Ապահովական, ընկերային եւ մշակութային կեանքը շրջափակուած Արցախի մէջ․ Արցախն այս շաբաթ


Թշնամին Աղաւնոյ գիւղը ամբողջութեամբ ոչնչացուցած է

Միացեալ Նահանգներու մէջ գործող «Ճշմարտութեան եւ արդարութեան կեդրոն» փաստահաւաք կազմակերպութիւնը արբանեակային պատկերներով փաստագրած է 13 յունուարէն 4 փետրուար 2023 երկարող ժամանակաշրջանին, Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի Աղաւնոյ գիւղի ամբողջական ոչնչացումը: Այս մասին, ըստ «Երկիր Մետիա»-ի, կազմակերպութիւնը գրած է «Ֆէյսպուք»-ի իր էջին վրայ։

Արբանեակային նկարները ցոյց կու տան, որ ազերիները ամբողջութեան ոչնչացուցած են Աղաւնոն

Պաքու կը պնդէ, որ վերահսկողութիւն հաստատած է Շուշիի շրջանի 2 նախկին ազրպէյճանաբնակ գիւղերու վրայ

Պաքու կը պնդէ, որ 25 մարտի գործողութեան հետեւանքով իր վերահսկողութեան տակ առած է Շուշիի շրջանի երկու նախկին ազրպէյճանաբնակ Ալահգուլուլար եւ Զամանփէյեսի գիւղերը, ինչպէս նաեւ յարակից բարձունքներն ու տարածքները: «Ազատութիւն» կը նշէ, որ այս մասին հաղորդած է Ազրպէյճանի պետական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը, որ հրապարակած է երկու կարճ տեսանիւթեր, որոնց մէջ կ’երեւին գիւղերու շարք մը տուներու մնացորդները:

Արցախի նախագահի խօսնակը մերժեց մեկնաբանել Պաքուի այս յայտարարութիւնը, մինչ Արցախի նախագահի նախկին խորհրդական, Հայաստանի խորհրդարանի «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութեան քարտուղար Տիգրան Աբրահամեան «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին պնդեց, որ այդ նախկին բնակավայրերը կը գտնուին ուղղակի Ստեփանակերտ-Լիսագոր հողային ճամբու հատուածին մէջ եւ յայտնեց, որ 25 մարտի յառաջխաղացքէն ետք ալ Ազրպէյճանի զինուած ուժերը յաջողած են բարելաւել իրենք դիրքերը: Ընդհանուր առմամբ, ըստ Աբրահամեանի, Պաքու Ստեփանակերտ-Լիսագոր հողային ճամբու տարբեր կարեւոր հատուածներուն մէջ կրցած են առաջ գալ եւ ամրապնդուիլ:

Արցախի իշխող խմբակցութեան ղեկավար Արթուր Յարութիւնեան պարզաբանեց, որ Պաքուի նշած երկու գիւղերուն մէջ ոչ ոք կը բնակէր. 25 մարտի յառաջխաղացքէն ետք պարզապէս այդ գիւղերու տարածքները անոնց համար տեսանելի դարձան:

Իսկ ըստ Աբրահամեանի՝ Պաքու կը փորձէ բոլոր ուղղութիւններով վերահսկողութեան տակ վերցնել Արցախի հաղորդակցութեան գիծերը: Նախ ազրպէյճանցիները փակեցին Հայաստանին կապող Գորիս- Ստեփանակերտ հիմնական ճամբան, իսկ այժմ այլընտրանքային հողային ուղին իրենց վերահսկողութեան տակ առնելով, անոնք աւելիով կը սեղմեն օղակը Արցախի շուրջ:

25 Մարտի ազրպէյճանական յառաջխաղացքէն ետք, Արցախի 4 համայնքները` Լիսագորը, Մեծ Շէնը, Հին Շէնը եւ Եղցահողը կտրուած են Ստեփանակերտէն եւ Արցախի միւս բնակավայրերէն: Լիսագորի համայնաքապետ Գագիկ Նասիբեան կը յայտնէ, որ Ազրպէյճանի զինուժը այժմ հողային ճամբէն ընդամէնը 300 մեթր հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի: Այդ ճանապարհով երթեւեկելը անկարելի է, բայց Լիսագորի մէջ մարդիկ իրենց յոյսը չեն կորսնցներ, որ բանակցութիւնները արդիւնք պիտի տան:

Ազրպէյճան խախտած է համաձայնութիւնը եւ արգիլած խումբ մը արցախցիներու Ստեփանակերտ վերադարձը

Ազրպէյճան խախտած է Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրակազմին հետ նախօրօք ձեռք բերուած համաձայնութիւնը եւ արգիլած Բերձորի միջանցքի փակման պատճառով Հայաստան մնացած խումբ մը արցախցիներու վերադարձը Ստեփանակերտ, կը յայտնէ Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան:

Խօսքը քանի մը ամիսէ ի վեր ընտանիքներէն բաժնուած 27 քաղաքայիններու մասին է, որոնց շարքին` տարեցներ, երեխաներ եւ հաշմանդամութիւն ունեցող անձեր, որոնք ռուսական կողմին հետ ձեռք բերուած համաձայնութեամբ եւ ռուս խաղաղապահներու ուղեկցութեամբ 4 ապրիլին Գորիս քաղաքէն ճամբայ ելած են դէպի Ստեփանակերտ: Անոնք շուրջ 5 ժամ մնացած են այդ հատուածին մէջ, ապա ռուսական կողմի եւ ազրպէյճանցիներու միջեւ ապարդիւն բանակցութիւններէն ետք վերադարձած Գորիս:

Ստեփանեան կ’աւելցնէ, որ ըստ տեղեկութիւններու, որոշ ազրպէյճանցիներ նոյնիսկ ներխուժած են սպասող մեքենաներէն մէկը, որուն հետեւանքով քաղաքայիններէն 4 կիներ անհանգստացած են եւ անոնցմէ 3-ը՝ ուշաթափուած: Ռուս խաղաղապահներու ուղեկցութեամբ անոնք տեղափոխուած են Ստեփանակերտի Հանրապետական բժշկական կեդրոն: Մնացեալ 23 քաղաքայինները վերադարձած են Գորիս:

«Ազրպէյճան անցած է Արցախի ցեղային զտման եւ պատմական հայրենիքէն անոր ժողովուրդի վտարման ծրագիրի յաջորդ փուլի իրագործման» Արցախի Արտաքին գործոց նախարարութիւն

Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութիւն մը տարածած է Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի քաղաքացիներու վերադարձը խոչընդոտելու կապակցութեամբ: Յայտարարութեան մէջ մասնաւորապէս կը նշուի.

«Տուեալ աղաղակող միջադէպը ակնյայտօրէն ցոյց կու տայ, որ ազրպէյճանական իշխանութիւնները անցած են Արցախի ցեղային զտման եւ պատմական հայրենիքէն անոր ժողովուրդի վտարման իրենց յանցաւոր ծրագրի յաջորդ փուլի իրագործման: Բացարձակ անպատժելիութեան պայմաններու մէջ Արցախի ժողովուրդին դէմ Ազրպէյճանի կողմէ իրականացուող յանցաւոր գործողութիւնները առաւել սպառնալից բնոյթ եւ ծաւալներ կը ստանան:

ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին կողմէ անյետաձգելի եւ վճռական միջոցներու ձեռնարկումը բացարձակ անհրաժեշտութիւն է ապօրինի շրջափակման անյապաղ դադրեցման եւ միջազգային հանրութեան աչքի առաջ Արցախի ժողովուդի դէմ Ազրպէյճանի շարունակուող յանցագործութիւններու կանխման համար»:

Ազրպէյճանցիները կը շարունակեն Արցախցի գիւղացիներու ուղղութեամբ կրակել

5 Ապրիլին, ազրպէյճանցիները դարձեալ խախտեցին զինադադարի պահպանման դրութիւնը՝ նշանառութեան տակ առնելով այս անգամ Ասկերանի շրջանի Խնապատ համայնքի 48-ամեայ բնակիչ Ռոբերտ Բեգլարեանը։ Արցախի բնակիչը Խնապատ գիւղի վարչական տարածքին մէջ քարշակով գիւղատնտեսական աշխատանքներ կատարելու ընթացքին յայտնուեցաւ ազրպէյճանցի զինուած ուժերու կրակոցներուն տակ։

«Յարակից մարտական դիրքերէն հրաձգային տարբեր զէնքերով կրակած են Արցախի բնակիչին ուղղութեամբ, որուն հետեւանքով կանգ առած են գիւղատնտեսական աշխատանքները», կ՛ըսուի Ներքին գործոց նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ:

Մինչ այդ ռուս խաղաղապահ զօրակազմը յայտարարեց, որ Արցախի Մարտակերտի շրջանին մէջ զինադադարի դրութեան խախտման երկու դէպքեր արձանագրուեցան. տուժածներ չկան:

Տեղ գիւղին մէջ դիրքեր գրաւած ազրպէյճանցիները խրամատներ կը փորեն

Արցախի եւ Հայաստանի սահմանային Տեղ գիւղի բնակիչները, որոնք առանց հեռադիտակի արդէն կը հետեւին ազրպէյճանցիներու շարժումներուն, տեղեկացուցին, որ գիւղին մէջ դիրք բռնած ազերիները հոն կը գտնուին եւ կը շարունակեն խրամատներ փորել: Ըստ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին, այժմ, հայկական կողմը գիւղէն քիչ մը ներքեւ հսկիչ կէտ մը տեղադրած է, որպէսզի բնակիչները ազրպէյճանցիներուն գտնուած տարածքներուն կողմը չանցնին … բայց այդտեղ տակաւին կան հողատարածքներ, որոնք գիւղացիներուն կը պատկանին:

86-ամեայ Կոմունա Դալլաքեանի հողը մնացած է հայկական անցակէտին միւս կողմը: Ոստիկանները կը յորդորեն չանցնիլ այդ կողմը։ 

1 Ապրիլին Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը յայտարարեց, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ներկայացուցիչները հանդիպում ունեցած են եւ սահմանի ճշդման աշխատանք կատարած: Անոնք գրած էին, թէ Տեղ-Կոռնիձոր հատուածին մէջ «իրավիճակը էականօրէն բարելաւուած է»: Սակայն շրջանի մտահոգ բնակիչները, նոյն կարծիքին չեն: 

Պաշտպանութեան նախարարութիւնը ցարդ որեւէ տեղեկութիւն չէ տարածած Տեղ-Կոռնիձոր հատուածին մէջ Ազրպէյճանական ներխուժման մասին: Միայն Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը յայտարարեց, որ 5 սահմանային կէտերով ազերիները մինչեւ 300 մեթր առջեւ տեղակայուած են՝ չսպասելով նախապէս պայմանաւորուած ճշգրտումներուն: Գիւղին մէջ արդէն յոյս չունին, թէ ազրպէյճանցիները կը նահանջեն։

Արցախի Հանրապետութեան պետական եւ հոգեւոր պետերը յարգեցին 2016-ի քառօրեայ պատերազմի զոհերուն յիշատակը

Լուսանկարը՝ Արցախի նախագահի աշխատակազմին

Արցախի նախագահ նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան, Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպս․ Աբրահամեան, բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, պաշտպանութեան բանակի հրամանատարներ, 2 ապրիլին, Ստեփանակերտի քաղաքային յուշահամալիրի մէջ յարգանքի տուրք մատուցանեցին 2016-ի ապրիլին Արցախի դէմ Ազրպէյճանի սանձազերծած պատերազմի զոհերուն յիշատակին:

«Արցախեան գոյապայքարը բեկելու փորձեր բազմիցս եղած են: Ապրիլեան քառօրեան մեր նպատակն ու վճռականութիւնը տապալելու ձախողուած փորձերէն մէկն էր: Մենք կը շարունակենք մեր ընթացքը: Եւ քանի դեռ չէ մարած հայ ժողովուրդին կամքը, արդիական է անոր արդար պահանջը…», այս առիթով ֆէյսպուքի իր էջին վրայ գրած է նախագահ Յարութիւնեան։

Ծաղկազարդի տօնին Ստեփանակերտի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ մանուկներու օրհնութեան կարգ

2 ապրիլին Ստեփանակերտի Սուրբ Աստուածածին առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ Ծաղկազարդի տօնին մատուցուեցաւ Սուրբ Պատարագ, ինչպէս նաեւ տեղի ունեցաւ մանուկներու օրհնութեան կարգ:

Մանուկներու օրհնութեան կարգ՝ Ստեփանակերտի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ (լուսանկարը՝ «Արցախպրես»-ի)

Ստեփանակերտի Սուրբ Աստուածածին առաջնորդանիստ եկեղեցում Ծաղկազարդի տօնակատարութեան անբաժան մաս կազմող` ուռենիի օրհնուած ճիւղեր բաժնուեցան արարողութեան ներկաներուն:

Տէր Վաչագան քահանայ Գիւրջեանի խօսքով` ուռենիի ճիւղը կը խորհրդանշէ Քրիստոսի խոնարհութիւնը:

Թուֆէնկեան բարեգործական հիմնադրամը 25 միլիոն դրամ նուիրած է Արցախի գիւղի եւ գիւղատնտեսութեան աջակցութեան հիմնադրամին

4 ապրիլին Թուֆէնկեան բարեգործական հիմնադրամի եւ Արցախի գիւղի եւ գիւղատնտեսութեան աջակցութեան (ԳԳԱ) հիմնադրամի միջեւ կնքուած է պայմանագիր` ըստ որուն, Թուֆէնկեան հիմնադրամը 25 միլիոն դրամ նուիրած է ԳԳԱ հիմնադրամին, որ այդ գումարով պիտի գնէ գարնանացան մշակաբոյսերու սերմեր եւ անհատոյց պիտի տրամադրէ հողագործներուն:

«Յատկապէս այս պահուն, երբ մեր Արցախը շրջափակման պատճառով յայտնուած է ընկերային եւ տնտեսական բարդ վիճակի մէջ, մեծապէս տուժած են տնտեսութեան բոլոր ճիւղերը եւ յատկապէս գիւղատնտեսութիւնը, Թուֆէնկեան հիմնադրամի կողմէ ասիկա շատ կարեւոր քայլ է, որ պիտի նպաստէ գիւղատնտեսութեան առջեւ ծառացած խնդիրները մեղմացնելուն: Ի դէպ առաջին անգամը չէ, որ Թուֆէնկեան բարեգործական հիմնադրամը Արցախի մէջ հանդէս կու գայ նման ծրագիրներով` նպաստելով սոցիալ-տնտեսական, կրթամշակութային եւ այլ բնագաւառներու զարգացմանը»,- ըսուած է ԳԳԱ հիմնադրամի հաղորդագրութեան մէջ:

ՔՈԱՖ-ը կը կազմակերպէ դրամահաւաք` ի աջակցութիւն Արցախի երեխաներուն

Հայաստանի մանուկներ բարեգործական հիմնադրամը (COAF, ՔՈԱՖ) մեկնարկած է յատուկ դրամահաւաք, արգելափակման մէջ գտնուող Արախցի երեխաներուն եւ անոնց ընտանիքներուն աջակցելու համար։ Արցախի ամբողջական շրջափակման պայմաններուն մէջ, ՔՈԱՖ-ը կը շարունակէ մատուցել հոգեբանական աջակցութեան, խօսակցութեան դարմանումի, վաղ տարիքի կրթութեան եւ ընկերային աշխատանքի ծառայութիւններ:

Կազմակերպութեան աշխատանքները Ստեփանակերտի մէջ մեկնարկած են 2022-էն` 3-6 տարեկան երեխաներուն տրամադրելով նախադպրոցական կրթութիւն եւ խօսակցական դարմանումի ծառայութիւններ, իսկ միւս խմբերուն` հոգեբանական եւ ընկերային ծառայութիւններ։

ՔՈԱՖ-ի 9 կիներէ բաղկացած Ստեփանակերտի խումբի անդամները հոգեբաններ են, որոնք կ’ապահովեն լաւագոյն խնամքը եւ աջակցութիւնը երեխաներուն: Արցախի մէջ իրավիճակի շարունակական վատթարման պայմաններուն պատճառով ՔՈԱՖ-ի գարնանային դրամահաւաքը նպատակ ունի ապահովելու ֆոնտի համապարփակ ծառայութիւններու անխափան մատուցումը: Նուիրաբերելով ՔՈԱՖին, աջակիցները կրնան միանալ այս շարժման եւ երկարաժամկէտ ներդրում կատարել արցախեան համայնքներու կայունութեան մէջ:

Ցանկացողները կրնան միանալ դրամահաւաքին հետեւեալ յղումով` https://bit.ly/3UbteNi

Արցախցի կիները խաղաղ ցոյց կազմակերպած են` ուղղուելով Ստեփանակերտէն դէպի Շուշի տանող ճանապարհի սկզիբը

«Արցախի մայրիկների ակումբ»-ին նախաձեռնութեամբ, 7 Ապրիլին, Ստեփանակերտի մէջ կազմակերպուեցաւ խաղաղ ցոյց մը, որուն ընթացքին հարիւրաւոր արցախցի մայրեր, կիներ եւ աղջիկներ Արցախը Հայաստանին կապող միջանցքը բանալու, արցախահայութեան ինքնորոշման եւ հիմնարար իրաւունքները յարգելու, Ազրպէյճանի ցեղասպան քաղաքականութիւնը կանխելու պահանջատիրական քայլերթով ուղղուեցան դէպի Շոշ եւ Շուշի ճամբու սկիզբը, ուրկէ դէպի Շուշի շարունակուող ճամբան արդէն փակ է 117 օրերէ ի վեր:

«Արցախի մայրիկների ակումբ»-ի համակարգող Մարիամ Աբրահամեան ըսաւ, որ արցախցի մայրերը, կիները եւ աղջիկները ամէն օր կ’արթննան պատերազմի եւ անոր պատճառով այրիանալու, որդեկորոյս դառնալու վախով: «Կազի բացակայութիւնը, ելեկտրականութեան անջատումները, սնունդի պակասը, որմէ արդէն տեւական ժամանակ զրկուած են մեր երեխաները, այդքան մտահոգիչ չեն, որքան այս անորոշ վիճակն ու Ազրպէյճանի կողմէ վարուող քաղաքականութիւնը, որն օրէ օր կ’ահագնանայ: Մենք` Արցախի կանայք, պիտի չլռենք, պիտի պայքարինք: Մենք պարտք ունինք մեր տղաներուն առջեւ, թոյլ պիտի չտանք հայաթափում հայկական հողի վրայ: Ցաւօք, ասիկա միակ տարբերակն է մեր ձայնը աշխարհին լսելի դարձնելու համար», ըսաւ ան:

«Արցախպրես»-ը կը տեղեկացնէ, որ երթին մասնակցողները նախ ծաղիկներ զետեղեցին Ստեփանակերտի Զինուորական պանթէոն-յուշահամալիրին մէջ` յարգանքի տուրք մատուցելով Արցախի պատերազմներուն նահատակուած հայրենեաց պաշտպաններու յիշատակին, ապա երթով ուղղուեցան նախանշուած վայրը:

Մայրութեան եւ գեղեցկութեան տօնին նուիրուած մշակութային միջոցառում Ստեփանակերտի մէջ

Ստեփանակերտի Շառլ Ազնաւուրի անուան մշակոյթի կեդրոնի ամֆիթատրոնին մէջ, 7 ապրիլին տեղի ունեցաւ մշակութային միջոցառում` նուիրուած Մայրութեան եւ գեղեցկութեան տօնին:

Ըստ «Արցախպրես»-ի՝ միջոցառումը կազմակերպուած է Արցախի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան նախարարութեան կողմէ: 

Արուեստի եւ պարի դպրոցներու աշակերտները ելոյթներով հանդէս եկան։  «Համատեղ ուժերով կրցանք այս գեղեցիկ օրը վերածել տօնի: Օրը առիթ է եւս մէկ անգամ արժեւորելու եւ մեծարանքի խօսք ըսելու հայ կնոջն ու մօրը: Մայրն այն էակն է, ով մեզի կեանք կու տայ, կ’արարէ ու կը սիրէ: Անոնք այսօր կ’ապրին պատմութեան դժուարագոյն ժամանակներու մէջ, բայց պատմական անցեալի փորձառութեամբ կը շարունակեն ամուր մնալ», ըսաւ Շ. Ազնաւուրի անուան մշակոյթի կեդրոնի տնօրէն Արմէն Յովսէփեանը:

Պատերազմէն ետք Արցախի մէջ աւելի քան 300 խաչքար յայտնաբերուած է

Պատերազմէն ետք Արցախի մէջ յայտնաբերուած է 300-էն աւելի նոր յուշարձաններ՝ խաչքարեր, արձանագիր եւ ոչ արձանագիր, տապանաքարեր, եկեղեցիներու, մատուռներու աւերակներ, որոնք պետական ցուցակներու մէջ հաշուառուած չեն:

Յայտնաբերուած խաչքար մը (լուսանկարը՝ «Արցախպրես»-ի)

Ըստ «Արցախպրես»-ի՝ այս մասին տեղեկացուցած է «Պատմական միջավայրի պահպանութեան կազմակերպութեան տնօրէն Արմինէ Հայրապետեան։ Ան նշած է, որ մինչեւ շրջափակումը իրականացուած աշխատանքներու շնորհիւ Մարտակերտի շրջանի Յարութիւնագոմեր եւ Վաղուհաս համայնքներու, Ասկերանի շրջանի Պատարայ գիւղի տարածքներուն մէջ յուշակոթողներ յայտնաբերուած են, սակայն շրջափակման հետեւանքով որոնողական աշխատանքները ժամանակաւորապէս դադրած են՝ վառելիքի պակասի պատճառով։

Ան նշած է, որ որոնողական աշխատանքներուն երբեմն կը միանան նաեւ տեղացիները, որոնք պատահական ինչ-որ բան գտնելու պարագային անմիջապէս կը յայտնեն իրենց:

Անդրադառնալով յայտնաբերուած խաչքարերու պահպանման պայմաններուն, ան յայտնած է, որ վերջերս ընկերային ցանցերու մէջ առաջարկ եղած է Վաղուհասի մէջ գտնուող ամենահին արձանագիր խաչքարերէն մէկը տեղափոխել Ստեփանակերտ ու տեղադրել եկեղեցւոյ բակը, սակայն ըստ անոր, իւրաքանչիւր յուշարձան արժէքաւոր է եւ ըսելիք ունի, երբ կը գտնուի իր պատմական միջավայրին մէջ: