«Պէտք է կանխենք արցախցիներուն արտագաղթը Հայաստանէն»․ Արցախն այս շաբաթ


Արցախի մէջ կը շարունակեն մնալ քանի մը տասնեակ հայեր․ ԿԽՄԿ

Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի (ԿԽՄԿ) աշխատանքային խումբերը Արցախի մէջ կը շարունակեն այցելել հոն մնացած հայ ընտանիքներու` արձագանգելով անոնց կարիքներուն: «Արմենպրես»-ի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին, տեղեկացուց Կարմիր Խաչի միջազգային կազմակերպութեան Հայաստանի հաղորդակցութեան ղեկավար Զառա Ամատունի՝ աւելցնելով, թէ դժուար է մնացած հայերուն յստակ վիճակագրութիւնը ճշդել, սակայն խօսքը քանի մը տասնեակ հայերու մասին է:

«Երբ Ղարաբաղէն հայերու մեծ մասը տեղափոխուեցաւ Հայաստան, մեր խումբերը տեղւոյն վրայ սկսան աշխատիլ այն անձերու հետ, որոնք ինչ-ինչ պատճառներով մնացած են կամ պարզապէս չեն կրցած դուրս գալ: Բոլոր այն մարդիկ, որոնք ցանկութիւն ունեցած են տեղափոխուիլ Հայաստան, սակայն ինչ-ինչ պատճառներով չեն կրցած ատիկա ըսնել, մեր կազմակերպութիւնը օգնած է այդ հարցով: Խօսքը 50 անձի մասին է: Անոնք այն մարդիկ են, որոնք ունին ֆիզիքական խոցելիութիւն, առողջական խնդիրներ: Քանի մը տասնեակ հոգիի ալ օգնած ենք հեռախօսազանգերու, վիդէոզանգերու միջոցով կապ հաստատել Հայաստանի մէջ գտնուող իրենց հարազատներուն հետ: Այն մարդիկ, որոնք ցանկութիւն յայտնած են մնալ Ղարաբաղ, մեր աշխատանքային խումբերը պարբերաբար կ’այցելեն` գնահատելով անոնց կարիքները», ըսաւ Ամատունի:

Կարմիր Խաչի միջազգային կազմակերպութեան Հայաստանի հաղորդակցութեան ղեկավար Զառա Ամատունի

Տրուած այցելութիւններէն ի յայտ եկած է, որ Արցախի մէջ մնացած հայերուն կարիքները կը վերաբերին ուտելիքի, դեղորայքի եւ ջուրի հասանելիութեան: Կարելիութեան սահմաններուն մէջ տեղւոյն վրայ կը կատարուի բժշկական քննութիւն եւ անհրաժեշտութեան պարագային կը տրամադրուի դեղորայք: Կարեւոր հարցերու հասանելիութեան բացակայութեան պատճառով, անոնք յայտնուած են խոցելի վիճակի մէջ:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի աշխատակիցները որքա՞ն պիտի շարունակեն մնալ Ղարաբաղի մէջ՝ Ամատունի ըսաւ. «Առհասարակ մեր ներկայութիւնը պայմանաւորուած է մարդասիրական կարիքներով: Որքան այդ կարիքները շարունակեն մնալ տարածաշրջանին մէջ եւ որքան մեր ներկայութիւնը` որպէս չէզոք միջնորդի, կարեւոր ըլլայ մարդոց համար, մենք կը գերադասենք այդքան ալ մնալ եւ շարունակել այդ հարցերուն ուշադրութիւն դարձնել։ Այս ստեղծուած իրավիճակին մէջ եւս կազմակերպութիւնը անմիջապէս սկսած է աւելցնել իր աղբիւրները թիրախային ուղղութիւններով:

Մենք փորձած ենք Ղարաբաղէն տեղափոխել վիրաւոր անձիք, ինչպէս նաեւ աջակցած ենք զոհուածներու մարմինները Հայաստան տեղափոխելու հարցով: Խօսքը թէ՛ պատերազմական գործողութիւններու, թէ՛ Ստեփանակերտի մէձ տեղի ունեցած պայթիւնի հետեւանքով վիրաւորուածներու մասին է: Այդ օրերուն 124 վիրաւոր տեղափոխուած է Հայաստան բուժում ստանալու նպատակով: Ատկէ բացի, մեր կազմակերպութեան աջակցութեամբ 220 անձի աճիւն տեղափոխուած է Հայաստան:  Մեծ մասը այն անձինք են, որոնք զոհուած են պայթիւնի հետեւանքով»։  

 

Կարմիր խաչը այցելեց ձերբակալուած Ազրպէյճանի մէջ պահուող հայերուն

Կարմիր Խաչը այս ամիս այցելեց Ազրպէյճանի կողմէ 19 սեպտեմբերի յարձակումէն ետք ձերբակալուած եւ Ազրպէյճանի մէջ պահուող հայ գերիներուն, «Ազատութեան» փոխանցեց Կարմիր Խաչի միջազգային կազմակերպութեան Հայաստանի հաղորդակցութեան ղեկավար Զառա Ամատունի:

Ամատունի չնշեց, թէ կոմիտէն ճիշդ որո՛ւն հետ տեսակցած է: Ան միայն փոխանցեց, որ տեսակցած են անոնց հետ, որոնց անունները իշխանութիւնները հաստատեցին:

Ըստ Հայաստանի քննչական կոմիտէին՝ Ազրպէյճանի կողմէ վերջին յարձակումէն ետք գերի տարուած են 16 անձեր, որոնցմէ 6-ը զինուարականներ են, 10-ը` քաղաքայիններ։

Թէեւ Պաքու յայտարարեց, թէ նկատի առած է զէնքը վար դրած ղարաբաղցիներուն հանդէպ համաներման որոշում տալու կարելիութիւնը եւ այս երաշխիքները կու տայ բարձրագոյն մակարդակով, այնուամենայնիւ առայսօր սեպտեմբերին եւ հոկտեմբերին գերի տարուած եւ ազրպէյճանական բանտերուն մէջ պահուող որեւէ զինուորականի համաներուն չտրուեցաւ:

 

Պէտք է կանխենք արցախցիներուն արտագաղթը, եթէ ոչ, եւս մէկ պարտութիւն պիտի ունենանք Արցախի թեմի առաջնորդ

Մեր ինքնութիւնը անձնագիրով չէ, մեր ինքնութիւնը դրոշմուած է Հայկով, Նոյով, Լուսաւորիչով, սրբազան հերոսներով, որոնց հոգեւոր ձեռքը մենք միշտ պէտք է ամուր բռնենք եւ մեր սրտին մէջ զգանք այդ ջերմութիւնը։ Մենք տարբեր անձնագիրներ ունեցած ենք, անոնք պիտի փոխուին, մեր ինքնութիւնը՝ ո՛չ։ Հոգեւոր ներուժը, որ ժառանգած ենք, որեւէ պատերազմով չեն կրնար մեզմէ խլել։ Քաղաքականութիւն պիտի փոխուի, անձնագիր պիտի փոխուի, բայց մենք պէտք է ապրինք մեր հայրենիքին մէջ, մեր սեփական հողին վրայ եւ վճռականօրէն պէտք է կարենանք կատարել այն առաքելութիւնը, որ ուխտած ենք Աստուծոյ հետ: Այս մասին, «Այսօր» լրատուականի «Հարցեր կան» հաղորդման ընթացքին ըսաւ Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպս․ Աբրահամեանը։ 

Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպս․ Աբրահամեան, լուսանկարը՝ «Արցախպրես»-ի

«Անշուշտ, յատկապէս այս օրերուն Արցախի, Ստեփանակերտի մէջ կատարուողը՝ ներառեալ զօրահանդէսները, կրնան յուսահատութեան հասցնել մարդը, կասկածներ յարուցանել վերադարձի հնարաւորութեան հարցով, բայց պէտք է գիտակցիլ, որ անոնք երկրորդական հարցեր են, կարեւորը՝ մենք կրկին ճանչնանք մեզ, պատրաստակամ ըլլանք միաբանուելու»։

Վրթանես Եպիսկոպոս Աբրահամեանի գնահատմամբ՝ մայր Հայաստանի մէջ ամէն ինչ պէտք է ընեն, որ արցախցիները հիմնաւոր, համախմբուած ապրին, չմտածեն արտագաղթելու մասին։ «Ժողովուրդը զգայուն է, եթէ տեսնէ, որ իր մասին կը մտածեն, ջանքեր կը գործադրեն, հեռանալու մասին չի մտածեր, ճիշդ հակառակը՝ կը լծուի մայր հայրենիքին նուիրական առաքելութեամբ ծառայելու գործին։ Քաղաքականութիւն մշակողներուն, բոլորիս նպատակը պէտք է ըլլայ կանխել արցախցիներուն արտագաղթը, որ կրկնակի պարտութիւն պիտի ըլլայ»։ 

 

Արցախի նախագահ Սամուէլ Շահրամանեան հրաւիրուեցաւ Պատերազմի քննիչ յանձնաժողով

44-օրեայ պատերազմի հանգամանքները ուսումնասիրող Ազգային ժողովի քննիչ յանձնաժողովը 13 նոյեմբերին, գրաւոր նամակ ուղարկեց Արցախի վերջին նախագահ Սամուէլ Շահրամանեանին: Այս մասին «Ազատութեան» փոխանցեց յանձնաժողովի նախագահ Անդրանիկ Քոչարեան:

Նախորդ շաբաթավերջին, Քոչարեան «Ազատութեան» ըսած էր, որ Շահրամանեանը կը հրաւիրեն 44օրեայ պատերազմի հանգամանքները ուսումնասիրող խորհրդարանական յանձնաժողով՝ պարզաբանելով, որ անոնք կ՛ուզէին հրաւիրել Արցախի նախկին նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը, նաեւ պատերազմի օրերուն Արցախի պաշտպանութեան բանակը ղեկավարած Ջալալ Յարութիւնեանը, բայց Արցախի նախկին նախագահը կը գտնուի Պաքուի մէջ բանտը, իսկ պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատարին պարագային «խոչընդոտը անոր քրէական գործն է»:

Քոչարեան նշեց, որ քննարկած եւ որոշած են Ջալալ Յարութիւնեանի եւ Արայիկ Յարութիւնեանի փոխարէն շարք մը հարցերու պատասխաններ ստանալ Արցախի վերջին նախագահէն:

«Մեր այն հատուածը՝ կապուած պետական դաւաճանութեան, ներթափանցողներու եւ անոնց գոյութեան մասին, նաեւ պատերազմի մինչեւ սկսիլը տեղեկատուութեան հետ կապուած հարցերու պատասխանները մենք, բնականաբար, կ’ուզէինք լսել պարոն Շահրամանեան1n», ըսաւ Քոչարեան:

 

ԱՄՆ ծերակոյտը Ազրպէյճանին ռազմական օգնութեան տրամադրումը արգիլող բանաձեւ ընդունած է

Միացեալ Նահանգներ դադրեցուցած են Ազրպէյճանին տրամադրուող զինուորական եւ այլ տեսակի օգնութիւնը, չեղեալ յայտարարած են բարձր մակարդակի որոշ այցելութիւններ, իսկ Ուաշինկթըն Պաքուին ազդարարած է, որ երկկողմանի յարաբերութիւններու կարգաւորում պիտի չըլլայ, այնքան ատեն որ տակաւին Հայաստանի հետ խաղաղ բանակցութիւններուն մէջ յառաջընթաց չէ արձանագրուած: ԹԱՍՍ լրատու գորակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին մէջ Արցախի նիւթով լսումներու ժամանակ յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով օգնական Ճէյմս Օ՛Պրայընը:

«Մենք յստակ հասկցուցած ենք, որ 19 սեպտեմբերի իրադարձութիւններէն ետք Ազրպէյճանի հետ ոչինչ բնական պիտի ըլլայ, քանի տակաւին խաղաղութեան ճամբուն վրայ յառաջընթաց չենք տեսած: Այսպիսով, մենք չեղեալ նկատած ենք բարձր մակարդակի շարք մը այցելութիւններ, դատապարտած Պաքուի քայլերը», ըսած է բարձրաստիճան դիւանագէտը:

Ճէյմս Օ՛Պրայըն, լուսանկարը՝ Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպանատան կայքէն

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի օգնականին համաձայն, իրենք բազմիցս ազդարարած են, որ Հայաստանի մէջ ուժի կիրարկումը կտրականապէս անընդունելի է: Ան խոստովանած է, որ Ազրպէյճանը Միացեալ Նահանգներու ուշադրութեան ներկայացուցած է նման ծրագիրներու բացակայութեան մասին տեղեկութիւն:

«Պաքուի իշխանութիւնները մեզի հաւաստած են, որ իրենք նման մտադրութիւն չունին: Եւ մենք շատ ուշադիր կը հետեւինք զօրքերու տեղաշարժին եւ որեւէ նշանի, որ անոնք կրնան այլ ծրագիրներ ունենալ: Ինչպէս նշեցի, մենք անոնց ըսած ենք` սովորականին պէս գործերուն վերադառնալու կարելիութիւն չկայ, որովհետեւ խաղաղութեան համաձայնագիրը կնքուած չէ», աւելցուցած է ան:

 

Մենք ամէն կերպ պիտի աջակցենք ԼՂ հայերու վերադարձի գործընթացին. Զախարովա

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովան ամենշաբաթեայ ճեպազրոյցի ժամանակ պատասխանած է այն հարցին, թէ Ռուսիան ինչպէս կը գնահատէ Լեռնային Ղարաբաղի հայերուն վերադարձի հեռանկարները:

Զախարովա, մասնաւորապէս, նշած է. «Մենք կ’ողջունենք Ազրպէյճանի նախագահի աշխատակազմի բարձրաստիճան ներկայացուցիչի վերջին յայտարարութիւնը այն հայերուն, որոնք կը ցանկան վերադառնալ Ղարաբաղ իրենց իրաւունքները, անվտանգութիւնը եւ տնտեսական բարեկեցութւնը երաշխաւորուած է: Կը կարծեմ` ասիկա շատ կարեւոր է: Մենք ամէն կերպով պիտի նպաստենք այս գործընթացին, որ հիմնարար նշանակութիւն ունի Երեւանի եւ Պաքուի հաշտեցման համար, ներառեալ` ռուս խաղաղապահներու միջոցով:

 Մենք կը յայտնաբերենք բազմաթիւ կեղծիքներ, որոնց նպատակն է կանխել այս շրջանի բնակիչներու վերադարձը: Ինչ-որ մէկը կը վախցնեն մտացածին սպառնալիքներով, կեղծ տեղեկութիւններ կը տարածեն, թէ իրենց տուներէն ոչինչ մնացած է, ատիկա ճիշդ չէ: Կը կարծեմ` պէտք է հիմնուիլ պաշտօնական յայտարարութիւններու վրայ»:

 

ՄԱԿ-ի պարէնի համաշխարհային ծրագիրը եւ Զուիցերիան կ’աջակցին Սիւնիքի եւ Գեղարքունիքի մէջ հաստատուած փախստականներուն

ՄԱԿ-ի պարէնի համաշխարհային ծրագիրը (ՊՀԾ) կ’ողջունէ Զուիցերիոյ կառավարութեան կողմէ 500.610 ֆրանսական ֆրանկի (մօտ 555.000 ԱՄՆ տոլար) ներդրումը` աջակցելու հազարաւոր փախստական ընտանիքներուն, որոնք ապաստանած են Հայաստան, կը հաղորդէ «Արցախպրես»-ը։

ՄԱԿ-ի պարէնի համաշխարհային ծրագիրը (ՊՀԾ) օգնութիւն կը տրամադրէ արցախհայերուն (լուսանկարը՝ Արցախպրես-ի)

Զուիցերիոյ զարգացման գործակալութեան (ՇԶԳ) միջոցով հաստատուած օժանդակութեան շնորհիւ, նախատեսուած է Սիւնիքի եւ Գեղարքունիքի մարզերուն մէջ հաստատած փախստականներու հրատապ կարիքները լուծել` հնարաւորութիւն տալով տրամադրել ինչպէս անհրաժեշտ պարէնային օգնութիւն, այնպէս ալ նոյնչափ անհրաժեշտ հոգեբանական եւ ընկերային աջակցութիւն, յայտնած է ՊՀԾ ներկայացուցիչ եւ հայաստանեան գրասենեակի տնօրէն Նաննա Սքաուն։

 

ՄԱԿ-ի Ժընեւի կեդրոնին մէջ՝ «Արցախը դէպի վերականգնում» նիւթով քննարկում

ՄԱԿ-ի մարդկային իրաւունքներու խորհուրդը 14 նոյեմբերին, Ժընեւի մէջ հիւրընկալեց «Արցախը դէպի վերականգնում. Ազրպէյճանը պատասխանատուութեան ենթարկել» խորագիրով տեղեկատուական միջոցառումը (side event), որ կազմակերպուած էր Հայ օգնութեան միութեան (ՀՕՄ) կողմէ՝ Ազրպէյճանի «Համընդհանուր պարբերական դիտարկման» (UPR) գործընթացին զուգահեռ:

Միջոցառումին մասնակցեցան փորձագէտներ, պետական պատուիրակութիւններու ներկայացուցիչներ, փաստաբաններ եւ այլ շահագրգիռ կողմեր՝ անդրադառնալով մարդկային իրաւունքներու այն խախտումներուն եւ ցեղասպան գործողութիւններուն, որոնք վերջին ամիսներուն իրականացուեցան Ազրպէյճանի կողմէ՝ Արցախի, Հայաստանի եւ ընդհանրապէս հայութեան դէմ՝ յանգեցնելով Արցախի առաւել քան 100,000 բնիկ հայ բնակչութեան տեղահանումին, մարդկային ճգնաժամի եւ Արցախի Հանրապետութեան ղեկավարութեան բանտարկութեան:

«Արցախը դէպի վերականգնում. Ազրպէյճանը պատասխանատուութեան ենթարկել» խորագիրով միջոցառման ընթացքին Արտակ Բեգլարեան ելոյթ կ’ունենայ

Քննարկումին նպատակն էր՝ բացայայտել Ազրպէյճանի կողմէ ձեռնարկուած գործողութիւններուն պատասխանատուները պատժելու հաւանական ուղիները:

Միջոցառման ընթացքին, բանախօսները մանրամասնօրէն ներկայացուին Պաքուի կողմէ մարդկային իրաւունքներու զանգուածային խախտումները՝ տրամադրելով անհրաժեշտ փաստացի տեղեկատուութիւն: Մասնաւորապէս.

 – Արցախի Հանրապետութեան նախկին պետական նախարար եւ Մարդու իրաւունքների նախկին պաշտպան Արտակ Բեգլարեան տեղեկութիւններ տուաւ տեղահանութեան եւ տառապանքի իր անձնական ցաւալի փորձառութեան մասին, ընդգծելով պատերազմներու եւ իննամսեայ շրջափակման ու սովի պատճառով արցախցիներու ապրած դժուարութիւնները: Ան ընդգծեց Պաքուի կողմէ կատարուած յանցագործութիւններու պատասխանատուները պատժելու եւ Արցախի բնիկ հայ բնակչութեան իրաւունքներու վերականգնման կարեւորութիւնը:

 – Միջազգային քրէական դատարանի նախկին գլխաւոր դատախազ, Լուիս Մորենօ Օքամփօ պնդեց, թէ հայերու դէմ Ազրպէյճանի գործողութիւնները կը համապատասխանեն «Ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կանխելու եւ անոր համար պատիժի մասին» համաձայնագիրի պահանջներուն, եւ թէ Պաքու միտումնաւոր կերպով չէ կանխած ցեղասպանութիւնը, որ պետութեան մը գլխաւոր պարտականութիւններէն մէկն է։ Ան նաեւ քննադատեց միջազգային հանրութիւնը՝ ցեղասպանութիւնը չկանխելուն եւ զայն շարունակաբար ժխտելուն համար:

 – Ցեղասպանութեան կանխարգիլման «Լեմքին» հիմնարկի համահիմնադիր եւ իրաւական հարցերու տնօրէն Իրեն Վիքթորիա Մասիմինօ ուշադրութիւն հրաւիրեց հիմնարկին կողմէ հրապարակուած զանազան ահազանգերուն եւ նախազգուշացումներուն, որոնք յստակօրէն ցոյց կու տան ցեղասպանութեան 10 փուլերուն ընթացքը: Մասիմինօ ընդգծեց Ազրպէյճանի ոճիրները ճշգրտօրէն անուանելու անհրաժեշտութիւնը եւ շեշտեց պատասխանատուութեան եւ արդարութեան կարեւորութիւնը՝ պնդելով, որ իրական խաղաղութիւնը կարելի չէ, երբ նման վայրագութիւններու պատասխանատուները անպատիժ մնան:

 – Եկեղեցիներու Համաշխարհային խորհուրդի «Հաւատքի եւ կարգի» ծրագիրի ղեկավար Անի Ղազարեան Տրիսի կարեւոր նկատեց խորհուրդին կողմէ ձեռնարկուող՝ շահերու պաշտպանութեան եւ իրազեկման նախաձեռնութիւնները: Ան ընդգծեց կազմակերպութեան ջանքերը՝ ուշադրութիւն հրաւիրելու Արցախի մէջ շարունակուող ողբերգութիւններուն եւ բովանդակալից երկխօսութեան միջոցով հակամարտութիւններու կարգաւորման մէջ անոր դերին վրայ: Ան նշեց, որ խորհուրդի ուշադրութեան կեդրոնին են մշակութային ժառանգութեան եւ քրիստոնէական քաղաքակրթութեան պահպանութեան, ինչպէս նաեւ Պաքուի կողմէ ապօրինաբար պահուող Արցախի ղեկավարութեան եւ այլ անձերու ազատ արձակման հրամայականները:

Հանդիպումը կը վարէր իրաւագիտութեան դոկտոր Գէորգ Յակոբճեան, որ Հայկական իրաւական կեդրոնի խորհուրդի անդամ է եւ ՀՕՄ-ի ներկայացուցիչը՝ ՄԱԿ-ի Մարդկային իրաւունքներու խորհուրդին մէջ:

 

Արցախի Հադրութի հայկական եկեղեցին աւերուած է. Caucasus Heritage Watch

Կովկասեան ժառանգութեան պաշտպանութեան միջազգային կազմակերպութիւնը (Caucasus Heritage Watch) կ’ահազանգէ գրաւուած Արցախի Հադրութի շրջանին մէջ գտնուող հայկական եկեղեցւոյ աւերման մասին, որ կը փաստէ ՄԱԿ-ի միջազգային դատարանի որոշման խախտման մասին։

2022 թուականի ամրան Caucasus Heritage Watch-ը արձանագրած էր 2020-ի 44-օրեայ պատերազմէն ետք Ազրպէյճանի տիրապետութեան տակ անցած Հադրութի շրջանի Մոխրենէս գիւղի գրեթէ ամբողջական աւերումը։ Հիմնովին աւերուած կառոյցներուն մէջ էր նաեւ Մոխրենէսի Սուրբ Սարգիս հայկական եկեղեցին, որ կառուցուած էր 18-19-րդ դարերուն։

Հադրութի Մոխրենես գիւղի եկեղեցին

Սակայն, ինչպէս նշուած է հրապարակման մէջ, Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ քանդումը, ըստ ամենայնի, վերջին քայլը չէր ազրպէյճանական միջամտութեան առումով, քանի որ կազմակերպութիւնը իր շարունակական դիտարկման ընթացքին փաստագրած է ապացոյցներ յետագայ շինարարական աշխատանքներուն վերաբերեալ։

Կազմակերպութիւնը կը յիշեցնէ, որ Ազրպէյճանը պարտաւոր է պաշտպանել հայկական մշակութային ժառանգութիւնը եւ կանխել Մոխրենէսի մէջ հայկական դարաւոր մշակութային եւ կրօնական կեանքը ջնջելու որեւէ փորձ։

«2022 թուականին եկեղեցւոյ աւերումը Միջազգային դատարանի դեկտեմբեր 2021-ի միջանկեալ միջոցի առաջին փաստագրուած խախտումն է», ըսուած է կազմակերպութեան հրապարակման մէջ:

Յիշեցնենք, որ Արդարադատութեան միջազգային դատարանը 2021 թուականի Դեկտեմբեր 7-ին որոշում կայացուցած էր՝ պարտադրելու ազրպէյճանին «ձեռնարկել բոլոր անհրաժեշտ միջոցները՝ կանխելու եւ պատժելու վանտալութիւնն ու պղծման գործողութիւնները՝ ուղղուած հայկական մշակութային ժառանգութեան, ներառեալ՝ եկեղեցիներու եւ այլ պաշտամունքի վայրերու, յուշարձաններու, տեսարժան վայրերու, գերեզմանատուներու եւ արտեֆակտերու դէմ»:

 

Կան հիմնաւորուած կասկածներ, որ Ստեփանակերտի մայր եկեղեցւոյ գմբէթներէն խաչերը հանուած են

Արցախի մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան պետական խորհուրդը հաղորդագրութեան մը միջոցաւ յայտարարեց, որ հիմնաւորուած կասկածներ յառաջացած են, որ Ստեփանակերտի մայր եկեղեցւոյ գմբէթներէն հանուած են խաչերը:

Ստեփանակերտի եկեղեցին (լուսանկարը՝ Արցախի մշակութային ժառանգության պաշտպանության պետական խորհուրդ ֆէյսպուքեան էջէն

«Ազրպէյճանական լրատուամիջոցներու հրապարակած տեսանիւթէն հիմնաւոր կասկածներ յառաջացած են, որ Ստեփանակերտի մայր եկեղեցւոյ գմբէթներէն հանուած են խաչերը», կ’ըսուի վերոնշեալ հաղորդագրութեան մէջ:

 

Մկրտութեան մեծ արարողութիւն. 140 արցախցի մանուկներ մկրտուեցան նոյն օրը

14 նոյեմբերին, օրհնութեամբ Մասեացոտնի թեմի առաջնորդ տէր Գէորգ եպս․ Սարոյեանի, Մասիս համայնքի եկեղեցիներու մէջ կատարուած են Արցախէն բռնի տեղահանուած հայրենակիցներու մկրտութեան արարողութիւնները:

Այս առիթով 10 նոյեմբերին Մասիս քաղաքի Սուրբ Թադէոս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Մասիս համայնքի քահանայ հայրերու, 140 արցախահայերու եւ անոնց ապագայ կնքահայրերու հանդիպումը: Հանդիպման ընթացքին քահանայ հայրերը խօսեցան Մկրտութեան խորհուրդի նշանակութեան մասին, որմէ ետք արցախահայերէն իւրաքանչիւրը ծանօթացաւ իր կնքահօր հետ: 

Լուսանկարները՝ Մասեացոտնի թեմի ֆէյսպուքեան էջէն

Արցախահայերի մկրտութեան արարողութիւնները պիտի կրեն շարունակական բնոյթ:

Լրագրող Սիւզի Բադոյեանն ալ յայտնած էր, որ 140 արցախցի երեխայ կը մկրտուի նոյն օրը 7 կնքահայրերով ու 7 քահանաներով: