Արցախի կարգավիճակը կասկածի տակ դնող յայտարարութիւնները Արցախի կողմէ անթոյլատրելի են


Շրջափակման չորս ամիսներու ընթացքին Արցախի տնտեսութիւնը կրած է մօտ 240 միլիոն տոլարի վնաս

Արցախի կառավարութիւնը հրապարակած է շրջափակման 128 օրերու վիճակագրական տուեալները, որոնք կը ներկայացնենք ստորեւ․

  • Արցախի բոլոր բուժհաստատութիւններուն մէջ ծրագրուած վիրահատութիւններու դադրեցման պատճառով մօտ 1 100 քաղաքացի զրկուած է վիրահատուելու միջոցով առողջական խնդիրներու լուծման հնարաւորութենէն։
  • Մինչ այսօր Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէին միջնորդութեամբ եւ ուղեկցութեամբ Արցախէն Հայաստան տեղափոխուած է 326 հիւանդ՝ բուժուելու համար։ Ի դէպ՝ հնարաւոր չէ հիւանդները տեղափոխել պառկած վիճակով, քանի որ ազրպէյճանական կողմը կը խոչընդոտէ Արցախի շտապօգնութեան մեքենաներուն շարժը, ապա անոնք սովորական մեքենաներով կը տեսափոխուին։
     
  • Շրջափակման հետեւանքով իրենց տուները չեն կրցած վերադառնալ ընդհանուր առմամբ շուրջ 3 900 անձ, ներառեալ՝ 570 երեխայ, որոնց մէկ մասը արդէն վերադարձած է տուն՝ Կարմիր խաչի եւ ռուս խաղաղապահներուն աջակցութեամբ:
  • Ստեփանակերտ-Գորիս մայրուղիով ոչ մէկ քաղաքացի ազատօրէն կ’երթեւեկէ, եւ մարդոց երկկողմանի տեղաշարժի դէպքերը նուազած են շուրջ 184 անգամով, եղածն ալ միայն Կարմիր խաչի ու ռուս խաղաղապահներու աջակցութեամբ (128 օրուան ընթացքին մարդոց 313 600-ի փոխարէն՝ 1 705 մուտք եւ ելք):
  • Արգելափակուած ճանապարհով Արցախի քաղաքացիներու ոչ մէկ մեքենայ անցած է, իսկ Կարմիր խաչի եւ ռուս խաղաղապահներու մեքենաներուն շարժը եղած է գրեթէ 49 անգամ աւելի քիչ, քան պէտք է ըլլար առանց շրջափակման (128 օրուան ընթացքին 117,760-ի փոխարէն՝ 2394 մեքենայի մուտք եւ ելք, այն ալ՝ միայն Կարմիր խաչի եւ ռուս խաղաղապահներուն կողմէ): 
  • Շուրջ 12 անգամ աւելի քիչ կենսական նշանակութեան ապրանք ներմուծուած է միայն Կարմիր խաչի եւ ռուս խաղաղապահներուն կողմէ, քան իրականութեան մէջ պէտք է ըլլար առանց շրջափակման (128 օրուան ընթացքին մօտ 51 200 թոնի փոխարէն՝ 4 174 թոն): 
  • Շրջափակման ընթացքին Ազրպէյճանը ընդհանուր 62 օր շարունակ ամբողջութեամբ կամ մասնակիօրէն ընդհատած է Հայաստանէն Արցախ կազամատակարարումը, իսկ ելեկտրականութիւնը ամբողջութեամբ խափանուած է արդէն 99 օր շարունակ: 
  • 860 տնտեսվարող կեդրոն (ընդհանուրի 20,1 %-ը) շրջափակման պատճառով կասեցուցած է իր գործունէութիւնը, իսկ մնացեալ տնտեսվարողները կը գործեն մասնակի կամ պետական աջակցութեամբ։
     
  • Շրջափակման եւ կենսական ենթակառուցուածքներու խափանման պատճառով շրջափակման սկիզբէն առ այսօր փաստացի աշխատանքը եւ եկամուտի աղբիւրը կորսնցուցած է նախնական հաշուարկներով շուրջ 10 300 մարդ (ներառեալ՝ պետական աջակցութեան), որ մասնաւոր հատուածի մէջ աշխատողներու 50 տոկոսէն աւելին է։
     
  • Դադրած են 32,6 քիլոմեթր ճանապարհի, տասնեակ քիլոմեթր ջրագիծի, հազարաւոր հեկտար հողատարածքներու ոռոգման համակարգերու, 3 717 բնակարաններու, աւելի քան 40 հասարակական եւ արտադրական ենթակառուցուածքներու շինարարական աշխատանքները։
  • Շրջափակման ընթացքին Արցախի Հանրապետութեան տնտեսութեան հասցուած է շուրջ 240 միլիոն տոլարի վնաս՝ յանգեցնելով մօտ 27 տոկոսի չափով ՀՆԱ-ի կանխատեսուած տարեկան ցուցանիշի (903 միլիոն տոլար) չապահովման:

Արցախի փաստացի կարգավիճակը կասկածի տակ դնող Փաշինեանի յայտարարութիւնները Արցախի կողմէ անթոյլատրելի են

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի խմբակցութիւնները՝ «Ազատ հայրենիք», «Միասնական հայրենիք», «Արդարութիւն», «Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն», «Արցախի ժողովրդավարական կուսակցութիւն», 19 ապրիլին հրապարակեցին յայտարարութիւն մը, որով «Անընդունելի կը համարենք Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին այն տեսակէտը, որ ան հնչեցուցած է Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի 18 ապրիլի նիստին, համաձայն որուն՝ Հայաստանը լիարժէք կը ճանչնայ Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը, փորձելով այդ ամէնը հիմնաւորել Մատրիտեան աշխատանքային փաստաթուղթի մէկ կէտով,  2022 թուականի Հոկտեմբերին Պրահայի եւ Սոչիի մէջ կայացած յայտնի հանդիպումներու ժամանակ ձեռք բերուած համաձայնութիւններով, ինչպէս նաեւ հիմք ընդունելով Ալմա Աթայի 21 դեկտեմբեր 1991 թուականի հռչակագիրը, անտեսելով հանդերձ, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնն այդ փաստաթուղթն ընդունած է Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակին առնչուող սկզբունքային վերապահումներով:

Վերածնունդի հրապարակը եւ Արցախի Ազգային ժողովի շէնքը

Ազգային ժողովը Արցախի Հանրապետութեան ժողովուրդի անունէն դիմեց Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն՝ վերստին յորդորելով՝ չշեղիլ Հայաստանի Հանրապետութեան Գերագոյն խորհուրդի 8 յուլիս 1992 թուականի որոշման ուղեգիծէն, միեւնոյն ժամանակ ուշադրութիւն հրաւիրելով այն կանխատեսելի հեռանկարի վրայ, որ Արցախի պետականութեան գլխուն կախուած վտանգը կործանարար սպառնալիք է նաեւ Հայաստանի պետականութեան համար:

Փաշինեան անդրադարձաւ Արցախէն հնչած այս յայտարարութեան՝ դիտել տալով, որ իր յայտարարութիւնները սովորաբար Ստեփանակերտի մէջ սխալ կը հասկցուին, այս անգամ ալ նոյնն է պարագան:

Ալիեւ Հայաստանէն կը պահանջէ յստակօրէն յայտարարել` «Ղարաբաղը Ազրպէյճան է»

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Հայաստանէն պահանջեց յստակօրէն յայտարարել, որ «Ղարաբաղը Ազրպէյճան է»։ Յիշեցնելով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի` «Արցախը Հայաստան է եւ վերջ» յայտարարութիւնը, ան պնդեց, որ այժմ ժամանակն է, որ Հայաստանի ղեկավարը իր յայտարարութիւնը խմբագրէ:

«Հայաստանը, որ կ’ըսէր` «Ղարաբաղը Հայաստան է եւ վերջ», այսօր պէտք է կրկնէ մեր ըսածը` «Ղարաբաղը Ազրպէյճան է», որովհետեւ եթէ «ա»ն ըսած է, «բ»ն ալ պէտք է ըսէ», պնդեց ան:

Ալիեւ այս մասին խօսեցաւ այսօր`դարձեալ սպառնալիքներ, վիրաւորական խօսքեր հնչեցնելով հայերու հասցէին:

Ատրպէյճանական պետական պատկերասփիւռի կայանին տուած հարցազրոյցի մը ընթացքին ան անդրադարձաւ նաեւ Հայաստանի հետ խաղաղութիւն կնքելու անհրաժեշտութեան եւ այդ մասին խօսելու ընթացքին շեշտեց, որ Պաքու կը հզօրացնէ բանակը, որպէսզի պատրաստ ըլլայ որեւէ իրավիճակի:

Նախազգուշական յայտարարութիւններուն զուգահեռ Ալիեւ հարկ նկատեց շեշտել, որ իր բանակը պատերազմէն ետք աւելի զօրացած է, եւ նոյնիսկ հիմա բանակաշինութիւնը եւ պաշտպանական ներուժի հզօրացումը կը շարունակեն մնալ առաջնահերթութիւն Ազրպէյճանի համար: Միւս գլխաւոր հարցը, ըստ Ալիեւի, Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներու զարգացումն է, առ այդ, իրենք կը պատրաստուին Լաչին քաղաքը վերաբնակեցնելու ծրագրուած ժամանակէն աւելի կանուխ՝ արդէն յառաջիկայ ամիսներուն: Թէ ի՛նչու է այդ շտապողականութիւնը, Ալիեւ չբացատրեց, այլ միայն նշեց, որ վերջին հաշուարկներով Լաչինի մէջ յառաջիկային շահագործման պիտի յանձնուին 570 բնակելի տուներ:

«Ես չեմ կրնար պատկերացնել, որ Արցախը կրնայ Ազրպէյճանի կազմին մէջ ըլլալ»․ Ամենայն հայոց կաթողիկոս

Արցախի խնդիրը մեր ժողովուրդը յուզող ամենակարեւոր հարցն է եւ ամէն գնով պէտք է պաշտպանել Արցախի ժողովուրդին ազատ, անկախ ապրելու իրաւունքը: Լրագրողներու հարցումներուն պատասխանելու ընթացքին ըսաւ Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ․։

Անդրադառնալով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութեան, թէ մատրիտեան սկզբունքներով Հայաստանը ճանչցած է ԼՂ-ն Ազրպէյճանի կազմին մէջ, կաթողիկոսը ըսաւ. «Մենք չենք կարծեր, որ նման յայտարարութիւնները տեղին են եւ որեւէ կերպով կրնան նպաստաւոր ըլլալ հարցի կարգաւորման համար: Պէտք չէ շտապել, ընդհակառակը, պէտք է ամէն կերպով պաշտպանել Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման, անկախ ապրելու աստուածաշնորհ իրաւունքը»:

Անդրադառնալով այն հարցին, թէ Վեհափառը կը տեսնէ՞ հնարաւորութիւն, որ Արցախը կրնայ չըլլալ Ազրպէյճանի կազմին մէջ, Գարեգին Բ․ ըսաւ. «Ես չեմ կրնար պատկերացնել, որ Արցախը կրնայ ըլլալ Ազրպէյճանի կազմին մէջ: Ատիկա պիտի նշանակէ հայ ժողովուրդի հանդէպ նոր ցեղասպանութիւն մը, ատիկա պիտի նշանակէ Արցախի հայաթափում: Մենք ամէն ջանք պէտք է ներդնենք, որ կարենանք միջազգային չափանիշներուն եւ օրէնքներուն ծիրէն ներս ապահովել Արցախի մեր ժողովուրդին անկախ ապրելու իրաւունքը»:

Ատրպէյճանցիները կրակած են Արցախի մէջ գիւղատնտեսական աշխատանք կատարողներու ուղղութեամբ

Արցախի Հանրապետութեան Ներքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, որ 18 Ապրիլին, Ասկերանի շրջանի բռնագրաւուած Ակնաղբիւր գիւղի վարչական տարածքին մէջ գտնուող ցանքատարածքներուն մէջ, գիւղատնտեսական աշխատանքներ կատարելու ընթացքին ազրպէյճանական մարտական դիրքերէն հրաձիգներով կրակ բացին խումբ մը քաղաքացիներու ուղղութեամբ: Գիւղատնտեսական աշխատանքները կանգ առին: Լուր տրուեցաւ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմին:

Ստեփանակերտի մէջ Արամ Խաչատրեանի ծննդեան 120-ամեակին նուիրուած յոբելինական երեկոյ կազմակերպուած է

19 ապրիլին, Ստեփանակերտի մէջ, կազմակերպուած է յոբելինական երեկոյ՝ նուիրուած աշխարհահռչակ երգահան, խմբավար Արամ Խաչատրեանի ծննդեան 120-ամեակին։

Ըստ «Արցախպրես»-ի՝ ձեռնարկին սկիզբը ներկայացուած է Ա. Խաչատրեանի կենսագրութիւնն ու ստեղծագործական ուղին։ Երեկոյին ընթացքին հնչած են մեծանուն երգահանի տարբեր տարիներու ստեղծագործութիւններ։

«Դպրոցի աշակերտները մեծ ոգեւորութեամբ պատրաստուած են այս ձեռնարկին, քանի որ անոնց համար ասիկա ունի նաեւ ուսուցողական նշանակութիւն՝ յատկապէս, որ ծրագիրով կ’անցնինք Արամ Խաչատրեանի ստեղծագործութիւնները։ Նման ձեռնարկները այսօր, առաւել քան երբեւէ, ոգեւորիչ ու կարեւոր են, որովհետեւ կը նպաստեն մեր մշակոյթին ու արցախեան բարձր ոգիի պահպանման», ըսած է երաժշտական դպրոցի դասատու Զարինէ Թարանեան։

Ստեփանակերտի մէջ Համօ Սահեանի բանաստեղծութիւններուն նուիրուած երեկոյ

Արցախի պետական համալսարանի եւ  «Մեր սարերը» ակումբի  համատեղ նախաձեռնութեամբ 14 Ապրիլին, Ստեփանակերտի մէջ կազմակերպուած է գրական-երաժշտական երեկոյ` նուիրուած բանաստեղծ Համօ Սահեանի 109-ամեակին:

Սահեանական երեկոյէն պատկեր մը (լուսանկարը՝ «Արցախպրես»-ի)

«Արցախպրես»-ի փոխանցմամբ՝ ձեռնարկին մասնակցած են ուսանողներ Արցախի բոլոր համալսարաններէն, Սահեանի բանաստեղծութեանց սիրահարներ, որոնք ասմունքած են անոր ստեղծագործութիւններէն եւ անոնց հիման վրայ ստեղծուած երգեր կատարած:

Գրականագէտ Զարինէ Սառաջեանի խօսքով` ապրելու եւ ապրեցնելու համար պէտք է նաեւ ամուր կառչիլ  սեփական արժէքներուն եւ  ազգային արժանապատուութիւնը, լինելիութիւնը, էութիւնը սնուցող երակներուն, որոնցմէ է նաեւ Համօ Սահեանի բանաստեղծութիւնները: 

Գրական-երաժշտական երեկոն ամփոփուած է «Արցախ․ ապրելու բանաձեւ» էսսեներու մրցոյթի յաղթողներու պարգեւատրութեամբ: Մրցոյթին մասնակցած են Արցախի եւ Հայաստանի տարբեր համալսարաններէ ստեղծագործող ուսանողներ: Յաղթողները պարգեւատրուած են պատուոգիրներով ու գիրքերով:

Ստեփանակերտի մէջ Մշակոյթի միջազգային օրուան նուիրուած ցուցահանդէս

Արցախի պետական պատմաերկրագիտական թանգարանին մէջ 15 ապրիլին, կազմակերպուած է «Մշակութային ջարդ» խորագրով ցուցահանդէս` նուիրուած Մշակոյթի միջազգային օրուան:

Ցուցահանդէսին լուսանկարներու միջոցով ցուադրուած են Ազրպէյճանի կողմէ բռնագրաւոած տարածքներուն մէջ գտնուող եկեղեցիները, վանքերը, հայկական գերեզմանոցները, որոնք ներկայիս աւերուած են:

Արցախի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան փոխնախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեանի խօսքով` հայ ժողովուրդը այսօր կանգնած է մշակութային ինքնութեան կորուստի առջեւ եւ ամէն մէկ կայլափոխի մեր մշակութային ինքնութիւնը յարձակման կ’ենթարկուի:

Տեղի ունեցաւ «Տաղ․ ՀՈԳՈՒ Ճանապարհ» ֆիլմի Արցախեան առաջին ցուցադրութիւնը

Ստեփանակերտի մէջ, 20 ապրիլին ցուցադրուեցաւ «Վերածնունդ» մշակութային եւ զարգացման հիմնադրամի`  սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի տաղերու հիման վրայ նկարահանուած  «Տաղ. ՀՈԳՈՒ Ճանապարհ» հոգեւոր-երաժշտական ֆիլմը, որուն  գլխաւոր արտադրողը Արթուր Ջանիբեկեանն է, մտայղացման հեղինակը` Արտակ Ալեքսանեանը:

Ֆիլմին դերասաններն են յայտնի ու սիրուած դերասաններ Նազէնի Յովհաննիսեանը, Խորէն Լեւոնեանը, Մարջան Աւետիսեանը, Տիգրան Ներսիսեանը, Նելլի Խէրանեանը, Շանթ Յովհաննիսեանը, Ռոզի Աւետիսովան եւ Սամուէլ Թօփալեանը:

ֆիլմը նկարահանուած է 7 տաղերու հիման վրայ: Դերասանները տաղերը կը ներկայացնեն աշխարհաբարով, Վահէ Բէգոյեանը կը կատարէ գրաբարով: Բացի Նարեկացիի հինգ տաղէն, ֆիլմին մէջ ներառուած է նաեւ միջնադարեան երկու տաղ` «Տիրամայրը հանդէպ Խաչի» եւ «Մարիամ Մագդաղենացին»:

Ֆիլմի նկարահանումները իրականացուած են հայկական եօթ խորհրդանշական եկեղեցիներու մէջ: Ընտրուած են   համեմատաբար քիչ այցելուող, բայց միջնադարեան ճարտարապետութեան գլուխգործոց վանքերը` Հնեվանքը, Կապուտնի Սուրբ Մինասը, նաեւ` Գեղարդաւանքը, Սանահինի վանքը: Օգտագործուած են նաեւ 9 մայիս 1992-ի Շուշիի ազատագրման տեսարաններ: