Լիբանանահայ կիթառահար Մկրտիչ Միքայէլեանը հիացուց թորոնթոհայութիւնը


Կազմակերպութեամբ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային «Գլաձոր» մասնաճիւղին, 16 ապրիլին, Թորոնթոյի Հայ կեդրոնի սրահէն ներս տեղի ունեցաւ լիբանանահայ կիթառահար Մկրտիչ Միքայէլեանի մենահամերգը:

Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց «Գլաձոր» մասնաճիւղի ատենապետ, ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանի տարիներու վաստակաւոր ուսուցիչ Յասմիկ Պապեանը: Ողջունելէ ետք հանդիսատեսները, Պապեան յիշեցուց բոլորին, որ Համազգայինը այս տարի կը նշէ իր հիմնադրութեան 95-ամեակը ու մասնաճիւղին բոլոր ձեռնարկներն ու նախաձեռնութիւնները նուիրուած են կրթական եւ մշակութային միութեան յոբելեանին:

«Համազգայինը մեծ դերակատարութիւն ունի նոր սերունդը կառչած պահելու ազգային ինքնութեան, հաղորդ դարձնելու հայ մշակոյթին եւ անոր ճամբով՝ պատրաստելու յանձնառու, տիպար երիտասարդներ: Լիբանանէն հրաւիրուած Մկրտիչ Միքայէլեանի այսօրուան մենահամերգը թող սիրոյ եւ երախտիքի արտայայտութիւնը ըլլայ մեր առաքելատիպ հայրերուն, որոնք եղան վշտագին պահակները հայ ժողովուրդին ինքնուրոյն դիմագիծը պահելու եւ զայն ապահով կերպով փոխանցելու գալիք սերունդներուն», ըսաւ Պապեան, որմէ ետք սեղմ գիծերու մէջ ներկայացուց Միքայէլեանին կենսագրականը:

Լիբանանէն հրաւիրուած կիթառահարը ծնած է Պէյրութ ու աւարտած Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցը՝ ստանալով դասական կիթառի մագիստրոսի կոչումը: 2022-ին արժանացած է Կիթառի համաշխարհային կազմակերպութեան Պատուոյ դեսպան պաշտօնին՝ ներկայացնելով Լիբանանն ու Հայաստանը: Ներկայիս, ան կիթառի փրոֆեսոր է Lebanese National Higher Conservatory of Music-ին մէջ, Լիբանանի Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի դասական կիթառի համակարգողն է եւ «Տաւիղ» խումբի հիմնադիր եւ գեղարուեստական ղեկավարը: 2019-ին Միքայէլեանը հիմնած է նաեւ «Արարատ» հնգեակը:

Միքայէլեան հեղինակն է Pieces from the Armenian Liturgy and Armenian Songs գիրքին (Անթիլիաս, 2002), որ կը բովանդակէ կիթառի համար գրուած հայկական պատարագէն կտորներ ու շարք մը հայկական երգեր: Որպէս մենակատար ան հանդէս եկած է Հայաստան, Լիբանան, Շուէտ, Արաբական Միացեալ Էմիրաթիւններ, Ֆրանսա, Յունաստան եւ Գանատա: Կանաչեանի «Օրօր»-ին անոր կիթառի մշակումը 2016 թուականին լոյս տեսած է դասական կիթառի շուէտական ականաւոր Gitarr och Luta ամսաթերթին մէջ:

Միքայէլեան 2006-ին Համազգայինի Լիբանանի շրջանային վարչութեան հովանաւորութեամբ հրապարակած է իր առաջին սկաւառակը, իսկ երկրորդը, որ կը կրէ «Քայէլտոսքոփ» անունը, 2008-ին արձանագրուած է Աթէնքի մէջ: 2020-ին հրապարակած է «Օրօր» եւ «Արարատ» սկաւառակները՝ «Գոհար»-ի հովանաւորութեամբ:

Պապեանին բացման խօսքէն եւ ներկայացումէն ետք ելոյթ ունեցաւ Միքայէլեան, որ շուրջ մէկ ժամուան տեւողութեան ներկայացուց Տիգրանեանէն, Կանաչեանէն, Սայաթ Նովայէն եւ բազմաթիւ օտար հեղինակներէ ստեղծագործութիւններ: Յատկանշական էին «Ամպի տակից»-ը («Անուշ» օփերայէն), «Օրօր»-ը («Քուն եղիր, բալաս») եւ «Քամանչա»-ն: Տեղին է նշել, որ հայկական ստեղծագործութիւններուն կիթառի համար գործիքային մշակումը կատարած է նոյնինքն Միքայէլեանը:

Ներկաները ոգեւորութեամբ հետեւեցան Միքայէլեանին ելոյթին, բուռն ծափահարութեամբ գնահատեցին անոր ներկայացումը  եւ լիցքաւորուած, գոհունակ եւ բարձր տրամադրութեամբ բաժնուեցան իրարմէ: