Երիտասարդ հայ արուեստագէտներու բացառիկ ելոյթը «Աղա Խան»-ի մէջ


Յարութիւն Դերձակեան

Քաղաքիս քաջածանօթ երեք արժանաւոր հայ երիտասարդ արուեստագէտներ հանդէս եկան կիրակի, 5 նոյեմբեր 2023-ին, յետմիջօրէին ժամը 2-ին, Թորոնթոյի «Աղա Խան» թանգարանի գեղեցիկ սրահին մէջ։ Սրահը լեցուն էր օտարներու կողքին, մասնաւորաբար, հայ երաժշտասէրներու ընտրեալ հոծ բազմութեամբ մը, որոնք եկած էին երիտասարդները քաջալերելու եւ անոն արուեստը վայելելու։ Երիտասարդներու կատարումները երաժշտական վայելքի անմոռանալի պահեր ապրեցուցին ներկաներուն։

«Տիվայն տրիմզ» (Աստուածային երազներ) կոչուած այս ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը բերին սիրուած օփերայի երգչուհի, քոլորաթուրա սոփրանօ Լին Անոյշ Իշնար, որ Թորոնթօ ֆիլհարմոնիք նուագախումբի, օփերայի ընկերութեան եւ Սինֆոնիա Թորոնթօ սենեկային նուագախումբերու ելոյթներուն մէջ յաջող ելոյթներ ունեցած է։

լուսանկարը տրամադրած է Յարութիւն Դերձակեանը

Նախկին պոլսահայ, այժմ թորոնթոբնակ, բոլորին ծանօթ տաղանդաւոր դաշնակահար Արթուն Միսքճեան, Գանատայի, Ամերիկա Միացեալ Նահանգներու, Իտալիոյ, Սպանիոյ, Մեքսիքայի եւ Թուրքիոյ մէջ իր ներկայացուցած բացառիկ համերգներով եւ իր վերամշակումներով բոլորին ուշադրութիւնը գրաւած արժանաւոր արուեստագէտ մըն է։

Պոլսահայ ընտանիքի զաւակ, սաքսոֆոնիստ Կարպիս Շահսուվար Թորոնթոյի երաժշտասէրներուն համար յայտնութիւն մը եղաւ սաքսոֆոնի գեղեցիկ կատարումով։ Ան շրջանաւարտ եղած է Համպըր քոլէճի ճազային կատարողական ծրագրէն, մասնակցած է Թորոնթոյի մէջ զանազան փառատօններու որպէս ճազի երաժիշտ, ներկայիս երաժշտութեան ուսուցիչ է եւ նաեւ՝ փողային երաժշտական գործիքներու հմուտ արուեստագէտ մը։

լուսանկարը՝ Լին Անոյշ Իշնարի ՖՊ-ի էջէն

Ճազ, պար, դասական եւ հայերէն կատարումներէ բաղկացած յայտագիրը սկսելէն առաջ սոփրանօ Լին Ա. Իշնար ներկայացուած կտորներուն մասին հակիրճ տեղեկութիւններ փոխանցեց եւ առաջին առթիւ հանդէս եկաւ եւ մեկնաբանեց Իրվինկ Պերլինի «Ռիչինկ ֆոր տը մուն» կտորը։ Այս գործին վերամշակումը կատարուած էր Սերուժ Գրաճեանի եւ Արթուն Միսքճեանի կողմէ։ Այնուհետեւ երգչուհին իրարյաջորդ կերպով մեկնաբանեց բոլորին կողմէ քաջածանօթ եւ սիրուած ֆրանսերէն ստեղծագործութիւններ, ինչպէս՝ «Սու լէօ սիէլ տը Փարի», «Լա վի ան ռոզ», «Աբրէ էն ռեւ», «Պեսամէ մուչօ», որոնք մեներգեց իր հրապուրիչ ձայնով եւ իւրայատուկ բարձրորակ արուեստով՝ արժանանալով բոլորին ջերմ գնահատանքին։

Ապա Կոմիտաս վարդապետի «Վաղարշապատ» պարը դաշնակահար Արթուն Միսքճեանի կողմէ գեղեցիկ կերպով մեկնաբանուեցաւ։ Յաջորդեց Համբարձում Պէրպէրեանի «Անոր» կտորը, որ ներկայացուեցաւ սոփրանօ Լին Ա. Իշնարի եւ դաշնակահար Արթուն Միսքճեանի կողմէ։

Երեք արուեստագէտները այս անգամ բեմ բարձրացան եւ մեկնաբանեցին Խաչատուր Աւետիսեանի «Որտեղ գտնեմ քեզ» կտորը։ Առաջին բաժնի վերջին ստեղծագործութիւնը Շարլ Ազնաւուրի» նշանաւոր «Լա պոհեմ»-ը բացառիկ գեղեցկութեամբ եւ հոյակապ կերպով ներկայացուցին Արթուն Միսքճեան եւ Կարպիս Շահսուվար, որոնք արժանացան բուռն ծափահարութիւններու։

Միջնարարէ ետք, երեք արուեստագէտները կրկին բեմ բարձրանալով մեկնաբանեցին Քուրթ Վէիլի «Եուքալի» դասական կտորը, որուն յաջորդեց Ռոբերտ Ամիրխանեանի ստեղծագործութիւններէն «Դու՝ ինչպէս մի աստղ», «Կարմիր ծաղիկ մը գարունի» եւ «Երազ իմ երկիր հայրենի» երգերը։

Երկու երաժիշտ արուեստագէտներ այս բաժնին մէջ ներկայացուցին Առնօ Պապաճանեանի «Էլեգիա» կտորը։ Ապա երեքը միասնաբար ներկայացուցին նաեւ Լէոնարտ Պէրնշթայնի դասական «Տրիմ ուիթ մի»-ն ։ Որպէս վերջին երգ ներկայացուեցաւ Առնօ Բաբաջանեանի «Չքնաղ երազ»-ը։ Աւարտին արուեստագէտները ստացան գեղեցիկ ծաղկեփունջեր։

Որպէս պիսի կտոր «Ազգ Փառապանծ»-ի երգեցողութեամբ եւ երաժշտասէրներու մասնակցութեամբ վերջացաւ յայտագիրը։ Ներկաներուն հրճուանքը իր գագաթնակէտին հասած էր, մեծ խանդավառութեամբ յոտնկայս որոտընդոստ ծափահարութիւններով գնահատեցին արուեստագէտները, որոնք անմոռանալի օր մը ապրեցուցին Թորոնթոյի հասարակութեան։

Վարձքը կատար բոլորին։