Թորոնթոյի ՀՕՄ-ի Ամէնօրեայ Վարժարանի ամավերջի հանդէսները


Խ. Գուլաճեան

ՀՕՄ-ի Ամէնօրեայ Վարժարանին համար Յունիս 2022-ը տօնական ամիս էր: Արդարեւ, երկու տարուան ընդհատումէն ետք, պաշտօնապէս տեղի ունեցան «Պապայեան» մանկապարտէզի, «Գոլոլեան» նախակրթարանի եւ «Լափոյեան» երկրորդական վարժարանի Ամավերջի հանդէսներն ու վկայականներու բաշխումները, ներկայութեամբ՝ ծնողներուն, համայնքի ներկայացուցիչներուն եւ հանրութեան:

Ուրբաթ, 10 Յունիսին, երեկոյեան ժամը 5:30-էն սկսեալ եռուզեր էր Թորոնթոյի Հայ Երիտասարդական Կեդրոնի մուտքին: 52 մանուկներ, իրենց ծնողներու ընկերակցութեամբ, ժամանեցին կեդրոն ուրախ եւ խանդավառ մթնոլորտ մը ստեղծելով:

Ձեռնարկը սկսաւ «Համազգային» թատերասրահին մէջ, յիշատակի նկարներու յարակցումով մը, որ կը ներկայացնէր Ծիլ կարգէն մինչեւ Ծաղիկ կարգի մեր աշակերտներուն գործունէութիւնները: Մինչ հանդիսատեսը սուզուած էր յիշատակներու ծովին մէջ, 52 շրջանաւարտ ծաղիկները կը շարուին բեմին վրայ, վարագոյրներու ետին: Կ’աւարտի ներկայացումը: Կը հնչեն Գանատայի, Հայաստանի եւ Արցախի օրհներգները, ու ապա վարժարանի տնօրէն Րաֆֆի Սարգիսեան կ’ողջունէ ներկաները եւ պաշտօնապէս բացուած կը յայտարարէ հանդէսը: Կը բացուի վարագոյրը: Շրջանաւարտները մեզ կը դիմաւորեն իրենց անմեղ ժպիտներով: Պատրաստ աղօթքի՝ նորափթիթները կ’երգեն Կոմիտաս Վարդապետի «Մանուկներու աղօթք»-ը, ապա կ’աղօթեն իրենց ամէնօրեայ «Քեզի կու գամ Հայր Աստուած»-ը: Անգլերէն լեզուով կ’ասմունքեն «It was only yesterday» կտորը, որուն ընդմէջէն կը բացատրեն մանկապարտէզի մէջ իրենց ամբարած գիտելիքները, ապա՝ Խ. Դաշտենցի «Մեսրոպ Մաշտոցին»-ը եւ գեղարուեստական բաժինը կը փակեն «Մեր Հայրենիք Սիրելի» (Խօսք՝ Ս. Մուրատեանի, երաժշտ.՝ Գ. Չթչեանի) երգով, որ հանդիսատեսին մէջ ներարկեց յաղթանակի զգացում եւ արժանացաւ անոր բուռն ծափողջոյններուն:

Եւ կը հասնի սպասուած պահը: Տնօրէն Րաֆֆի Սարգիսեանի, փոխտնօրէն Զէլա Գագուսեանի եւ ծաղիկ կարգի ուսուցիչներու ձեռամբ կը կատարուի վկայականներու բաշխումը: Այսպէս, ծաղիկները հրաժեշտ տուին մանկապարտէզի ջերմ կեանքին եւ ուրախ խաղերուն, եւ ցոյց տուին իրենց պատրաստակամութիւնը` անցնելու նախակրթարանի Ա. դասարան:

Կրթական խորհուրդի ատենապետ Վազրիկ Շարապխանեան շնորհաւորանքի խօսք կ’ուղղէ շրջանաւարտներուն, ծնողներուն եւ ուսուցիչներուն: Ապա բեմ կը հրաւիրէ բազմավաստակ կրթական մշակ, 33 տարիներ մանկապարտէզին մէջ ծառայած, սերունդներ դաստիարակած, բոլորին սիրելի՝ Տիկ․ Ցոլինէ Խառնուլեանը: Շարապխանեան վեր առաւ Խառնուլեանի տարիներու վաստակը, նշելով, որ ան եղած է իր եւ տնօրէն Րաֆֆի Սարգիսեանին ուսուցիչը, ու ապա պարգեւատրեց զինք ապակեայ գնահատագիրով եւ Մայքըլ Արամի ձեռամբ պատրաստուած յուշամետաղով, որուն վրայ պատկերուած էր ՀՕՄ-ի զինանշանը՝ շրջապատուած մանուկներով: Իր կարգին, Տիկ․ Խառնուլեան, շատ յուզուած, փոխանցեց զգայացունց սրտի խօսք մը, շնորհաւորեց բողբոջ դասարանը իրեն աշակերտած շրջանաւարտ այս սերունդը, ուրախութիւն յայտնեց, որ ինք  դասաւանդած է նաեւ անոնց ծնողներէն շատերուն, վեր առաւ Հայ վարժարանի կարեւոր դերը եւ մաղթեց, որ տասներկու տարի ետք Ծաղիկ դասարանի աշակերտները դարձեալ կանգնին նոյն բեմին վրայ` իբրեւ այս կրթօճախի աւարտական դասարանի աշակերտներ: Ապա հրաժեշտ տուաւ վարժարանին, յայտնելով, որ ինք որոշած է կոչուիլ հանգստեան: Հանդիսատեսը յոտնկայս ծափողջոյններով իր գնահատանքը յայտնեց Տիկ․ Խառնուլեանի տարիներու վաստակին:

Սբ. Աստուածածին Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ հովիւ Տ․ Տաթեւ Աւագ Քհն․ Միքայէլեանի սրտի խօսքով ու պահպանիչով վերջ գտաւ հոգեթով հանդիսութիւնը:

* * *

Յաջորդող Ուրբաթ օրը, 17 Յունիսին, «Գոլոլեան» Նախակրթարանի ընթացքը աւարտող 37 աշակերտներու «Համազգային» թատերասրահ  հանդիսաւոր մուտքով եւ Գանատայի, Հայաստանի եւ Արցախի օրհներգներու յոտնկայս ունկնդրութեամբ տեղի ունեցաւ վարժարանի 8-րդ կարգի հանդէս-վկայականներու բաշխումի երեկոն: Հանդէսը համադրած էր վարժարանիս Հայերէն լեզուի եւ գրականութեան վաստակաշատ ուսուցիչ Յասմիկ Պապեան: Հանդիսութիւնը կը վայելէր Գանատայի Հայոց Թեմի առաջնորդ Տ․ Բաբգէն Արք. Չարեանի ներկայութիւնը: Ձեռնարկը հանդիսավարեց փոխտնօրէն Սարիկ Պապեան, որ ողջունեց ներկաները եւ պաշտօնապէս բացուած յայտարարեց հանդէսը:  Շրջանաւարտները հանդէս եկան Ս. Կապուտիկեանի՝ «Խօսք իմ որդւոյն» խմբական ասմունքով: Երախտիքի խօսքեր արտասանեցին հայերէնով՝ Քամի Հաճիարթինեան, անգլերէնով՝ Յակոբ Հարմանտայեան եւ ֆրանսերէնով՝ Եվա Մարտոյեան:

Տնօրէնութեան խօսքը փոխանցեց Րաֆֆի Սարգիսեան: Ան ներկայացուց համաճարակի պատճառով վարժարանին առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները եւ վեր առաւ համայնքին, ուսուցչակազմին, պաշտօնէութեան ու ծնողներուն միասնական ճիգը զանոնք յաղթահարելու, եւ որուն արգասիք՝ այսօր անփորձանք կը կազմակերպուին աւանդական ամավերջի հանդէսները: Սարգիսեան յայտնեց, որ վարժարանի յաջողութիւններու առիւծի բաժինը կը պարտին «աննման, ժրաջան եւ նուիրուած անձնակազմին»: Ան լուսարձակի տակ առաւ հեռատես եւ նուիրեալ համայնքի ղեկավարներու տեսիլքն ու աշխատանքը, որով հիմը դրին այս վարժարանին:

Ապա, 8-րդ կարգի ուսուցիչներուն, տնօրէնին եւ փոխտնօրէնին ձեռամբ տեղի ունեցաւ Մրցանակ-վկայականներու բաշխումը:

Հանդիսութեան եզրափակիչ պատգամը յղեց Բաբգէն արք. Չարեան։ Սրբազան հայրը աշակերտներն ու ծնողները շնորհաւորելէ ետք դրուատեց վերջիններուն մասնակցութիւնը տարուած աշխատանքին, գնահատեց` ուսուսուցիչները, վարչական պատասխանատուները, հայ դպրոցին հաւատաւոր բարեկամներն ու բարերարները, բոլոր պատասխանատուները, որոնք ակնկալութեամբ տակաւին կը նային հայ դպրոցին:

Շրջանաւարտներու հանդիսաւոր ելքով փակուեցաւ հանդիսութիւնը։

* * *

Եւ վերջապէս, 24 Յունիսի երեկոյեան ժամը 7:00ին, Մանկապարտէզի եւ Նախակրթարանի վկայականներով արդէն զինուած եւ երկրորդական Վարժարանի ընթացքը աւարտած 29 երիտասարդներ, շաբաթ մը ամբողջ հետեւելով երկրորդական կարգերու Հայ գրականութեան եւ հայ դատի ուսուցիչ Աշխէն Մալխասեանի ցուցմուքներուն եւ ուսուցողութեան, հանդիսաւոր մուտքով շարուեցան Թորոնթոյի Հայ երիտասարդական կեդրոնի «Համազգային» թատերասրահի բեմին վրայ: Գանատայի, Հայաստանի եւ Արցախի օրհներգներէն ետք, փոխտնօրէն Սարիկ Պապեան ողջունեց ներկաները եւ հաստատեց ներկայութիւնը ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի եւ «Ս. Թէհլիրեան» կոմիտէի, եկեղեցիներու եւ կրօնական հայրերու, Հայ կեդրոնի յարակից միութիւններու, ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղի ներկայացուցիչներուն, «Պապայեան» հիմնարկի ներկայացուցիչ Ճորճ Յակոբեանին, Տիկ․ Արմէնուհի Գոլոլեանին, Թորոնթոյի մօտ ՀՀ հիւպատոս Վարուժան Լափոյեանին, Օնթարիոյի երեսփոխան Արիս Պապիկեանին: Պապեան յայտնեց, որ այս 29 երիտասարդները «մեր աչքերուն առջեւ կազմաւորուեցան եւ դաստիարակուեցան իբրեւ տիպար քաղաքացիներ ու հայրենասէր հայեր եւ այսօր հաստատ քայլերով պիտի շարունակեն իրենց երթը դէպի նորանոր բարձունքներ»:

Շրջանաւարտները հանդէս եկան Ժագ Ս. Յակոբեանի «Դպրոցն ահա հայկական» եւ «Մենք» կտորներու խմբական ներկայացումով: Հրաժեշտի ուղերձներ արտասանեցին հայերէնով՝ Մեղեդի Պէքմէզեան, անգլերէնով՝ Էլիզապէթ Գանտահարեան եւ ֆրանսերէնով՝ Վերոնիք Այնէճեան:

Տնօրէնութեան խօսքը փոխանցեց Րաֆֆի Սարգիսեան: Ան նշեց, որ այսօրուան ստանալիք վկայականներով շրջանաւարտները կը միանան ծանր պատասխանատուութիւններ կրող այն փաղանգին, որ իր յաճախած միջավայրերուն մէջ կը դառնայ Հայ ազգի ու դատի առաքեալը եւ իր յաջողութիւնները միշտ կը ծառայեցնէ ազգի վերելքին, շեշտելով, որ  այդ հոգիով թորոնթոհայ համայնքը կրցած է գոյատեւել: Սարգիսեան յայտնեց, որ այս հունձքը յատուկ է, որովհետեւ վերջինն էր, որ այցելեց Արցախ, 44-օրեայ պատերազմէն 6 ամիս առաջ, համաճարակի կանուխ օրերուն եւ կրցաւ տեսնել այսօր թշնամիին յանձնուած Շուշին, Ս. Ղազանչեցոցը, Հունոտի կիրճը: «Վկայելով ձեր տարիներու ընթացքին ցուցաբերած ազգանպաստ գործերն ու ձեր բուռն հայրենասիրութիւնը, եւ իբրեւ մեր հայրենի Շուշիի բարձունքներու վերջին վկաները, ձեր հունձքը կ’անուանենք ՀԵՐՈՍԱՓԱՅԼ ՇՈՒՇԻ հունձք: Թէեւ ոմանց համար Շուշին դժբախտ ու տժգոյն է, ի տես բեմին վրայ կանգնած Շուշի հունձքին կ’ըսենք՝ Շուշին Հայկական, Վեհաշուք, Հերոսական, Փառահեղ եւ սուրբ է: Սիրելինե՛ր, մենք այսօր կը գոչենք Զարթի՛ր Լաօ: Մեր 29 աշակերտներ-զաւակները զարթնած են», յայտարարեց ան:

Իր խօսքի աւարտին, տնօրէնը յայտնեց, որ այս հունձքի անուանումը նախընթաց պիտի դառնայ, որ յառաջիկայ հունձքերը իրենց կարգին անուանուին հայրենի շրջաններու անուններով, որովհետեւ այս վարժարանէն աւարտող աշակերտը պահանջատէր եւ արժանապատիւ հայ զաւակ է, որ պիտի ծառայէ իր ազգի հաւաքական շահերուն, ուր որ ալ գտնուի:

12-րդ կարգի ուսուցիչներուն, տնօրէնին եւ փոխտնօրէնին ձեռամբ տեղի ունեցաւ Մրցանակ-վկայականներու բաշխումը, որմէ ետք բեմ բարձրացաւ Կրթական մարմինի անդամ Յասմիկ Զարուկեան։ Ան պարգեւատրեց վարժարանէն ներս 40 տարիներ շարունակ քարտուղարութեան եւ գանձապահութեան պաշտօնները ձեռնհասօրէն վարած Այիդա Ֆրանքեանը ապակեայ գնահատագիրով եւ Մայքըլ Արամի ձեռամբ պատրաստուած յուշամետաղով, որուն վրայ պատկերուած էր ՀՕՄ-ի զինանշանը՝ շրջապատուած մանուկներով: Իր կարգին, պարգեւատրեալը փոխանեց իր սրտի խօսքը, նշելով յիշատակելի դէպքեր եւ զարգացումներ, շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր նախկին, թէ ներկայ տնօրէններուն եւ պաշտօնակիցներուն եւ ապա յայտնեց, որ պիտի կոչուի հանգստեան:

Ս. Աստուածածին հայաստանեայց առաք․ եկեղեցւոյ հովիւ Տ․ Տաթեւ Աւագ Քահանայ Միքայէլեանի սրտի խօսքէն եւ օրհնանքէն ետք հնչեց «Վերջին զանգ»ը, «Հերոսափայլ Շուշի» հունձքի շրջանաւարտները նետեցին իրենց գլխարկները, վերջին անգամ ըլլալով նկարուեցան ուսուցիչներուն հետ ու սրահէն դուրս ելլելով բարձր թռիչքով, հայու հոգիով, հայու առաքելութեամբ ու հայու հպարտութեամբ հրաժեշտ տուին վարժարանին՝ ուղուելու դէպի լուսաշող ապագայ: