Համագանատական հանգանակութիւնը կը շարունակուի սրընթաց կերպով


Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան

Արցախահայութեան ճգնաժամը կը շարունակուի առ այսօր։Գանատահայութեան նպատակասլաց ծրագիրները սրընթաց առաջ կ’երթան։ Արցախէն տեղահանուած մեր քոյրերուն ու եղբայրներուն ծանր բեռը թեթեւցնելու եւ անոնց համար Հայաստանի մէջ արժանավայել կեանք մը ապահովելու ի խնդիր` համագանատական հանգանակային ձեռնարկ մը սկսած է Գանատայի տարածքին։

ՀՕՄ-ի շրջանային վարչութեան ատենապետ ընկերուհի Լուսին Ժամկոչեան Փալանճեանին հետ, իր՝ Թորոնթօ այցելութեան շրջանին, զրուցեցի՝ արցախահայութեան օժանդակութեան ծրագիրներուն, հանգանակային արշաւին մանրամասնութիւնները մեր ընթերցողներուն փոխանցելու նպատակով։

Արցախահայութեան բռնի տեղահանութենէն անմիջապէս ետք, ՀՕՄ-ի Գանատայի շրջանային վարչութիւնը, 26 սեպտեմբերին, կոչ ուղղեց գանատահայութեան նուիրատուութիւններու միջոցաւ աջակցելու Արցախի ընտանիքներուն համար նախաձեռնուած դրամահաւաքին: Հանգանակութեան աշխատանքներու սեմին վարչութիւնը 80 000 ԱՄՆ տոլար փոխանցեց ՀՕՄ-ի կեդրոնական վարչութեան։

Ընկերուհի Լուսին Ժամկոչեանի փոխանցմամբ՝ օժանդակութիւնները համակարգելու եւ աշխատանքները ի գործ դնելու համար՝ ՀՅԴ Գանատայի կեդրոնական կոմիտէի առաջարկով, ՀՕՄ-ի շրջանային վարչութենէն եւ գործակից միութիւններէն ներկայացուցիչներով կազմուեցաւ 25-30 հոգինոց յանձնախումբ մը, որուն անդրանիկ ժողովը տեղի ունեցաւ 27 հոկտեմբերին։ «Ժողովի ընթացքին շատ դիպուկ գաղափարներ ի յայտ եկան՝ հանգանակային արշաւը իր նպատակին հասցնելու ուղղութեամբ։ Նախ՝ որոշուեցաւ դրամահաւաքի թիրախը 500 000 գանատական տոլարի բարձրացնել եւ այս նպատակին հասնելու համար դիմել թէ՛ հայ, եւ թէ՛ օտար անհատներու, ընկերութիւններու ու կազմակերպութիւններու», նշեց ան:

Երկրորդ ծրագիրը՝ բոլոր կազմակերպութիւններուն եւ գաղութի անհատներուն ղրկել ե- նամակներ, որով պիտի խնդրուի դրամական օժանդակութիւն կատարել։ Երրորդը՝ առցանց աճուրդ մը կազմակերպել դեկտեմբերի ընթացքին եւ այս նպատակով նուիրատուներու արժէքաւոր իրերու վաճառքէն գոյացած հասոյթը յատկացնել տեղահան մեր քոյր-եղբայրներուն։ Այս ժողովէն շաբաթ մը չանցած առցանց աճուրդի նորակազմ ենթայանձնախումբը օրինակելի պարտաճանաչութեամբ գործի լծուեցաւ եւ 500 նուէրներ հաւաքելու ծանր աշխատանքին կողքին ընկերային ցանցերու վրայ լայն քարոզարշաւի մը ձեռնարկեց:

«Այսօր մեզմէ ոեւէ անհատ կրնայ helpartsakh.ca այցելելով կարելիութիւն ունենալ ծանօթանալու աճուրդի դրուած առարկաներուն կամ ծառայութիւններուն մասին եւ նոյնիսկ առիթ կ’ունենայ իր նուիրելիք առարկային մասին տեղեկություններ զետեղել հոն տեղադրուած ցանկերուն մէջ», յայտնեց ընկերուհին։

Զրոյցի ընթացքին ընկերուհին տեղեկացուց, թէ հանգանակուած գումարները պիտի յատկացուին արցախահայութեան վարձակալած բնակարաններուն վարձքերը մուծելուն, իրենց անմիջական պէտքերը հոգալուն եւ սնունդը ապահովելուն։ Գանատայի տարածքին հաւաքուած գումարը, ՀՕՄ-ի կեդրոնական վարչութեան միջոցաւ, պիտի փոխանցուի Հայաստանի միաւորին, զոր շաբաթներէ ի վեր սնունդ եւ առողջապահական իրերով լի տուփեր, վերմակներ, ձմեռնային հագուստ եւ այլազան իրեր կը մատուցէ գաղթական արցախահայութեան։

Ընկերուհին տեղեկացուց նաեւ որ կան երկարաժամկէտ ծրագիրներ, որոնք արդէն սկսած են մշակուիլ կազմուած յանձնախումբի մը աշխատանքներով՝ արցախահայութեան գործ հայթայթելու եւ ապահով կեանք մը ստեղծելու ուղղութեամբ, որպէսզի ո՛չ միայն անոնք արժանավայել կեանք մը ունենան, այլ՝ անոնց զաւակները կարենան մանկապարտէզ, դպրոց եւ համալսարան յաճախել։ Ան տեղեկացուց, որ նպատակ կայ մանկապարտէզ հիմնելու Հայաստանի մէջ, նման՝ Արցախի ՀՕՄ-ի հիմնած «Սօսէ» մանկապարտէզներուն:

Ընկերուհի Լուսին Ժամկոչեան Փալանճեան այսօրուան ծրագիրներուն մասին խօսելով ըսաւ. «Օգնութիւնը երկարաժամկէտ է, կարիքները բազմաթիւ են եւ բազմազան ու նոյնիսկ մեր կարողութենէն վեր, սակայն մեր կարելիութեան սահմաններուն մէջ պիտի աշխատինք ու ճիգ պիտի չխնայենք… Շարունակական աշխատանք է մեր կատարածը, սակայն մինչեւ ե՞րբ … չենք գիտեր: Աստուած տայ, որ պայմանները փոխուին եւ Արցախի տեղահան եղած ընտանիքները հրաշքով մը արժանավայել կեանքի մը արժանանան»:

Ան զրոյցի վերջաւորութեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք իրենց բաժինը կը բերեն տարուած լուրջ աշխատանքին յաջողութիւնը ապահովելու համար։

«Բախտաւոր ենք, որ մեր շուրջը ունինք առատաձեռն նուիրատուներ, երիտասարդ եւ կարող ընկերուհիներ, սքանչելի ՀՕՄ-ուհիներ եւ ընկերներ, որոնք կարճ միջոցի մը ընթացքին մեղուաջան աշխատանքով կազմակերպեցին օժանդակութեան գործընթացը։ Վստահ եմ, որ շնորհիւ գանատահայ, ինչպէս նաեւ օտար գանատացիներու օժանդակութեամբ պիտի իրականացնենք մեր նպատակը եւ հասնինք մեր թիրախին», յոյս յայտնեց ընկերուհին։