Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղի հիմնադրութեան 59-ամեակին նուիրուած՝ ՀՕՄ-ի Օրուան տօնակատարութիւն


Խմբանկար՝ ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղի վարչութիւնը, ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչները եւ ՀՕՄ-ի օրուան ձեռնարկի յանձնախումբը

Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան

Անսակարկ սիրոյ, անձնուրաց նուիրումի եւ յարատեւ ծառայութեան արժէքներով զինուած եւ այդ արժէքներուն հաւատարիմ մնացող Հայ Օգնութեան Միութեան Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղին hիմնադրութեան 59-ամեակին նուիրուած ՀՕՄ-ի Օրուան տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնի սրահէն ներս, 12 Յունիս 2022-ին, կէսօրէն ետք ժամը 4-ին։  

Ձեռնարկը կը վայելէր Տ․ Տաթեւ աւագ քահանայ Միքայէլեանի, Վեր. Եսայի Սարմազեանի, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետուհի Նայիրի Տէրտէրեանի, ՀՕՄ-ի Գանատայի շրջանային վարչութեան անդամներու, ՀՅԴ Սողոմոն Թէհլիրեան կոմիտէի, Հայաստանի Համահայկական Հիմնադրամի, եկեղեցւոյ, կազմակերպութիւններու եւ այլ միութիւններու ներկայացուցիչներու, ՀՕՄ-ի մեծ ընտանիքի անդամներու եւ համակիրներու ներկայութիւնը։

Յայտագիրը սկսաւ Հայաստանի, Գանատայի, Արցախի եւ ՀՕՄ-ի քայլերգներով՝ դաշնակահար Թալին Գըլըպոզեանին կատարողութեամբ, որմէ անմիջապէս ետք բացման խօսքը ներկաներուն փոխանցեց օրուան  հանդիսվար Պէթթի Գրաճեան-Եփրեմեան։ Ներկաներուն բարի գալուստ մաղթելէ ետք ան անցեալէն-այսօր ՀՕՄ-ի վսեմ գործունէութիւնը ներկայացնելով ըսաւ. «ՀՕՄ-ը իր ծառայութեամբ կը հոգայ հայ ժողովուրդի մարդկային, հոգեկան, Ֆիզիքական կարիքները եւ կը ձգտի պահպանելու հայ ժողովուրդի ազգային ինքնութիւնը՝ սփռելով գութ ու բազմաբնոյթ կարեկցութիւն։ Անոր առաքելութիւնն է՝ քաջալերել կրթութիւնը, մատուցել ընկերային ծառայութիւններ եւ նպաստել կանանց հեղինակութեանը։ Ան միշտ պատրաստ է օգնութիւն ցուցաբերելու հոն, ուր կարիքը ստեղծուած եւ պահանջքը ներկայացուած է»։

Ան կարեւորեց ՀՕՄ-ի հանդէպ սէրը, աւանդութիւններու պահպանման գիտակցութիւնը եւ զանոնք նոր սերունդին փոխանցելու կարեւորութիւնը. «ՀՕՄ-ին ներկայութիւնը, շնորհիւ բոլոր կամաւորներուն ու նուիրատուներուն, որպէս մեր ժողովուրդի կարիքները ապահովող կազմակերպութիւն, անհրաժեշտ է մեր ժողովուրդին գոյատեւման  եւ պայքարի ոգին բարձր պահելու համար…մեր ժողովուրդի պատմութեան էջերուն մէջ ՀՕՄ-ը մեծ դերակատարութիւն ունեցած է աշխարհասփիւռս»։

Վարչութեան խօսքը փոխանցեց ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղի ատենապետուհի Մարալ Միսիրլեան եւ ՀՕՄ-ի ազգանուէր գործունէութինն ու առաքելութիւնը ներկայացնելով նշեց. «Մեր մասնաճիւղը, իր 400-է աւելի անդամներով, 14-է աւելի յանձնախումբերով, այս տարի եւս, որպէս մարդասիրական կազմակերպութիւն լայնածաւալ աշխատանք մը տարաւ՝  միշտ հաւատարիմ մնալով իր առաքելութեան։ 1924-ին, Ճորճ Թաունի տղոց օգտակար դառնալու նպատակով հիմնուած «Ռուբինա» մասնաճիւղը վերածնած է 1963-ին եւ պաշտօնապէս արձանագրուած՝ 1977-ին: Այսօր հոս համախմբուած ենք նշելու մասնաճիւղիս 59-ամեակը։ Ան տարիներու ընթացքին նուիրուած աշխատանք տարած է գաղութիս բարգաւաճմանը, Գանատայի Շրջանային վարչութեան եւ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան միջոցաւ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ՝ մասնակցելով բազմաթիւ նախաձեռնութիւններու»։

Ատենապետը, վարչութեան անունով շնորհաւորեց ներկաները եւ բարի երթ մաղթեց ՀՕՄ-ին, իր այլազան գործունէութիւնը միշտ յաջողութեամբ պսակելու համար։

Գեղարուեստական բաժինով հանդէս եկան՝ Նշան Փափազեան (ջութակ), Գէորգ Մանուկեան (քլարինէթ) եւ Մարիա Տաւուտեան (դաշնամուր), որոնք «Ազգ փառապանձ»  եւ «Սիրոյ գիշեր» երգերու երաժշտութեան բարձր կատարողութեամբ խանդավառեցին ներկաները եւ զանոնք փոխադրեցին Հայաստան աշխարհ։ Ալիք Պապաօղլեան, իր ձայնային նուրբ ու իւրայատուկ հնչերանքով եւ առոգանութեամբ ասմունքեց՝ Ժագ Յակոբեանի «Այս քոյրերը» բանաստեղծութիւնը, որուն հետեւեալ տողերը կը մարմնաւորեն ժրաջան ՀՕՄ-ուհիներուն նուիրուածութիւնը.

«…Հրեշտակներ՝ առանց սակայն հանդերձանքին հրեշտակի,

Թագուհիներ՝ առանց սակայն թագուհիի տեսքին ոսկի,

Այս քոյրերը հայ գթութեան՝ իրենց սրտերը կը բանան որպէս գարուն,

Ձմեռներուն կու տան վարդերն իրենց սիրոյն։

Օ՜, այս բոյրերը հայութեան… ի՜նչ չեն ըներ այս քոյրերը ծառայութեան…»։

Հանդիսավարը, ներկայացնելով օրուան պագամաբերը՝  ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետուհի՝ դոկտ․ Նայիրի Տէրտէրեանը, ըսաւ․ «Քալիֆորնիոյ Stanford Համալսարանի Juris Doctorate Միջազգային օրէնսդրութեան (International Law) ճիւղը աւարտած, դոկտորայի վկայականը (PHD) միեւնոյն համալսարանէն ստացած՝  միջազգային սահմանադրութեանց (International Constitutions) մարզէն ներս մասնագիտացած Նայիրի Տէրտէրեան,  27 տարիներ շարունակ ՀՕՄ-ի անդամ եղած է ու որպէս ատենապետ, առ այսօր, կը ղեկավարէ ՀՕՄ-ի միջազգային աշխատանքները եւ գործունէութիւնը՝  27 տարբեր երկիրներու մէջ։ Ան Հոկտեմբեր 2020-ին գործուղղուած էր Հայրենիք կազմակերպելու ՀՕՄ-ի միջազգային մարդասիրական աշխատանքները՝ Արցախեան 44 օրուայ պատերազմի ընթացքին»:

Ընկհ․ Տէրտէրեան օրուան պատգամին մէջ կարեւորեց ՀՕՄ-ի գործունէութիւն, ըսելով. «Համամարդկային եւ համազգային  արժէքներով, աւելի քան մէկ դար, անընդհատ գործող որեւէ կազմակերպութիւն՝ ազգանուէր ծառայութիւնն է իր հարազատ ժողովուրդին ու հայրենիքին եւ անաչար պատմութիւնն է, որ կ’արժեւորէ ու կ’ընդունի զայն իր էջերէն ներս, որպէս օրինակելի արժէք եւ անջնջելի իրականութիւն։ Այդպիսին էր ամբողջ տասնամեակներ հայ կնոջ կամքը, գութն ու սիրտը ներկայացնող ՀՕՄ-ը, եւ անկասկած այդպիսին պիտի մնայ գալիք ապագային եւս։ Պիտի մնա՛յ, որովհետեւ ՀՕՄ-ը գիտակից իր շրջապատին յարափոփոխ կարիքներուն ընթացաւ միշտ քայլ պահելով ժամանակին, որպէս այժմէական տեսլականով ծրագրաւորող համահայկական միութիւն ու միջազգային լայնատարած կազմակերպութիւն»։

Պատգամաբերը յիշեց վերջին տարիներուն հայ ժողովուրդին դիմագրաւած դժուարութիւնները, Միջին արեւելքի՝ Սուրիոյ եւ Լիբանանի, ինչպէս նաեւ Ուքրանիոյ հայութեան ճգնաժամային անել կացութիւնը եւ շեշտը դրաւ Արցախի  44-օրեայ պատերազմին պատճառով յառաջացած՝ Հայաստանի ու վիրաւոր Արցախի մղձաւանջին վրայ. «Անդամահատ ու վիրաւոր Արցախը այսօր անմիջական կարիքը ունի համայն հայութեան՝ պահելու եւ պահպանելու համար ազատ ապրելու իրաւունքը, այդ սրբազան պարտականոթիւնը կ’իյնայ բոլորիս ուսերուն, անխտիր։ Արցախի ժողովուրդը պատրաստ է մեծ զոհողութեան՝ իր ամբողջական ազատագրութիւնը իրականացնելու համար… կասկածէ վեր է, որ Հայ Օգնութեան Միութիւնը, իր բոլոր միաւորներով, կանգնած կը մնայ այդ համահայկական պայքարի դիրքերուն վրայ»։  Ան շնորհաւորեց ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղի տասնամեակներու գործունէութեան տարեդարձը՝ հաւաստիացնելով, որ հայ ժողովուրդին հարազատ ծոցէն ծնած ու սնած միութիւնը միշտ պիտի մնայ պատնէշի վրայ, հաւատարիմ մնալով իր համազգային, համամարդկային, բարեսիրական եւ մարդասիրական ուխտին՝ հանուն հայ ազգին մշտադալար ապագային։

«Էլեկիա» մեներգով Սոնա Յովսէփեան իր հրեշտակային ձայնով ոգեւորութեան եւ յուզմունքի պահեր պարգեւեց ներկաներուն, դաշնամուրով անոր ընկերակցեցաւ Թալին Գըլըպոզեան։

Հասած էր ջանասէր ՀՕՄ-ուհիներուն, երկար տարիներու ծառայութեան եւ անխոնջ աշխատանքին գնհատականը ստանալու՝ զարդասեղներով պարգեւատրուելու պահը։ Մարալ Միսիրլեանի, Անի Հոթոյեանի, Իռեն Թիլիմեանի եւ Նայիրի Տէրտէրեանի  ձեռամբ՝  զարդասեղներու արժանացան 15, 25, 35 եւ 50 տարուան նուիրեալ 24 ընկերուհիներ, որոնք անդամագրուած ու մինչ օրս անձնուէր եւ սիրայօժար ծառայած են ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղին։

50 տարուան զարդասեղին եւ յատուկ գնահատագրին արժանացան երկարամեայ նուիրում ունեցող Յասմիկ Խրիկեան եւ Այտա Չագմաքճեան։

Հանդիսութիւնը ընթացաւ շատ գեղեցիկ կատարումով մը՝ Թալին Գըլըպոզեան կատարեց Կոմիտասի անկրկնելի «Շուշիկի»ն ու ներկաները հիացմունքով ըմբոշխնեցին այդ իւրայատուկ կատարումը։ Տեղին է յիշել, որ գեղարուեստական յայտագրի բոլոր մասնակիցները, անխտիր, ՀՕՄ-ուհիներուն կողմէն պարգեւատրուեցան նրբաճաշակութեամբ պատրատուած պարգեւներով։

ՀՕՄ-ի յատուկ պարգեւատրումին արժանացան Վեր. Եսայի Սարմազեան եւ Նաթալի Մանուկեան, որոնք Թորոնթոյի գաղութէն ներս իրենց երկարատեւ, անձնուրաց եւ նուիրեալ բացառիկ աշխատանքով մասնակցութիւն բերին գաղութիս ծաղկեցման ու վերելքին։

ՀՕՄ-ի, 1997-էն ի վեր, աւանդութիւն դարձած «Տարուան երիտասարդ կամաւոր»ի մրցանակին արժանացաւ Վաչէ Այվազեան՝ իր ազգանուէր եւ կամաւոր աշխատանքին շնորհիւ։

Մշտանորոգ ՀՕՄ-ը իր կենսունակութիւնը եւ աշխատանքի թարմութիւնը կը պահէ երիտասարդ ուժերու մասնակցութեամբ եւ նորագիրներու անդամակցութեամբ։ Նայիրի Շահինեանի ուղղորդութեամբ երդում տուին 13 նորագիր ընկերուհիներ, որոնք ուխտեցին շարունակել հայ գաղութին ծառայել աննահանջ կամքով, անձնուրաց նուիրումով եւ զոհողութեամբ։

Տ․ Տաթեւ աւագ քահանայ Միքայէլեան իր սրտի խօսքին մէջ նախ ողջունեց ներկաները՝ Գանատայի Թեմի Առաջնորդ Տ․ Բաբգէն Եպիսկ. Չարեանի, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներու եւ հոգաբարձուներուն անունով, ապա բարի երթ մաղթեց ՀՕՄ-ի Գանատայի «Ռուբինա» մասնաճիւղին՝ զայն անուանելով վիթխարի կազմակերպութիւն մը․ «Տագնապի մը պատճառաւ ծնունդ առած այս վեհ կազմակերպութիւնը անսակարկ նուիրումով կը գոյատեւէ հայ անուան ներքեւ համախմբելով ամբողջ հայութիւնը՝ առանց գոյնի եւ գաղաբարի խտրականութեան։ ՀՕՄ-ը հայ պատմութեան մէջ հանդիսացաւ, որպէս հայ բարի սամարացին։ Մեր ազգի պատմութեան մէջ ունեցած անկորնչելի գանձերէն մին է ՀՕՄ-ը, որ մնաց ու կը մնայ հաւատարիմ իր վսեմ առաքելութեան»։ Քահանայ հայրը՝ Մուշեղ Իշխանի ՀՕՄ-ի քայլերգին «Ձեզ կը բերենք հայ կնոջ սիրտը ոսկի» տողը՝ ընթերցելով հարցադրեց, թէ արդեօք կա՞յ աւելի վսեմ եւ սեպուհ քան հայ մօր, կնոջ կամ քրոջ սիրտը, որ կը փոխանցուի մեզմէ իւրաքանչիւրիս։ Ան ներկաներուն ուշադրութեան յանձնեց Բէկի Աւընեան-Պապօղլեանի՝ «ՀՕՄ-ի խորհրդանշան» բանաստեղծութեան վերջին համարը՝ «…Սերունդներ ներկայ եւ եկող՝

Անցեալովդ հպարտացած եւ ներկայի պահանջներու վերլուծութեամբ

Թո՛ղ նոր գիծեր աւելցնեն՝

Այդ խորիմաստ ու սրբացած հին գիծերուդ ու տառերուդ եւ թիւերուդ քով անմաշ»։ Աւարտին շեշտեց, թէ ՀՕՄ-ը երբեք ժամանակավրէպ չի՛ դառնար, որորհետեւ ներկայի պահանջները նկատի ունենալով ինքզինքը կը նորոգէ եւ անմաշ կը մնայ այնքան ատեն, որ կը մեծարէ ու կը գնահատէ իր ալեհեր անդամուհիները, նոր անդամագիրներուն առիթ կու տայ, ինչպէս նաեւ իր ննջեցեալներուն հոգեհանգիստ կը կատարէ, հետեւաբար, ո՛չ միայն այսօր, այլ տարուան 365 օրերը ՀՕՄ-ի օր կոչելու արժանի են։ Քահանայ հայրը պահպանիչով աւարտեց իր խօսքը։

Աւանդոյթ դարձած մոմավառութիւնը իրականացաւ Մարի Նախնիկեանի եւ Ռօզալի Ուանէսի ձեռամբ, ուր երիցագոյն ընկերուհին իր մոմը վառելէ ետք զայն փոխանցեց կրտսեր ընկերուհիին եւ անոնք միասին վառեցին այս տարուան ջահը, ապա ներկաներէն փափաքողները մասնակցեցան  59-ամեակի մոմավառութեան։

Տօնակատարութեան աւարտին տեղի ունեցաւ ՀՕՄ-ի խորհրդանշանով զարդարուած կարկանդակի յատումը եւ մեղուաջան ընկերուհիներուն պատրաստած ճոխ  հիւրասիրութեան մատուցումը։

Ներկաները մեծագոյն գոհունակութեամբ հեռացան Հայ կեդրոնէն, իրենց սրտերուն մէջ վառ պահելով աշխատանքի ու ծառայութեան անմար ջահին կրակը։

ՀՕՄ-ի Օրուան տօնակատարութենէն պատկերներ