Մեծ ցնծութիւն եւ պատմական օրեր


Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս պատրիարքի Հայրապետական այցելութիւնն ու հայր Եղիա ծվ. Գիրէջեանի քահանայական ձեռնադրութեան վաթսունամեակը

Սիլվա Մարտիրոսեան եւ Հայկ Շահինեան

Թորոնթոյի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ կաթողիկէ եկեղեցին հիմնուած է Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբան՝ հայր Եղիա ծվ. Գիրէջեանի հովուական ջանքերով, աւելի քան 50 տարի առաջ։ Այն հասարակութիւնը որ ժամանակին կը պարունակէր շուրջ տասը ընտանիք 1970 տասնեակին, ծաղկեցաւ եւ կը շարունակէ ամէն տարի բազմանալ։ 1993-ին ձեռամբ՝ երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ. Գասպարեան կաթողիկոս պատրիարքի, նորակառոյց եկեղեցին օծուեցաւ եւ Թորոնթոյի Հայ կաթողիկէ համայնքը ունեցաւ իր սեփական ապաւէնը, յանուն Լուսաւորչի հայաստանեայց աշխարհի, ի փառս Աստուծոյ։ 

Հետեւաբար, առաջին անգամ եկեղեցւոյ օծումէն ի վեր՝ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց պատրիարքութենէն հովուական այցելութիւնը տեղի ունեցաւ 15-17 ապրիլ 2023-ին, գլխաւորութեամբ՝ ամենապատիւ եւ գերերջանիկ տէր Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս-պատրիարքի, հրաւէրով եւ ընկերակցութեամբ՝ Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի կաթողիկէ հայոց թեմի առաջնորդ՝ արհիապատիւ տէր Միքայէլ եպս. Մուրատեանի։

Երկար ամիսներէ սպասուած օրը հասաւ: 15 ապրիլի առաւօտեան ժամը 10-ին, Թորոնթոյի «Փիրսըն» օդակայանը ժամանեց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ պատրիարքը, որ դիմաւորուեցաւ Միքայէլ եպս. Մուրատեանի եւ խումբ մը Հայ կաթողիկէ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ կազմակերպիչ յանձնախումբի ներկայացուցիչներու կողմէ: Նոյն օրը, շաբաթ երեկոյեան ժամը 5-ին, Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ կաթողիկոս պատրիարքի փառաւոր մուտքն էր եկեղեցի՝ հրաշափառ թափօրի արարողութեամբ եւ իր շքախումբով՝ Միքայէլ եպս. Մուրատեանի, Եղիա ծվ. Գիրէջեանի ու խորանի սարկաւագներով, որուն ընթացքին «Բարի հովի»-ի աւետարանը ընթերցելէ ետք, Հոգեւոր տէրը իր կարճ խօսքէն ետք խնկաբոյր օրհնութիւններով ու աղօթքներով օրհնեց ներկայ ժողովուրդը եւ «Ուրախ լեռ»-ով վերջ գտաւ արարողութիւնը: Անմիջապէս ետք, եկեղեցւոյ սրահէն ներս կազմակերպիչ յանձնախումբի ջանքերով պատրաստուած սիրոյ սեղանի շուրջ, ծվ. Գիրէջեանին բարի գալուստէն ետք, հոգեւոր տէրը հանդիպեցաւ եկեղեցւոյս պատկան մարմիններուն, երգչախումբին, տիկնաց միութեան, խորանի սպասաւորներուն ու շաբաթօրեայ վարժարանի նախակրթարանի եւ երկրորդականի բաժիններու ուսուցչական կազմին, հետ ու մօտէն ծանօթացաւ իւրաքանչիւր յանձնախումբի զոհաբեր աշխատանքին՝ այս հաւատքի ամրոցը օտար ափերուն վրայ կանգուն պահելու գործին մէջ: Նոյն օրը համայնքի անդամներս ու կազմակերպիչ յանձնախումբը շնորհաւորեց կաթողիկոս տիրոջ քահանայական ձեռնադրութեան ոսկեայ յիսնամեակը՝ յատուկ կարկանդակով մը:

Կիրակի, 16 ապրիլի առաւօտեան, Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ կաթողիկոսը սուրբ պատարագով ու պատգամով ոգեւորեց բոլոր ներկաները ու ջերմացուց Քրիստոսի անսասան հաւատքով, ամրապնդելով մեր բոլորին սէրը՝ մեր հաւաքի բերդին ու ամրոցին՝ Սուրբ Գրիգոր հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյն։ Ան յստակօրէն յիշեցուց բոլորին, թէ այս կարճ այցելութիւնը ոչ միայն հովուական էր, այլ նաեւ եկած է, յատկապէս ներկայ գտնուելու անակնկալօրէն պատրաստուած Եղիա ծվ․ Գիրեջեանի վարդապետական ձեռնադրութեան վաթսունամեակի ադամանդեայ յոբելինական հանդիսութեան։ Փառաւոր սուրբ պատարագէն ետք ներկայ հաւատացեալները մօտեցան կաթողիկոսին՝ աջահամբոյրի եւ իր հայրական սուրբ օրհնութիւնը ստանալու:

Հոգեպարար արարողութեան ներկայ գտնուեցան Թորոնթոյի Սուրբ Աստուածածին հայց. առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ տէր Վարդան ծվ. Թաշճեան եւ իրեն ընկերակցող սարկաւագները եւ Գանատայի զանազան քաղաքներէ ժամանած Հայ կաթողիկէ, Հայ առաքելական եւ Հայ աւետարանական եկեղեցիններու հաւատացեալներ։

Կիրակի երեկոյեան, ժամը 5։30-ին սկսաւ յանձնախումբին կողմէ պատրաստուած մեծարանքի երեկոն՝ հիւրասիրութեամբ եւ ընթրիքով «Վենիու» ճաշասրահէն ներս, որ լեցուած էր հաւատացեալ ժողովուրդով, անդամներով, մտերիմ բարեկամներով եւ ընտանիքներով: Կաթողիկոս տէրը մուտք գործեց սրահ հոգեւորական շքախումբով:

Երեկոն սկսաւ Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներով՝ կատարողութեամբ Արմինիա Սարգիսեան Պատալեանի, որմէ ետք, Եղիա ծվ․ Գիրէջեանը բարի գալուստի խօսքերով՝ ողջունեց ներկաները։ Անշուշտ անակնկալ էր իրեն համար տեսնել սեղաններու վրայ զետեղուած՝ իր վաթսունամեայ ադամանեայ յոբելեանի առթիւ պատրաստուած ու տեղաւորուած գրքոյկները։ 

Հայր Եղիան ներկայացուց Հոգեւոր տիրոջ պատուոյ սեղանի անդամները՝ տէր Միքայէլ եպս. Մուրատեանը, Գանատահայոց առաջնորդական փոխանորդ եւ Թորոնթոյի Սուրբ Երրորդութեան հայց. առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ տէր Զարեհ աւ. Քհն. Զարգարեանն ու իր ազնուափայլ կողակից երէցկին Նայիրա Զարգարեանը, Թորոնթոյի Սուրբ Աստուածածին հայց. առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ տէր Վարդան ծվ. Թաշճեան, Թորոնթոյի Սուրբ Երրորդութեան հայց. առաքելական օգնական հոգեւոր հովիւ՝ տէր Հայարի քհն. Թանաշեանն ու իր ազնուափայլ կողակից երէցկին Մակի Թանաշեանը, այցելու հոգեւոր հովիւ Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ՝ վեր. Աւետիս Պոյնէրեանը եւ Օնթարիօ նահանգի խորհրդարանի երեսփոխան տիար Արիս Պապիկեանը, որոնք հերթականութեամբ իրենց յօժար մաղթանքներն ուղղեցին Հոգեւոր տիրոջ եւ վաթսունամեակի շնորհաւորանք՝ հայր Եղիային։ 

Ներկայ գտնուեցան նաեւ զանզան հայկական կազմակերպութիւններ ու ներկայացուցիչները, ինչպէս՝ Թորոնթոյի Միջյարանուանական մարմինի, Հայաստան համահայկական հիմնադրամի, Հայ բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ), Հայ օգնութեան միութեան «Ռուբինա» մասնաճիւղի, «Զօրեան» հիմնարկի, եւ նախկին Մխիթարեան սաներու միութեան ներկայացուցիչները:

Պատուոյ սեղանին ներկայացումէն ետք, երեկոն փայլեցուցին աքափելլա խմբերգներով Արմինիա Սարգիսեան Պատալեանը, Գարուն Շահինեանը, Ճիւան Ստեփանեան եւ Գաբրիէլ Շահինեանը։ Սքանչելի ասմունքով ելոյթ ունեցաւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Շաբաթօրեայ երկրորդական վարժարանի շրջանաւարտ Ալիք Պապօղլեանը ու խմբերգներ կատարեցին եկեղեցւոյս «Այտընեան» երգչախումբը՝ փայլեցնելով երեկոն։ 

Ողջոյնի խօսքերով ելոյթ ունեցան նահանգային կառավարութեան երեսփոխան Արիս Պապիկեանը, որ կաթողիկոսին բարի գալուստի շնորհաւորագիր մը յանձնեց նահանգապետ Տակ Ֆորտէն։ Շնորհաւորական խօսքերով գերյարգելիին վաթսունամեայ յոբելեանին առիթով ելոյթ ունեցան վեր. Աւետիս Պոյնէրեանը, Վարդան ծվ․ Թաշճեանը ու տէր Զարեհ քհն․ Զարգարեանը, որ շնորհաւորական խօսքերու կողքին ծվ. Գիրէջեանին յանձնեց յատուկ շքանշան մը։ 

Միքայէլ եպս. Մուրատեան բարի գալուստ մաղթեց ու յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Կաթողիկոս հայրապետին, որ հակառակ իր բազմազբաղութեան, կրցաւ ներկայ գտնուիլ Եղիա ծվ․ Գիրէջեանի վաթսունամեայ անակնկալ յոբելինական հանդիսութեան։ Ապա եպիսկոպոսը յստակ գիծերով նկարագրեց Եղիա ծվ. Գիրէջեանի քահանայական վաթսունամեայ գործունէութիւնը: «Ան իր վաթսուն տարուան ձեռնարդրութեան շրջանէն մինչեւ այսօր՝ կառչած է իր հեգեւորական առաքելութեան, ամրօրէն հիմնած եկեղեցի, համայնք, շաբաթօրեայ վարժարաններ՝ նախակրթարան եւ երկրորդական։ Կ’աղօթենք, որ Աստուած իրեն առողջ պահէ, որ երկար տարիներ շարունակէ իր առաքելութիւնը»- ըսաւ ան: 

Անմիջապէս ետք Սիլվա Մարտիրոսեան իր որդիական սիրով ու երախտագիտութեամբ ողջունեց կաթողիկոս հայրապետին ու Արհիապատիւ գերապայծառ հօր, իրենց յատուկ ուշադրութեան ու անակնկալ ձեռնարկին մասնակցութեան համար: Ապա, Մարտիրոսեան անդրադարցաւ Եղիա ծվ. Գիրէջեանի լուսաւոր ու պայծառ գործունէութեան՝ ինչպէս ան պայծառացուց իր եկեղեցին, համայնքն ու թորոնթոհայ գաղութը եւ Լուսաւորիչի տեսլականով՝ եղբայրական կապ հաստատեց քոյր եկեղեցիներու, ինչպէս նաեւ հայկական բոլոր միութիւններու ու կազմակերպութիւններու հետ։

Մարտիրոսեան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց երեկոյի անանուն նուիրատուին, որ յատկապէս մեկենասը հանդիսացաւ յոբելինական ձեռնարկին: Շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ հայկական բոլոր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն ու Հայ առաքելական եւ Հայ աւետարանական եկեղեցիներու հոգեւոր հայրերուն իրենց ներկայութեան ու մասնակցութեան համար: Կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամ Ռաֆֆի Սաղրեան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց կազմակերպիչ յանձնախումբի բոլոր անդամներուն: Այնուհետեւ, Եղիա ծվ. Գիրէջեանին նուիրուեցաւ ՆՍ Ֆրանչիսկոս քահանայապետին օրհնագիրը՝ իր ձեռնադրութեան վաթսունամեակին առթիւ: 

Երեկոյի աւարտին, Եղիա ծվ․ Գիրէջեանը, տիրացու Հայկ Շահինեանի հետ Կաթողիկոս հայրապետին  յաձնեցին ոսկիէ սուրբ խաչը, որ ձեռքի գործ էր համայնքիս ու եկեղեցւոյս զաւակներէն Ճորճ Ապաճեանին։ Բոլոր ներկաները վայելեցին Կաթողիկոս հայրապետին հայրական վերջին սուրբ օրհնութիւնը ու պահպանիչը եւ Այտնեան երգչախումբի «Օրհնեցից»-ը։

Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս պատրիարքի պատմական այցելութիւնն իր աւարտին հասաւ յաջորդ օրը, երկուշբաթի, 17 ապրիլ 2023-ին։ Ամենապատիւ հոգեւոր տէրը, ընկերակցութեամբ՝ Միքայէլ եպիսկոպոսի, հայր Եղիայի եւ թեմի ժառանգաւոր եղբ. Շահինեանի, այցելեց Թորոնթոյի Լատին կաթողիկէ նորընտրեալ առաջնորդին՝ գերապայծառ Ֆրանք արք. Լէոյին։ Հոգեւոր դասը քննարկեց եկեղեցւոյ զանազան հարցեր եւ միջեկեղեցեկան համագործակցական ծրագիրներ։ Ապա՝ Ամենապատիւ հոգեւոր տէրը փայտէ խաչքար նուիրեց նորընտիր Արքեպիսկոպոսին, մաղթելով իրեն պտղաբեր առաքելութիւն իր նոր ստանձնած պաշտօնին՝ ի պայծառութիւն Սուրբ եկեղեցւոյ։

Ու այսպիսով, բոլորս աննախընթաց ցնծութեամբ վայելեցինք անմոռանալի ու պատմական օրեր եւ երեկոներ Հայ կաթողիկէ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիին շուրջ: