Համազգայինի «Գլաձոր» մասնաճիւղը՝ սուրիահայութեան համար


Սալբի Սաղտըճեան

6 փետրուար 2023-ի վաղ առաւօտեան Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցած ուժգին երկրաշարժին պատճառով՝ մեծապէս տուժեց սուրիահայութիւնը, յատկապէս հիւսիսային եւ ծովեզերեայ շրջաններու մէջ։ Երկարատեւ պատերազմին եւ տնտեսական ու ընկերային սաստկացող տագնապներուն եկաւ գումարուելու երկրաշարժին պատճառած ահն ու հսկայական վնասները, որոնք աւելի դժուարացուցին հոն ապրողներուն կեանքը։

Սուրիոյ մեր հայրենակիցներուն օգնութեան ձեռք կ’երկարեն աշխարհասփիւռ հայկական կառոյցները։ Համազգայինի կրթական եւ մշակութային միութիւնը անմասն չէ դժուարութեան մէջ գտնուող մեր հայրենակիցներուն օժանդակելու գործէն։

«Սուրիոյ հայ գաղութին եւ հայրենակիցներուն մեր անվերապահ աջակցութիւնը կը տրամադրենք եւ վստահ ենք, որ մեր հայրենակիցները՝ տոկալով նաեւ այս դժուարութեան` ոտքի պիտի կանգնին եւ դարձեալ պիտի շարունակեն իրենց բնականոն կեանքն ու աշխուժ գործունէութիւնը», կ’ըսուի երկրաշարժէն օրեր անց Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ:

Թորոնթոյի Համազգայինի «Գլաձոր» մասնաճիւղը՝ անսալով Կեդրոնական եւ Շրջանային վարչութիւններու կոչին, մշակութային ծրագիրներէն գոյացած հասոյթին մէկ մասը կը յատկացնէ երկրաշարժէն վնասուած սուրիահայերու կարիքներուն։ «Գլաձոր» մասնաճիւղի ատենապետ Յասմիկ Պապեան «Թորոնթոհայ»-ին հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին յայտնեց․ «Համազգայինը հասութաբեր միութիւն չէ, եւ անոր մշակութային ձեռնարկները ընդհանրապէս եկամուտ չեն ապահովեր, բայց ինչ որ պիտի կարենանք գոյացնել պատրաստ ենք նուիրելու այդ նպատակին»։

Ըստ Պապեանի՝  մարտ եւ ապրիլ ամիսներուն մասնաճիւղին ունեցած ձեռնարկներէն գոյացած գումարը պիտի յատկացուի Շրջանային վարչութեան՝ սուրիահայութեան կարիքներուն տրամադրուելու նպատակով։

Այսպէս՝ 1 մարտէն մինչեւ 30 ապրիլ տեղի պիտի ունենայ Համազգայինի «Յարութիւն Մանուկեան» գրադարանի պահեստին մէջ եղած գիրքերու, յուշամատեաններու, դասագիրքերու, արուեստի գործերու, հերոսներու դիմանկարներու, զեղչեալ գիներով վաճառք։

14, 15 եւ 16 ապրիլին Համազգայինի գեղանկարներու հաւաքածոյի ցուցահանդէս-վաճառք, ինչպէս նաեւ 16 ապրիլին Համազգայինի հովանաւորութեամբ Լիբանանէն հրաւիրուած կիթառահար Մկրտիչ Միքայէլեանի նուագահանդէսը։

Ինչպիսի՞ կարիքներու պիտի յատկացուի գումարը հարցումիս ի պատասխան՝ ընկերուհին նշեց․ «Հասոյթը պիտի փոխանցենք Շրջանային վարչութեան, որ կ’ենթադրեմ պիտի տրամադրուի բնակարաններու վերաշինութեան եւ վնասուած հայրենակիցներու առաջնային կարիքներուն»։

Պապեան գաղութի զաւակները կը խրախուսէ, որպէսզի գրադարանի զեղչերէն օգտուին եւ մասնակցելով վերոնշեալ ձեռնարկներուն՝ նպաստեն սուրիահայութեան կարիքներու հայթայթմանը։

Համազգայինի հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնը այս տարի կը նշէ իր 95-ամեակը։ Ընկերուհի Պապեան տեղեկացուց, որ այս տարուան բոլոր ձեռնարկները նուիրուած են միութեան յոբելեանին եւ մշակութային կեանքը բաւական յագեցած է սոյն տարեշրջանին։

27 մայիսին տեղի պիտի ունենայ «Գուսան» երգչախումբի «Նոր աստղեր» անչափահասներու խումբին ելոյթը, իսկ «Արցախ» ուսումնարանի եւ «Էրեբունի» պարախումբերուն ելոյթները՝ յունիսին։

Համազգայինի 95-ամեակին նուիրուած մեծ հանդիսութիւնը 4 նոյեմբերին է, որուն համար արդէն կազմուած է յանձնախումբին կորիզը։ Ան կը վստահեցնէ, որ մեծ շուքով պիտի տօնուի Համազգայինի 95-ամեակը։

«Գլաձոր» մասնաճիւղի ձեռնարկները բազմաբնոյթ են, որոնք կը միտին աշխուժացնել կրթական եւ մշակութային կեանքը Թորոնթոյի գաղութին մէջ։ Մասնաճիւղը նաեւ մեծ աշխատանք կը տանի երիտասարդ անդամներ ներգրաւելու միութեան շարքերէն ներս, որպէսզի միութիւնը երիտասարդանայ եւ ալ աւելի աշխուժանայ։