Ջաւախքի հետ, Ջաւախքի համար


Հայ Օգնութեան Միութիւնը (ՀՕՄ) մայիս ամիսը «Ջաւախքի ամիս» հռչակած է եւ օժանդակութեան ազգային այս վիթխարի պարտականութիւնը չափազանց այժմէական եւ կարեւոր կը համարէ՝ մեր հայրենակիցներուն հայօրէն արժանավայել կեանք մը ապահովելու ուղղութեամբ։ 

«Ամիսը պիտի յատկանշուի քարոզչական, հանգանակային եւ այլ ծրագիրներով, որոնց ընթացքին մեր թերթերու, ընկերային ցանցերու եւ հեռատեսիլի ճամբով ձեզի պիտի ներկայացուին [Ջաւախքի մէջ] ՀՕՄ-ի հովանաւորած երեք երիտասարդական կեդրոններուն եւ «Թումո»-ի (TUMO) ծրագիրներուն սատար հանդիսանալու կարեւորութիւնը», կը յայտնէ ՀՕՄ-ի հաղորդագրութիւն-կոչը: 

Ըստ հրատարակուած հաղորդագրութեան-կոչին, 113-ամեայ բարեսիրական կազմակերպութեան ղեկավարութիւնն ու անդամները կը հաւատան, որ համատեղ ճիգերով այս երիտասարդական կեդրոնները ամուր պէտք է պահուին, ազգային դաստիարակութեան նպատակով նորահաս սերունդները պէտք է շարունակեն մէկ յարկի տակ համախմբուիլ եւ մասնագիտական դասընթացքներու հետեւիլ: 

Ջաւախքահայութեան ձեռք մեկնելու ՀՕՄ-ի այս կոչ-ին մասին «Թորոնթոհայ»-ը զրուցեց Գանատայի շրջանային վարչութեան ատենապետ՝ Լուսին Ժամկոչեան Փալանճեանին հետ: 

Ըստ Ժամկոչեան Փալանճեանին, 2001 թուականէն սկսեալ ՀՕՄ-ը մնայուն ծրագիրներ մշակած է Ջաւախքի մէջ։ ՀՕՄ-ի յաջողագոյն ծրագիրներն են երիտասարդական կեդրոններու ստեղծումը. օժանդակութիւնը նաեւ կ՚ընդգրկէ կրթական, ընկերային, մշակութային եւ այլ բնագաւառներ, օրինակ՝ ՀՕՄ-ը բազմազաւակ հայ ընտանիքներու կ՚օժանդակէ, կը քաջալերէ բարձրագոյն ուսում ստացող երիտասարդները, հայոց լեզուի եւ պատմութեան պահպանման ճիգը կը քաջալերէ, յառաջադէմ ուսանողներուն նիւթական պարգեւներ կը տրամադրէ, ինչպէս նաեւ պատանիներու ամառնային ճամբարները կը հովանաւորէ։ 

«Այս շրջանի 150 գիւղերու՝ 120 հազար հաշուող հայ բնակչութիւնը ունի տնտեսական, կրթական ու բազմազան լուրջ հարցեր, որոնց հետեւանքով վերջին տասնամեակին արտագաղթի մեծ հոսք մը սկսած է», բացատրեց շրջանային վարչութեան ատենապետը: Ըստ իրեն, ՀՕՄ-ը տարիներէ ի վեր մեծ ճիգ կը թափէ ջաւախքահայութեան օժանդակելու։ Անոր կառուցած երիտասարդական կեդրոնները բազմացման, նորոգութեան, արդիականացման կարիք ունին եւ երբեմն ալ այդ կեդրոնները նեղ կու գան հայ պատանիներուն ու երիտասարդներուն։

«Անցեալ տարի, երբ «Թումո»-ի կրթական ծրագիրը Ախալքալաք քաղաքին մէջ ստեղծուեցաւ, յոյս տուաւ նիւթապէս տկար հարիւրաւոր պատանիներու՝ 14 տարբեր ոլորտներէ ներս նոր հմտութիւններ ձեռք ձգելու առումով։ Այսօր Ջաւախքի մէջ մեր հիմնած երիտասարդական կեդրոնները պէտք է օժտուին արդիական համակարգիչներով եւ ծրագիրներով, որպէսզի քայլ պահեն աշխարհի արագ զարգացման հետ։ Չմոռնանք նաեւ, որ մեր ներկայ երեք երիտասարդական կեդրոններէն ներս պատանիները կը ստանան նաեւ հայ մշակոյթի եւ պատմութեան վերաբերեալ կրթութիւն, ինչպէս՝ հայկական պարարուեստի ուսուցում, վրացերէնը եւ անգլերէնի, համակարգիչի դասեր, եւ այլ», Ժամկոչեան Փալանճեանն ըսաւ, կոչ ուղղելով գանատահայութեան, որ օգտակար ըլլան՝ իրենց կարողութեան ներած չափով։ 

«ՀՕՄ-ը կը հաւատայ, որ համատեղ ճիգերով այս երիտասարդական կեդրոնները ամուր պէտք է պահուին, դաստիարակութեան նպատակով նորահաս սերունդները պէտք է շարունակեն մէկ յարկի տակ համախմբուիլ եւ մասնագիտական դասընթացքներու հետեւիլ: Սակայն, այս բոլորը կարիք ունին մեծ նիւթական նպաստի: Ուստի, ձեզի կը դիմենք, որպէսզի նշանակալից հանգանակութեամբ սատարէք այս կեդրոններուն պահպանման եւ զարգացման: Ջաւախքի երիտասարդական կեդրոններուն զօրակցելը ազգային անյետաձգելի պարտականութիւն է», կը յայտնէ ՀՕՄ-ի հաղորդագրութիւն-կոչը: 

Ձեր նիւթական օժանդակութիւնը կրնաք ուղարկել վճարագիրով՝ ARS Foundation-ին, հետեւեալ հասցէին՝ Armenian Relief Society of Canada, 3401 Olivar Asselin, Montreal, QC, H4J 1L: Կարելի է նաեւ առցանց կատարել ձեր նուիրատուութիւնը, այցելելով ՀՕՄ-ի Գանատայի շրջանի կայքէջը՝ ars-canada.ca ու սեղմելով Donate Now կոճակը ու ընտրելով Aid to Javakhk fund-ը, կամ ե-փոխանցումով (e-transfer), ՀՕՄ-ի Գանատայի շրջանային վարչութեան ե-նամակի հասցէին՝ ars-canada@bellnet.ca-ին: 

Բոլոր պարագաներուն, շրջանային վարչութիւնը կը խնդրէ, որ նշուի, թէ նուիրատուութիւնները կը կատարէք Ջաւախքի օժանդակութեան (Aid to Javakhk):

«Անշուշտ, շատ պիտի փափաքինք, որ երբ Հայաստան այցելէք, առիթ ստեղծէք այցելելու Ջաւախք, ուր ձեր աչքերով պիտի տեսնէք տիրող չքաւորութիւնը, անգործութիւնը եւ մեր հայրենակիցներուն կարիքները։ Ջաւախքահայութեան ապրուստի պայմանները շատ սահմանափակ են: Եթէ կեանքի պայմանները բարելաւուին, ապա՝ հայ երիտասարդները մեր բարոյական ու նիւթական օգնութեան շնորհիւ կը մնան այնտեղ, ու մենք փրկած կ’ըլլանք հազարամեակներ շարունակ այնտեղ արմատաւորուած ջաւախքահայութիւնը։ Ջաւախքը փրկելով, մենք փրկած կ՚ըլլանք մեր միջնադարեան բերդերն ու անառիկ պարիսպները, Ախալքալաք բերդաքաղաքը, դրախտային Փարուանայ լիճը, հայկական պատմական յուշակոթողները, դամբանաքարերը, ամրոցները, վիշապաքարերը, յուշակոթողները, խաչքարերը, եկեղեցիները եւ ամէնէն էականը՝ հոն ապրող հայը, որ ունի անաղարտ հայու հոգի, մայրենին պահելու գիտակցութիւն, ուսման եւ զարգացման ձգտում», ատենապետը եզրափակեց: