Արցախցիները Հայաստանի մէջ կենսաթոշակ պիտի ստանան․ Արցախն այս շաբաթ


«Կարեւոր է ապահովել հայ բնակչութեան անվտանգ վերադարձը իրենց տուներ». Եւրոպական խորհրդարանին մէջ Արցախի հարցով համաժողով

Եւրոպական խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Արցախահայութեան իրաւունքները եւ Եւրոմիութիւնը» խորագիրով համաժողովը, որ կազմակերպած եւ հիւրընկալած էր կիպրացի պատգամաւոր, ընկերվար-ժողովրդավարական խմբակցութեան անդամ Կոստաս Մաւրիդեսը` համագործակցելով ՀՅԴ Հայ դատի Եւրոպայի գրասենեակի եւ «Եւրոպացիները յանուն Արցախի» հարթակի հետ: Համաժողովին կը մասնակցէին յայտնի միջազգային փորձագէտներ, Եւրոպական խորհուրդի բոլոր քաղաքական խմբակցութիւններէն պատգամաւորներ:  

Եւրոպական խորհրդարանին մէջ Արցախի հարցով համաժողով (լուսանկարը՝ «Արմենպրես»)

Ըստ «Արմենպրես»-ի՝  Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցած համաժողովը նուիրուած էր 2020 թուականի պատերազմէն ի վեր Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տիրող իրավիճակին`միջազգային եւ մարդու իրաւունքներու, ինչպէս նաեւ միջնորդութեան մէջ ներգրաւուած միջազգային հիմնական դերակատարներու արձագանգի տեսանկիւնէն: Համաժողովի ընթացքին յատուկ ուշադրութիւն հրաւիրուեցաւ այդ ուղղութեամբ Եւրոմիութեան դերակատարութեան, պարտաւորութիւններուն եւ յանձնառութիւններուն վրայ:

 Համաժողովը հիւրընկալող Կոստաս Մաւրիդեսը  բացման խօսքին մէջ նշեց, որ այս համաժողովի հիմնական նպատակն է ոչ միայն չմոռնալ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի  վարչակարգին կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի հայերու նկատմամբ իրականացուած էթնիկ զտումները,  այլ նաեւ՝ արդարադատութիւն հաստատելը: Ան կարեւոր համարեց ապահովել հայ բնակչութեան անվտանգ վերադարձը Լեռնային Ղարաբաղ եւ երաշխաւորել անոնց իրաւունքներու յարգումը Ազրպէյճանի կողմէ: Եւրոխորհրդարանը միշտ եղած է հայերու կողքին, քանի որ մենք կը պաշտպանենք մարդու իրաւունքներու եւ միջազգային իրաւունքի յարգանքը, եւ մենք բուռն կերպով պիտի շարունակենք մեր ջանքերը այդ ուղղութեամբ։ 

Համաժողովի գլխաւոր բանախօսներէն միջազգային քրէական դատարանի նախկին գլխաւոր դատախազ Լուիզ Մորենօ Օքամպօն իր ելոյթին մէջ նշեց, որ ցեղասպանութիւնը միայն զանգուածային սպանութիւնը չէ, եւ այն, ինչ տեղի ունեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին հետ, ցեղասպանութեան տեսակ է: «Շրջափակել Լաչինի միջանցքը, կը նշանակէր ստեղծել պայմաններ ժողովուրդը վերացնելու համար», ըսաւ  Օքամպօն եւ ընդգծեց, որ այսօր Եւրոխորհրդարանը կրնայ կարեւոր դեր խաղալ եւ պատասխանատուութեան կանչել Եւրոմիութեան անդամ երկիրները, որպէսզի անոնք եւս քննեն ու գան եզրակացութեան` տեղի ունեցածը ցեղասպանութիւն է:

Համաժողովի բանախօս, Լեմկինի հիմնարկի համահիմնադիր, իրաւական հարցերով տնօրէն Իռեն Վիքթորիա Մասիմինօն իր ելոյթին մէջ մատնանշեց երեք կարեւոր, որոնց մասին Եւրոմիութիւնը պէտք է խօսի․ նախ ԵՄ-ն պէտք է պահանջէ անյապաղ ազատ արձակել Պաքուի մէջ ապօրինի  պահուող բոլոր հայերը:  Պէտք է օգնէ Լեռնային Ղարաբաղի հայութեանը արձանագրել իրենց ունեցուածքն ու գոյքը, որ ստիպուած ձգած են եւ անյապաղ ստեղծել անկախ փաստահաւաք առաքելութիւն, որ պիտի հաւաքագրէ կատարուած բոլոր վայրագութիւնները:

Համաժողովի վերջաւորութեան մտքերու փոխանակում տեղի ունեցաւ, որուն հիմնական նպատակն էր հասկնալ, թէ ինչպէս Եւրոխորհրդարանը եւ պատգամաւորները կրնան օգտակար ըլլալ արցախահայութեան:  Յստակ էր մէկ բան`  ներկաները կը գիտակցին, որ վտանգուած է նաեւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, եւ անգործութիւնը կրնայ յանգեցնել ծանր հետեւանքներու:

 

Զուիցերիա 1.5 միլիոն զուիցերական ֆրանք կը յատկացնէ Արցախէն բռնի տեղահանուածներուն

Հայաստանի մէջ Զուիցերիոյ դեսպանատունը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն միջոցաւ կը տեղեկացնէ, որ «առաւել քան 100,000 անձեր Լեռնային Ղարաբաղէն փախած են Հայաստան՝ ապահովութիւն, ուտելիք, ապաստան եւ հետագային ապրուստի միջոցներ գտնելու համար։ Միջազգային հանրութիւնը, Հայաստանի իշխանութիւնը եւ հասարակութիւնը կը գործադրեն բոլոր ջանքերը այդ մարդոց օժանդակելու ուղղութեամբ՝ յատկապէս ձմրան նախօրեակին: Ծայրայեղ այս կացութեան արձագանգելու նպատակով, Զուիցերիա 1.5 միլիոն զուիցերական ֆրանք (1.7 միլիոն տոլար) յատկացնելու նախնական որոշում տուած է՝ տեղւոյն վրայ մարդասիրական գործողութիւններուն համակողմանիօրէն աջակցելու համար։

Երեք առանցքային դերակատարներու՝ ՄԱԿ-ի Պարէնի համաշխարհային ծրագիրին (PAM, Programme Alimentaire Mondial), ՄԱԿ-ի Գաղթականներու օգնութեան ծրագիրին (RRP) եւ Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէին (CICR) միջեւ հաւասարապէս բաշխուած (իւրաքանչիւրին՝ 500,000 զուիցերական ֆրանք) գումարները պիտի ուղղուին գաղթականներու կենսական կարիքները բաւարարելու նպատակին»։

 

Ստեփանակերտի մէջ ազրպէյճանցիներու զօրահանդէսի մը ընթացքին Ալիեւ դարձեալ կը սպառնայ  Հայաստանին

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ նախագահութեամբ՝ 8 նոյեմբերին, բռնագրաւուած Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցաւ զօրահանդէս մը, որ 30 տարուան ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով կը կատարուէր հոն: 

Արցախի խորհրդանշական շէնքի հովանիին տակ ազրպէյճանական բանակի ստորաբաժանումները տողանցեցին Ստեփանակերտի փողոցներով դէպի Վերածնունդի հրապարակ, որ այդպէս կոչուեցաւ 1990-ականներուն Ազրպէյճանի նկատմամբ Հայաստանի տարած յաղթանակէն ետք: 

Ազրպէյճանական զօրահանդէս Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ (լուսանկարը՝ Ազրպէյճանի նախագահականi)

Զօրահանդէսը կազմակերպուած էր «44-օրեայ պատերազմին հայերուն դէմ Ազրպէյճանի յաղթանակը» նշելու համար: Զինուորական համազգեստով Ալեւ ողջունեց զինուորները՝ բռունցքը բարձրացնելով ի նշան յաղթանակի: 

Ան ըսաւ, որ Հայաստան չլսեց իր նախազգուշացումները եւ այդպիսով ստիպեց Ազրպէյճանը սեպտեմբերին յարձակելու Արցախի վրայ, եւ այդ պատճառով ալ արցախահայերը բռնի տեղահան եղան եւ Ազրպէյճանի կողմէ Արցախը գրաւուեցաւ:

Ան առիթը չփախցուց դարձեալ սպառնալու Հայաստանի դէմ ռազմական գործողութեամբ՝ միաժամանակ պնդելով անյապաղ խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրութիւնը: 

«Հիմա արդէն Ատրպէյճան հասած է բոլոր նպատակներուն եւ նոր պատերազմ չ՛ուզեր Հայաստանի հետ», ըսաւ ան՝ նոյն ժամանակ հաստատելով, որ կը շարունակէ բանակի հզօրացումը եւ ամրապնդումը: Մենք բոլոր հարցերը լուծած ենք, բայց հարցերը, որոնք կը վերաբերին բանակաշինութեան, մեզի համար առաջնային պիտի մնան: Թող ամէն մարդ գիտնայ, որ այսուհետեւ մեզի հետ կարելի չէ կատակել, մենք ենք հոս թելադրողը», պնդեց ան:

 

16 գերիներու ընտանիքներուն անոնց առողջական վիճակին եւ կեցութեան մասին տեղեկութիւններ փոխանցուեցան 

19-էն 20 սեպտեմբերի ռազմական յարձակումին ընթացքին, Ազրպէյճանի կողմէ գերի տարուած 16 անձերուն, որոնց կարգին Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարներուն, զինուորականներուն եւ խաղաղ բնակիչներուն վերաբերեալ տեղեկութիւններ փոխանցուեցան անոնց ընտանիքներուն: Ըստ «Արմենպրես»-ի՝ կը հաղորդէ Միջազգային իրաւական հարցերու Հայաստանի ներկայացուցչութիւնը:

Ազրպէյճանի կողմէ գերի առնուած արցախցի քաղաքական եւ ռազմական գործիչներ

Նշուեցաւ, որ գերի տարուած անձերու հարազատներուն տրամադրուեցան տուեալներ՝ անոնց առողջական վիճակին, պահման պայմաններուն մասին, նաեւ՝ անոնց լուսանկարները:

 

Շիֆ հայ գերիներ պահելուն համար Պաքուի դէմ պատժամիջոցներ կը պահանջէ

Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համաատենապետ Էտըմ Շիֆ Ներկայացուցիչներու տան ներկայացուց բանաձեւ մը՝ պահանջելով Պաքուէն անյապաղ ազատ արձակել հայ ռազմագերիները, գերի պահուող քաղաքայինները եւ քաղաքական բանտարկեալները, ներառեալ՝ Արցախի կառավարութեան պաշտօնատարները, որոնք ապօրինաբար ձերբակալուեցան անցեալ ամիս, Ազրպէյճանի տարած ցեղային զտումներու արշաւին ընթացքին, կը հաղորդէ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը:

Բանաձեւը կոչ կ’ընէ նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմին՝ պատժամիջոցներ կիրառելու Ազրպէյճանի պետական պաշտօնատարներու դէմ, որոնք պատասխանատու են հայ ռազմագերիներու անօրինական բանտարկութեան, խոշտանգումներուն եւ սպանութիւններու համար: Անիկա նաեւ կը պահանջէ կասեցնել Ազրպէյճանին տրամադրուող ամերիկեան ռազմական եւ ապահովական ոլորտներու բոլոր աջակցութիւնները։

«Ազրպէյճան պէտք է անյապաղ եւ անվերապահօրէն ազատ արձակէ ապօրինի պահուող Արցախի բոլոր պաշտօնատարները, ռազմագերիները եւ այլ բանտարկեալներ՝ ոչ թէ փոխանակման եղանակով, այլ միջազգային իրաւունքով ստանձնած իր պարտաւորութիւններուն համապատասխան», ըսաւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան:

 

Վագիֆ Խաչատրեան Պաքուի մէջ դատապարտուեցաւ 15 տարուան բանտարկութեան

Պաքուի ռազմական դատարանը 7 նոյեմբերին, 15 տարուան բանտարկութեան դատապարտեց Հակարիի կամուրջէն նախորդ ամառ առեւանգուած Վագիֆ Խաչատեանը: Դատավճիռը հրապարակեց նախագահող դատաւոր Զէյնալ Աղաեւը:

Վագիֆ Խաչատրեան ազրպէյճանական դատարանին մէջ (լուսանկարը՝ ԱՓԱ գործակալութեան)

«Ես անմեղ մարդ եմ, ես այնտեղ չեմ մասնակցած, ես չեմ եղած այնտեղ:Զիս ձերբակալեցին, ոչ թէ ես ահաբեկիչ եմ, ես Բադարայի գիւղացի էի, զիս բռնեցին որպէս բադարեցի, Բադարայի բնակիչ», ըսաւ Խաչատեան իր վերջին խօսքին մէջ՝ փորձելով վերջին անգամ ըլլալով դատարանը համոզել, որ կապ չունի իրեն ուղղուած մեղադրանքին հետ։ Տարեց արցախցին նոյնիսկ խնդրեց յատուկ սարքերով ստուգել, որ ինք չի ստեր, Մեշալիի մէջ չէ գտնուած, ոչ ոք սպաննած է։

Դատախազ Մուհատաս Սուլթանով պահանջեց 15 տարուան բանտարկութեան դատապարտել զայն, որովհետեւ ըստ ազրպէյճանի օրէնստրութեան 65 տարեկանէն բարձր անձերուն համար կ’արգիլուի ցմահ բանտարկութիւնը, իսկ Խաչատրեան 68 տարեկան է:

Պաքուն արցախցի տարեցը կը մեղադրէ «Ցեղասպանութեան» յօդուածով, մասնաւորաբար` «1991-ին Մեշալի գիւղին վրայ զինուած յարձակման համար, որուն պատճառով 25 ազրպէյճանցիներ սպաննուած են»:

Վագիֆ Խաչատրեան դատարանին մէջ բազմաթիւ անգամներ հերքեց իր մասնակցութիւնը Մեշալիի դէպքերուն՝ պնդելով, որ ինք այդ օրերուն կը գտնուէր Շուշիի բանտը: Ազրպէյճանցիները Խաչատրեանը առեւանգեցին Հակարիի կամուրջէն, երբ ան ամրան Արցախէն Հայաստան կը մեկնէր՝ սիրտի բաց վիրահատութեան համար:

 

Արցախցիները կենսաթոշակ պիտի ստանան անկախ իրենց կարգավիճակէն

Հայաստանի աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութենէն կը տեղեկացնեն, որ Արցախէն բռնի տեղահանուած արցախցիները անկախ անկէ որ Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստանալ ուզեն կամ նախընտրեն գաղթականի կարգավիճակը՝ կենսաթոշակ պիտի ստանան։ Մինչ այդ արցախցիները զիրենք յուզող հարցերու պատասխանները ստանալու համար, նախարարութեան շէնքին դիմաց բողոքի ցոյց կատարեցին։

Ցուցարարներէն խումբ մը զրուցեց փոխնախարար Արմէն Պետրոսեանի հետ, ներկայացնելով, որ տեղահանուած եւ թէ 44-օրեայ պատերազմէն ետք Հայաստան հաստատուած արցախցիները նպաստ-թոշակ չեն ստացած սեպտեմբերէն ի վեր։ Կառավարութիւնը նախ յայտարարեց, որ չի կրնար վճարել այդ գումարները, ապա բոլոր տեղահանուածներուն նոյեմբեր եւ դեկտեմբեր ամիսներուն համար 50 հազար դրամ յատկացնելու ծրագիր ներկայացուց՝ իբրեւ այս չտրուող գումարներու փոխհատուցում:

Նախարարութենէն յայտնեցին, որ 50 հազարի ծրագիրը չէ չեղարկուած. արցախցիները թոշակները հաւանաբար Դեկտեմբերի սկիզբը ստանան` հոկտեմբերի վերջին հինգ օրերուն, նոյեմբերի եւ դեկտեմբերի համար:  Սակայն, կայ կարեւոր պայման մը` կենսաթոշակ կամ նպաստ ստանալու համար պարտադիր է բնակութեան վայրի հասցէով արձանագրուած ըլլալը: Հայաստան եկած բոլոր տարեցները պէտք է արձանագրուին այն հասցէով, ուր ներկայիս կը բնակին:

Տուն-տեղը ձգած արցախցիները նաեւ իրենց կորսուած սեփականութեան հարցը կը բարձրացնեն: Գործադիրէն յայտնեցին, որ ներկայ դրութեամբ կորսուածները գոյքագրելու որեւէ մարմին չկայ, փոխարէնը արցախցիները բնակարանով ապահովելու ծրագիրներ կը քննարկուին։

 

Հայաստան Արցախ հիմնադրամը 486,000 տոլարի դեղորայք հասցուց արցախահայերուն

Հայաստան Արցախ հիմնադրամէն կը տեղեկանցնեն, որ հիմնադրամը Սանթա Պարպարայէն Direct Relief կազմակերպութեան հետ գործակցաբար՝ 486,000 տոլարի մարդասիրական հրատապ օգնութիւն ուղարկած է արցախահայերուն՝ բեռնատար թռիչքով մը։

«Այս չափազանց անհրաժեշտ առաքումը, որ պիտի նպաստէ Արցախէն բռնի տեղահանուած առաւել քան 100,000 հայրենակիցներու, կը ներառնէ դեղեր, բժշկական պիտոյքներ, բժշկական անմիջական օգնութեան ծրարներ եւ փաթեթներ ու առողջապահական (hygiene) ապրանքներ պարունակող բազմաթիւ ծանրոցներ։

«Տարիներու ընթացքին, Direct Relief կազմակերպութիւնը քանի մը տասնեակ միլիոնաւոր տոլարի կեանք փրկող դեղեր, բժշկական պիտոյքներ եւ կազմածներ նուիրած է Հայաստանին ու Արցախին։ 2023ի սկիզբէն ի վեր միայն, Direct Relief-ը 27 միլիոն տոլարի հրատապ օժանդակութիւն հայթայթած է Հայաստանին», յատնած է հիմնադրամին նախագահ Յարութ Սասունեանը։

Անցեալ 34 տարիներուն, Հայաստան Արցախ հիմնադրամը եւ զայն նախորդած Միացեալ Հայկական հիմնադրամը Հայաստանին ու Արցախին հայթայթած են առաւել քան 1 միլիառ տոլարի մարդասիրական օժանդակութիւն՝ 158 բեռնատար թռիչքներով եւ 2,568 ծովային արկղերով։ 

 

Ազերիները կոչնչացնեն հայկական հետքերը Արցախի տարածքին

Ստեփանակերտի մէջ ազրպէյճանցիները զգետնած են Ստեփան Շահումեանի արձանը, կը հաղորդեն թելեկրամեան ալիքները:

– Ազերիները քանդած են Վանք գիւղի պետական համարանիշներով յայտնի պատը

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կարգադրութեամբ` ադրբեջանցիները քանդած են Արցախի Մարտակերտի շրջանի Վանք գիւղի պետական համարանիշներով յայտնի պատը, որ Արցախեան ազատամարտագրակ պատերազմին հայերու յաղթանակներու մասին վկայող խորհրդանիշներէն մէկը կը համարուի:

Ալիեւը այս հրամանը տուած է 7 նոյեմբերին, կնոջ` Մեհրիբան Ալիեւայի եւ որդիին` Հէյտար Ալիեւի հետ գրաւուած Վանք գիւղ այցելութենէն ետք:

Նշենք, որ յայտնի պատին Արցախեան պատերազմի ընթացքին հայկական կողմի ազատագրած տարածքներուն մէջ թշնամիին թողած քաղաքացիական ու ռազմական մեքենաներու պետական համարանիշներն էին:

– Տիգրանակերտի մէջ «ազրպէյճանական» պեղումներ

Արցախի մշակութային ժառանգութեան մշտադիտարկում իրականացնող monumentwatch.org  կայքը կը տեղեկացնէ, որ  20 սեպտեմբեր 2023-ին Ազրպէյճանի Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի գիտաշխատող Նատիք Ալիշովը իր ֆէյսպուքեան էջին վրայ տեղադրած է լուսանկարներ Տիգրանակերտի Արքայական աղբիւրներէն:

«Ազրպէյճանական” պեղումներ Տիգրանակերտի մէջ» (լուսանկարը՝ Monument watch-ի)

«Լուսանկարներուն մէջ կ’երեւի, որ Փանահ խանի կողմէ կառուցուած մզկիթին հարաւէն կից տարածքին մէջ հողային աշխատանքներ կ’ընթանան: Աշխատանքներուն հետեւանքով բացուած են միջին չափի կոպտատաշ քարերէ շարուած պատի հատուածներ: Մեկնաբանութիւններուն մէջ ազրպէյճանցի հնագէտը կը նշէ, որ այդ տարածքին մէջ իրենք աշխատանքներ կ’իրականացնեն 23 օգոստոսի 2023-էն ի վեր:

Պեղումները նախաձեռնուած են Արքայական աղբիւրներու շուրջը` 18-րդ դարու մզկիթին կից: Բացած են պատին մէկ մասը, որը Տիգրանակերտի արշաւախումբին կողմէ պեղուած է դեռ 2011 թուականին: Այն մզկիթին կից գերեզմանոցի յենապատն է: 2011 թուականին Արքայական աղբիւրներու շրջակայքը իրականացուած պեղումներու արդիւնքով բացուած են նաեւ մզկիթի առջեւ գտնուող ջրաւազանը, կից ժայռին փորուած կառոյցի ժապաւէնաձեւ հիմքերը` հար եւ նման ամրացուած թաղամասի պարիսի հիմքերուն (տես կից նկարը)», ըսուած է մշտադիտարկման խումբի հաղորդագրութեան մէջ: 

 

Համազգայինը Արցախի աշակերտներուն համար դասընթացներ կը կազմակերպէ

Համազգայինի Արցախի գրասենեանի դիմատետրի էջը կը տեղեկացնէ, որ Կոտայքի մարզի Աբովեան քաղաքին մէջ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան կողմէ կը կազմակերպուին 9-12-րդ դասարաններու Արցախի աշակերտներու համար Հայոց լեզուի անվճար դասընթացներ:

Դասապատրաստման դասընթացք (լուսանկարը՝ Համազգայինի Արցախի գրասենեակին)

Առաջին դասը տեղի կ’ունենայ 11 նոյեմբերին, Աբովեան քաղաքի «Դիզակ արտ» կեդրոնին մէջ:

Դասընթացներուն նպատակն է աշակերտները նախապատրաստել աւարտական ու համալսարականակ քննութիւններուն, ամրապնդել Հայոց լեզուի գիտելիքները:

Յիշեցնենք, որ նման դասընթացներ արդէն կ’իրականցուին նաեւ Արարատի մարզի Մասիս քաղաքին մէջ: