ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղը՝ 60 տարեկան


Զրոյց 60-ամեակի յանձնախումբի ներկայացուցիչներու հետ

Վարեց Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեանը

Հայ օգնութեան միութեան  «Ռուբինա» մասնաճիւղի տարեկան ձեռնարկներու կարեւորագոյնը կը նկատուի ՀՕՄ-Ի Օրուան նուիրուած տօնակատարութիւնը, որուն ընդմէջէն ՀՕՄ-ի ընկերուհիները կը ձգտին ցոլացնել իրենց ներքին անդամական հզօրացումը, խթանելով  համակիրներուն համագործակցութիւնը եւ ներգրաւելով նոր անդամներ, ինչպէս նաեւ ժողովուրդը հաղորդ պահելու Հայ օգնութեան միութեան իրագործումներուն եւ ապագայի ծրագիրներուն: ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղի 60-ամեակին առթիւ հարցազրոյց մը գոյացուցինք 60-ամեակի ՀՕՄ-ի Օրուան յանձնախումբի ատենապետներ՝ Նայիրի Շահինեանին եւ Վարդուհի Պարտագճեանին հետ։ Այդ հարցազրոյցին մանրամասնութիւններն ու տօնակատարութեան հանգրուանները կը ներկայացնենք մեր ընթերցողներուն։


Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան – Նախ եկէք խօսինք ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղի վերակազմութեան մասին։ Ինչպէ՞ս վերակազմուած է սոյն մասնաճիւղը։  

Նայիրի Շահինեան – 14 նոյեմբեր 1963-ին, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան եւ ՀՅԴ Սողոմոն Թէհլիրեան կոմիտէի ջանքերով կը վերակազմուի ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի մասնաճիւղը:

Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Սեդա Թէրզեանի ներկայութեամբ, տեղի կ’ունենայ առաջին ժողովը ընկերուհիներ Ազնիւ եւ Կասիա Ապաճեաններու բնակարանին մէջ, ուր կը կազմուի մասնաճիւղիս անդրանիկ վարչութիւնը, հետեւեալ ընկերուհիներով՝ Ապաճեան Ազնիւ, Ապաճեան Կասիա, Արթինեան Նանիկ-Սոնա, Գոլոլեան Արմէնուհի, Գույումճեան Եփրաքսէ, Մանուկեան Հայկուհի եւ Նալպանտեան Արուսեակ։

Մասնաճիւղս  կազմութեան առաջին օրերէն սկսեալ իր անսակարկ մասնակցութիւնը կը բերէ թորոնթոհայ գաղութի կազմաւորման աշխատանքներուն՝ թեւ ու թիկունք կանգնելով ՀՅԴ-ի «Սողոմոն Թէհլիրեան» կոմիտէին։

1977-ին Թորոնթոյի ՀՕՄ-ի մասնաճիւղը իր վերակազմութեան 14-ամեակին առթիւ կ’անուանակոչուի «Ռուբինա» մասնաճիւղ, յարգելու համար ազգային հերոսուհի Ռուբինա Օհանջանեանի յիշատակը:

ՏՄԿ – Կրնա՞ք ընդհանուր ակնարկով ամփոփել, մինչ օրս ՀՕՄ-ի Օրուան տօնակատարութեան ձեռնարկած քայլերը։

Վարդուհի Պարտագճեան – Ձեռնարկը կը միտի մասնաճիւղի միամեայ գործունէութեան եւ նիւթական յատկացումներու հաշուետուութիւնը կատարել:

Այս ձեռնարկը նաեւ առիթ մըն է շնորհակալութիւն յայտնելու մասնաճիւղիս, նիւթապէս եւ բարոյապէս զօրակցող, համակիրներուն:

Կազմակերպիչ յանձնախումբն է, որ կը ծրագրէ եւ կ’իրագործէ ձեռնարկին վերաբերող ամէն մէկ մանրամասնութիւն: Սոյն ձեռնարկը միութեանս ներքին եւ արտաքին հայելին կը հանդիսանայ գաղութէն ներս, մասնաճիւղային մակարդակով:

ՏՄԿ – ՀՕՄ-ի Օրուան առթիւ նորագրեալները կը կատարեն իրենց երդումը, չէ՞։ ինչպէ՞ս կ’իրականանայ այդ արարողութիւնը։

ՎՊ – ՀՕՄ-ի Օրուան առթիւ նորագրեալները ընդհանրապէս կը կատարեն իրենց երդումը՝ կնքամօր մը ներկայութեամբ:  Նախքան երդման արարողութիւնը, մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպութեամբ, տեղի կ’ունենայ նորագրեալներու Արեւելումի երեկոն (Orientation night)՝ ՀՕՄ-ի ընդհանուր ծրագիրներուն եւ աշխատանքներուն  ծանօթացման նպատակով (Կեդրոնական,  Շրջանային, տեղական), եւ իւրաքանչիւր նոր անդամի կը յանձնուի թղթածրար մը, նախքան երդումը կատարելը։

ՏՄԿ – Անցեալ տարի ներկայ եղայ ՀՕՄ-ի Օրուան ձեռնարկին եւ շատ գեղեցիկ մանրամասնութեան մը վկան դարձայ հոն, ուր գնահատուեցան  տասնեակ ՀՕՄ-ականներ եւ կամաւորներ։ Ինչպէ՞ս եւ ինչի՞ հիման վրայ կ’ընտրուին անոնք։ 

ՆՇ – ՀՕՄ-ի Օրուան առթիւ կը գնահատուին ՀՕՄ-ի զարդասեղով՝ 15, 25 եւ 35 տարիներու ծառայութիւն ունեցող ընկերուհիները։  ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան գնահատագիրը եւ Շրջանային վարչութեան զարդասեղը կը ստանան 50 տարիներու ծառայութիւն ունեցող ընկերուհիները, իսկ ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութեան գնահատագիրը կը ստանան 60 տարիներու ծառայութիւն ունեցող ընկերուհիները։ Ինչպէս նաեւ հոն կը տրուին Համալսարանական մրցանակ-կրթաթոշակները եւ Երիտասարդ կամաւորի մրցանակը։

Յատուկ գնահատագրով կը պատուուին ՀՕՄ-ի վաստակաւոր ընկերուհիներ եւ հայապահպանման աշխատանքին ծառայող գաղութի արժանաւոր անձնաւորութիւններ։ Մեծարեալներուն կը տրուի  ՀՕՄ-ը արտացոլող յատուկ պատրաստուած գնահատագիրը։

ՀՕՄ-ի Օրուան ձեռնարկի աւարտին տեղի կունենայ մոմավառութիւն, ու ՀՕՄ-ի բոցավառ ջահը միշտ վառ պահելու եւ սերունդէ-սերունդ փոխանցելու նպատակով՝ մասնաճիւղիս երիցագոյն ընկերուհին մոմը կը վառէ՝ փոխանցելով մասնաճիւղիս կրտսերագոյն անդամին։

ՎՊ – Մրցանակ-կրթաթոշակներ ալ կը յատկացնենք արժանի եղող բոլոր ուսանողներուն։

ՏՄԿ – Որո՞նք են այդ մրցանակին արժանի հանդիսացող անձերը եւ ինչպիսի՞  կրթաթոշակներ կը ստանան անոնք։ 

ՎՊ – Մասնաճիւղիս Մրցանակ-կրթաթոշակներն են՝- ՀՕՄ-ի Համալսարանական բարձրագոյն ուսման կրթաթոշակ՝ Ph.D-ի կամ Masters-ի ծրագիրի հետեւող հայ ուսանողի համար։

–  ՀՕՄ-ի Համալսարանական Կրթաթոշակ՝ համալսարանի առաջին տարուան երկու հայ ուսանողներու՝ հիմնուած բարձրագոյն նիշերու վրայ։

– ՀՕՄ-ի «Դրօ Նաճարեան» յիշատակի հիմնադրամի կրթաթոշակ, որեւէ տարուան կամ ծրագրի հետեւող ուսանողի համար։

– ՀՕՄ-ի «Գէորգ եւ Արմէնուհի Գոլոլեան» մրցանակ-կրթաթոշակ, որ կը տրուի նախընտրաբար ուսուցչական ասպարէզին հետեւող համալսարանական աշակերտի, որեւէ տարուան։

– ՀՕՄ-ի «Ներսէս Մխսիարթինեան» մրցանակ-կրթաթոշակ նախընտրաբար առեւտրական ասպարէզին (Business/Commerce) հետեւող համալսարանական ուսանողի, որեւէ տարուան եւ ծրագրին։

ՏՄԿ – Իսկ այս տարի, 60-ամեակի տօնակատարութեան նախօրեակին, ինչպիսի՞ աշխատանք կը տանի ՀՕՄ-ը․․․ ի՞նչ նորութիւններ պէտք է ակնկալենք այս ուրախ առիթով։ 

ՆՇ – Նկատի ունենալով, որ 2023-ը կը զուգադիպի ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղի հիմնադրութեան 60-ամեակին, այս առթիւ մասնաճիւղի վարչութիւնը յատուկ յանձնախումբ մը յառաջացուց։ Յանձախումբը առաջին հերթին որոշեց 60-ամեակը խորհրդանշող յատուկ պատկերանիշ (լոկօ) մը, ինչպէս նաեւ պատշաճ լոզունգ մը որդեգրել։ Այս պատկերանիշը պիտի օգտագործուի գրքոյկի կողքին, պաստառին, յայտարարութեան եւ տոմսերու ձեւաւորման համար, ինչպէս նաեւ 60-ամեակի տարեշրջանին ընթացքին, վարչական բոլոր պաշտօնական նամակագրութիւններու ընթացքին։ Վարչութեան հետ,  համախորհուրդ, որոշուեցաւ որդեգրել՝ «Սէր.նուիրում.ծառայութիւն» լոզունգը։

Պատկերանիշի պատրաստութեան, յայտարարութիւններուն, ինչպէս նաեւ տոմսակներուն եւ գիրքին ձեւաւորման աշխատանքը սիրայօժար ստանձնեց ընկհ. Սինդիա Սարգիսեանը։

ՏՄԿ – Ե՞րբ եւ ո՞ւր տեղի պիտի ունենայ ձեռնարկը, եւ ինչպէ՞ս պիտի տարբերի նախորդ տարիներու ձեռնարկներէն։

ՎՊ – Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ՝ 30 ապրիլ 2023-ին, յետմիջօրէի ժամը 1-ին՝ Հայ կեդրոնի սրահէն ներս։ Ձեռնարկը պիտի ունենայ յատուկ պատգամաբեր՝ Պոսթոնէն ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան փոխատենապետ ընկհ. Մայտա Մելքոնեանը եւ  ներկայ պիտի ըլլան պաշտօնական հիւրեր։

Տօնակատարութիւնը պիտի նշուի մեծ շուքով, պատշաճ յայտագիրով եւ յատուկ ճաշկերոյթի բնոյթով։

60-ամեակին առթիւ պիտի հրատարակուի յատուկ գիրք մը, ուր պիտի նշուին ՀՕՄ-ի  երկարամեայ գործունէութիւնն ու ծաւալած նուաճումները։

Գիրքին մէջ տեղ պիտի գտնեն շնորհաւորական եւ պաշտօնական պատգամներ՝ կառավարական, ազգային եւ եկեղեցական անձնաւորութիւններէ։

Գրքոյկին, ինչպէս նաեւ տոմսերու եւ յայտարարութիւններու տպագրութիւնը անվճար եւ սիրայօժար պիտի կատարեն Ռաֆֆի Ստեփանեանն ու Մարճի Գիպուրեան (Marlin Digital), ի պատիւ վաստակաշատ ընկերուհի Շաքէ Ստեփանեանին, եւ ի յիշատակ՝ ընկհ. Վալանդին Գիպուրեանին։

ՏՄԿ – Բաւական ճոխ եւ հետաքրքրական է  ձեր կազմած յայտագիրը։ Արդեօք յանձնախումբը  ինչպիսի՞ այլ աշխատանքներ իրականացուց այս առթիւ։

ՆՇ – 60-ամեակի լոկօն եւ լոզունգը յատկանշող յատուկ պաստառ մը պատրաստուեցաւ՝ ընկ․ Զոհրապ Թաթիկեանին կողմէ եւ զետեղուեցաւ Հայ կեդրոնէն ներս։ Մօտ օրէն՝ Նոր հայ հորիզոնին հետ հարցազրոյց մը պիտի ունենանք եւ նախքան ձեռնարկը պիտի սփռուի Նոր հայ հորիզոն հեռատեսիլէն։

ՀՕՄ-ի 60-ամեակի նուիրուած կարկանդակը պիտի պատրաստուի, որուն հատումը տեղի պիտի ունենայ ձեռնարկի վերջաւորութեան, եւ մոմավառութեամբ պիտի աւարտենք վաթսուն ամեակի յատուկ տօնակատարութիւնը։

Այս հարցազրոյցի աւարտին յատուկ շնորհակալութիւն «Թորոնթոհայ» ամսագիրի անձնակազմին, որ առիթ ընծայեց մասնաճիւղիս 60-ամեակին ձօնուած միջոցառումները լուսարձակի տակ առնելու, եւ թորոնթոհայութեան սեփականութիւնը դարձնելուն համար։

Եւ վերջապէս՝ շնորհակալութիւն բոլոր անոնց, որոնք կը վստահին ՀՕՄ-ին, կը հաւատան ՀՕՄ-ի առաքելութեան եւ Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղի գործունէութեան։ ՀՕՄ-ը իր բարերարներուն  անվերապահ աջակցութեան շնորհիւ նուաճած է բարձունքներ։