Արցախի մէջ մնացած են շատ քիչ անձեր․ Արցախն այս շաբաթ


Արցախի մէջ մնացած են շատ քիչ անձեր, յատկապէս՝ տարեցներ եւ հաշմանդամներ

Սեպտեմբերին Ղարաբաղէն դէպի Հայաստան մարդոց զանգուածային տեղահանումէն ետք,Կարմիր խաչը սկսաւ փնտռել մարդիկ, որոնք չեն կրցած հեռանալ կամ նախընտրած են մնալ Արցախ: Այս մասին RTVI-ին տուած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի գլխաւոր տնօրէն Ռոպըրթ Մարտինի:

«Մեր աշխատակիցները այցելեցին քաղաքները եւ շրջեցան գիւղերուն մէջ: Մենք կը շրջէինք եւ բարձրախօսներով կը փնտռէինք անոնք, որոնք մնացած են հոն, որպէսզի օգնենք անոնց: Եւ հակառակ անոր որ մեծամասնութիւնը մեկնած է Հայաստան, մենք, Հայկական Կարմիր Խաչին հետ կ’աջակցէինք մնացած բնակիչներուն: Շատ քիչ անձեր մնացած են, մասնաւորաբար՝ տարեցներ եւ հաշմանդամութիւն ունեցող անձեր, որոնք չեն կրցած մեկնիլ Հայաստան: Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մնացած շուրջ 20 անձերը մեզմէ ստացած են ուտելիքի ծրարներ, հաց, մաքրութեան պարագաներ եւ բժշկական քննութեան ենթարկուած են», ըսաւ Մարտինի։

Կարմիր խաչի մեքենան ամայացած Ստեփանակերտի հրապարակին վրայ (լուսանկարը՝ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի)

Ան դիտել տուաւ, որ իրենք նաեւ՝ մարդոց խնդրանքով, ապահոված են շուրջ 50 անձերու փոխադրութիւնը Հայաստան, ուր անոնք միացած են իրենց ընտանիքներուն։ Կարմիր խաչը կը շարունակէ կապ հաստատել Արցախի մէջ մնացած թիւով քիչ հայերուն հետ` օգնելով անոնց վերամիանալու Հայաստանի մէջ իրենց ընտանիքներուն հետ եւ կապ պահպանել անոնց հետ՝ հեռաձայնով կամ տեսակապով: «Ասիկա կը շարունակէ շատ կարեւոր տարածաշրջան մը մնալ մեզի համար», յայտնեց Մարտինի։

 

Ազրպէյճանի բանտերուն մէջ կայ առնուազն 55 հայ, իսկ նուազագոյնը 80 գերիներու ճակատագիրը անյայտ է

30 նոյեմբերին, «Մեդիա կեդրոն»-ին մէջ տեղի ունեցած քննարկումի մը ընթացքին, Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեանին մէջ հայ ռազմագերիներու շահերու ներկայացուցիչ, իրաւաբան Սիրանոյշ Սահակեան յայտարարեց, թէ ներկայիս, ըստ պաշտօնական տուեալներու, Պաքուի բանտերուն մէջ կան 6 քաղաքացիներ, 41 ռազմագերիներ եւ քաղաքական հետապնդման ենթարկուող բարձրաստիճան 8 պաշտօնատարներ եւ զինուորականներ, նաեւ՝ Ազրպէյճանի մէջ կը գտնուին 80 ռազմագերիներ եւ պարզ քաղաքացիներ, որոնց ճակատագիրը անյայտ է եւ այդ ուղղութեամբ որեւէ քայլի չի ձեռնարկուիր։

Սիրանուշ Սահակեան (լուսանկարը՝ Մեդիա կեդրոնի)

Խօսելով վարչապետ Փաշինեանի այն յայտարարութեան, որ Երեւան պատրաստ է Հայաստանի մէջ դատապարտուած ազրպէյճանցիները փոխանակելու հայ գերիներու հետ՝ Սահակեան ըսաւ, թէ այդ առաջարկը ընդունելի չէ Ազրպէյճանի համար։ «Եթէ Պաքու փափաքէր երկու ազրպէյճանցի զինուորները փոխարինել 55 անձերու կամ գոնէ 10 ռազմագերիներու հետ, կը վստահեցնեմ, որ ցարդ այդ գործը կատարուած կ’ըլլար։ Ազրպէյճան կը համաձայնի իր երկու զինուորները փոխանակելու երկու հայ ռազմագերիներու հետ»։

Սահակեան աւելցուց, թէ Ազրպէյճան հայ ռազմագերիները կը պահէ Հայաստանի վրայ ճնշում գործադրելու նպատակով։

 

Պաքուն կը ծրագրէ ջնջել Արցախի մէջ հայերու ներկայութեան բոլոր նշանները. ՄԱԿ-ի զեկուցող

Զուիցերիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը, որ նաեւ Ժընեւի ՄԱԿ-ի գրասենեակին մօտ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցչութիւնն է, հրապարակեց ՄԱԿ-ի մշակութային իրաւունքներու հարցերու յատուկ զեկուցողին՝ Արցախի մշակութային եւ կրօնական նշանակալի վայրերու վիճակին մասին հաղորդագրութիւնը։

ՄԱԿ-ի մշակութային իրաւունքներու հարցերու յատուկ զեկուցողը մտահոգութիւն կը յայտնէ «հայկական պատմական, մշակութային եւ կրօնական նշանակալի վայրերուն եւ կեդրոններուն ոչնչացման եւ իւրացման շարունակական գործունէութեան, հայերու ներկայութեան հետքերը ջնջելու նպատակով Լեռնային Ղարաբաղի պատմութեան կազմակերպուած վերաիմաստաւորման, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանին մէջ հայերու նկատմամբ խտրականութեան եւ մարդու իրաւունքներու եւ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի միջազգային չափանիշներու խախտմամբ իրականացուող ճնշումներուն վերաբերեալ»:

Շուշիի Ղազանչեցոց Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցին մզկիթի կը վերածուի (լուսանակրը՝ Monument Watch-ի)

«Զիս յատկապէս կ’անհանգստացնեն այն պնդումները, որ մարդոց, յուշարձաններու եւ խորհրդանիշներու վրայ համակցուած յարձակումները, պատմութեան կեղծումը, տեղանուններու ջնջումը եւ հայերու մասին բացասական խօսակցութիւնները կրնան վերածուիլ մշակութային զտումներու», կ’աւելցնէ զեկուցողը՝ ընդգծոլով, որ Միջազգային դատարանը, Եւրոպական խորհրդարանը եւ Եւրոպայի խորհուրդը մտահոգութիւն յայտնած են Ազրպէյճանի մէջ զարգացող այն գաղափարախօսութեան վերաբերեալ, որ հայկական մշակութային ժառանգութիւնը կը փորձեն ներկայացնել իբրեւ «կովկասեան ալպանացիներ»ու (աղուանական) ժառանգութիւն:

 

Ազրպէյճանը կը շարունակէ արգելափակել Արցախ՝ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի առաքելութիւն ուղարկելու նախաձեռնութիւնը

«Սփիւտնիկ Արմենիա»-ի հարցումին իբրեւ պատասխան՝ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ Ազրպէյճանը կը շարունակէ արգելափակել ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի առաքելութիւնը Լեռնային Ղարաբաղ ուղարկելու նախաձեռնութիւնը:

Նախարարութիւնը դիտել տուաւ, որ 2020-ին, Արցախի վրայ Ազրպէյճանի լայնածաւալ յարձակումէն ի վեր, Երեւան միջազգային մասնագիտացած կազմակերպութիւններուն մէջ, որոնց կարգին՝ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի, մնայուն կերպով կը բարձրացնէ Արցախի մէջ հայկական մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան պաշտպանութեան հարցը:

Նոյեմբեր 2020-էն ի վեր, Հայաստան սատարած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ընդհանուր տնօրէնին` Արցախ փորձագիտական խումբ ուղարկելու նախաձեռնութեան եւ ներգրաւուած էր կարելի եղածին չափ սեղմ ժամկէտներու մէջ առաքելութեան կազմակերպման գործընթացին մէջ:

«Սակայն Ազրպէյճանը շարունակաբար արգելք կը հանդիսանայ Լեռնային Ղարաբաղ ԵՈՒՆԵՍԿՕ-ի առաքելութիւն ուղարկելու նախաձեռնութիւնը։ Ազրպէյճանի ապակառուցողական կեցուածքը ԵՈՒՆԵՍԿՕ-ի փորձագիտական առաքելութեան հարցով կը հակասէ մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան ոլորտին մէջ գործող բոլոր միջազգային վեհաժողովներու, ներառեալ` Զինուած ընդհարման պարագային մշակութային արժէքներու պաշտպանութեան մասին 1954 թուականի կոնվենցիայի դրոյթներին», կը յայտնէ արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

Բացի այդ, լուսարձակի տակ կը բերուի այն, որ Պաքուի դիրքորոշումը կը խախտէ ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան միջազգային դատարանի  7 դեկտեմբեր 2021-ի որոշումը, որ կը պարտաւորեցնէ Ազրպէյճանը՝ «ձեռնարկելու բոլոր անհրաժեշտ միջոցներու` կանխելու եւ պատժելու վանդալիզմի ու պղծման գործողութիւնները` ուղղուած հայկական մշակութային ժառանգութեան, ներառեալ` եկեղեցիներու եւ այլ պաշտամունքի վայրերու, յուշարձաններու, տեսարժան վայրերու, գերեզմաններու եւ մշակոյթի մնացորդներու դէմ»:

 

Եւրոպական խորհրդարանի յանձնախումբը Ազրպէյճանի դէմ պատժամիջոցներ կիրարկելու կոչ ուղղեց

Եւրոպական խորհրդարանի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը ընդունած է Անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան միասնական քաղաքականութեան իրականացման եւ ընդհանուր արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան իրականացման տարեկան զեկուցումները:

Ըստ «Արմենպրես»-ի, զեկուցումները կը դատապարտեն Ազրպէյճանի յարձակողապաշտ քաղաքականութիւնը, նախապէս ծրագրուած ռազմական յարձակումը Արցախի դէմ: Անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան միասնական քաղաքականութեան իրականացման տարեկան զեկուցումին մէջ նշուած է, որ Ազրպէյճանի կողմէ իրականացուած յարձակումը չի կրնար անհետեւանք մնալ, եւ կոչ կ’ուղղուի Եւրոպական Միութեան պատժամիջոցներ կիրարկելու ազրպէյճանական իշխանութիւններուն դէմ, որոնք պատասխանատու են հրադադարի բազմաթիւ խախտումներուն համար: Ինչպէս նաեւ կոչ կ’ուղղուի կասեցնելու ուժանիւթի վերաբերեալ փոխըմբռնման յուշագիրը, եւ հաշուի առնելով վերջին իրադարձութիւններն ու Ազրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու ողբալի իրավիճակը դադրեցնելու նոր գործընկերութեան համաձայնագիրի շուրջ բանակցութիւնները Ազրպէյճանի հետ:

«Ազրպէյճանի հետ Եւրոպական Միութեան յարաբերութիւններու որեւէ խորացում պէտք է պայմանաւորուի անով, որ երկիրը էական յառաջընթաց արձանագրէ մարդու իրաւունքներու, օրէնքի գերակայութեան, ժողովրդավարութեան եւ հիմնարար ազատութիւններու, որոնց շարքին` ազգային փոքրամասնութիւններու պաշտպանութեան հարցին մէջ», նշուած է զեկուցումին մէջ:

Եւրոպական խորհրդարանի ընդունած ընդհանուր արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան իրականացման տարեկան զեկուցումը իր կարգին կը դատապարտէ Ազրպէյճանի նախապէս ծրագրուած եւ չարդարացուած յարձակումը Արցախի հայութեան վրայ եւ կը պահանջէ պաշտպանել հայկական մշակութային, պատմական եւ կրօնական ժառանգութիւնը Արցախի մէջ` ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի չափանիշներուն եւ Ազրպէյճանի միջազգային պարտաւորութիւններուն համապատասխան:

 

Արցախի նախագահ Սամուէլ Շահրամանեան Ազրպէյճանի հետ բանակցութիւններ չի վարեր 

«Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին, Արցախի նախագահի խորհրդական Վլադիմիր Գրիգորեան հաստատեց, որ ներկայ դրութեամբ, Արցախի նախագահ Սամուէլ Շահրամանեան բանակցութիւններ չի վարեր Ազրպէյճանի ներկայացուցիչներուն հետ՝ աւելցնելով, որ եթէ բանակցութիւն ըլլար, Արցախի նախագահի աշխատակազմը յայտարարութեամբ հանդէս կու գար, «թաքցնելու որեւէ բան չկայ»:

Սամուէլ Շահրամանեան Արցախի հանրային հեռուստաընկերութեան տուած հարցազրոյցի ժամանակ

29 նոյեմբերին, Արցախի անվտանգութեան խորհուրդի նախկին քարտուղար Սամուէլ Բաբայեան պնդած էր, որ Սամուէլ Շահրամանեան կը բանակցի Ազրպէյճանի հետ:

Գրիգորեան դիտել տուաւ, որ չեն պատրաստուիր արձագանգել Բաբայեանին. ան պէտք է ըսէ, թէ ուրկէ ունի նման տեղեկութիւն: Միաժամանակ ան չբացառեց, որ թեքնիք հարցերով Շահրամանեան կապեր կ’ունենայ ազրպէյճանական կողմին հետ, յատկապէս՝ Պաքուի մէջ գտնուող գերիներու հարցով:

«Եթէ նախկին նախագահները կը կապուին կամ Արցախի մեր միւս քաղաքացիները, որոնք այս պարագային գերիառնուած են, կամ որոշ կապ կը ստեղծուի, ես չեմ կրնար ըսել՝ մենք ատիկա կրնանք համարել շփում։ Տեխնիկական խնդիրներ են, այսինքն՝ եթէ այնտեղէն կը զանգահարեն, կամ այստեղէն կը փորձեն ինչ-որ ձեւով կապ հաստատել, չեմ գիտեմ՝ մենք որքանով կրնանք ատիկա շփում համարել: Բանակցութիւն, բնականաբար, չենք կարող համարել, բայց շփում, կարծում եմ, եւս չենք կարող համարել», ըսաւ Գրիգորեան: 

Ասոր զուգահեռ, Արցախի խորհրդարանի ընդդիմադիր «Արդարութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Դաւիթ Գալստեան «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին հաստատեց, որ Շահրամանեան խօսած է Պաքուի մէջ գերի պահուող արցախցի բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն հետ: 

Պատասխանելով այն հարցումին, որ արդեօք Շահրամանեա՞նը կապ հաստատած է անոնց հետ, թէ Արցախի նախկին առաջնորդները հոնկէ միջնորդաւորուած հեռաձայնած են՝ Գալստեան մանրամասնութիւն չտուաւ եւ ըսաւ. «Երբ մենք պատգամաւորներով կը հանդիպէինք նախագահին եւ հարցուցած էինք, թէ ինչ նորութիւններ կան մեր գերի առնուած բարձրաստիճան պաշտօնեաներէն, ըսաւ, որ բնական է, խօսած է, եւ անոնք այնտեղէն ըսած են, որ խոշտանգումներու չեն ենթարկուած եւ այլն»:

 

«Քեզ համար, Հայաստան» հեռուստամարաթոնէն գոյացած գումարին մէկ մասը պիտի յատկացուի արցախահայութեան

Հայաստան Համահայկական հիմնադրամը հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, որ «Քեզ համար, Հայաստան» խորագրի ներքոյ տեղի ունեցաւ հիմնադրամին 26-րդ հեռուստամարաթոնը, որուն ընթացքին ներկայիս հաւաքուած է շուրջ 8.4 միլիոն տոլար:

Դրամահաւաք-միջոցառումները տակաւին կը շարունակուին, իսկ վերջնական արդիւնքները պիտի ամփոփուին տարեվերջին:

Ըստ հաղորդագրութեան, Հայաստանի մէջմ հանգանակուած է 552,372 տոլար, Ֆրանսայի տեղական մարմինը հաւաքած է՝ 3,250,000 տոլար, Ամերիկայի տեղական մարմինը՝ 3,100,000 տոլար, Թորոնթոյի տեղական մարմինը՝ 500,000 տոլար,  Մեծ Բրիտանիոյ տեղական մարմինը՝ 450,000 տոլար, Արժանթինի տեղական մարմինը՝ 160,690 տոլար, ինչպէս նաեւ նուիրատուութիւններ կատարուած են՝ Հոլանտայէն 100,000 տոլար, Պրազիլէն՝ 92,000 տոլար, Գերմանիայէն՝ 66,400 տոլար, Զուիցերիայէն՝ 50,000 տոլար, Աւստրալիայէն՝ 27,000 տոլար, Աւստրիայէն՝ 25,900 տոլար, Ռումինիայէն՝ 4360 տոլար:

«Քեզ համար, Հայաստան»-ի դրամական միջոցները պիտի ուղղուին Արցախէն բռնի տեղահանուած մեր հայրենակիցներու կենսապայմաններու բարելաւմանը, ինչպէս նաեւ՝ սահմանային համայնքներու զարգացման ուղղուած ծրագիրներու ֆինանսաւորմանը», կը հաղորդէ հիմնադամը:

 

Լեռնային Ղարաբաղիի 140 յուշարձանի անգլերէն ցուցակը կազմուած է միջազգային հարթակներ ներկայացնելու համար

ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ սպորտի (ԿԳՄՍ) նախարարութիւնը Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած գործընկերներու հետ կազմած է առաւել կարեւոր յուշարձաններու անգլերէն ցուցակ մը միջազգային գործընկերներուն ներկայացնելու համար, «Սփուտնիկ Արմենիա»-ի գրաւոր հարցումին ի պատասխան՝ ըսած են նախարարութենէն:

Աղբիւրը կը յայտնէ, որ Ազրպէյճանի խորհրդարանի պատգամաւոր, Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ Ազրպէյճանի պատուիրակութեան անդամ Նիգար Արփադարայը յայտարարած է, որ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն հրաժարած է Պաքուի պահանջէն` Աղդամով Ստեփանակերտ երթալ յուշարձաններու վիճակը գնահատելու համար:
Այս թեմայով վերոնշեալ աղբիւրը գրաւոր հարցում ուղարկած է ԿԳՄՍ նախարարութեան, թէ ստեղծուած իրավիճակին մէջ նախարարութիւնը ի՞նչ քայլերու կը պատրաստուի ձեռնարկել:

Պատասխանին մէջ կը նշուի, որ 2020-էն ի վեր նախարարութիւնը համապատասխան աշխատանքներ կ’իրականացնէ գործընկեր միջազգային կազմակերպութիւններուն Լեռնային Ղարաբաղի կրօնական եւ մշակութային յուշարձաններու պաշտպանութեան խնդրի մասին տեղեկացնելու համար:

 «Կը տեղեկացնենք նաեւ, որ ստեղծուած իրավիճակին մէջ ԿԳՄՍ նախարարութեան պատմութեան եւ մշակութային յուշարձաններու պահպանութեան վարչութիւնը Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած գործընկերներու հետ կազմած է առաւել կարեւոր 140 յուշարձաններու անգլերէն ցուցակ` լուսանկարներով, վիճակի նկարագրութեամբ, եւ այլ տուեալներով, որ փոխանցուած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութիւն` միջազգային գործընկերներու հետ աշխատանքի համար», նշուած է նախարարութեան պատասխանին մէջ: