Առցանց զրոյց՝ Բագրատ արքեպիսկոպոս Գալստանեանին հետ


Անցեալ կիրակի, 15 ապրիլին, տեղի ունեցաւ հրապարակային առցանց զրոյց Տաւուշի թեմի առաջնորդ՝ Տէր Բագրատ արքեպիսկոպոս Գալստանեանին հետ: «Եկեղեցւոյ դերը մեր գոյատեւման պայքարը ամրապնդելու թէ՛ հայրենիքի եւ թէ՛ սփիւռքի մէջ» խորագրով զրոյցը, որ  սփռուեցաւ «Թորոնթոհայ»-ի Ֆեյսպուքի էջէն եւ այլ լրատուամիջոցներու հարթակներէն, կազմակերպած էր Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան (ՀՅԴ) Գանատայի կեդրոնական կոմիտէի դաստիարակչական յանձնախումբը:

Ըստ «Հորիզոն» պաշտօնաթերթի թղթակցութեան, առցանց զրոյցը բացումը կատարեց ՀՅԴ Գանատայի կեդրոնական կոմիտէի դաստիարակչական յանձնախումբի ատենապետ Ժան Պալճեան, որ անդրադարձաւ յանձնախումբին առաքելութեան՝ սեմինարներով, աշխատանոցներով եւ դասախօսութիւններով իրազեկել գանատահայ երիտասարդները, ուսանողները եւ համայնքի նորահաս սերունդը:

Թորոնթոհայ երիտասարդ Լոռի Պէրպէրեան Բագրատ Արքեպիսկոպոս Գալստանեանի կենսագրական գիծերը ներկայացուց, որմէ ետք սկսաւ զրոյցը, որ վարեց վերոնշեալ յանձնախումբի անդամ Մոսիկ Արզումանեանի Մոնթրէալէն:

Սրբազանը նախ անդրադառնալով Սփիւռքի հասկացութեան ըսաւ. «Սփիւռքը լայն իմաստով նաեւ պատերազմական գօտի է, որտեղ ամէն օր կեանքի ու մահուան կռիւ է, հոն մեր ժողովուրդի զաւակները չեն զոհւում փամփուշտից, բայց զոհւում են այլազան երեւոյթներից, արժէքներից, որոնք անխուսափելիօրէն, ըստ տեղային պայմաններին, պատառում են մեզ, հետեւաբար ահռելի ջանքեր են պահանջում թէ՛ մարդկային ներուժից, թէ՛ նիւթական միջոցներից, իրականացնելու ծրագրեր, գործունէութիւններ, առաքելութիւններ, որոնք ի վերջոյ պիտի նպաստեն եւ ծառայեն մեր ընդհանրական կեանքի զարգացման: Հետեւաբար իւրաքանչիւր օր փրկութեան կամ կորուստի օր է»:

Ապա եկեղեցւոյ բնութագրման մասին ան յայտնեց ,որ եկեղեցւոյ էութիւնը իր սկզբնաւորութենէն ի վեր անփոփոխ է, թէեւ գործելակերպերը կրնան տարբերիլ ըստ մարտահրաւէրներին եւ ըստ օրուայ պահանջներին:

«Այսօրուան մեր ճգնաժամը հոգեւոր-բարոյական արժէքային ճգնաժամ է, երբ արժէքներու հասկացութեան փոփոխութիւն տեղի կ’ունենայ, երբ հայրենիքն ու սրբազան հողը կը դիտուին որպէս բնակավայր, տարածութիւն կամ արօտավայր, երբ անմահութեան եւ նահատակութեան հերոսութիւնը կը դիտուի որպէս պարզապէս մի դէպք… եւ այսօր այդ հեղեղին դիմաց սփիւռքում կամ հայրենիքում ու արցախում մեծ պայքարի մէջ ենք, յատկապէս հոգեւոր արժեբանական իմաստով. հետեւաբար եթէ մենք կ“ուզենք երաշխիք ունենալ ապագայի, առաջնորդների սերունդ հարկ է պատրաստել եւ ոչ թէ սոսկ սերունդ», սրբազան հայրը ըսաւ:

Ապա, սրբազանը պատասխանեց զրոյցին հետեւողներուն հարցումներուն, որոնցմէ մէկը կ՚անդրադառնար աղանդաւորական շարժումներուն մասին. «Ես համոզուած եմ, որ մենք մեր անելիքները պիտի անենք, մեր առաքելութիւնը, մեր քարոզչութիւնը. այո՛, մեծ է պայքարի դաշտը, այլազան է, բազմաշերտ ու բազմագոյն, որոնցմէ մէկն է միայն աղանդները, հետեւաբար չափազանց ծանր է առաքելութիւնը, բայց մեր անելիքնե՛րն են կարեւոր», ըսաւ ան:

Զրոյցի տեսանիւթը կարելի է դիտել այս յղումով։