ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղի բացարձակ յաջողութեամբ ընթացող Կաղանդի տօնավաճառը


Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան

Շաբաթ, 5 Նոյեմբեր 2022-ին սկիզբ առաւ ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղի Կաղանդի տօնավաճառ-պազարը։ Ամիսներ շարունակ տքնաջան աշխատող կամաւոր ՀՕՄ-ուհիներուն արդար վաստակին, ձեռային աշխատանքներուն, համեղ ու բազմազան ուտելիքներու սեղաններուն կողքին ներկայ են նաեւ Թորոնթոյի հայ գործատէրերու, գործարարներու, արուեստագէտներու, արուեստասէրներու գործերը, որոնք ցուցադրուած են Թորոնթոյի Հայ կեդրոնի սրահին մէջ։

(Լուսանկարներ՝ Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեանի)

Մասնակիցներուն նրբաճաշակ իրերուն, ճաշակով գործուած գործուածքներուն, համադամ ուտեստներուն եւ քաղցրահամ թխուածքներուն տեսքով ու բոյրով պատուած սրահը կրկնակի շքեղութեամբ կը յորդի հայկական արտադրանքներով, եւ թորոնթոհայ գաղութի զաւակներուն ներկայութեամբ, անոնց եռուզեռով ու ջերմ Խօսակցութիւններով լեցուած տօնավաճառի մթնոլորտը աւելի ճոխացած կը ներկայացնէ հայու արուեստի, կենսուրախութեան եւ աշխատասիրութեան լիիրաւ պատկերը։

ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղի այս տարուան պազարին ատենապետուհին՝ Լենա Օհաննէսեան, կը ներկայացնէ ամիսներ շարունակ ընթացող աշխատանքները եւ կ’ըսէ․ «Այս ձեռնարկին յաջողութիւնը ապահովելու համար ժրաջան աշխատող մեր ընկերուհիներուն, ինչպէս նաեւ օժանդակող անդամներուն արգասիքն է, որ կը վայելենք այսօր»։

Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ թորոնթոհայ գաղութին, որ կու գայ եւ  գնումներով կը քաջալերէ մեր ձեռնարկը։ Ինչպէս միշտ, այս տարի եւս, մեր քոյր միութիւնները, ինչպէս նաեւ «Տոհմիկ օր»-ուան յանձնախումբը իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն մեր ձեռնարկին։

Մինչեւ վաղը երեկոյեան ընթացող տօնավաճառի այսօրուան հիմնական ճաշը մեր աւանդական Ղաւուրման է, անշուշտ այլազան ուտեստեղէններ ալ կան անոր կողքին. իսկ վաղը առաւօտեան ժամը 11-էն մինչեւ ժամը հինգ, տարիներու աւանդութիւնը պահելով` հայկական մածունով քիւֆթէն պիտի ըլլայ մեր հիմնական ճաշատեսակը։ Թորոնթոհայերը կը հրաւիրենք ներկայ գտնուելու Հայ Կեդրոն` միասնաբար վայելելու հայաբոյր այս ձեռնարկը»:

Տօնավաճառի սեղաններու բաժինի պատասխանատու ընկերուհի Ստելա Մայդոսեանը շնորհակալութիւն կը յայտնէ «Թորոնթոհայ»-ին, այս առիթը ընծայելու համար եւ կ’աւելցնէ․ «Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս, առիթ տուած ենք թորոնթոհայերուն, իրենց աշխատանքները եւ հայկական բնոյթ ունեցող արտադրութիւնները ցուցադրելու եւ վաճառելու։ Ընկերուհի Սիլվանա Պապիկեանին հետ համագործակցելով յաջողեցուցինք տօնավաճառի բոլոր սեղանները  ապահովուելու աշխատանքը։ Տօնավաճառը լի է վաճառականներու, գործատէրերու, արուեստասէրներու աշխատանքներով. շատ ուրախ ենք, որ 24 սեղաններով հանդէս կու գան անոնք այսօր եւ վաղը։

Կաղանդի գնումներ կատարելու համար բացառիկ առիթ է` կամաւորներու բծախնդիր աշխատանքներով իրագործուած այս ձեռնարկը»:

Բոլորդ հրաւիրուած էք Հայ կեդրոն` մասնակից դառնալու թորոնթոհայութեան աւանդոյթներէն մէկուն` ՀՕՄ-ի Կաղանդի տօնավաճառէն ձեր գնումները կատարելու, հայկական ճաշերով ձեր քիմքերը քաղցրացնելու եւ հայկական ճոխ մթնոլորտը վայելելու։