասնաճիւղի վաթսունամեակին ձօնուած տեսերիզի ցուցադրութիւնը, ուր յստակ ձեւով կ’արտացոլար հայակերտման ջահակիր հանդիսացող մասնաճիւղին սրբազան առաքելութիւնը։

Պահը հասած էր աւանդոյթ դարձած մրցանակաբաշխութեան եւ կրթաթոշակներուն։ ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղի համալսարանական կրթաթոշակ-մրցանակներուն արժացան՝

  • Բարձրագոյն ուսման հետեւող համալսարանական ուսանողի» կրթաթոշակ՝ Տարօն սրկ. Հալլաճեան Tyndale Seminary’s Masters of Theology Program, Tyndale University։
  • Առաջին տարուան համալսարանական ուսանողի մրցանակ-կրթաթոշակ՝ Նանար Ալիք Քարկոցեան Co-op Management Bachelor of Business Administration, University of Toronto։
  • Առաջին տարուան համալսարանական ուսանողի մրցանակ-կրթաթոշակ Անդրանիկ Մինասեան Cօ-op Life Sciences (Biological Sciences and Neuroscience), University of Toronto։
  • ՀՕՄ-ի Դրօ Նաճարեան յիշատակի հիմնադրամի կրթաթոշակ՝ Լորա Տօնոյեան Bachelor of Science, University of Toronto։
  • ՀՕՄ-ի Գէորգ եւ Արմէնուհի Գոլոլեան մրցանակ կրթաթոշակ՝ Սիէնա Մարկորեան Bachelor of Science in Biology, Bachelor of Education, Queen’s University։
  • ՀՕՄ-ի Ներսէս Մխսիարթինեան կրթաթոշակ՝ Էմմա Մաթոսեան Schulich School Of Business (Bachelor of Business Administration ) Faculty Of Liberal Art and Professional Studies Bachelor of Commerce) York University։
  • Երիտասարդ կամաւորի մրցանակը ստացաւ Լոռի Պէրպէրեան։

ՀՕՄ-ի վարչական կազմերու ատենապետներուն անշահախնդիր ծառայելն ու հայ ժողովուրդի մարդկային, հոգեկան, ֆիզիքական կարիքները հոգալը ամէն առիթով կը գնահատուի «Ռուբինա» մասնաճիղին կողմէ: Այս առիթով՝ ծաղկեփունջով գնահատուեցան մասնաճիւղի 60 տարուան վարչական կազմերու ատենապետները։

Տօնակատարութեան գեղարուեստական բաժինը իւրայատուկ էր՝ հրեշտակային, մեղմ եւ միեւնոյն ժամանակ բազմերանգ ձայնային տուեալներ ունեցող մեներգող Թալին Երեմեանի կատարած երգերով՝ «Կաքաւիկ» եւ Somewhere (West Side Story)։ Երգերը ներթափանցեցին սրտերը բոլոր ներկաներուն, որոնք հիացմունքով ըմբոշխնեցին այդ իւրայատուկ կատարումը։

ՀՕՄ-ի յատուկ մեծարանքին եւ պարգեւատրումին արժանացան Թորոնթոյի գաղութէն ներս իրենց երկարատեւ, անձնուրաց եւ նուիրեալ բացառիկ աշխատանքով մասնակցութիւն բերած եւ գաղութիս ծաղկեցման ու վերելքին նպաստած երեք անձեր։

Առաջին մեծարեալն էր ընկ. Յարութիւն Շիթիլեանը, որ Թորոնթոյի գաղութի կազմաւորման, ծրագրումի եւ կազմակերպչական աշխատանքներուն մէջ բերած է իր նուիրումն ու անսակարկ ծառայութիւնը զանազան մարզերու եւ բնագաւառներու գծով, ինչպէս՝ շինարարական, կրթական, մշակութային, նիւթական եւ ընկերային կազմակերպութիւններու ծիրէն ներս։ Տարիներ շարունակ եղած է ՀՅԴ «Սողոմոն Թէհլիրեան» կոմիտէի անդամ եւ ատենապետ։

(լուսանկարը՝ Վազգէն Քէշիշիեանի)

Երկրորդը՝ ընկերուհի Սեդա Մասպանաճեանը, որ 61 տարիներ շարունակ ծառայած է ՀՕՄ-ին՝ նուիրումով, մեծ սիրով ու յարատեւ աշխատանքով։ Եօթ տարբեր տարեշրջաններ վարչական պատասխանատուութիւն ստանձնած է։ Եղած է վարչական կապ շատ մը յանձնախումբերու։ Տարբեր առիթներով կազմակերպուած ձեռնարկներուն մեծ ներդրում ունեցած է՝ պատրաստելով մեծաքանակ եւ բազմատեսակ աւանդական ճաշեր։ «Տոհմիկ օր»-երու ձեռնարկներուն դարձեալ խոհանոցի պատասխանատուն եղած է՝ 17 տարիներ, բծախնդրութեամբ պատրաստելով բազմատեսակ տոհմական ճաշեր։ Իր հանգուցեալ ամուսինը՝ Հրայր Մասպանաճեանը, ո՛չ միայն քաջալերած, այլեւ իր մասնակցութիւնը բերած է այս ձեռնակներուն։

(լուսանկարը՝ Վազգէն Քէշիշիեանի)

Երրորդ մեծարեալը՝ քահանայական ձեռնադրութեան 60-րդ ամեակը բոլորած հայր Եղիա ծվ. Գիրէջեանը, մեծ ներդրում ունեցած է Հայ կաթողիկէ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ շաբաթօրեայ վարժարանի հիմնադրութեան աշխատանքներուն մէջ, ինչպէս նաեւ Հայ կաթողիկէ համայնքին բարգաւաճման ու զարգացման։ 1980-ին Ծովիկ Խէյրի հետ միացեալ ջանքերով կը հիմնեն վարժարանը, որ մինչեւ այսօր հասցուցած է շրջանաւարտներու փաղանգ մը: Հայր Եղիա, իր հեզահամբոյր խառնուածքով, թորոնթոհայ գաղութի զաւակներուն հետ անխտիր ունեցած է սիրալիր յարաբերութիւն, եւ յատկապէս Սուրբ Աստուածածին հայ առաքելական եկեղեցւոյ եւ Հայ կեդրոնի քոյր միութիւններուն հետ սերտ համագործակցութիւն։

(լուսանկարը՝ Վազգէն Քէշիշիեանի)

ՀՕՄ-ականներուն անխոնջ աշխատանքին, երկար տարիներու ծառայութեան գնահատականը եւ ՀՕՄ-ի անդամակցութեան զարդասեղի տուչութեան գեղեցիկ սովորութեան պահը հասած էր, երբ երկարամեայ անդամակցութիւն եւ նուիրում ունեցող ընկերուհիները զարդասեղներով գնահատուեցան հետեւեալ կարգով․

  • 75 տարուան զարդասեղին եւ իւրայատուկ գնահատագրին արժանացաւ Մարի Սարգիսեանը` ընկերուհի Մայտա Մելքոնեանի եւ ընկհ․ Արմինէ Կարապետեանի ձեռամբ, որոնք իր փոխարէն նորագրեալ թոռնուհիին յանձնեցին սոյն գնահատագիրը։ Նկատի ունենալով, որ ՀՕՄ-ի կեդրոնական վարչութիւնը առաջին անգամ ըլլալով կը յատկացնէր այս գնահատանքը։
  • 60 տարուան գնահատագրին արժանացան ընկերուհիներ՝ Արմէնուհի Գոլոլեան, Եփրաքսէ Գույումճեան եւ Սոնա Արթինեան։
  • 50 տարուան գնահատագրի եւ զարդասեղի արժանացան ընկերուհիներ՝ Մարի Միքայէլեան եւ Սեդա Մասպանաճեան։
  • Ինչպէս նաեւ մասնաճիւղէն մեծ թիւով ընկերուհիներ 35, 25 եւ 15 տարուան զարդասեղներ ստացան։

ՀՕՄ-ի խորհրանշանով զարդարուած 60-ամեակի կարկանդակի հատումը կատարեցին ընկերուհի Արմէնուհի Գոլոլեանը եւ հիմնադիրներու զաւակներ՝ Արփի Աճէմեանն ու Անի Իպրահիմին։

Մշտանորոգ է ՀՕՄ-ը։ Ան իր թարմութիւնն ու կենսունակութիւնը կը պահէ երիտասարդ ուժերու մասնակցութեամբ եւ նորագիրներու անդամակցութեամբ։ Առ այդ, երդման արարողութիւն տեղի ունեցաւ եւ ընկերուհի Սեդա Թաշճեանի կնքամայրութեամբ եւ ուղղորդութեամբ երդման արարողութեան մասնակցեցան նորագիր ընկերուհիներ, որոնք ուխտեցին աննահանջ կամքով, անձնուրաց նուիրումով եւ զոհողութեամբ ծառայել հայազգի զաւակներուն ամենուրէք։

(լուսանկարը՝ Վազգէն Քէշիշիեանի)

Բացառիկ յատկանշական էր այս տարուան մոմավառութիւնը, որ տեղի ունեցաւ չորս սերունդներու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ։ Ընկերուհի Մարի Նախնիկեանի ձեռամբ կատարուեցաւ մոմավառութիւնը ու երիցագոյն ընկերուհին իր մոմը վառելէ ետք զայն փոխանցեց Գեղուհի Պասթաճեանին, ապա՝ ընկերուհի Թամար Մակարեանին եւ ի վերջոյ վերջին սերունդի ներկայացուցիչ ընկերուհի Ալիք Մակարեանին, եւ անոնք միասին վառեցին այս տարուան ջահը, ետքը ներկաներէն փափաքողներ մասնակցեցան 60-ամեակի մոմերը վառելու։

Օրհնութիւն եւ սրտի խօսք արտասանեց տէր Բաբգէն արք. Չարեան, որ բարի երթ մաղթեց մասնաճիւղին՝ զայն անուանելով վիթխարի կազմակերպութիւն մը, որ հաւատարմութեամբ եւ անսակարկ նուիրումով կը գոյատեւէ եւ իր նուիրական երթը կը շարունակէ, հայ անուան ներքեւ համախմբելով ամբողջ հայութիւնը՝ Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի մէջ։

Տօնակատարութեան աւարտին ներկաները գոհունակութեամբ մեկնեցան Հայ կեդրոնի սրահէն՝ իրենց սրտերուն մէջ վառ պահելով վաթսունամեայ ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղին առաքելութեան հիասքանչ անցեալը, ներկան եւ պայծառ ապագայի տեսլականը։