Ստեփանակերտ–Շուշի ճամբուն վրայ՝ ազրպէյճանցիներու անցակէտը հանելու պահանջով խաղաղ ցոյց
«Ազատ Արցախը ողջունում է ձեզ». արցախցի երիտասարդներ այս գրութեամբ ցուցանակ մը տեղադրեցին Ստեփանակերտ-Շուշի ճամբուն վրայ եւ խաղաղ ցոյցի սկսան՝ ազրպէյճանցիներու անցակէտը հանելու պահանջով: «Բերձորի միջանցքին մէջ Ազրպէյճանի կողմէ ապօրինի տեղադրուած անցակէտը մեզի համար կարմիր գիծ է եւ անթոյլատրելի: Ցոյցը պիտի շարունակուի այնքան ժամանակ, մինչեւ տուեալ անցակէտը այնտեղէն հեռացուի», ըստ «Ազատութեան»՝ ըսաւ ցոյցի նախաձեռնող խումբի անդամ Դաւիթ Բաղրեանը: Ան դիտել տուաւ, որ իրենց շուրջ 100 կամաւորները համախմբուած են. տակաւին 28 ապրիլէն սկսեալ արցախցի երիտասարդները անցան ստորագրահաւաքի` «Ո՛չ Արցախի էթնիկ (ցեղային) զտմանը» նշանաբանով. պահանջը Արցախի ապաշրջափակումն է: Անոնք առաւել քան 20 հազար ստորագրութիւն հաւաքած են, եւ այդ գործը պիտի շարունակեն: Ըստ Բաղրեանի՝ այդ ծրարը պէտք է հասնի ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի համանախագահող երկիրներուն ու Հայաստանի իշխանութեան:


Խաղաղ ցոյց՝ ազրպէյճանցիներու անցակէտը հանելու պահանջով (լուսանկարները՝ «Արցախպրես»-ի)
Ստորագրահաւաքին միացած էր նաեւ նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան. Արցախի մէջ կը ձեւաւորուին զանազան շարժումներ ազրպէյճանցիներուն կողմէ արցախցիները շուրջ 5 ամիս շրջափակման մէջ պահելուն զուգահեռ` Լաչինի միջանցքին մէջ` Հակարիի կամուրջին վրայ պաշտօնապէս անցակէտ տեղադրելէն ետք:
Պաքուն կը պնդէ, թէ «հայ հոգեւորականները պէտք է հեռանան Դադիվանքէն»
Ազրպէյճանի մէջ կրօնական կազմակերպութիւններու հարցերով պետական կոմիտէի նախագահ Մուպարիզ Կուրպանլի ըսած է, որ «հայ հոգեւորականները պէտք է հեռանան» Դադիվանքէն:

Անոր համաձայն, «հայերը ոչ մէկ կապ ունին այդ վանական համալիրին հետ»: «Անիկա կը պատկանի կովկասցի ալպանացիներուն, եւ ուշ կամ կանուխ ատոր կառավարումը պիտի իրականացուի ալպանա-ուտիական կրօնական համայնքին կողմէ», ըսած է Կուրպանլի։
Ազրպէյճանցիները Քարվաճառի շրջանին մէջ գտնուող հայկական հինաւուրց Դադիվանքը Խուտավենկ կը կոչեն: 44-օրեայ պատերազմէն ետք ան կը գտնուի ռուս խաղաղապահներու վերահսկողութեան տակ:
Ուաշինկթըն Պաքուէն Եւ Երեւանէն խնդրած է քննել` ինչպէ՛ս լաւագոյնս պաշտպանել Արցախի բնակչութեան իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը
Ուաշինկթըն Պաքուէն ու Երեւանէն խնդրած է քննել` ինչպէ՛ս լաւագոյնս պաշտպանել Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը: Այս մասին յայտնեցին Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն` պատասխանելով «Ազատութիւն» ռատիոկայանի հարցումին, թէ արդեօք այս օրերուն Ուաշինկթընի մէջ ընթացող հայ-ազրպէյճանական բանակցութիւններուն մէջ Լեռնային Ղարաբաղին առնչուող հարցեր կը քննարկուի՞ն:
Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը շեշտեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան իրաւունքներուն ու անվտանգութեան հարցը առանցքային է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ տագնապին մէջ:
«Չափազանց շատ կեանքեր խլած ու շատ երկար տեւած տագնապին տեւական լուծում գտնելու միակ ուղին այն է, որ ի վերջոյ մարդիկ իրենք զիրենք իրենց տուներուն մէջ ապահով զգան, եւ անոնց իրաւունքները պաշտպանուած ըլլան», յայտնած են Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն` աւելցնելով, որ Միացեալ Նահանգներ կ’աջակցին «երկարատեւ եւ կայուն համաձայնութեան, որ խաղաղութեան հիմք կրնայ դնել»:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը միեւնոյն ժամանակ ընդգծեց, որ յարաբերութիւնները կարգաւորելու համաձայնութեան ծիրը, բնոյթն ու բովանդակութիւնը պէտք է կողմերը որոշեն․ «Յարաբերութիւնները կարգաւորելու համաձայնութեան ծիրն ու բնոյթը կողմերու գործն է: Մեր նպատակն է տրամադրել տարածք, ուր կրնան տեղի ունենալ երկկողմանի քննարկումներ, եւ կողմերը կրնան միասին կատարել իրապէս դժուար աշխատանքը` երկարատեւ խաղաղութեան ուղղութեամբ յառաջընթաց արձանագրելու համար: Համաձայնութեան մէջ ի՛նչը կրնայ տեղ գտնել, եւ ի՛նչը` ոչ` կողմերուն վերաբերող հարց է»:
Պաքու Հակարիի կամուրջի անցակէտը ներառեց իր պետական սահմանի անցակէտերու ցանկին վրայ
Լաչինի միջանցքին մէջ՝ Հակարիի կամուրջին վրայ, ազրպէյճանական անցակէտը դատարկ է եւ երթեւեկ չկայ: «Ազատութեան» տեսախցիկը 4 մայիսին նկարեց կամուրջին վրայ կայանած զննող սարքերը, բեռներ ստուգող շարժական սարքը եւ երկու նոր դրօշակները՝ կամուրջի աջ եւ ձախ կողմերը, բլուրներուն վրայ՝ ազրպէյճանականը եւ ռուսականը:

Հայաստան-Արցախ ճամբայէն ազրպէյճանական անցակէտը հանելու պաշտօնական Ստեփանակերտին տուած խոստումով, Պաքու կը գտնուի ռուս խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատար Ալեքսանտր Լենցով, որ հանդիպում ունեցաւ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Հասանովի հետ: Լենցով Արցախի իշխանութիւններուն խոստացաւ տեղեկութիւններ տալ այս բանակցութենէն շաբաթ մը ետք:
Միւս կողմէ, 4 մայիսին, ազրպէյճանական լրատուամիջոցները յայտնեցին, որ Հակարիի կամուրջի անցակէտը Ազրպէյճանի կառավարութեան որոշումով, ներառուած է իր պետական սահմանի անցակէտերու ցանկին վրայ:
Անցակէտի վերջնական կահաւորումէն, անձնագրային ստուգման դրութեան սահմանումէն ետք, հոնկէ ընդամէնը կիրակի օրը քանի մը արցախցիներ անցած են:
Ազրպէյճանական անցակէտի եւ Շուշի-Քարինտակ խաչմերուկը փակած Ազրպէյճանի ուժայիններուն միջեւ պաշարուած չորս գիւղերուն բնակիչները ոչ մէկ ելք ունին՝ ո՛չ դէպի Գորիս, ո՛չ ալ Ստեփանակերտ:
Պաշտօնական Պաքու կը շարունակէ պնդել, որ ազգութեամբ հայերը թափանցիկ կերպով երթեւեկ կը կատարեն իրենց անցակէտով:
Արցախի կառավարութեան կողմէ խաղաղապահներու միջոցով սնունդ և դեղորայք ուղարկուած է երկկողմանի շրջափակուած գիւղերուն
Արցախը Հայաստանին կապող մայրուղիի՝ Քաշաթաղի շրջանին մէջ Ազրպէյճանի կողմէ 23 ապրիլին ապօրինի անցակէտ տեղադրելէ ետք Շուշիի շրջանի Բերդաձորի ենթաշրջանի չորս համայնքները՝ Հին Շէնը, Մեծ Շէնը, Եղցահողը և Լիսագորը, յայտնուած են երկկողմանի արգելափակման տակ՝ զրկուած թէ՛ Արցախի մնացած հատուածին և թէ՛ Հայաստանի հետ կապի բոլոր հնարաւորութիւններէն:
Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Գուրգէն Ներսիսեան 5 մայիսին տեղեկացուց, որ վերջապէս կարելի եղած է Արցախի կառավարութեան կողմէ ռուս խաղաղապահներու միջոցով մէկ բեռնատար սնունդ, դեղորայք և առաջին անհրաժեշտութեան այլ ապրանքներ ուղարկել նշեալ գիւղերը:
Ստեփանակերտի մէջ` գրական-երաժշտական երեկոյ
Ստեփանակերտի Սայաթ-Նովայի անուան երաժշտական քոլէճին մէջ, 3 մայիսին կազմակերպուած է գրական-երաժշտական երեկոյ՝ նուիրուած հայ կնոջը, գարնան ու վերածնունդին:
Ըստ «Արցախպրես»-ի՝ «Վաղուց մոռացուած խoսքեր» խորագիրը կրող միջոցառման մասնակիցները հանդէս եկան երաժշտական կատարումներով, ինչպէս նաև հայ և ռուս նշանաւոր հեղինակներու չափածոյ ու արձակ ստեղծագործութիւններու ասմունքով:
«Երկար ժամանակ է մեր ուսերուն շատ հոգեր կը կրենք և մեծ ջանքերով լուծելով առօրեայ խնդիրները, շատ հաճախ, որպէս կին, չենք յիշեր մեր մասին: Երեկոն առիթ է, որպէսզի ներկաները՝ մեր կանայք, կտրուին առօրեայ հոգերէն ու ստեղծուած ծանր իրավիճակէն», ըսած է Սայաթ-Նովայի անուան երաժշտական քոլէճի տնօրէն Անահիտ Սուլէյմանեանը։

Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցաւ Պարի միջազգային օրուան նուիրուած համերգ
Ստեփանակերտի Աշոտ Բաբայեանի անուան Արցախի պարի պետական անսամպլի և «Մենք ենք մեր սարերը» երգի-պարի պետական համոյթի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ համերգ Պարի միջազգային օրուան առթիւ:
Ըստ «Արցախպրես»-ի՝ համերգի ընթացքին ելոյթ ունեցան նաեւ Ստեփանակերտի պարարուեստի պետական քոլէճի սաները:
Արցախի Հանրապետութեան Կրթութեան փոխնախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեան շնորհաւորելով բոլոր պարուսոյցներն և պարողները նշեց, որ պարը հայ ժողովուրդի ինքնութեան յատկանիշներէն է: «Պարով կ’արտացոլուին մեր նախնիներու ու սերունդներու ստեղծած մշակոյթը: Պարի միջոցով արտայայտուած են՝ թէ՛ ռազմիկները, թէ՛ աշխատաւոր մարդիկ: Ան մեր կենցաղի մէկ մասն է», ըսաւ Յովհաննիսեան: Անոր խօսքով՝ նման համերգները շարունակական պիտի ըլլան:
