Մայրութեան տօնը եւ Սուրբ Զատիկը մեծ շուքով նշուեցան․ Արցախն այս շաբաթ


Արցախի իշխանութիւնները խաղաղապահներու միջնորդութեամբ հանդիպման առաջարկ ներկայացուցին Ազրպէյճանին

Արցախի իշխանութիւնները, խաղաղապահ առաքելութեան տեղակայման վայր Իւանեանի մէջ, ազրպէյճանական կողմին հետ հանդիպում ունենալու առաջարկ փոխանցեցին Պաքուին` «խաղաղապահներու հրամանատարութեան միջնորդութեամբ մարդասիրական բնոյթի անյետաձգելի հարցեր քննարկելու համար»:

Ըստ Արցախի խորհրդարանի իշխող «Ազատ հայրենիք» խմբակցութեան ղեկավար Արթուր Յարութիւնեանի՝ իրենք կ’ուզեն քննարկել գրեթէ բոլոր հարցերը` ճամբու հարցէն մինչեւ կազամատակարարման հարցը: «Մարդասիրական հարցերը կը վերաբերին ելեկտրականութեան եւ կազի մատակարարման վերականգնմանը, ճանապարհի ապաշրջափակմանը, այսինքն` այն ենթակառուցուածքային եւ մարդասիրական հարցերը, որոնք հրատապ կանգնած են մեր ճգնաժամը վերացնելու համար», ըսաւ ան:

Յայտնենք, որ վերջին անգամ մարտի սկիզբը կապ հաստատուեցաւ Պաքուի ու Ստեփանակերտի ներկայացուցիչներուն միջեւ, անկէ գրեթէ մէկուկէս ամիս ետք Ստեփանակերտը կ’առաջարկէ դարձեալ խօսիլ այս մասին: Ինչո՞ւ ճիշդ հիմա. Կա՞յ յստակ պատճառ՝ «Ազատութիւն»-ը այս մասին հարցուց Յարութիւնեանին, որ ըսաւ, թէ առաջարկին պատճառը ընդամէնը Արցախի մէջ ճգնաժամը մեղմելու անհրաժեշտութիւնն է:

Արցախ շրջափակուած է արդէն աւելի քան 120 օրերէ ի վեր. վերջին շաբաթներուն չկայ նաեւ կազ, եւ կը շարունակուին ելեկտրականութեան անջատումները:

Երկու շաբաթ առաջ, Ստեփանակերտը մերժեց Ազրպէյճանի՝ Պաքուի մէջ հանդիպում ունենալու եւ «համարկման հարցեր քննարկելու» առաջարկը: Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը մերժեց առաջարկը` յիշեցնելով, որ պատրաստ են հանդիպում ունենալ Ազրպէյճանի ներկայացուցիչներուն հետ միայն Արցախի մէջ եւ ռուս խաղաղապահներուն միջնորդութեամբ:

Ազրպէյճան լայնածաւալ սադրանքի կը դիմէ Տեղ գիւղին ուղղութեամբ

11 ապրիլին, Ազրպէյճանի զինեալ ուժերու ստորաբաժանումները կրակ բացին Տեղ համայնքի ուղղութեամբ ճարտարագիտական աշխատանքներ իրականացնող Հայաստանի զինեալ ուժերու զինուորներուն ուղղութեամբ: Հայկական կողմը դիմեց պատասխան գործողութիւններու:

Ազրպէյճան սադրանքի կը դիմէ Տեղ գիւղի տարածքին

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ ազրպէյճանական սադրանքին հետեւանքով Հայաստանի զինուած ուժերը ունեցան չորս նահատակ եւ վեց վիրաւոր։ Ըստ հայաստանեան աղբիւրներու, ազրպէյճանական կողմի կորուստները չորսն են:

Ազրպէյճանական զինուած ուժերը առաջ անցնելով իրենց սադրանքին մէջ ականանետեր կիրարեցին Տեղ գիւղի հատուածին մէջ տեղակայուած հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ: Անոնք կրակեցին նաեւ հայ-ազրպէյճանական սահմանի Սոթքի հատուածին մէջ տեղակայուած հայկական դիրքերու ուղղութեամբ, այդ պատճառով ալ դադրեցան Սոթքի ոսկիի հանքավայրի աշխատանքները, իսկ աշխատակիցները տարհանուեցան:

Արցախի նախագահը ուժայիններուն հետ քննարկեց անվտանգային նոր մարտահրաւէրները

Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան ուժային կառոյցներու պատասխանատուները աշխատանքային խորհրդակցութեան հրաւիրեց

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի չորս ամիս տեւող շրջափակման պայմաններուն մէջ ծագած անվտանգային նոր մարտահրաւէրները եւ անոնց դիմակայման ուղղուած աշխատանքներու ընթացքը: Յարութիւնեան նոր յանձնարարականներ տուաւ պատասխանատուներուն:

«Շուշին Արցախի անբաժանելի մասն է թէ՛ տարածքային, թէ՛ մշակութային, տնտեսական, պատմական առումով». Ստեփանակերտ 

Արցախի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութեան մը միջոցաւ խստօրէն դատապարտեց 8 ապրիլին, Թրքական մշակոյթի միջազգային կազմակերպութեան անդամ երկիրներու՝ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի հարցերու ազգային յանձնաժողովներու պատուիրակութեան այցելութիւնը բռնագրաւուած հայկական Շուշի:

Շուշի քաղաքէն համայնապատկեր մը (լուսանկարը՝ «Արցախպրես»-ի)

«Ակնյայտ է, որ այդ ապօրինի այցը, ինչպէս նաեւ այլ նմանատիպ միջոցառումներու իրականացումը գրաւուած հայկական Շուշի քաղաքին մէջ, միտուած են Ազրպէյճանի ու անոր դաշնակիցներուն կողմէ Արցախի Հանրապետութեան եւ անոր ժողովուրդին դէմ 2020 թուականին սանձազերծած յարձակողապաշտ պատերազմի եւ ուժի անօրինական կիրառման արդիւնքներու օրինականացման: Կրկին կ’ընդգծենք, որ Շուշի քաղաքը Արցախի անբաժանելի մասն է թէ՛ տարածքային, թէ՛ մշակութային, տնտեսական, պատմական առումներով»։

Նախարարութիւնը դիտել կու տայ, որ այսպիսի գործողութիւններով, Ազրպէյճանի իշխանութիւնները կը ձգտին ստանալ առանձին պետութիւններու եւ միջազգային կառոյցներու ներկայացուցիչներու լռելեայն համաձայնութիւնը՝ ցեղային զտման իրենց յանցաւոր ծրագիրներուն համար, որոնց նպատակն է հայաթափել Արցախը եւ ջնջել հայկական բազմադարեայ ներկայութեան հետքերը:

Արցախի մէջ գիւղատնտեսական աշխատանքները պիտի կատարուին ռուս խաղաղապահներու ընկերակցութեամբ

Արցախի Հանրապետութեան Ռուսական խաղաղապահ զօրախումբին հետ համագործակցութեան ապահովման կեդրոնը, փոխգործակցելով Արցախի մէջ տեղակայուած Ռուսական խաղաղապահ զօրախումբին հետ, կը կազմակերպէ շփման գիծին մօտակայ տարածքներուն մէջ գիւղատնտեսական աշխատանքներու ապահովութեան երաշխաւորումը։

Տարածուած հաղորդագրութեան մէջ կ’ըսուի, որ վերջին շրջանին, յատկապէս` Մարտունիի եւ Ասկերանի մէջ, գիւղատնտեսական աշխատանքներ կատարող գիւղացիներու ուղղութեամբ յարակից ազրպէյճանական մարտական դիրքերէն յաճախակի կ’արձանագրուին կրակոցներ` խաթարելով գիւղատնտեսական աշխատանքները եւ թիրախ դարձնելով դաշտավայրերուն մէջ աշխատող քաղաքացիները: Հաշուի առնելով վերոնշեալ վտանգներն ու խոչընդոտները, շփման գիծին յարակից տարածքներուն մէջ գիւղատնտեսական աշխատանքներ իրականացնող քաղաքացիները պէտք է դիմեն կեդրոն՝ ապահովելու համար ռուս խաղաղապահներու ուղեկցութիւնը։

Միջազգային զարգացման համագործակցութեան սպանական գործակալութիւնը 100 հազար եուրօ կը յատկացնէ Արցախէն տեղահանուածներու համար

Միջազգային զարգացման համագործակցութեան սպանական գործակալութիւնը (AECID) 100 հազար եուրօ կը յատկացնէ` 2020-ին Ազրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած 44-օրեայ պատերազմի հետեւանքով տեղահանուած հազարաւոր մարդոց աջակցելու, կենսապայմանները բարելաւելու համար, կը տեղեկացնէ COPE ձայնասփիւռի կայանը:

Կը նշուի, որ գործակալութիւնը (AECID) համաձայնած է 100 հազար եուրոյի չափով ներդրում կատարել, աջակցիլ «Գործողութիւն սովի դէմ» կազմակերպութեանը` օգնելու Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան հետեւանքով տեղահանուած բնակչութեանը Սիւնիքի մէջ: Նպատակն է` յառաջիկայ երեք ամիսներու ընթացքին ֆինանսապէս, նաեւ` հոգեկան եւ ընկերային ուշադրութեամբ աջակցիլ մօտ 250 տեղահանուած ընտանիքներու:  

Ստեփանակերտի մէջ՝ Մարաղայի ցեղասպանութեան նուիրուած քննարկում

Ստեփանակերտի Շառլ Ազնաւուրի անուան մշակոյթի կեդրոնին մէջ, 11 ապրիլին կազմակերպուած է հանդիպում-քննարկում` «Մարաղայ 31. չպատժուած եւ շարունակուող ցեղասպանութիւն» թեմայով:

Մարաղայի ցեղասպանութեան նուիրուած քննարկում (լուսանկարը՝ «Արցախպրես»-ի)

Ըստ «Արցախպրես»-ի՝ քննարկումը նուիրուած էր Արցախի Մարտակերտի շրջանի Մարաղայ գիւղի հայ խաղաղ բնակչութեան նկատմամբ 1992 թուականին Ազրպէյճանի իրականացուցած ցեղասպանական գործողութիւններու 31-֊րդ տարելիցին եւ անպատժելիութեան արդիւնքով շարունակուող թուրք-ազրպէյճանական ցեղասպանական քաղաքականութիւնը:

«Պէտք է երիտասարդութեան մէջ բարձրացնել իրազեկուածութեան մակարդակը` Մարաղայի մէջ տեղի ունեցած դէպքերու իրաւական գնահատականներու, պատմութեան հետ առերեսուելու, նոր ցեղասպանութիւնները կանխելուն ուղղուած քայլերուն վերաբերեալ», նշեց Կրթութեան նախարարութեան աշխատակից Արեւիկ Յովսէփեանը:

Շուշիի արհեստագիտական համալսարանի դասախօս Մհեր Յարութիւնեանի խօսքով` նման միջոցառումները ունին շատ կարեւոր եւ յստակ ուղերձ. հասկնալու, թէ ով է մեր թշնամին, ինչն է անոր նպատակը եւ արդեօք հնարաւո՞ր է այդ թշնամիին հետ բարիդրացիական յարաբերութիւններ հաստատել, մանաւանդ, երբ այսօր տարբեր կէտերէ այդպիսի կոչեր եւ ուղերձներ կը ստանան:

Միջոցառման ներկայ էին դասախօսներ եւ ուսանողներ Արցախի Հանրապետութեան բոլոր համալսարաններէն:

Սուրբ Յարութեան տօնին առթիւ պատարագ Ստեփանակերտի մէջ

Սուրբ Յարութեան տօնի առթիւ, 9 ապրիլին, Ստեփանակերտի Սբ. Աստուածամօր Հովանու մայր տաճարին մէջ մատուցուեցաւ Սուրբ պատարագ Տ․ Վրթանէս եպս․ Աբրահամեանի հանդիսապետութեամբ։

Պատարագին ներկայ եղան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան, երկրորդ եւ երրորդ նախագահներ Արկադի Ղուկասեան ու Բակօ Սահակեան, օրէնսդիր ու գործադիր մարմիններու ներկայացուցիչներ եւ հաւատացեալներ

Նոյն եկեղեցւոյ մէջ 8 ապրիլի երեկոյեան կատարուեցաւ ճրագալոյցի պատարագ։ Ճրագալոյցի պատարագին եկեղեցական աւանդոյթին համաձայն Խորանէն իջած ճրագէն հաւատացեալները իրենց մոմերը վառեցին եւ զատկուան հաւկիթները օրհնուեցան յաւարտ պատարագի։

9 ապրիլին, Ստեփանակերտի Ս. Աստուածածին առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ բակը տեղի ունեցաւ Սուրբ Յարութեան  տօնին նուիրուած մշակութային միջոցառում մայրաքաղաքի մանկապատանեկան ստեղծագործական եւ արուեստի կեդրոններու  սաներու մասնակցութեամբ:

Քաղաքապետարանի աշխատակից Տաթեւիկ Բալայեանի խօսքով` նոյնիսկ շրջափակումը չէր կրնար  խանգարել կեանքի կոչելու մշակութեային այս ծրագիրը` նուիրուած Ս․ Յարութեան  տօնին:

«Այս միջոցառումը երեխաներու առօրեան աշխուժցնելու հնարաւորութիւն է: Մասնակիցները Սուրբ Զատիկի վերաբերեալ  իրենց պատկերացումները նկարած են թուղթին եւ միջոցառման համար նախատեսուած հաւկիթներուն վրայ: Բացի այդ պատրաստուած էր Զատիկի ծառ`  ներկուած ձուն կախելու, զարդարելու համար: 

«Մայրութիւն եւ Յարութիւն». Ստեփանակերտի Մայր տաճարին մէջ ցուցահանդէս եւ հոգեւոր համերգ կազմակերպուած է

12 ապրիլին, Արցախի թեմի եւ Արցախի նկարիչներու միութեան նախաձեռնութեամբ Ստեփանակերտի աստուածամօր Սուրբ Հովանի մայր տաճարի ներքնասրահին մէջ կազմակերպուեցաւ «Մայրութիւն եւ Յարութիւն» խորագիրով ցուցահանդէս եւ հոգեւոր համերգ:

Միջոցառման սկիզբը Արցախի պետական ակադեմիական երգչախումբը` երգեց Արցախի պետական օրհներգը: Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Արցախի թեմի քրիստոնէական դաստիարակութեան կենտրոնի տնօրէն տէր Վաչագան քահանայ Գիւրջեանը:

«Բոլորս գիտենք, թէ ինչ նշանակութիւն ունեցած է եկեղեցւոյ ներքնասրահը 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին, թէ ինչպէս յարակից շէնքերէն հարիւրաւոր հայրենակիցներ քաղաքի հրթիռակոծման ժամանակ ապաստանած են այստեղ: Բայց ֆիզիկական ապահովութեան վայրէն բացի, ներքնասրահը վերածուած է իւրայատուկ աղօթավայրի մը, ուր միասնական աղօթք կը հնչէ սահմանին կռուող մեր զինուորներուն համար: Ահա այս գեղեցիկ իրողութիւնը Արցախի մեկուսացման պայմաններուն մէջ հիմքը դարձաւ այն տեսիլքին, որ եկեղեցւոյ ներքնասրահը կարելի է դարձնել հոգեւոր-մշակութային համախմբման վայր մը` ատով Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին  դարձնելով մեր ժողովուրդին համար հոգեւոր ապաստարան», ըսաւ Տ․ Վաչագան քահանան:

Արցախի նկարիչներու միութեան նախագահ Արմէն Ղուկասեանը ըսաւ․ եր ցուցահանդէսին ցուցադրոած են 15 նկարիչներու մօտ 40 աշխատանքներ:

Հոգեւոր միջոցառման ընթացքին հնչեցին Կոմիտասի, Օռլանտօ Լասսոյի, Սուիրիդովի ստեղծագործութիւններէն:

Գնահատանք ու խոնարհում` մայրութեան ու գեղեցկութեան տօնին

ՀՅԴ Արցախի կառոյցի, Հայ օգնութեան միութեան Արցախի միաւորի, Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան Արցախի մասնաճիւղի, Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Արցախի գրասենեակի, ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական ու պատանեկան միութիւններու համատեղ ջանքերով 7 ապրիլին Ստեփանակերտի մէջ կազմակերպուեցաւ միջոցառում` նուիրուած մայրութեան եւ գեղեցկութեան օրուան, Սուրբ Աստուածածնի Աւետման տօնին առիթով:

Մայրութեան ու գեղեցկութեան տօնի մասնակիցները լուսանկարը՝ «Ապարաժ»-ի

Ըստ «Ապարաժ»-ի՝ միջոցառման մասնակցեցան Արցախեան պատերազմներուն նահատակուած ՀՅԴ եւ ուղեկից կառոյցներու անդամներու կանայք, մայրեր: Նպատակն էր` շրջափակման ու 44-օրեայ պատերազմէն ետք ստեղծուած ծանր պայմաններուն մէջ փոքրիկ տօն պարգեւել նահատակ հերոսներու մայրերուն ու կանանց, թէկուզ կարճ ժամանակով զանոնք կտրել առօրեայ հոգերէն ու մտածմներէն:

Գնահատանգի եւ շնորհաւորանքի խօսքեր ըսին տէր Անդրէաս քհն․ Թաւադեան եւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Արթուր Մոսիեան:

Մայրերուն ու մայր հայրենիքին նուիրուած ելոյթներով հանդէս եկան «Մենք ենք մեր սարերը» երգի-պարի պետական համոյթը, երգչուհիներ Տաթեւիկ Բալայեանը, Լիլիթ Աւանեսեանը, Հադրութի մանկապատանեկան ստեղծագործական կեդրոնը, ՀՄԸՄ-ի Արցախի միաւորի ու ՀՅԴ ԱԵՄ-ի, պատանեկան միութեան անդամներ: Ծրագիրը ֆինանսաւորած էր ՀՕՄ-ի ԱՄՆ Արեւմտեան շրջանի շրջանային վարչութիւնը: