«Բագին»-ի ամբողջական գրական արխիւը՝ թուայնացուած, օժտուած նոր կայքով


Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան պաշտօնաթերթ՝ «Բագին» գրական գեղարուեստական հանդէսի խմբագրութիւնը վերջերս յայտարարեց, որ իր ամբողջական գրական արխիւը թուայնացուցած է ու տեղադրած «Բագին»-ի նորաստեղծ pakine.net կայքէջին վրայ, լիովին որոնելի համակարգով։

Ըստ հրապարակուած հաղորդագրութեան, մինչեւ 2021, հանդէսին իւրաքանչիւր հրապարակուած թիւ, հրատարակութեան զուգահեռ, թուային (PDF) ներբեռնելի տարբերակով կը տեղադրուէր Համազգայինի պաշտօնական մայր կայքէջի «Բագին»-ի բաժնին մէջ։ «Սակայն պարբերաթերթի պատճէնուած տարբերակի էջերը մէկ առ մէկ թերթատելով, անիկա դժուար օգտագործելի էր հայագիտականի գիտաշխատողներուն ու գրականութիւն ուսումնասիրողներուն համար», խմբագրութիւնը կը կը յայտնէ իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:

Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան հայկական համայնքներու բաժանմունքը հովանաւորեց կայքէջի պատրաստութիւնը յատուկ դրամաշնորհով մը տրամադրելով:

«[Խ]մբագրութեան նախաձեռնութեամբ, եւ անձնակազմի երկու տարուան աշխատանքի ջանքերով, կարելի եղաւ «Բագին»-ի բոլոր թիւերը անխտիր, թուայնացնել, պատրաստելով անոնց մատենագիտական ցանկերը, յօդուածներու, գրողներու, ժանրերու, եւ տարբեր բանալի բառերու պիտակաւորումներով», կը յայտնէ հաղորդագրութիւնը, որուն մէջ կը նշուի, թէ յատուկ աշխատանք տարուեցաւ կայքը ներկայացնելու գեղագիտական որոշ որակով ու նորարար բովանդակութեամբ:

Ահաւասիկ, յաւելեալ արժէք մը «Բագին»-ի աւանդած գրական վաստակին։ «Բագին»-ը իր նորաստեղծ մատենաշարի կողքին, կը շարունակէ իր 60-ամեայ յանձնառութիւնը, եւս նոր նախաձեռնութեամբ։