«Պարոն Մարգարը մեզի համար դարձաւ դպրոց, գրադարան եւ հայրենիք»


Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Սողոմոն Թէհլիրեան կոմիտէութեան, Համազգային Թորոնթոյի «Գլաձոր» մասնաճիւղին եւ ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանին, 5 հոկտեմբերին, Հայ երիտասարդական կեդրոնի «Համազգային» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանի հիմնադիր տնօրէն Մարգար Շարապխանեանին նուիրուած յուշ-երեկոն:

(տեսանիւթը՝ «Նոր հայ հորիզոն»-ի)

Ձեռնարկին հանդիսավարն էր վարժարանի շրջանաւարտ Կապրիէլլա Պաթիկեանը, որ բեմ հրաւիրեց վարժարանի շրջանաւարտ եւ Սողոմոն Թէհլիրեան կոմիտէութեան հերթապահ Վահան Աճէմեանը, որ կոմիտէութեան անունով խօսքը փոխանցէ: «Չեմ կարծեր կարելի է գտնել անձ մը, որ աւելի մեծ ազդեցութիւն ունեցած է թորոնթոհայ մեր սերունդի պատանիներու հայեցի կրթութեան վրայ: Տասնինը տարիներու ընթացքին, ընկեր Մարգարը ամէն առաւօտ ներկայութիւն էր աշակերտական մեր հաւաքներուն եւ իր ծանր շուքով ներշնչեց հայու ոգին», Աճեմեանը ըսաւ իր խօսքին մէջ:

Համազգայինի «Գլաձոր» մասնաճիւղի անունով իր սրտի խօսքը փոխանցեց ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանի երկարամեայ հայերէնի ուսուցիչ եւ մասնաճիւղի ատենապետ Յասմիկ Պապեանը։ Ան մանրամասնեց Շարապխանեանի գործունէութիւնը Համազգայինի շարքերուն եւ առ հասարակ, համայնքի կրթական, մշակութային ու ազգային կեանքին մէջ: «Կրթական եւ մշակութային հետաքրքրութիւններով եւ հմտութիւններով օժտուած մարդուն համար, բնականաբար Համազգայինն էր այն վարը, ուր ինք պիտի կարենար իր տեսուչի պաշտօնին առընթեր փոխանցել իր պաշարը եւ նոր գիտելիքներով զինել նոր սերունդը. ու այդպէս ալ ըրաւ: Որպէս անդամ Համազգայինի Թորոնթոյի մասնաճիւղին, որ յետագային օժտուեցաւ «Գլաձոր» անունով, ընկեր Մարգարը իր անսակարկ ներդրումը ունեցաւ համայնքի մշակութային կեանքին մէջ: Այլ նախաձեռնութիւններու, բազմաթիւ գրախօսականներու եւ հանդիսութիւններու կողքին, յիշատակելի է Համազգայինի լսարանը՝ բազմամեայ ծրագիր մը, զոր ան վարեց ընկերուհի Սոնա Յովհաննիսեանին հետ եւ որմէ օգուտ քաղեցին խումբ մը շրջանաւարտներ: Հայ մշակոյթին եւ դպրութեան հանդէպ երկար տարիներու նուիրումին համար, 2008-ին արժանացաւ Համազգայինի պատուոյ շքանշանին: Արեւմտահայերէնի եւ Մեսրոպեան ուղղագրութեան ջատագովն էր: Հայրենիքի հանդէպ իր սէրը չմնաց խօսքի սահմաններուն մէջ. հաւատաց գործին եւ իր օրինակով ջանաց վարակել շատեր», Պապեանն ըսաւ իր խօսքին մէջ:

ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանի տնօրէն Րաֆֆի Սարգիսեան իր սրտի խօսքը փոխանցեց՝ ըսելով, թէ վարժարանի հիմնադրութեան օրէն 45 տարի ետք, պարոն Մարգարին եւ իր սերունդի զոհողութիւնները կը շարունակեն արդիւնք տալ: «Իր տնօրէնութեան ընթացքին հասակ առած աշակերտները, բարձր արժեւորելով իրենց փորձառութիւններն ու վարժարանէն ստացած առաւելութիւնները, այսօր մեծ վստահութեամբ իրենց զաւակները կ’արձանագրեն մեր վարժարանը: Օրինակ, այսօր բեմէն հանդէս եկող աշակերտներէն 18-ը պարոն Մարգարին աշակերտած շրջանաւարտներու զաւակներն են», ըսաւ Սարգիսեանը:

Ձեռնարկին ընթացքին իրենց մասնակցութիւնը բերին վարժարանի «Լափոյեան» երկրորդական բաժնի աշակերտները. Նուշիկ Թոմարճի եւ Իզապէլ Ակոբ ներկայացուցին Շարապխանեանին «Լսիր ընկեր» բանաստեղծութիւնը, Սեւակ Գրժիքնեանն ու Թենի Մուշեանը ներկայացուցին Շարապխանեանին «Տղա՛ս, լսէ՛» բանաստեղծութիւնը, իսկ Լարա Տէր Մինասեանը ներկայացուց Լեւոն-Զաւէն Սիւրմէլեանի «Ասացուածք ծառ տնկելու առթիւ»-ը: Վարժարանի «Գոլոլեան» բաժնի Ե. եւ Զ. կարգերու աշակերտները ղեկավարութեամբ՝ Սոնա Յովսէփեանի եւ դաշնամուրի ընկերակցութեամբ՝ Թալին Գըլըպոզեանի, հանդէս եկան փունջ մը երգերով:

Շարապխանեան ընտանիքին անունով շնորհակալական խօսք փոխանցեց Մարգար Շարապխանեանի որդին՝ Վազրիկ Շարապխանեանը, որ այժմ կը ծառայէ որպէս վարժարանի կրթական մարմինի ատենապետ: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք վերջին ամիսներու ընթացքին զանազան միջոցներով յայտնած են ցաւակցական խօսքեր, պատմութիւններ եւ ջերմ յիշատակներ: «Շատ մխիթարիչ եղած են մեզի համար այդ խօսքերը, մանաւանդ անոնք, որոնք արտայայտուած են մեր հօր ազդեցութեան մասին իրենց կեանքերուն վրայ», փոխանցեց ան:

«Այս վերջին մէկ ու կէս ամիսներուն ընթացքին, զանազան անգամներ յիշուած է այն նշանաբանը, որ հօրս խմբագրած «Արձագանգ» թերթի ամէն հատորի ճակատին գրուած էր՝ «Խօսքը առանց գործի մեռեալ է»: Իր կեանքի ընթացքին, հայրս ջանք չխնայեց իր խօսքը գործի վերածելու, ըլլայ այդ Յունաստանի, Գանատայի կամ Հայաստանի մէջ: Միշտ պատրաստ էր ճիշդ նպատակին համար դիմագրաւելու որեւէ մարտահրաւէր ու դժուարութիւն, օրինակ՝ երբ Թորոնթոյի համալսարանի գրադարանին մէջ ունեցած պաշտօնը ձգելով ստանձնեց մեր վարժարանին տնօրէնութիւնը, երբ հեռանկարը դեռ յստակ չէր: Սովետական տարիներուն, հակառակ բոլոր խոչընդոտներուն, մեր վարժարանի շրջանաւարտները Հայաստան տանելու իր երազը կրցաւ իրականացնել: Ուշի գիւղին մէջ գրագէտ Արշակին հետ, միայն մէկ հանդիպումէն ետք, տեղւոյն վրայ որոշեց հող գնել, տուն կառուցել եւ մնայուն կերպով հոն փոխադրուիլ. ձեւով մը անհաւատալի՝ բայց իրաւ: Եւ ան յաջողեցաւ եւ այս բոլորը կրցաւ ընել իր կողքին ունենալով մեր սիրելի մայրը՝ որպէս կողակից եւ գաղափարակից: Զուգահեռ նուիրուած ազգային աշխատանքին, ան նաեւ շատ լաւ հայր մը եղաւ Յովիկին եւ ինծի: Աշխուժ, գուրգուրացող, միշտ կատակասէր եւ միշտ պատրաստ մեզի տանելու ընտանեկան արձակուրդներու , որոնց ընթացքին առանց դադարի կը լուսանկարէր մեզ իր սիրելի «Փենթաքս» քամերայով: Ես ու Յովիկը կը խոստանանք մեր կարելիութեան սահմաններէն ներս շարունակել մեր հօր սկսած գործերը՝ թէ Թորոնթոյի եւ թէ Ուշիի մէջ»:

Ձեռնարկը փակուեցաւ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Վարդան ծվ. Թաշճեանի սրտի խօսքով եւ պահպանիչով: «Պարոն Մարգարը մեզի համար դարձաւ դպրոց, դարձաւ գրադարան, դարձաւ հայրենիք», հաստատեց ան: ֍

«Թորոնթոհայ»