Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին եկեղեցին իր 40-ամեակի յոբելենականը կը տօնէ


Շաբաթ, 18 նոյեմբեր 2023-ին, Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին հայց. առաքելական եկեղեցին հանդիսաւորապէս նշեց իր հիմանդրութեան 40-ամեակի յոբելենական հանդիսութիւնը: Արցախի ճգնաժամային պայմաններուն պատճառով, ճաշկերոյթի բաժինը զանց առնուեցաւ եւ պաշտօնական բաժինը կատարուեցաւ եկեղեցւոյ մէջ՝ ըստ պատշաճի: Օրուան յոբելենական գլխաւոր հովանաւորներն էին՝ տէր եւ տիկին Միքայէլ եւ Օքուքէմի Օլանեան, տէր եւ տիկին Վահէ եւ Ֆիմի Պալեան, տէր եւ տիկին Գէորգ եւ Ռաքէլ Նահապետեան եւ տէր եւ տիկին Սէրգօ եւ Ատրիանա Միքայէլեան ընտանիքները:

Հանդիսութիւնը նախագահեց Գանատայի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդտէր Բաբգէն արք․ Չարեան: Ներկայ էին Թորոնթոյի հայ գաղութի կազմակերպութիւններուն ներկայացուցիչները։
Հանդիսութեան սկիզբը, տէր Տաթեւ աւ. քհն․ Միքայէլեան խօսք առաւ՝ բարի գալուստ մաղթելով ներկաներուն եւ ոտնկայս հրաւիրեց նշելու յիշատակը մեր նահատակներուն եւ տեղահաններուն,ապա, երեք անգամ թակելով իր ձեռքին բռնած ուռնակը (մուրճ) ըսաւ. «33 տարիներ առաջ, առաջին անգամ ըլլալով, երջանակայիշատակ Գարեգին Բ. կաթողիկոս թակեց այս եկեղեցւոյ դռները՝ «ԲԱՑ ՄԵԶ ՏԷՐ երգելով»։ Այնուհետեւ, Տաթեւ աւ. քահանան բաց յայտարարեց հանդիսութիւնը հրաւիրելով օրուան հանդիսավարը՝ Ս. Աստուծածին եկեղեցւոյ հոգաբարձական անդամ, Սարգիս սրկ. Կիտանեանը:

Սարգիս Սարկաւագը բարի գալուստի խօսքին մէջ ըսաւ. «Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին եկեղեցին իր աշխուժութեամբ, իր արարողութիւններով, իր կենսունակ ծառայողներու ներկայութեամբ եւ իր մարդասիրական աշխատանքներով այսօր ճանչցուած է աշխարհի չորս կողմերէ՛ն, այդ բոլորը կրնանք պարտիլ մի միայն մեր նախնիներու ջանքերուն ու աշխատանքներուն – ամենամեծէն մինչեւ ամենափոքրը, հոգեւորականէն մինչեւ աշխարհականը»:

Ապա տեղի ուենցաւ տեսերիզի ցուցադրութիւն մը, որմէ ետք, հանդիսավար սարկաւագը հրաւիրեց 40-ամեակի յանձնախումբի ատենապետ Մարալ Պէքարեանը, որպէսզի իր ուղերձը փոխանցէ ժողովուրդին: Իր խօսքէն ետք, տիկին Պէքարեան հրաւիրեց եկեղեցւոյս բարերարներն ու կնքահայրերը, որպէսզի վառեն 40 լապտերներ, որպէսզի անոնք եկեղեցւոյս խորանին վրայ զետեղուին:
Ներկայ հաւատացեալները մեծապէս ուրախացան, երբ ասմունք կատարուեցաւ Կիրակնօրեայի աշակերտութեանց եւ Լոռի Պերպերեանի կողմէ, որոնք ասմունքեցին եկեղեցւոյս երկարամեայ ծառայողներուն՝ Գրիգոր Հոթոյեանի եւ հանգուցեալ Օժենի Սիմոնեանի հեղինակած եկեղեցւոյ նուիրուած բանաստեղծութիւնները:

Հոգաբարձութեան կողմէ խօսք արտասնող տոթք. Գրիգոր կիսասարկաւագ Պէպէճեանը իր ատենապետի խօսքին մէջ ըսաւ․ «Մեր եկեղեցւոյ չափանիշները միշտ եղած են բարձր ու յառաջդիմական: Մեր ժողովուրդի պահանջներուն եւ սպասումներուն բարձր նշացողը մեզի համար եղած են մղիչ ուժ եւ ներշնչման աղբիւր»։

Երեկոն զարդարուեցաւ ջութակահար Սոնա Գալթակեանի, «Զարեհ Ազնաւորեան» դպրաց դասի ու դաշնակահար Թալին Արթինեան-Գըլըպօզեանի երաժշտական կատարողութեամբ:
Հոգեւոր հովիւի խօսք առաւ տ. Վարդան ծվ․ Թաշճեանը։ «Հաւաքուած ենք այստեղ այսօր եւ շղթայուած իրարու եւ իրարմով, մեր անցեալով եւ ներկայով, մեր յայտնիներով եւ անյայտներով, մեր ներկաներուն եւ բացականերուն շունչով՝ շարունակելու եւ առաւել ամրապնդելու մեր տարիներու ծառայութեան շղթային օղակները վերանորոգ կամքով, հաւատքի կրակով եւ յուսահայաց տեսիլքի ապագայով», ըսաւ ան։

Հանդիսավարը հրաւիրեց Առաջնորդ սրբազան հայրը, որպէսզի շքանշաններու տուչութիւն կատարէ:

Իրենց ժրաջան աշխատանքին համար, եկեղեցւոյ գնահատագիրներ ստացան՝ Վարդան սրկ. Գարակիւլէեան, Սարգիս սրկ. Յովհաննէսեան, Ռաֆֆի սրկ. Սարգիսեան, Անուշ Կալստեան, Սալփի Սարգիսեան, Ռիթա Սրապեան, Հայկ սրկ. Ակոբեան, Թալին Քըլըպօզեան, Գէորգ սրկ. Ալաճաճեան, Լիլիթ Անտոնեան, Սեւան Աթանոսեան, Մարալ Ճամճէքեան, Էլիզ Արթին, Մանուշ Մուրատեան, Հիլտա Գանտահարեան, Հրութ Սիմոնեան, Թալին Մահսերեճեան, Արփի Վեսոյեան, Սեդա Պետրոսեան, Մայտա Ալէքսանեան, Ալիս Զաքարեան եւ Մայտա Ուզունեան։

Այս առթիւ, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներն ու հոգաբարձութիւնը հարկ զգացին նաեւ պարգեւատրելու եկեղեցւոյս կնքահայրերը, որոնք իրենց լուման չզլացան բաժնեկցիլ մեր եկեղեցւոյ բարօրութեան համար: Առ այդ, Առաջնորդ սրբազան հայրը ներկայ կնքահայրերուն յուշանուէր մը փոխանցեց: Հանդիսութեան ներկայ էր նաեւ «Յովնանեան» սրահի գլխաւոր բարերարին դուստրը, որուն եւս յուշանուէր մը փոխանցուեցաւ:

Սրբազան հայրը՝ Ազգային առաջնորդարանին կողմէ պարգեւատրումներ փոխանցեց․ «Առաջնորդի Գիր» օրհնութեան պարգեւ ստացան՝ Նորա Սարգիսեան, Մարալ Պէքարեան եւ Անահիտ Զաքարեան: «Անանիա Շիրակացի» շքանշան ստացան՝ Մարալ Գավասեան եւ Մարիժան Պայրագտարեան-Զաթաար, իսկ «Յովհան Մանդակունի» շքանշան ստացան Յարութիւն Գասապեան եւ Մելքոն սրկ. Քարկոցեան:

Այնուհետեւ հանդիսավարը հրաւիրեց Բաբգէն արքեպիսկոպոսը, որպէսզի իր Հայրական յորդորը փոխանցէ ներկաներուն: Առաջնորդ սրբազան հայր իր խօսքին մէջ նշեց, որ Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին եկեղեցին իր հիմնադրութենէն ի վեր, օր ըստ օրէ կ՚աճի ու կը ծաղկի ու իր հաւաքական կամքով ու կեանքով առաւել կը պայծառանայ։
Հանդիսութիւնը Բաբգէն արքեպիսկոպոսի «Պահպանիչ» աղօթքով վերջ գտաւ:

Յետ ձեռնարկին, Հայ կեդրոնի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պատշաճ հիւրասիրութիւն մը, կարկանդակի հատում եւ վաճառք, որուն բոլոր հասոյթը պիտի նուիրուի արցախահայութեան:

Եկեղեցւոյ պատմականը

Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին հայաստանեայց առաքելական եկեղեցին Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան պատկանող առաջին եկեղեցին է Օնթարիոյի մէջ։
1979-ին Թորոնթոյի հայ գաղութը պատուաբեր յաջողութեամբ կը կառուցէ ազգապահպանման երկու կարեւոր բերդեր՝ Հայ կեդրոնն ու հայ դպրոցը, որոնց կից ապագային կը կառուցուէր Ս. Աստուածածին եկեղեցին։

Եկեղեցին հաւատացեալներուն առջեւ իր դռները կը բանայ 10 ապրիլ 1983-ին, Bayview-ի Ս. Օգոստինոս եկեղեցւոյ մէջ, ուր Անդրանիկ պատարագ մը կը մատուցուի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Մեսրոպ արք. Աշճեանի ձեռամբ, եւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հովիւ կը նշանակուի Մեծի տանն Կիլիկիոյ միաբաններէն տէր Խաժակ վրդ․ Յակոբեանը։
1 մայիսին կը գումարուի առաջին ընդհանուր ժողովը, երբ տեղի կ’ունենայ առաջին հոգաբարձական ընտրութիւնը, իսկ 19 մայիս 1985-ին, եկեղեցւոյ հոգաբարձական կազմին խնդրանքով, Խաժակ վարդապետը ծայրագոյն վարդապետ կը ձեռնադրուի, ձեռամբ՝ Հիւսիսային Ամերիկայի արեւելեան թեմի եւ Գանատայի առաջնորդ տէր Մեսրոպ արք. Աշճեանի։

Կիրակնօրեայ պատարագներու մատուցման յարատեւ տեղափոխութեան անհաճոյ երեւոյթին հետեւանքով, եկեղեցւոյ հոգաբարձութիւնը կ’որոշէ մնայուն տաճար մը կառուցել, որ պիտի վայելէ Կիլիկիոյ աթոռին հոգեւոր հովանաւորութիւնը Թորոնթոյի մէջ։ Թափ կ’առնէ հոգելոյս Գարեգին վեհափառին նշած «Գմբէթաւորումը» եւ 17 օգոստոս 1986-ին տեղի կ՚ունենայ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հողօրհնէքը, ձեռամբ՝ Խաժակ ծ․ վարդապետին, իսկ 21 մայիս 1989-ին տեղի կ’ունենայ եկեղեցւոյ հիմնաքարերու զետեղումը։ 25 մարտ 1990-ին կը կատարուի եկեղեցւոյ գմբէթի եւ զանգակատան խաչերու օծումը, ձեռամբ՝ Մեսրոպ արք. Աշճեանի։

26 մայիս 1990-ին տեղի կ’ունենայ նորակառոյց Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ դռնբացէքի արարողութիւնը, նախագահութեամբ՝ Մեծի տանն Կիլիկիոյ սուրբ աթոռի գահակալ՝ Գարեգին Բ. կաթողիկոսին։ Յաջորդ օրը, Կաթողիկոսին ձեռամբ կը կատարուի նորակառոյց Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ օծումն ու անուանակոչութիւնը, որոնցմէ ետք տեղի կ’ունենայ «Յովնանեան» սրահի բացումը։

Եկեղեցին կը շարունակէ իր ազգանուէր ծառայութիւնը, ունենալով իրարայաջորդ հովիւներ եւ քահանաներ։ Հարկ է նշել հոգեւոր հովիւ Մեծի տանն Կիլիկիոյ միաբան տէր Շահէ ծվ․ Փանոսեանը, որ վերակազմեց եկեղեւոյ Դպրաց դասն ու Կրտեսերաց դպրաց դասը եւ որուն հովուութեան ընթացքին եւ իր ջանքերով կատարուեցան եկեղեցւոյ բարեզարդումը, գորգապատումը, սրբապատկերներու, Սուրբ խորանի մարմարակերտ մայր սեղանի, Զուարթնոց հարաւային եւ հիւսիսահայեաց մկրտարանի խորաններու, մոմավառութեան երկու սեղաններու, հինգ ջահերու, բանկալի երկու սեղաններու, Սուրբ խորանի վերեւ կախուած Լուսաւորչի կանթեղի եւ բեմին մարմարապատուած ճակատի օծումները, 2 նոյեմբեր 1997-ին, ձեռամբ՝ Արամ Ա. կաթողիկոսին։

2002-ին Ս. Աստուածածին եկեղեցին կը թեւակոխէ իր երրորդ շրջանը, գլխաւորութեամբ՝ տէր Մեղրիկ ծվ․ Բարիքեանի ու իր հովուութեան օրօք Ս. Աստուածածին եկեղեցին կը բարգաւաճի։ Կը կատարուի եկեղեցւոյ անդրանիկ դպրացի եւ սարկաւագաց ձեռնադրութիւնները, որոնց կը յաջորդեն բազմաթիւ ձեռնադրութիւններ։ Կը կազմուի Երիտասարդական երգչախումբը, եկեղեցւոյ գրախանութը, եկեղեցւոյ յանձնախումբերը, Գանատայի մէջ սփռուած եկեղեցական միակ ռատիօժամը՝ «Կիլիկիոյ ձայն»-ը, որ ամէն կիրակի ժամը 8-էն 11-ի միջեւ կը սփռուէր կայքէջին վրայ։ Իր շրջանին եկեղեցին կը ներկայացնէ 4 համերգներ եւ հարիւրաւոր երգահանդէսներ։

2012-ին, գլխաւորութեամբ՝ Մեղրիկ ծ. վարդապետին, եկեղեցիէն ներս նորոգութիւններ տեղի կ՚ունենան։ Օգոստոս 2012-ին, եկեղեցին կ՚ունենայ իր առաջին ծխատէր քահանան՝ տէր Կոմիտաս աւգ․ քհն․ Փանոսեանը։ 2014-ին, տ․ Մեղրիկ կը ստանայ եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն եւ օծում, իսկ 9 մայիս-ին կ’ընտրուի առաջնորդ Գանատայի հայոց թեմին։
Սոյն ժամանակաշրջանին, Կոմիտաս աւգ․ քահանան կը վարէ հովուութեան պաշտօնը, իր գլխաւորթեամբ կը շարունակուին եկեղեցական արարողութինները, եւ մինչ օրս կը շարունակուի հրատարակուիլ եկեղեւոյ «Եկեղեցի» շաբաթաթերթը։

Հոկտեմբեր 2014-ին, Ստեփանոս վ․ Փաշայեան կը նշանակուի հովիւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ եւ իր շրջանին կը զարգանան եկեղեցւոյ լսատեսողական միջոցները։ Իր հովուութեան ժամանակ մեծ շուքով կը նշուի Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակն ու նահատակաց սրբադասումը։

2014-2017 թուականներուն, եկեղեցին կ’օժանդակէ Հայ կեդրոնի «Սուրիահայ գաղթականաց գրասենեակ»-ի հաստատման՝ աւելի քան 2000 սուրիահայ գաղթականներ ներառելու համար։
Ապրիլ 2016-ին, Ս. Աստուածածին եկեղեցին լայն ձեռքերով կ՚ընդունի իր հինգերորդ հովիւը՝ տէր Գեղարդ ծ․ վարդապետը, որ իր կարգին կը ծաղկեցնէ եկեղեցւոյ կեանքն ու մթնոլորտը։ Ան, երկու տարուան հովուութեան ընթացքին, վառած է Ս. գիրքի բազմաթիւ սերտողութիւններ եւ վերաշխուժացուցած է Քրիստոնէական դաստիարակութեան յանձնախումբը։

2019-ին թեմիս բարեջան առաջնորդտէր Բաբգէն արք. Չարեանի տնօրէնութեամբ եւ օրհնութեամբ, տէր Վարդան ծվ․ Թաշճեանն ու տէր Տաթեւ աւ․ քհն․ Միքայէլեանը զոյգ հովիւք կը կարգուին եկեղեցւոյ։ Սոյն հովիւները մինչեւ այսօր ամենայն բծախնդրութեամբ եւ նուիրուածութեամբ կը կատարեն իրենց վստահուած եկեղեցւոյ ու գաղութին հովուութեան հոգեւոր ծառայութիւնը։