«Եթէ Արցախի կորուստի հետ հաշտուինք, ոչ արդարութիւն կ’ունենանք եւ ոչ խաղաղութիւն»․ Արցախն այս շաբաթ


 «Եթէ Արցախի կորուստի հետ հաշտուինք, ոչ ճշմարտութիւն կ’ունենանք, ոչ արդարութիւն, ոչ խաղաղութիւն». Բագրատ Սրբազան

«Ես վստահ եմ, որ իւրաքանչիւրը` անկախ անկէ, թէ ինչ դրսեւորում ունի ինքը` ամենավատէն մինչեւ ամենաբարձրը, իր սրտին խորքը կը ցաւի մեր Հայրենիքի առժամեայ կորուստով, Արցախ աշխարհի կորստով», իր քարոզին մէջ ըսած է Տաւուշի թեմի առաջնորդ Բագրատ արքեպիսկոպոս Գալստանեանը:

Բագրատ սրբազանը՝ քարոզի ընթացքին (լուսանկարը՝ panorama.am-ի)

«Եւ շատ յաճախ ալ կը լռէ, ոչ թէ որպէսզի ցաւը չարտայայտէ, այլ՝ առաջինը` ցաւը իր մէջ պահելով` տեսակ մը ընդարմացնէ կամ փորձէ բուժել, եւ երկրորդը` որովհետեւ այդ կորուստի հետ կ’ուզէ ինքն ալ դառնալ սովորական եւ հաշտ: Շատ պարզ է: Եւ եթէ մենք դարձանք սովորական ու հաշտ, մենք ոչ ճշմարտութիւն կ’ունենանք, ոչ արդարութիւն կ’ունենանք եւ ոչ ալ անկէ բխած` խաղաղութիւն կ’ունենանք:

Մենք կ’ըլլան այն մարդու նման, որուն անընդհատ կ’անարգեն, կ’անպատուեն, ձեռքէն կը խլեն, կը նուաստացնեն, ծունկի կը բերեն, կը ծաղրեն, կը հեգնեն, եւ այդ մարդը այդ բոլորին հետ հաշտ եւ սովորական դարձած կ’ապրի, եւ այնպէս կը ձեւացնէ, թէ իրեն ոչ մէկ բան պատահած է:
Պատահա՛ծ է, ժողովուրդ, պատահա՛ծ է: Աղէ՛տ պատահած է, սարսափելի աղէտ, Հայրենի՛ք կորսնցուցած էք: Եթէ չէք գիտեր, ըսեմ ձեզի` Հայրենիք կորսնցուցած էք», «Արցախպրես»-ի հաղորդմամբ՝ ըսած է Սրբազանը:

 

Վրթանէս եպս Աբրահամեանը նշանակուած է Մայր աթոռի Արցախի հոգեւորմշակութային ժառանգութեան հարցերով գրասենեակի տնօրէն

 Գարեգին Բ․ կաթողիկոսի տնօրինութեամբ կատարուած են եկեղեցականներու նոր նշանակումներ։

«Արցախի թեմի առաջնորդ Տ. Վրթանէս եպս․ Աբրահամեանը նշանակուած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան հարցերով գրասենեակի տնօրէն, իսկ Տ. Գարեգին վարդապետ Համբարձումեանը` Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան հարցերով գրասենեակի վարիչ», ըսուած է Մայր Աթոռի տարածած հաղորդագրութեան մէջ:

 

Արդարադատութեան միջազգային դատարանը Արցախի հայերու վերադարձի իրաւունքը ապահովող վճիռ մը արձակեց

Լահէյի դատարանի նիստ (լուսանկարը՝ UN Photo/Andrea Brizzi)

Լա Հէյի Արդարադատութեան միջազգային դատարանը վճիռ մը արձակեց ` Ազրպէյճանի դէմ միջանկեալ միջոց կիրարկելու Հայաստանի Հանրապետութեան դիմումին վերաբերեալ. որոշումը կը շեշտէ.

«1. Ազրպէյճանի Հանրապետութիւնը պարտաւոր է Ցեղային խտրականութեան բոլոր ձեւերու վերացման հռչակագիրի իր պարտաւորութիւններուն համաձայն ապահովել, որ այն անձերը, որոնք 19 սեպտեմբեր 2023-էն ետք Լեռնային Ղարաբաղէն հեռացած են եւ կ’ուզեն Լեռնային Ղարաբաղ վերադառնալ, կարենան այս մէկը ընել ապահով, առանց խոչընդոտներու եւ արագօրէն:

«2. Ապահովել, որ այն անձերը որոնք 19 սեպտեմբեր 2023-էն ետք Լեռնային Ղարաբաղ կը մնան եւ կ’ուզեն հեռանալ, կարենան այդ մէկը ընել ապահով, առանց խոչընդոտներու եւ արագօրէն:

«3. Ապահովել, որ այն անձերը, որոնք 19 սեպտեմբեր 2023-էն ետք Լեռնային Ղարաբաղ կը մնան կամ Լեռնային Ղարաբաղ վերադարձած են եւ կ’ուզեն այնտեղ մնալ, զերծ մնան ուժի գործադրումէն եւ ահաբեկումէն, որոնք կրնան անոնց հեռանալուն պատճառ դառնալ:

«13/2 քուէներու յարաբերակցութեամբ` Ազրպէյճանի Հանրապետութիւնը պարտաւոր է հաշուետուութիւն ներկայացնել դատարանին այն քայլերուն վերաբերեալ, որոնցմով պիտի ապահովուի ժամանակաւոր միջոցներու կատարումը եւ Ազրպէյճանի կառավարութեան անունով ստանձնած պարտաւորութիւններու կատարումը, որոնք հնչեցին 12 հոկտեմբերի դատական քննութեան ընթացքին: Անոնք պէտք է կատարուին այս որոշումին հրապարակումէն ետք ութ շաբաթներու ընթացքին»:

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը արձագանգեց որոշումին` յայտարարելով, որ Պաքու «ի գիտութիւն» ընդունած է նշեալ որոշումը:

«Պաքու կ’ողջունէ դատարանի որոշումը, որ անգամ մը եւս կը հաստատէ Ազրպէյճանի գերիշխանութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը եւ կը մերժէ Հայաստանի պահանջը, որ կասկածի տակ կը դնէ Ազրպէյճանի վաղուց ճանչցուած գերիշխանութիւնը Ղարաբաղի նկատմամբ: Դատարանին կողմէ նշուած քայլերը համահունչ են Ղարաբաղի հայ բնակիչներուն նկատմամբ Ազրպէյճանի կառավարութեան արդէն իսկ որդեգրած քաղաքականութեան: Ազրպէյճան երբեք չէ վտարած հայ բնակիչները, այդ մէկը անոնց որոշումը եղած է` տեղափոխուիլ Հայաստան կամ այլ երկիր», յայտարարեց Պաքու։

 

«Լեռնային Ղարաբաղէն հեռացած հայերու տուները կնքուած են», կը հաւաստիացնեն Պաքուէն

«Բնակարանները, մշակոյթի յուշարձանները, այդ ամէնը Ղարաբաղի մէջ կը պահպանուին յատուկ նշանակութեան ուժերու կողմէ: Տուները կնքուած են, ոչ ոք այնտեղ կը մտնէ», ըստ ԱՓԱ գործակալութեան, այս մասին յայտարարած է Միջազգային յարաբերութիւններու վերլուծութեան կեդրոնի վարչութեան նախագահ Ֆարիդ Շաֆիեւը:

«Միջազգային դատարանի որոշման որոշակի մասը կը վերաբերի այս հարցին: Ատիկա Ազրպէյճանի պարտականութիւնն է: Դժուար է ըսել, թէ ինչպէս տեղի պիտի ունենան գործընթացները ֆիզիկական առումով: Կը կարծեմ, որ, ինչպէս արդէն յայտարարած է Ազրպէյճանի կառավարութիւնը, բոլոր վերադառնալ ցանկացողներուն ժամանակ տրուած է: Այսինքն` անոնք, որոնք կը ցանկան վերադառնալ վերջնականապէս, պիտի վերադառնան, կամ եթէ որեւէ մէկը ցանկանայ գալ եւ վերցնել իրերը, ապա՝ անոնց, ամենայն հաւանականութեամբ, նման հնարաւորութիւն պիտի տան: Այսինքն` Ազրպէյճանը պիտի կատարէ դատարանի որոշումը, Արտաքին գործոց նախարարութիւնը արդէն այս առիթով հանդէս եկած է յայտարարութեամբ», ըսած է ան, կը գրէ infoport.am-ը:

 

Ազրպէյճանի մէջ երկրորդ արցախցին դատարանին առջեւ՝ ծանր մեղադրանքներով

Երկրորդ արցախցին արդէն կանգնեցաւ Ազրպէյճանի դատարանին առաջ` Արցախի առաջին պատերազմին վերաբերող մեղադրանքներով։ Արդարեւ, Վագիֆ Խաչատրեանէն ետք, այժմ Պաքու Ռաշիդ Բեգլարեանը կը մեղադրէ 90-ականներուն գերիներ խոշտանգելու եւ անօրինական զինուած խմբաւորումներու անդամակցելու յանցանքով:

Ռաշիդ Բեգլարեան` Պաքուի մէջ (լուսանկարը՝ «Արցախպրես»-ի)

61-ամեայ Բեգլարեան առեւանգուած էր 1 օգոստոսին, Լաչինի շրջանի Աղաւնոյ գիւղի տարածքէն: Յայտնի չէ, թէ արդեօք քննութեան ընթացքին անոր պաշտպան տրամադրուա՞ծ է, թէ` ոչ: Ազրպէյճանի պետական ապահովութեան ծառայութիւնը, կը պնդէ, որ ան ցուցմունքներ տուած է «Խոջալուէն դուրս եկած եւ սպաննուած հարիւրաւոր խաղաղ բնակիչներու մասին»:

Բեգլարեան կը բնակէր Ասկերանի Խնձրիստան գիւղին` իր հայրական տան մէջ, առանձին: Ըստ հայկական կողմին` մոլորելու պատճառով ան անցած էր ազրպէյճանական վերահսկողութեան տակ, երբ ան կը փորձէր Հին Շէն երթալ: Սակայն, մինչեւ օրս ո՛չ որդին, ո՛չ ալ համագիւղացիները տեղեակ են եղածին մանրամասնութիւններուն։ 

 

Ազրպէյճանցիները ճանապարհ կը կառուցեն Շուշիի պատմական գերեզմանատան մէջէն Caucasus Heritage Watch

Կովկասեան ժառանգութեան պաշտպանութեան կազմակերպութիւնը (Caucasus Heritage Watch) կ’ահազանգէ, որ 5 հոկտեմբերէն մինչեւ 3 նոյեմբեր ժամանակահատուածին մէջ ազրպէյճանցիները հողամբարձ մեքենաներով (bulldozer) ճանապարհ բացած են Շուշիի պատմական գերեզմանատան մէջէն, որ յայտնի է որպէս «երեւանեան դարպասներու» մօտի գերեզմանոց:

լուսանկարը՝ Caucasus Heritage Watch-ի

Ծառերու մէջ տեղաւորուած են առնուազն 78 հայերէն տապանաքարեր, որոնք կը թուագրուին 1802-էն 1913 թուականներուն: Կը նշուի, որ անհասկանալի է, թէ քանի տապանաքար վնասուած է:

Ասիկա 5-րդ հայկական գերեզմանոցն է, որ վնասուած է նոյեմբեր 2020-էն` Մեծ Թաղերու եւ Սղնախի, Ն. Շուշիի եւ Վազգէնաշէնի մօտ գտնուող գերեզմանատներու վնասումէն ետք:

 

Ազրպէյճանը աղբակոյտի վերածած է Շուշիի 19-րդ դարու Մեղրեցոց Սբ. Աստուածածին եկեղեցւոյ պատմական շերտերը

Ինչպէս յստակ կ’երեւի Կովկասի ժառանգութեան մշտադիտարկում (Caucasus Heritage Watch) նախաձեռնութեան կողմէ հրապարակուած արբանեակային լուսանկարներէն, գրաւուած Շուշի քաղաքին մէջ իրականացուող շինարարական աշխատանքներու հետեւանքով վնասուած են Շուշի քաղաքի Մեղրեցոց Սբ. Աստուածածին եկեղեցւոյ մնացորդները (նկ. 1):

լուսանկարը՝ Caucasus Heritage Watch-ի

3 նոյեմբեր 2023-ին կատարուած արբանեակային լուսանկարի` ազրպէյճանցիները շրջակայ տարածքներու շինարարութեան ամբողջ աղբը քարշակներու միջոցով լեցուցած են եկեղեցւոյ` դեռեւս 2017 թուականի պեղումներով բացուած հիմնապատերու եւ ծաւալներու վրայ: Այս մասին կը գրէ monumentwatch.org կայքը: Տակաւին 2021 թուականի արբանեակային լուսանկարները փաստած են միայն տարածքի անխնամ եւ խոտածածկ դառնալը:

Շուշիի Մեղրեցոց Սբ. Աստուածածին եկեղեցւոյ մնացորդները (լուսանկարը՝ monumentwatch.org-ի)

Մեղրեցոց Սբ. Ասուածածին եկեղեցին կառուցուած է 1838 թուականին Մահտեսի Հախումեանցի ծախսերով։ 1960-ական թուականներուն եկեղեցւոյ մեծ մասը քանդուած է Ազրպէյանի իշխանութիւններուն կողմէ` յարմարեցուելով եւ վերածուելով ամառնային բացօթեայ կինոթատրոնի: 

 

Ազրպէյճանը տապալած է Ստեփանակերտի խաչը

Արցախի մշակութային ժառանգութեան մշտադիտարկում իրականացնող monumentwatch.org կայքը կը հաղորդէ, որ ազրպէյճանցիները տապալած են Ստեփանակերտի խաչը:

«2023 թուականի սեպտեմբերեան ռազմական գործողութիւններէն եւ  Արցախի ամբողջական հայաթափման գործողութիւններէն ետք Ազրպէյճանը կը շարունակէ ոչնչացնել հայկական մշակութային արժէքները` էթնիկ պատկանելիութեան հիմքով: Այս ամէնուն ապացոյցը Ստեփանակերտի  մօտ` Դաշուշէն գիւղի մօտ գտնուող բլուրներէն մէկուն վրայ գտնուող 50 մեթրանոց լուսատու խաչի տապալումն էր, որ ոչ միայն հարուած էր մշակութային արժէքին, այլեւ քրիստոնեայ ողջ հայ հանրոյթին:  Ինկած խաչի տեսանիւթը առաջինը  հրապարակած է ուքրանիական Strana.ua հրատարակութեան Telegram ալիքը:

լուսանկարը՝ monumentwatch.org-ի

Տեսահոլովակը նկարահանուած է 29 սեպտեմբեր 2023-ին, ուր կ’երեւի, որ խաչը ինկած է գետին:

Խաչը տեղադրուած  էր 9 մայիս 2017-ին` ի յիշատակ Արցախի ազատագրման եւ պաշտպանութեան համար զոհուած զինծառայողներու: Ան իր բարձրութեամբ երկրորդն էր եւրոպական տարածաշրջանին մէջ, տեսանելի էր Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի բոլոր կողմերէն, լուսաւորուած էր յատուկ լոյսերով, որոնք զայն տեսանելի կը դարձնէին նաեւ գիշերը:

 

Արցախի Մէջ «ամբողջութեամբ կամ մասնակի Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած է 8 թանգարան»

Լուսաւորիչի հիմնած 4-րդ դարուն Ամարասի վանական համալիրը, որ մաշտոցեան առաջին դպրոցը եղած է եւ Սուրբ Գրիգորիսի դամբարանն է, 19 սեպտեմբերին ինկաւ: Արցախի բնակչութեան բռնի տեղահանութեան պատճառով ամբողջութեամբ կամ մասնակի Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած է 8 թանգարան, հաղորդեց Արցախի Մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան պետական խորհուրդը:

Ըստ խորհուրդի նախնական տուեալներուն, 44-օրեայ պատերազմին պատճառով Շուշիի եւ Հադրութի շրջաններուն մէջ Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ մնացին եւս 10 թանգարաններ` 17 հազար 70 ցուցանմուշներով եւ արուեստի գործերու 8 հաւաքածու` 1077 ցուցանմուշներով:

Արցախի թանգարաններէն պատկերներ

Վերջերս ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Գլխաւոր համաժողովի 42-րդ նստաշրջանին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտարարեց, որ Ազրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի 10-ամսեայ շրջափակումը, մարդկային ճգնաժամը, լայնածաւալ ռազմական յարձակումը յանգեցուցին Լեռնային Ղարաբաղի բնիկ ամբողջութեամբ հայ բնակչութեան բռնի տեղահանման եւ ցեղային զտման` ստիպելով անոնց լքելու իրենց տուները` ետեւնին ձգելով սրբավայրեր եւ հազարամեայ մշակութային ու կրօնական ժառանգութիւն:

Արտաքին գործոց նախարարը շեշտեց, որ շատ կարեւոր է Արցախի մէջ մնացած մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան պաշտպանութիւնը վանտալիզմէն եւ թալանէն:

Արձագանգելով` Պաքուն յայտարարեց, թէ` «Ազրպէյճանի ինքնիշխան տարածքներուն մէջ գտնուող պատմական եւ կրօնական յուշարձանները կը հանդիսանան Ազրպէյճանի ազգային մշակութային ժառանգութիւնը եւ պաշտպանուած են` անկախ իրենց ծագումէն, աշխարհիկ կամ կրօնական պատկանելութենէն»: Պաքուէն նաեւ կոչ ըրին ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ին` առաքելութիւն ուղարկել Հայաստան` գնահատելու Ազրպէյճանի մշակութային ժառանգութեան ներկայ վիճակը:

 

ՀՀ կառավարութիւնը 2 միլիառ դրամ կը յատկացնի Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուածներուն առաջնային սպառողական ծախսերը հոգալու համար

 Կառավարութիւնը 2 միլիառ դրամ կը յատկացնի Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուածներու առաջնային սպառողական ծախսերը հոգալու համար:

Ըստ «Արմենպրես»-ի՝ 23 նոյեմբերին կառավարութեան նիստին համապատասխան նախագիծը ներկայացուց ՀՀ աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու հարցերու նախարար Նարեկ Մկրտչեանը: Նախարարին խօսքով` նոյեմբեր եւ դեկտեմբեր ամիսներուն Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուածներուն պիտի տրամադրուի 50 հազարական դրամ:

«Այս նախագիծով առաջնահերթ կ’առաջարկենք յատկացնել 2 միլիառ դրամ 40 հազար շահառուի հաշուարկով», նշեց Մկրտչեանը:

 

Ամերիկա Հայաստանին Արցախէն բռնի տեղահանուածներուն աջակցելու համար առաւել քան 4 միլիոն տոլար պիտի տրամադրէ 

Միացեալ Նահանգները 21 նոյեմբերին, Միջազգային զարգացման գործակալութեան միջոցով Արցախի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններէն տուժած մարդոց կարիքները հոգալու նպատակով, առաւել քան 4.1 միլիոն տոլար լրացուցիչ մարդասիրական օգնութիւն պիտի տրամադրէ:

Այս մասին հաղորդագրութիւն հրապարակեց Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան հայաստանեան առաքելութիւնը՝ նշելով, որ այս յաւելեալ ֆինանսաւորման հետ 2020-էն ի վեր Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակի արձագանգման գծով Միացեալ Նահանգներու մարդասիրական օգնութիւնը կազմած է շուրջ 28 միլիոն տոլար:

Արցախէն բռնի տեղահանուածներու այս լուսանկարը ընդգրկուած է TIME ամսագրի՝ 2023 թուականի 100 լաւագույն լուսանկարներու շարքին (լուսանկարի հեղինակը Նաննա Հէյթմանն է (The New York Times/Redux):)

Հաղորդագրութեան մէջ կը շեշտուի, որ 19-էն 20 սեպտեմբերին, Արցախի մէջ Ազրպէյճանի ռազմական գործողութեան պատճառով, առաւել քան 100,000 անձեր տեղահանուեցան Հայաստան, այդ պատճառով յառաջացան մարդասիրական անյետաձգելի կարիքներ»:

«Այս լրացուցիչ աջակցութեան միջոցով,  Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութիւնը կ’աջակցի Լեռնային Ղարաբաղէն տեղահանուած եւ Հայաստան ապաստանած՝ խոցելի վիճակի մէջ գտնուող գրեթէ 74,000 գաղթականներուն եւ տեղահանուած անձերուն հրատապ մարդասիրական օգնութիւն տրամադրելու ջանքերուն: Այս ֆինանսաւորման շնորհիւ պիտի աւելնայ կենսական նշանակութիւն ունեցող պարէնային օգնութեան ծաւալը, պիտի տրամադրուի մարդասիրական պաշտպանութիւն եւ արտակարգ իրավիճակներու համար նախատեսուած ժամանակաւոր ապաստան: Միացեալ Նահանգները կանգնած է Ազրպէյճանի ռազմական գործողութենէն տուժած քաղաքացիներուն կողքին եւ կ’աջակցի Հայաստանի կառավարութեան՝ կարիքի մէջ գտնուող մարդոց օգնելու ջանքերուն», կ’ըսուի վերոնշեալ հաղորդագրութեան մէջ: 

 

Արցախցի երեխաներու համար կը մեկնարկէ «Թեւեր» ծրագիրը

Արցախէն բռնի տեղահանուած երեխաներու վերականգնման, ընկերային յարմարեցման (adaptation) ու նոր հմտութիւններ ձեւաւորելու նպատակով մեկնարկած է «Թեւեր» ծրագիրը, որ կ’իրականացուի IDeA հարթակի, «Մենք ենք մեր սարերը» գործակալութեան եւ Դիլիջանի համայնքային կեդրոնի կողմէ:

«Դեռ Արցախի մէջ «Մենք ենք մեր սարերը» գործակալութիւնը բազմաթիւ ծրագիրներ իրականացուցած է` մեղմելու երկարատեւ շրջափակման մարդասիրական հետեւանքները Արցախի բնակչութեան համար: Հաւատարիմ մնալով իր համահիմնադրի` Ռուբէն Վարդանեանի կողմէ նախանշուած առաքելութեան ու սկզբունքներուն եւ կարեւորելով յատկապէս արցախցի երեխաներու հոգեկան եւ ֆիզիկական առողջութեան վերականգնումը շրջափակման եւ բռնի տեղահանման փորձութիւններէն ետք, գործակալութիւնը սկսած է «Թեւեր»  ծրագիրը`  մեր երխաներուն  եւ անոնց  ծնողներուն «թեւեր տալու» նպատակով: Յուսով ենք, անիկա պիտի օգնէ անոնց յաղթահարել դժուարութիւնները եւ լաւատեսութեամբ լեցնել ապագայի հանդէպ», ծրագրի մեկնարկի միջոցառման ժամանակ նշած է նախագիծի համակարգող Նարինէ Աղաբալեանը:

Ծրագիրը նախատեսուած է 4-18 տարեկան  արցախցի երեխաներու համար: Առաջին փուլին մէջ ընդգրկուած է Դիլիջանի մէջ բնակող շուրջ 50 երեխայ: Կը նախատեսուի, որ ծրագիրը պիտի իրականացուի Հայաստանի բոլոր մարզերուն մէջ:

Իւրաքանչիւր խումբի համար վեց շաբաթ տեւող ծրագիրը ուղղուած է տարբեր մարզաձեւերու ու բուժումներու (լող, ֆուտպոլ, արտբուժում եւ այլ) միջոցով  ֆիզիկական եւ  հոգեբանական ուժերու վերականգնման` 4-18 տարեկան երեխաներու համար եւ մտաւոր ներուժի զարգացմանը (առաջնորդական եւ ձեռնարկատիրական հմտութիւններու ձեւաւորում)`  12-18  տարեկան երեխաներու համար: 

Բարձրակարգ մասնագէտները երեխաներուն պիտի օգնեն յաղթահարել ծանր իրողութեան հետեւանքները,  արագ հաստատել նոր ընկերային կապեր, յարմարիլ նոր վայրին եւ լիարժէք կեանք վերադառնալ: