ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղի 28-րդ «Տոհմիկ օր»-ը Նոյեմբերին՝ նուիրուած Սուրիոյ հայ գաղութին


Հալէպի Քառասուն մանկանց եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ գտնուող Ցեղասպանութեան նուիրուած խաչքարը

ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի «Ռուբինա»  մասնաճիւղին կազմակերպած «Տոհմիկ օր»-երուն նուիրուած ձեռնարկները, անցնող 27 տարիներու ընթացքին, մեծ դեր ունեցած են Թորոնթոյի հայ գաղութին հայապահպանման նպաստող ճիգերուն։

ՀՕՄ-ը, որպէս բարեսիրական միութիւն, իր գործունէութեան զուգահեռ, հայ ինքնութեան պահպանման եւ զայն նորահաս սերունդին փոխանցելու առաքելութիւնը իր հիմնական կիզակէտերէն մէկը կը նկատէ։

Մեր տոհմին մշակութային բազմածաւալ ծալքերը նոր սերունդին փոխանցելու իմաստով, «Տոհմիկ օր»-երու ձեռնարկները հանդիսացած են հայ մշակոյթի ոսկեայ շղթային շաղկապող այն օղակները, որոնք կապ հաստատած են հայ երիտասարդին եւ մեր անցեալի սրբազան ժառանգութիւններուն միջեւ՝ նորահաս սերունդին ծանօթացնելով հայկական տարբեր գաղութներու պատմութիւնը՝ Արեւմտեան եւ Արեւելեան Հայաստանի պատմական նահանգներէն մինչեւ Սփիւռքի տարբեր երկիրներու մէջ գոյութիւն ունեցող հայկական հին գաղթօճախները իրենց հայաբոյր առօրեայով։

1994-էն սկսեալ եւ անընդմիջաբար կազմակերպուող այս տօնակատարութիւնը «Տոհմիկ օր»-երու 28-րդն է։

Սուրիոյ հայ գաղութին ձօնուած «Տոհմիկ օր»-ը

2019-էն սկսեալ «Տոհմիկ օր»-երու տօնակատարութիւններուն սեւեռակէտը ուղղուած է դէպի սփիւռքի գաղթօճախները։ Իրանի, Երուսաղէմի եւ Յորդանանի գաղութները ներկայացնելէ ետք, ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղի որոշումով, այս տարուան «Տոհմիկ օր»-ը կը նուիրուի Սուրիոյ հայ գաղութին, ուր որպէս Սփիւռքի ՄԱՅՐ ԳԱՂՈՒԹ, հայերուն ներկայութիւնը ունի դարերու պատմութիւն։ Դարեր առաջ հոն ապրող հայերը, տեղացի ժողովուրդին կողմէ մինչ օրս կը ճանչցուին, որպէս ԱՐՄԱՆ ԱՏԻՄ՝ ՀԻՆ ՀԱՅԵՐ։

Սուրիոյ հիւսիսային բաժինը՝ Արաբ-բունար, Գամիշլի, Ռաս էլ Այն, Տէրիք, Հասիչէ, Ճարապլուս եւ այլ շրջաններ եղած են հայ ժողովուրդի սպանդի վկայարանները։ 

Հալէպի պատմական բերդի պատերուն վրայ դարեր առաջ Մեծն Տիգրանի մասին արձանագրութիւնները կը վկայեն այդ տարածքին մէջ ապրած հայութեան մասին։

Հալէպի, Դամասկոսի եւ Լաթաքիոյ մէջ գոյութիւն ունեցած են, ու տակաւին կանգուն են ՀՈԳԵՏՈՒՆԵՐ, որոնք եղած են Երուսաղէմ ուխտագնացութեան գացող ուխտաւորներու եւ հայ վաճառականներու կեցութեան եւ հանգիստի կայաններ։

Հալէպի մէջ 500 տարուան պատմութիւն ունեցող Ս․ Քառասնից Մանկանց եկեղեցին մինչ օրս կը մնայ Բերիոյ Թեմի Առաջնորդարանի Աթոռանիստ եկեղեցին։

Սուրիան եղած է այն հիւրընկալ երկիրը, ուր Մեծ Եղեռնի տարիներուն ջարդէն ճողոպրած հայ ժողովուրդի բեկորները ապաստանած ու գոյատեւած են։ Թուրքին եաթաղանէն փրկուած անպատսպար, հիւծած եւ ախտաւոր հայ որբուկները, այրիներն ու ծերերը արեւմտեան Հայաստանի տարբեր նահանգներէն հասած են Սուրիոյ անապատները եւ այնտեղ գտած են զիրենք գրկաբաց ընդունող Սուրիոյ արաբ ժողովուրդի ասպնջական ընդունելութիւնը։

Ցեղասպանութենէն փրկուած ու Սուրիա հասած հայերը, շնորհիւ Սուրիոյ պետութեան բարեացակամ քաղաքականութեան, կայք հաստատած են հոն ու կառուցած են եկեղեցի, դպրոց, ակումբ եւ մշակութային օճախներ։ Անոնք կազմակերպած են հայկական աշխոյժ համայնք մը, սերունդներ պահած ու դաստիարակած են, եւ պատրաստած են մարդուժ, որ յետագային նպաստած եւ մեծ ներդրում ունեցած է Սփիւռքի զանազան գաղութներու աշխուժացման գործընթացին մէջ։

Այս տարուան նախաձեռնութեան մանրամասնութիւնն ու իւրայատկութիւնը

Ինչպէս նախորդ տարիներուն, այս տարի եւս, ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ երկու օրով՝ Հայ Կեդրոնի սրահէն ներս։ Առաջինը՝ Շաբաթ, 26 Նոյեմբեր 2022-ին՝ տօնակատարութիւն-խրախճանք, ցուցահանդէս, հայկական աւանդական ճաշատեսակ, ինչպէս նաեւ պիտի ցուցադրուի Սուրիոյ գաղութը ներկայացնող  տեսաերիզ մը։

Երկրորդ օրը՝ Կիրակի, 27 Նոյեմբեր 2022-ին, դասախօսական երեկոյ եւ գեղարուեստական յայտագիր (նոյն սրահէն ներս)։

Ներկայիս,  կազմուած է «Տոհմիկ օր»-ուան բազմանդամ յանձնախումբը, որ կը զբաղի նախածրագրաւորման աշխատանքներով ու ամենայն պատշաճութեամբ կը ծրագրէ կայանալիք երկու օրուան ձեռնարկները, իսկ յանձնախումբի եօթը ենթայանձնախումբերը արդէն իսկ լծուած են աշխատանքի՝ Նոյեմբերի վերջաւորութեան Թորոնթահայ գաղութին ներկայանալու բարձրորակ ձեռնակով եւ իւրայատուկ ծրագիր բովանդակող «Տոհմիկ օր»-ով։

Նախորդ «Տոհմիկ օր»-երուն նման, այս տարի եւս, պիտի հրատարակուի երկլեզու գիրք մը, նուիրուած Սուրիոյ հայ գաղութին՝ Հալէպ, Դամասկոս, Լաթաքիա, Գամիշլի, Քէսապ, Տէր Զօր, Թարթուս, Պանիաս, Հոմս, Համա, Հասիչէ, Ռաքքա, եւ պիտի բովանդակէ վերոյիշեալ բոլոր քաղաքներուն հայ համայնքի պատմականը, մշակութային, ընկերային, կրօնական, ինչպէս նաեւ հոգեւոր կեանքի մասին տեղեկութիւններ։ Այդ բազմածաւալ ու բովանդակալից հատորին մէջ նաեւ պիտի ներառուի Սուրիոյ հայ ականաւոր դէմքերը, ուսումնասիրութիւններ, պատմական ակնարկներ, յօդուածներ, գեղարուեստական գրականութիւն, ինչպէս նաեւ այլազան գունաւոր նկարներ։

Տպագրութեան ծախսերն ու հովանաւորներու անհրաժեշտութիւնը

Անցնող 27 տարիներուն եղած են ՀՕՄ-ի առաքելութեան հաւատացող անձիք, որոնք իրենց սրտաբուխ նուիրատութեամբ օժանդակած են գիրքի հրատարակութեան եւ ձեռնարկին յաջողութեան ու բարձրորակութեան։

Պատրաստուած է նաեւ հովանաւորներու թղթիկ մը, որ կ’ընդգրկէ Սուրիոյ տարածքին գտնուող եկեղեցիները, դպրոցները եւ սրբավայրերը, որոնք կարելի է հովանաւորել։

Լիայոյս ենք, որ Թորոնթահայ գաղութը, ՀՕՄ-ի բարեկամներն ու բարերարները, այս տարի եւս պիտի նպաստեն «Տոհմիկ օր»-ուան ձեռնարկի յաջողութեան եւ այդ միջոցաւ պիտի գոյանայ տպագրական ծախսերը եւ ընդհանուր ձեռնարկի ծախսերը։

Յանձնախումբին այս տարուան լոզունգը

Սուրիահայ գաղութին նուիրուած «Տոհմիկ օր»-ուան լոզունգն է՝ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼ ՍՈՒՐԻԱՆ,  ՀԱՅԱՇՈՒՆՉ ՀԱԼԷՊԸ։

Լոզունգը իր մէջ կը խտացնէ իւրաքանչիւր հայու վերածնունդի, ազգային արժանապատութեան եւ երախտագիտութեան խառն ապրումները։

Հայ տարագրեալ եւ բռնագաղթուած ժողովուրդին ապաստանը դարձած Սուրիան մեր վերապրած ազգին յարութեան կայանն ու կայքը դարձած է, իսկ սփիւռքի տարածքին գտնուող Հալէպը, իբրեւ ՄԱՅՐ ԳԱՂՈՒԹ կը մնայ յաւերժ, որպէս հայ ժողովուրդի բաբախող սիրտը, ուր հասակ առած, դաստիարակուած եւ ուրճացած են հայաշունչ սերունդներ, որոնք տարածուելով սփիւռքի տարբեր գաղթօճախներ ստանձնած են պատասխանատու դիրքեր եւ պաշտօններ՝ միշտ նպաստելով հայ գաղութներու պահպանման եւ զարգացման վերելքին։

Արեւմտեան Հայաստանի նահանգներէն ետք ուղղուելով դէպի սփիւռք՝ Իրանի եւ Երուսաղէմի գաղութներ, Սուրիան երրորդ գաղութն է, որ ընդգրկուած է այս տօնախմբութիւններու շարքին, եւ որուն յաջողութեան մեծ բաժինը պիտի իրականանայ մեր համայնքի զաւակներուն աջակցութեամբ ու զօրակցութեամբ։

Նոյեմբերին կայանալիք ձեռնարկին հասոյթէն բաժին մը պիտի յատկացուի Սուրիոյ հայ գաղութին նպաստող ծրագիրի մը իրականացման առաքելութեան։

ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի «Ռուբինա» Մասնաճիւղի

«Տոհմիկ օր»-ուան Յանձնախումբ