ՀՕՄ-ի տաքուկ յարկին տակ մտերմացած եւ նոր գիտելիքներով զինուած


Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան

Շաբաթ, 19 Նոյեմբերին, Հայ երիտասարդական կեդրոնէն ներս, ջերմ եւ հարազատ մթնոլորտի մը մէջ տեղի ունեցաւ ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղի կազմակերպած` ղեկավարներու պատրաստութեան ծրագրի (Leadership Development Program) հանդիսութիւնը։ 

ՀՕՄ-ուհիները ի միտի ունեցած էին այն հանգամանքը, որ անոնք մեծ թիւով ուսեալ եւ մասնագէտ անձեր ունին, որոնք այս ոլորտին մէջ առաջատար են եւ աշխատանքի մարզէն ներս իրենց շնորհուած է ղեկավարի պաշտօնը։ Ուստի վեց անձերէ (Ռինա Խոսրօֆ, բժիշկ Կառնի Թաթիկեան, Ժագլին Աճէմեան, Յասմիկ Ծառուկեան, Գաթրին Տորնա եւ Անի Հոթոյեան-Ժոլի) բաղկացած խումբ մը պատրաստելով սկսած են այս ծրագիրը յաջողցնելու քայլեր առնել։

Հետեւաբար, երեք ամիսներու ընթացքին, ամիսը մէկ` չորս ժամ տեւողութեամբ, երեք հանդիպումներ կազմակերպած եւ ինը ենթաբաժանումներու անուան տակ իրականացուցած են դասընթացքներ` 24 Սեպտեմբերին, 22 Հոկտեմբերին եւ 19 Նոյեմբերին։

Եւ ահա, երեք ամիսներ տեւող, բացառիկ յաջող նախաձեռնութեան հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ եւ 14 մասնակիցներ (20-65 տարեկանի միջեւ) ստացան վկայագրեր (Certificate of Completion)։ Մասնակիցներուն մեծամասնութիւնը ՀՕՄ-ի ընկերուհիներէն էին, իսկ մնացեալը՝ ապագայի ՀՕՄ-ական ըլլալու թեկնածուներ։

ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղի ատենապետ, ընկերուհի Մարալ Միսիրեան ողջունեց նախաձեռնութեան կազմակերպիչներն ու մասնակիցները, եւ բերկրանքով յայտնեց, թէ այս յաջող ծրագիրը խթան պիտի հանդիսանայ այսպիսի նախաձեռնութիւններու յաճախակի իրագործման։ 

Յանձնախումբի ատենապետ, ընկերուհի Անի Հոթոյեան-Ժոլի, շնորհաւորեց վկայեալները եւ սոյն նախաձեռնութեան ծրագրաւորման, նպատակին եւ յաջողութեամբ պսակուելուն մասին յայտնեց՝ «Ղեկավար պատրաստելու ծրագիրը իրականութիւն դարձնելու նպատակով համախմբուեցանք եւ մտածեցինք, թէ ինչպէ՞ս կարելի է պատրաստել ապագայի առաջնորդներ, որոնք իրենց առօրեայ կեանքին, աշխատանքային միջավայրին եւ մեր յանձնախումբերուն մէջ գիտակցօրէն ծառայելու, ղեկավարելու եւ վարչական աշխատանք ստանձնելու ատակ դառնան, ինչպէս նաեւ պատասխանատու ատենապետի, եւ կամ այլ արժանավայել պաշտօններու տիրանալու հնարաւորութիւնը կարենան ստեղծել։ Եւ ահաւասիկ յաջողեցանք… այս մէկը բոլորիս յաջողութիւնն էր»։

Վկայագրերու տուուչութեան արարողութենէն եւ այդ պահը անմահացնող խմբային նկարէն ետք, ընկերուհիները հատեցին հանդիսութեան կարկանդակը, այնուհետեւ շրջանակ մը կազմած` բարեմաղթանքներով եւ հրաժեշտի խօսքերով ծաղկեցուցին երջանկութեամբ յորդող մթնոլորտը։

Հոթոյեան-Ժոլին վստահեցուց ներկաներուն, որ այս յաջողակ դասընթացքի դրական արդիւնքները տեսնելով վարչութեան հետ պիտի զրուցեն եւ ծրագիր ներկայացնեն՝ յետագայի դասընթացքին մասին, որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի կարենան բերել 15-20 անհատներ։ Հարկ ըլլալու պարագային, հնարաւորութիւն պիտի ստեղծեն անոնք ՀՕՄ-ի այլ մասնաճիւղերուն ալ ներկայացնելու սոյն ծրագիրը։ «Ակնկալութիւնը, ո՛չ միայն դասախօսներէն, այլեւ մասնակիցներուն` իրարմէ սորվելու ակնկալութիւնն էր, որը յաջողեցանք իրականացնել։ Մասնակիցները իրենց սորված եւ իւրացուցած գիտելիքները անշուշտ պիտի գործածեն իրենց անձնական կեանքին մէջ եւ անշուշտ  աշխատանքի ծիրէն ներս», ըսաւ Հոթոյեան-Ժոլին:

Ծրագիրի  վեց անձերէն բաղկացած յանձնախումբի անդամ Քաթրին Տորնա, իրենց արձանագրած յաջողակ նախաձեռնութեան մասին խօսեցաւ՝ «Ամիսներ շարունակ աշխատեցանք այս նախաձեռնութեան յաջողութեան համար։ Ծրագրին նիւթը ընդհանրապէս կը բովանդակէր ինքնաճանաչումի, ինքնագիտակցութեան, ինքնաարժեւորման, ինքնավստահութեան  եւ ինքնագնահատման պահեր, որոնց ճանաչողութիւնը եւ արժեւորումը կատարելով, անհատը կը գիտակցի իր կեանքին եւ աշխատանքի մարզին մէջ նպատակասլաց եւ ճիշդ կողմնորոշմամբ դրական քայլեր առնելու։ Միասնաբար սորվեցանք իրարու հանդէպ հանդուրժողականութեան եւ փոխյարաբերութեան կարեւորութեան մասին, ո՛չ միայն անհատին ընտանիքին կամ միջավայրին մէջ, այլեւ՝ հայկական գաղութին մէջ անոնց պատկանելիութեան գաղափարները առաջ մղելով՝  «Ինչպէ՞ս կրնաս քու հմտութիւններդ օգտագործելով օգտակար դառնալ միջավայրիդ մէջ», հարցումին շուրջ զրուցելով ու ճիշդ պատասխանները գտնելով։ Երբ նախաձեռնող անձնակազմս կը պատրաստուէր մասնակիցներուն, որպէս ապագայի վարիչներ պատրաստել՝ եկանք այն եզրակացութեան, թէ այս դասընթացքին շնորհիւ ոչ միայն մե՛նք, այլեւ անոնք՝ իրարու հետ մտերմիկ ու անկեղծ մօտեցումով, զրուցելով, ինչպէս նաեւ իրենց անձնական փորձառութիւնները իրարու փոխանցելով, իրարու օգտակար դարձան եւ այդպիսով գիտելիքներու օղակը ամրապնդուած ձեւով բոլորուեցաւ»։  

Նախաձեռնութեան ամենէն փոքր մասնակիցն էր Նարօտ Տիշոյեանը: «Այս նախաձեռնութեան ընթացքին ստացայ բազմաթիւ կարեւոր գիտելիքներ` կեանքի փորձառութիւն, խնդիրներու լուծման ձեւեր եւ դասախօսներուն ու վարիչներուն հետ համագործակցելու ուղղութիւն», ըսաւ Թորոնթոյի համալսարանի (University of Toronto) կենսաբանութեան  ճիւղի երրորդ տարուան ուսանողը: «Այս բոլորը անշուշտ պիտի օգտագործեմ ուսմանս ընթացքին ու ապագայի աշխատանքի ասպարէզէս ներս. այս դասընթացքը ինծի օգնող դրական քայլը պիտի ըլլայ` դէպի առաջ տանելու մասնագիտական կեանքս»։

Ատրինէ Արթին, Սենթենիըլ քոլեժի գիտութեան բաժինի ուսանող մասնակիցը, երախտագիտութեամբ յայտնեց, որ նախաձեռնութեան ընթացքին ամբարած իր գիտելիքները եւ հարցերու լուծման համար տրուած բանալիներով մասնակիցներուն առջեւ պիտի բացուին յաջողութեան նոր դռներ։ «Ես, որպէս ապագայի ՀՕՄ-ուհի, երախտագիտութեամբ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ այս նախաձեռնութեան գաղափարը յղացող ընկերուհիներուն, որոնց հետ ծանօթանալը եւ  իրենցնէ քաղած գիտելիքները շատ պիտի օգնեն ինծի կեանքիս՝ ի մասնաւորի ապագայի աշխատանքիս մէջ», ըսաւ Արթինը:

Մասնակիցներէն Բէկի Աւընեան շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՕՄ-ի վարչութեան եւ սոյն նախաձեռնութեան կազմակերպիչներուն: «Իսկապէս բարձրորակ մակարդակով մատուցուած նախաձեռնութիւն մըն է կազմակերպուած դասընթացքը։ Ինծի համար մեծ բախտաւորութիւն էր այս դասընթացքին մասնակցիլը, որովհետեւ բարձր տիտղոսներու արժանացած, փորձառու, միեւնոյն ժամանակ շատ համեստ ու ազնիւ նախաձեռնողներու ծանօթացայ։ Երբ բազմապիսի փորձառութիւններու եւ կեանքի դժուարութիւններուն  մասին զրուցելու առիթը ունեցանք՝ զգացի, որ միայն մենք, Գանատայի մէջ վերջես հաստատուողներս չենք միայն դժուարութիւններու մէջէն անցնողները, այլ այս զգացումին համամարդկային ըլլալուն մասին տեղեկացայ։ Մեծ առաւելութիւն էր անկեղծ եւ յարատեւ օգնութեան ձեռք մեկնող ՀՕՄ-ուհի ընկերուհիներով շրջապատուիլը», Աւընեանն ըսաւ:

Ապագայի ՀՕՄ-ական Ալիք Գիրէջեան խանդավառութեամբ յայտնեց, որ դասընթացքին շնորհիւ ծանօթացաւ տարբեր-տարբեր կեանքի  պատմութիւններ ունեցող եւ դժուարութիւններու մէջէն անցնող, բայց անցած ճանապարհէն յաղթական դուրս եկած եւ նպատակին հասած  անձերու հետ: «Նաեւ մօտէն ծանօթացայ ՀՕՄ-ի վիթխարի առաքելութեան մասին, եւ գիտցայ թէ ՀՕՄ-ը ինչպէ՞ս օժանդակ կը դառնայ Հայաստանի եւ Արցախի մեր հայրենակիցներուն, միեւնոյն ժամանակ իր շարքերէն ներս երիտասարդ ոյժեր ներգրաւելով միշտ կը  վերանոգուի եւ իր աշխոյժութիւնը կը պահէ։ Այս դասընթացքին շնորհիւ իմ անձս եւ ոյժերս գնահատել սորվեցայ՝ կեանքի հեւքին մէջ պահ մը կենալով ինքզինքիս ժամանակ յատկացնելու։ Ուրախ եմ ըսելու, որ շուտով ՀՕՄ-ի անդամ պիտի դառնամ», յայտնեց Գիրէջեանը:

Երեք ամիսներ առաջ դեռեւս իրարու անծանօթ հայուհիներ, այսօր ՀՕՄ-ի տաքուկ յարկին տակ մտերմացած եւ նոր գիտելիքներով զինուած՝ յաջողութեան բերկրալի պահեր ապրեցան։  Անոնք նոր տեսլականներու եւ անպարագիծ հորիզոններու խանդավառութեամբ լիացած ըմբոշխնեցին իրենց ընծայուած յաջողութեան քաղցրահամ առիթը։