ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղի 14-րդ «Կանանց միջազգային օր»-ը յաջողութեամբ պսակուեցաւ


«…Մենք՝ ուխտեալներ հայ օգնութեան սուրբ գործին,
Լոյսի բանակ եւ գթութեան խաչուհի,
Գոյամարտի մէջ սրբազան մեր դատին՝
Մենք
կը բերենք Հայ Կնոջ սիրտը ոսկի»:

Այս նշանաբանով առաջնորդուած, ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղի վարչութիւնն ու «Կանանց միջազգային օր»-ուան յանձնախումբը կազմակերպեցին «Կանանց միջազգային օր»-ուան 14-րդ ձեռնարկը, որ տեղի ունեցաւ 5 մարտին, Parkview Manor ճաշասրահէն ներս, առաւօտեան ժամը 11-էն սկսեալ։  

Գարնան զարթօնքը եւ բնութեան վերածաղկումը աւետող գեղեցկագոյն տօներէն մին է կանանց նուիրուած սոյն տօնը, որ այդ օրը ՀՕՄ-ի կազմակերպած բարձրորակ ձեռնարկով նշուեցաւ ու՝ նրբութեան, գեղեցիկին, իւրօրինակին, խելացիին, հզօրին, յաջողակին, աշխատասէրին, բարեգործին, նուիրեալին, աղջիկ զաւակին, քրոջ, գթասիրտ մօր եւ այս բոլոր յատկութիւնները մարմնաւորող թիւով 331 ՀՕՄ-ականներու եւ հիւրերու ներկայութեամբ՝ սկիզբ առաւ այդ յիշարժան օրուան տօնակատարութիւնը։

Անմեղութեան, սիրոյ ու պարզութեան խորհրդանիշ սպիտակ վարդերով զարդարուած սրահը հիանալի տեսք առած էր հոն համախմբուած կանանց ներկայութեամբ, որոնք իրենց կենսուրախ խօսքերով, հաճելի զրոյցներով եւ ժպտադէմ ներկայութեամբ լոյս կը սփռէին ամենուրէք։

Համազգայինի «Յ. Մանուկեան» գրադարան-գրատարածի արժէքաւոր գիրքերու ցուցադրութիւն-վաճառքի սեղանով եւ գործարար հայուհիներու աշխատանքը գովազդող բաժինով ճոխացած մուտքի սրահին մէջ հրամցուեցան խմորեղէններ, քաղցրեղէններ եւ խմիչք։ Ներկաները, հաճելի եւ մտերմիկ մթնոլորտի մը մէջ գտնուելով, վայելեցին հանրածանօթ ջութակահար Յովհաննէս Մուպայէտի երաժշտական հիանալի կատարումը, որմէ  ետք ուղղուեցան դէպի ճաշասրահ։

Գեղեցիկ համադրութեամբ զարդարուած էին սեղանները, որոնց կեդրոնին զետեղուած էին հոտաւէտ վարդերով լի ծաղկամաններ. իւրաքանչիւր անձի բաժին հասաւ «Կանանց միջազգային օր»-ուան առիթով պատրաստուած գրքոյկներէն ու ճաշակաւոր տոպրակներու մէջ զետեղուած անուշաբոյր օճառներէն, որոնք սիրայօժար նուիրած էր ընկերուհի Էլիզ Արթինը։

Բացումը կատարուեցաւ Հայաստանի, Գանատայի եւ ՀՕՄ-ի քայլերգներով, կատարողութեամբ՝ Նիքօլ Չոչեանի, որմէ ետք բացման խօսքերով հանդէս եկան ընկերուհի Լիզա Գաբրիէլեան (հայերէն լեզուով) եւ ընկերուհի Ատրինէ Արթին (անգլերէն լեզուով), որոնք ներկաները ողջունելէ ետք անդրադարձան դարերու ընթացքին հայ կնոջ կարեւոր դերին եւ արժէքին՝ ընտանեկան եւ ազգային յարկէն ներս, եւ շեշտեցին, որ 8 մարտին աշխարհի ուշադրութիւնը կը գրաւեն կանայք։ Անոնք կարեւորեցին հայ կիներու դերը մեր պատմութեան մէջ եւ յիշեցին, թէ հայ ժողովուրդը իր կարգին ունեցած է տիպար եւ օրինակելի կանայք, որոնք եղած են ընտանեկան, բարոյականութեան, հայրենասիրութեան եւ բարեգործութեան խորհրդանիշեր։

Անոնք անդրադարձան նաեւ ՀՕՄ-ի առաքելութեան մասին եւ յատկապէս Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղին, որ իր 400 ժրաջան անդամներու նուիրումով վաթսուն տարիներ շարունակ աշխատած է՝ իրականացնելու ՀՕՄ-ի նպատակները եւ բարեգործական աշխատանքները։

Բեմ հրաւիրուեցաւ Գանատայի Շրջանային վարչութեան անդամ ընկերուհի Անի Հոթոյեան Ժոլին՝ ներկայացնելու օրուան բանախօսին կենսագրական գիծերը անգլերէն լեզուով, ապա՝ բեմավարները հրաւիրեցին օրուան բանախօս, աշխարհահռչակ Սոփրանօ երգչուհի Իզապէլ Պայրագտարեանը։

Իզապէլ Պայրագտարեան եղած է օփերայի առաջին կարգի երգչուհի, որ արժանացած է կենսաբժշկական ճարտարագիտութեան վկայականին՝ Թորոնթոյի համալսարանէն։ Չորս հերթական անգամ շահած է գանատական «Ճունօ» մրցանակը՝ լաւագոյն դասական հաւաքածոյ անուանակարգին մէջ, իսկ՝ «Մայր լուսոյ» ձայնագրութիւնը ներկայացուած է 2018-ի մրցանակաբաշխութեան։ Զանազան պատուոյ տիտղոսներու արժանացած է ան, ներառեալ՝ Մարիլին Հօրըն հիմնադրամի մրցանակաբաշխութեան, Անգլիոյ թագուհի Էլիզապէթ Բ․ «Ոսկէ յոբելեան» եւ «Ադամանդէ յոբելեան» մրցանակները, Թորոնթոյի համալասարանի «Արպօր» մրցանակին, Ճորճ Լոնտոն Հիմնադրամի մրցանակը, Գանատայի խորհուրդի «Վըրճինիա Փարքըր» մրցանակը, ինչպէս նաեւ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան «Կոմիտաս» շքանշանը։ Ան արժանացած է «Մովսէս Խորենացի» շքանշանին, որ մշակոյթի գործիչներուն վերապահուած Հայաստանի Հանրապետութեան բարձրագոյն պարգեւն է։

Պայրաքտարեան բեմ բարձրացաւ բարձր ծափողջիւններու տարափին ընկերակցութեամբ։ Ան անդրադարձաւ իր ասպարէզի անձնական փորձառութեան մասին եւ յիշեց, որ հասակ առած է Թորոնթոյի գաղութէն ներս եւ իր մասնակցութիւնը բերած է եկեղեցւոյ դպրաց դասին։  Հաստատեց, որ իւրաքանչիւր անհատ հաւատք պէտք է ունենայ իր անձին պարգեւուած Աստուածատուր շնորհներուն եւ` աշխատի զանոնք զարգացնելու։

Երգչուհիին բանախօսութեան հիմնական մեկնակէտը կեդրոնացաւ երկու կէտերու վրայ՝  հաւատքի եւ հետեւողականութեան, որոնց անհերքելի ներկայութիւնը յաջողութեան դռներու բանալիները ունենալու համարժէք են։ Բանախօսութեան աւարտին հետաքրքրական զրոյց մը տեղի ունեցաւ ներկաներուն եւ բանախօս հիւրին միջեւ, երբ ներկաները հետաքրքրութեամբ հետեւեցան անոնց։

Ճաշի սպասարկութեան ընթացքին ներկաները կրկին ունկնդրեցին հանրածանօթ ջութակահար-երաժիշտ Յովհաննէս Մուպայէտի բացառիկ կատարումը. միեւնոյն ժամանակ վաճառուեցան վիճակահանութեան տոմսերը։

Օրուան գեղարուեստական յայտագրի ընթացքին մեներգեցին՝ Արմենիա Սարգիսեան՝ «Երանուհի Մարիամ» եւ « Արի՛, իմ սոխակ», Մինէ Սաթուրեան՝ «Քեզ հետ իմ սէր» եւ Նիքոլ Չոչեան՝ «The greatest love of all» երգերը։ Գեղեցիկ համադրութեամբ ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի «Էրեբունի» պարախումբը՝ «Ախալցխա» եւ «Ծաղկած բալենի» երժշտութեան ընկերկցութեամբ։ Հայ կանանց եւ մայրերու նուիրուած արձակ եւ չափածոյ ստեղծագործութիւններու հրաշալի համադրում մը ներկայացուց «Թորոնթոհայ» թերթի օգնական խմբագիր-թղթակից, ընկերուհի Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեանը։

Ճոխ մթնոլորտով, վիճակահանութեամբ եւ հաճելի անակնկալներով համալրուած՝ կանանց նուիրուած ձեռնարկը աւարտին հասաւ։ Ինչպէս միշտ, ՀՕՄ-ի նպատակը յարատեւ եղած է ծառայել հայ ժողովուրդին, իր բարեսիրական, առողջապահական, կրթական եւ դաստիարակչական մարզերուն մէջ, միշտ հաւատարիմ մնալով «Ժողովուրդիս հետ, ժողովուրդիս համար» տեսլականին։ Սոյն տեսլականէն մղուած, ձեռնարկի հասոյթը ամբողջութեամբ նուիրուեցաւ Սուրիոյ երկրաշարժէն վնասուած եւ տուժած մեր հայրենակիցներուն։