Հայաստանի ազգային ֆիլհարմոնիք նուագախումբի աննախընթաց ելոյթը՝ Թորոնթոյի մէջ


Յարութիւն Դերձակեան

Հայաստանի ազգային ֆիլհարմոնիք նուագախումբը աշխարհի լաւագոյն նուագախումբերէն մէկն է ու արդէն իսկ երկու տարիներէ ի վեր կը նշէ մօտակայ իր հարիւրամեակը։ 2000 թուականէն սկսեալ երգչախումբը փոխեց իր դիմագիծը եւ դարձաւ միջազգային նուագախումբ՝ շնորհիւ ֆիլհարմոնիք նուագախումբի գլխաւոր խմբավար եւ գեղարուեստական ղեկավար Էտուարտ Թոփճեանի։ 85 երաժիշտներէ կազմուած ֆիլհարմոնիք նուագախումբը աշխարհի զանազան երկիրներու, ինչպէս՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Եւրոպայի բազմաթիւ քաղաքներու, նաեւ Ճափոնի լաւագոյն համերգասրահներուն մէջ հանդէս եկած է կատարողական չափազանց բարձր մակարդակով։ Թէ՛ խմբավարը եւ թէ՛ նուագախումբը ջերմօրէն գնահատուած են համաշխարհային լրատուամիջոցներու կողմէ։

Արամ Խաչատուրեանի ծննդեան 120 ու Սերգէյ Ռահմանինովի 150-ամեակներուն նուիրուած բացառիկ ձեռնարկը Թորոնթոյի մէջ տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 17 նոյեմբեր 2023-ի երեկոյեան, «Ռոյ Թամսըն»-ի անուան շքեղ սրահին մէջ։ Ֆիլհարմոնիք նուագախումբը իր վերջին համաշխարհային շրջապտոյտին սկսած է Երեւանէն Յունաստան, ապա Նիւ Եորքի «Քարնեկի» սրահին մէջ, Թորոնթօ, Մոնթրէալ, Պոսթըն, յետագային՝ Իտալիա եւ Չինաստանի այլ քաղաքներ։

լուսանկարը՝ Յարութիւն Դերձակեանի

Հանճարեղ արուեստագէտ Արամ Խաչատուրեան ծնած է Թիֆլիս (1903-1978), եղած է դասական երաժշտութեան տաղանդաւոր յօրինող, խմբավար, երաժշտագէտ, դաշնակահար, թաւջութակահար, ջութակահար, համալսարանի դասախօս, պարուսոյց, Ֆիլմի երաժշտութեան հեղինակ եւ քաղաքական գործիչ։ Խաչատուրեան ճանչցուած է 20-րդ դարու համաշխարհային դասական երաժշտութեան առաջնակարգ ներկայացուցիչ, ստացած է բազմաթիւ շքանշաններ։

Համերգի առաջին բաժինը նուիրուած էր Արամ Խաչատուրեանի «Սպարտաքիւս» Սպարտակպալէէն սուիթներու։ Այս ստեղծագործութեան թեման, հռոմէացիներու դէմ ստրուկներու երրորդ ապստամբութեան շրջանի առաջնորդ Սպարտակի արկածախնդրութիւնները կը ներկայացնէ։ Պալէին երեք սուիթները իրերայաջորդ կերպով ներկայացուեցան նուագախումբի կողմէ՝ ստանալով ներկաներուն ջերմ գնահատանքը։

Այնուհետեւ Արամ Խաչատուրեանի 1940 թուականներուն գրած ջութակի «քոնչերթօ Տ-Մայնըր»-ը ներկայացուեցաւ։ Հեղինակը այս քոնչերթոն ձօնած է հրէական ծագումով նշանաւոր ռուս ջութակահար Տէյվիտ Օյստրախին։ Այս գեղեցիկ քոնչերթոն նուագախումբի հետ միասնաբար նուագելու համար բեմ բարձրացաւ տաղանդաւոր ջութակահար Սերգէյ Խաչատրեանը։ Ան ծնած է Երեւան, ապա փոխադրուած է Գերմանիա, մասնակցած է միջազգային բազմաթիւ մրցումներու, փառատօներու մէջ արժանացած է առաջնութեան մրցանակներու։ Սերգէյ Խաչատրեանը համագործակցած է Պերլինի ֆիլհարմոնիք նուագախումբի, Նետրլանտի Ռատիօ ֆիլհարմոնիքի, Օրքեսթրա Նաշընըլ տէօ Ֆրանսի, Լոնտոնի, Սիտնէյի եւ Մելպուրնի սիմֆոնիք նուագախումբերու հետ։ Սերգէյ Խաչատրեան ֆիլհարմոնիք նուագախումբի յայտագրի ընթացքին երաժշտասէրները հմայեց իր ջութակի կատարումներով՝ ստանալով բուռն ծափահարութիւններ:

Միջնարարէն ետք, յայտագրի երկրորդ մասը նուիրուած էր տաղանդաւոր արուեստագէտ Սերգէյ Ռախմանինովի։ Ռախմանինով ծնած է Ռուսիա (1873-1943), ան համարուած է իր օրերու լաւագոյն դաշնակահարներէն մէկը, եղած է յօրինող, նաեւ ռուսական դասական երաժշտութեան ռոմանթիզմի վերջին մեծ ներկայացուցիչներէն մէկը։ Ռուսական յեղափոխութենէն ետք, 1918-ին, իր ընտանիքով վերջնականապէս փոխադրուած է Նիւ Եորք եւ մինչեւ իր մահը գործունէութիւնը շարունակած է որպէս դաշնակահար Ամերիկայի եւ Եւրոպայի մէջ։

Այս բաժնին մէջ ֆիլհարմոնիք նուագախումբը ներկայացուց՝ Ռահմանինովի «Սիմֆոնի թիւ-երկու Է-Մայնըր, օփ. 27» քոնչերթոն։ Ռահմանինովի դաշնակի այս երկրորդ քոնչերթոն արուեստագէտին գոյատեւման պատմութիւնն է։ Ռահմանինով իր հոգեկան ընկճուած յուսահատ վիճակին ուրիշ բուժման ելք չէր տեսնէր, այնպէս որ այս քոնչերթոն ձօնեց զինք դարմանող ախտաբուժագէտին: Նուագախումբը հոյակապ հնչեղութեամբ ներկայացուց երեք սուիթներէ բաղկացած ստեղծագործութիւնը։

Հայաստանի ազգային ֆիլհարմոնիք նուագախումբը այս բացառիկ համերգի աւարտին, երաժշտասէրներու կողմէ երկարատեւ ջերմ ծափահարութիւններու արժանացաւ։ Համերգի ամենէն յատկանշական կողմը այն էր եւ յատուկ գնահատանքի արժանի էր խմբավար Էտուարտ Թոփճեանը։ Ան աւելի քան երկու ժամ տեւածելոյթի ընթացքին առանց իր առջեւ նոթա ունենալու նուագախումբը ղեկավարեց։

Որպէս «պիսի» կտոր Արամ Խաչատուրեանիի լաւագոյն եւ սիրուած ամենայայտնի ստեղծագործութիւններէն «Դիմակահանդէսի» վալսով երեկոն հասաւ իր աւարտին։ Ներկաներ յոտնկայս եւ ոգեւորիչ ու խլացուցիչ ծափահարութիւններով գնահատեցին խմբավարը եւ բոլոր արուեստագէտները։