Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան
Սանձարձակ եւ անողոք թշնամիին հարուածը՝ ուղղուած արցախահայութեան, ո՛չ միայն ամիսներ առաջ Արցախի շրջափակումով սկսած էր, այլ՝ 44 օրեայ պատերազմի ընթացքին ու անոր նախօրեակին: Գազանը ակռաները սրած եւ ախորժակը բացած կը սպասէր մեր հողերը լափելու առիթին, որ դժբաախտաբար կրցաւ իրականացնել վերջերս, եւ որուն հետեւանքով մեր հայրենակիցները բռնի ուժով հեռացան իրենց սիրելի հայրենի Արցախէն եւ ապաստան գտան իրենց երկրորդ տան՝ Հայաստանի մէջ։
Ահաւասիկ այդ դժնդակ օրերուն առաջին իսկ ժամերէն, ՀՕՄ-ի Գանատայի շրջանային վարչութիւնը գործի լծուեցաւ եւ որպէս անմիջական օժանդակութիւն՝ 24 սեպտեմբեր 2023-ին երեսուն հազար ամերիկեան տոլար ուղարկեց արցախահայութեան, որմէ անմիջապէս ետք ձեռնարկեց՝ «Օգնենք Արցախի ընտանիքներուն» խորագիրով դրամահաւաքին, որ պիտի շարունակուի օժանդակելու Արցախի մեր քոյրերուն ու եղբայրներուն՝ անոնց կարիքները հոգալու եւ տեղահանուած ըլլալու ծանր բեռը թեթեւցնելու։
Սոյն նախաձեռնութեան եւ անոր համապատասխան ծրագիրներուն մշակման ու հանգանակային արշաւին գործնականացման աշխատանքները ի գործ դնելու համար՝ ՀՅԴ Գանատայի կեդրոնական կոմիտէի առաջարկով, ՀՕՄ-ի շրջանային վարչութեան կողքին եւ անոր իբրեւ գործակից, իւրաքանչիւր մարմինէ նշանակուած ներկայացուցիչներէ բաղկացած յանձնախումբ մը կազմուեցաւ։
Յառաջիկայ երեք ամիսներու ընթացքին պիտի շարուանկուի դրամահաւաքը՝ թիրախ ունենալով կէս միլիոն գանատական տոլար։ Գանատայի տարածքին հաւաքուած գումարը, ՀՕՄ-ի կեդրոնական վարչութեան միջոցաւ, պիտի փոխանցուի Հայաստանի միաւորին, զոր շաբաթներէ ի վեր սնունդ եւ առողջապահական իրերով լի տուփեր, վերմակներ եւ այլազան իրեր կը մատուցէ գաղթական արցախահայութեան։
Այժմ ՀՕՄ-ի Գանատայի շրջանային վարչութեան արցախահայութեան օժանդակութեան դրամահաւաքի կոչը կը ներկայացնենք մեր սիրելի ընթերցողներուն․
Սիրելի՛ հայրենակիցներ,
Արցախի ճգնաժամը ծանր եւ անդառնալի կորուստներ հասցուց Արցախի առիւծասիրտ ժողովուրդին:
Պատմական Հայաստանի անբաժան մէկ մասնիկը համարուող արծուաբերդ Արցախը այսօր կ’ապրի մեր պատմութեան սեւ օրերը: Տասնեակ հազարաւոր հայ ընտանիքներ կը տարհանուին իրենց բնօրրանէն եւ ապաստան կը գտնեն Հայաստանի Հանրապետութենէն ներս:
Պարզ բառերով կարելի չէ նկարագրել ստեղծուած ծանրակշիռ իրավիճակը, որուն մատնուած են մեր հայրենակիցները: Անոնք մեր բարոյական աջակցութեան, զօրակցութեան եւ յատկապէս մեր նիւթական օժանդակութեան կարիքը ունին:
ՀՕՄ-ի Գանատայի շրջանային վարչութիւնը կոչ կ’ուղղէ բոլորիդ նուիրատուութիւններու միջոցաւ աջակցելու Արցախի ընտանիքներուն: Ձեր նիւթական օժանդակութիւնը կրնաք ուղարկել.
- Վճարագրով՝ ARS Foundation-ին, հետեւեալ հասցէին՝
Armenian Relief Society of Canada
3401 Olivar Asselin, Montreal, QC, H4J 1L5 - Այցելելով ՀՕՄ-ի Գանատայի շրջանի կայքէջը՝ ars-canada.ca ու սեղմելով Donate Now կոճակը, ապա ընտրելով Aid to Artsakh fund-ը
- Ե-փոխանցումով (է-transfer), ՀՕՄ-ի Շրջ. վարչութեան ե-նամակի հասցէին՝ ars-canada@bellnet.ca
Բոլոր պարագաներուն կը խնդրենք նշել, թէ դուք ձեր նուիրատուութիւնները կը կատարէք Արցախի ընտանիքներու օժանդակութեան (Artsakh fund), որուն դիմաց պիտի ստանաք տուրքէ զերծ ստացագիր:
Դրամահաւաքի հեւքը կը շարունակուի ամենուրէք։ Թորոնթոյի Հայ կեդրոնին մէջ սթափ, գիտակցուած ու ամենայն պատասխանատւութեամբ կը գործեն ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղի ընկերուհիները, որոնք Հայ կեդրոնի մուտքին սեղան մը զետեղելով, իրենց ամբողջ հնարաւորութիւնները մէկ եւ սուրբ նպատակի շուրջ համախմբելով, ջանք ու ճիգ չեն խնայեր արցախահայ ընտանիքներուն օժանդակութեան նպատակով դրամահաւաք կատարելու։ Անոնք նպատակասլաց կ’աշխատին եւ այլազան ձեռնարկներու միջոցով թորոնթոհայութիւնը կը խրախուսեն նիւթական նուիրատւութիւններ կատարելու եւ առաւելագոյնը ներկայացնելու տեղահան մեր հայրենակիցներուն։
Արցախահայ մեր հայրենակիցներուն օգնելու ահազանգը կը հնչէ այսօր, բոլորս ալ պարտաւոր ենք այս սեւ օրերուն մեր խղճին ու հայրենասիրութեան ճիչը լսելու եւ օգնութեան ձեռք մեկնելու արցախահայ մեր քոյրերուն ու եղբայրներուն, մինչեւ որ գայ այն լուսաւոր օրը եւ այս ողբերգական էջը շրջելով վերականգնենք մեր կորսնցուցած սուրբ հողը։ ֍