«Սօսէ» մանկապարտէզները կրած վնասներով հանդերձ կը շարունակեն իրենց առաքելութիւնը


Սալբի Սաղտըճեան

Ստեփանակերտի մէջ բոլորին է յայտնի Հայ օգնութեան միութեան (ՀՕՄ) «Սօսէ» մանկապարտէզը, որ կը գտնուի Վերածնունդի հրապարակէն ոչ շատ հեռու, Սասունցի Դաւիթ փողոցին վրայ։ Մանկապարտէզի եռայարկ նորակառոյց շէնքը շրջակայքի այլ շինութիւններէն կ’առանձնանայ իր գեղեցիկ եւ վեհ տեսքով։

Հոկտեմբերի վերջը, Արցախ այցելութեանս օրերուն, բախտաւորութիւնը ունեցայ այցելելու «Սօսէ» մանկապարտէզը՝  ծանօթանալու ՀՕՄ-ի այս յաջող ծրագրի մանրամասնութիւններուն։ 

Շէնքի ունի ընդարձակ նախասրահ, որուն ձախ պատին պատկերուած ծառերու ճիւղերուն եւ տերեւներուն վրայ արձանագրուած են աշխարհասփիւռ այն հազարաւոր նուիրատուներուն եւ բարերարներուն անունները, որոնց շնորհիւ մանկապարտէզը ունեցաւ արդիական այս պատկերը։

Նախասրահի աջ կողմի սենեակէն ներս, իր բարի ժպիտով, զիս կը դիմաւորէ նախադպրոցական կրթօճախի երկարամեայ տնօրէնը՝ տիկին Նելլի Ղուլեանը։ Համեստ կահաւորուած սենեակի պատին ամրացուած մեծ պաստառէն՝ տեսախցիկներու միջոցով, ան կը հետեւի մանուկներուն առօրեային։ Ամէն կողմ լռութիւն կը տիրէ․ «Նրանց քունի ժամն է», համեստ ժպիտով կ’ըսէ ան։ Տիկին Նելլին Արցախի հերոս Աշոտ Ղուլեանի (Բեկոր) այրին է, որուն համար մանկապարտէզը հիմնադրութեան առաջին օրէն ի վեր երկրորդ տուն է, ուր յաճախող իւրաքանչիւր պզտիկ կ’արժանանայ իր հոգածութեան, մայրական սիրոյն եւ ուշադրութեան։

Ստեփանակերտի «Սօսէ» մանկապարտէզի տնօրէն՝ Նելլի Ղուլեան (լուսանկարը տրամադրած է «Սօսէ» մանկապարտէզը)

Շատ չանցած մեզի կը միանայ ՀՕՄ-ի Արցախի մեկուսի մասնաճիւղի «Սօսէ» մանկապարտէզներու պատասխանատու Արտեմիս Գրիգորեանը։ Կը զրուցենք ՀՕՄ-ի «Սօսէ» մանկապարտէզներու ցանցի անցեալին եւ ներկային մասին։

Առաջին պատերազմին յաջորդած տարիներուն զոհուած զինուորներու ընտանիքները ընկերային ծանր վիճակի մէջ կը գտնուէին։ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը որոշեց սատարել այդ ընտանիքներուն եւ մանկապարտէզ հիմնել։ 1998-ին բացուած մանկապարտէզը ամբողջ Արցախի մէջ առաջին նախադպրոցական հաստատութիւնն էր, ուր սկսան յաճախելու զոհուածներու մօտ 120 երեխաներ։ Աշխատողները զոհուածներու այրիներ էին։ Մանկապարտէզի նախկին շէնքը սովետական տարիներու հին շինութիւն էր, որ 17 տարի գերծելէ ետք անհրաժեշտութիւն յառաջացաւ ամբողջութեամբ վերանորոգելու զայն։ «Որովհետեւ շէնքը վթարային էր եւ սէյսմիկ [երկրակշարժային] տեսանկիւնից վտանգ էր ներկայացնում, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը որոշեց այն ամբողջութեամբ վերակառուցել», կը նշէ ընկերուհի Արտեմիսը։ 2015-ին կատարուեցաւ հիմնարկէքը, իսկ երկու տարի անց աշխարհի տարբեր երկիրներէ եկած հարիւրաւոր ՀՕՄ-ուհիներու, բարերարներու, պաշտօնական հիւրերու մասնակցութեամբ հանդիսաւոր բացումը կատարուեցաւ նոր շէնքին։

«Սօսէ» մանկապարտէզներու պատասխանատու Արտեմիս Գրիգորեան (լուսանկարը տրամադրած է Արտեմիս Գրիգորեանը)

Տիկին Նելլիին եւ ընկերուհի Արտեմիսին հետ կը շրջինք մանկապարտէզը։ Փոքրիկներու մէկ խմբակը նոր արթնցած է։ Անոնք իրենց դասասենեակին մէջ հաւաքուած՝ հերթով հեքիաթ կը պատմեն։ Տիկին Նելլին կը շոյէ փոքրիկներուն գլուխները, կը զրուցէ անոնց հետ։ Ուսուցչուհիէն կը հետաքրքրուի անոնց մասին՝ ով բացակայ է, ով հիւանդ․․․։ Կարծես անոնք իր զաւակները ըլլան, որովհետեւ ինքն ալ իր երեք որդիները մեծցուցած եւ դաստիարակած է առանց հօր, երբ 1992-ին, դեռ երրորդ զաւակը չծնած՝ նահատակուեցաւ հերոս ամուսինը, որուն գործունէութիւնը եւ սխրանքը ոսկէ տառերով գրուած են արցախեան ազատագրական պայքարի պատմութեան էջէրուն․․․

 «Այս վերջի տարիներին արդէն մեր մանկապարտէզը աւարտած սանիկների երեխաներն են յաճախում», հպարտութեամբ կը տեղեկացնէ ան։ Այս տարի մանկապարտէզ կը յաճախէ 143 փոքրիկ, որոնք ըստ տարիքի բաժնուած են չորս խումբի՝ երկու կրտսեր եւ երկու միջին։

Ժամանակակից պահանջներուն եւ չափանիշներուն համապատասխանող մանկապարտէզին մէջ ամէն յարմարանք նկատի առնուած է՝ փոքրիկներուն հանգիստը,  կրթութիւնը, ուրախ ժամանցը, սնունդը, մաքրութիւնը լաւապէս կազմակերպելու համար։ Իւրաքանչիւր խումբ ունի իր հանդերձարանը, ննջասենեակը, խաղասենեակը, լուացարանը։ Շէնքին մէջ կայ մեծ խոհանոց, հանդիսութիւններու սրահ, ուր փոքրիկները կը նշեն տօները եւ տարբեր առիթներ։ Երրորդ յարկը ՀՕՄ-ի վարչութեանն է․ հոն կը կազմակերպուին դասընթացքներ, միջոցառումներ, իսկ նկուղային յարկը կը ծառայէ որպէս ապաստանարան։

Ընկերուհի Արտեմիս կը տեղեկացնէ, որ այս մանկապարտէզի ղեկավարման ընդմէջէն փորձ եւ հմտութիւն ձեռք բերին եւ առաջարկներ ստացան շրջաններու մէջ եւս մանկապարտէզներ բանալու։ «Կարեւոր համարեցինք գիւղերում էլ ունենալ նախադպրոցական կրթօճախներ, որովհետեւ գիւղերի մէջ է, որ պիտի կարողանանք ժողովուրդին պահել իրանց հողի վրայ», նկատել կու տայ ան։ 2000 թուականին բացուեցան եւս երեք մանկապարտէզներ՝ Հադրութի, Մարտունիի եւ Ասկերանի գիւղերուն մէջ։ «Գնալով ցանցը ընդլայնուեց եւ արդէն 2009-ին ունէինք 12 մանկապարտէզ (Ստեփանակերտի, Մեծ Թաղերի, Շուշիի, Խնձրիստանի, Աշանի, Տողի, Ակնաբերդի, Քարեգահի, Հաղորտիի, Այգեստանի, Աւդուռի, Քարին տակի), 100-ից աւելի աշխատող եւ տարեկան 400-450 երեխայ», կը տեղեկացնէ մանկապարտէզներուն պատասխանատուն։

Տարիներու ընթացքին, ըստ իրավիճակի, մանկապարտէզ ընդունելու կարգն ալ փոխուեցաւ։ ՀՕՄ-ի Արցախի մեկուսի մասնաճիւղի վարչութեան որոշումով՝ ընդգրկուեցան պատերազմին հաշմանդամ դարձածներու, սահմանին ծառայողներու, բազմազաւակներու, կարիքաւորներու, ՀՕՄ-ուհիներու երեխաներ․․․։

Յետագայ տարիներուն՝ ծնելիութեան նուազման եւ տեղաշարժերու պատճառով շրջաններու աշակերտութեան թիւը նուազեցաւ, որուն պատճառով կարգ մը գիւղերու մանկապարտէզները փակուեցան կամ յանձնուեցան պետութեան։ Նախքան 44-օրեայ պատերազմը կը գործէր 8 մանկապարտէզ։ Հովանաւորներն էին՝ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը, Ամերիկայի Արեւմտեան, Արեւելեան շրջաններու, Գանատայի, Ֆրանսայի, Կիպրոսի մասնաճիւղերը եւ անհատ բարերարներ։ «Դժուարութիւնները շատ էին, դիմեցինք պետութեանը եւ 2010-ից պետութիւնը սկսաւ աշխատողների աշխատավարձի կէսը վճարել, իսկ վերջերս ինքն է ամբողջութեամբ վճարում աշխատողներին», կը տեղեկացնէ ընկերուհին։

Դժբախտաբար, 44-օրեայ պատերազմին հետեւանքով Արցախի Հանրապետութեան պատմութիւնը բաժնուեցաւ երկու ժամանակաշրջանի․ պատերազմէն առաջ եւ պատերազմէն ետք․ Պատերազմը մեծ եւ անդառնալի վէրքեր բացաւ արցախցիներու կեանքին մէջ։ Ցաւօք սրտի, «Սօսէ» մանկապարտէզները անմասն չմնացին․ Արցախի բռնագրաւուած շրջաններուն մէջ մնացին չորսը՝ Հադրութի շրջանի Տողի, Մեծ Թաղերու, Շուշիի եւ Բերձորի Քարեգահ գիւղի մանկապարտէզները։ Կիսուեցաւ նաեւ երեխաներուն թիւը․ ներկայիս ՀՕՄ-ը ունի չորս մանկապարտէզ, 41 աշխատող եւ 245 երեխայ։

Երրորդ յարկի պատշգամէն կը դիտենք գեղեցիկ կահաւորուած բակն ու երեխաներուն խաղավայրը․․․ ռմբակոծութեան հետեւանքով Ստեփանակերտի մանկապարտէզի ապակիները կոտրուած են։ Շէնքին վրայ փոքր բեկորներ կան, բայց բարեբախտաբար ընդհանուր շէնքը չէ վնասուած։ Պատերազմէն ետք՝ ականազերծման մասնագէտները մանկապարտէզի տարածքը մաքրած են արկերու բեկորներէն։

44-օրեայէն անմիջապէս ետք՝ «Սօսէ» մանկապարտէզ ընդունուեցան միայն տեղահանուած երեխաները։ «Շատ յուզիչ էր․ երբ այդ երեխաներին հարցնում էինք՝ ինչ էք ուզում, բոլորը ասում էին՝ մեր գիւղն ենք ուզում, ուզում ենք շուտ գնալ», ծանր օրերը վերյիշելով կը պատմէ հերոսին այրին։ Շնորհիւ ուսուցիչներու հոգատարութեան եւ ուշադրութեան փոքրիկները որոշ չափով յաղթահարեցին պատերազմին սարսափը։ Յետագային անոնք տեղափոխուեցան պետութեան կողմէ Շուշիի եւ Հադրութի երեխաներուն համար յատուկ բացուած մանկապարտէզներ։  

Ինչպէս Արցախի նախադպրոցական բոլոր հաստատութիւնները, «Սօսէ» մանկապարտէզները նոյնպէս կ’առաջնորդուին Կրթութեան նախարարութեան ծրագիրներով։ Միշտ կը գտնուին վերահսկողութեան տակ։ Սնունդը կը պատրաստուի այնպէս, ինչպէս կը պահանջեն Առողջապահութեան նախարարութիւնը եւ սնունդի անվտանգութեան ծառայութիւնը։ Պետական ծրագրին կողքին՝ երեխաները «Սօսէ» մանկապարտէզներուն մէջ կը ստանան հայեցի կրթութիւն, յատուկ հոգածութիւն եւ նորարար մօտեցումով ուսուցում․ Օրինակ՝ Յունիս ամսուան ընթացքին փոքրիկներուն համար կը կազմակերպուին տարբեր արտադասարանային գործունէութիւններ․ խաղեր, մրցումներ, լողաւազան մտնել, այցելութիւն՝ գործարաններ, հացի փուռ, բուժկէտ, նահատակներու պանթէոն, հրշէջ մեքենայի վրայ բարձրանալ, ոստիկաններու հետ շփուիլ եւ այլն։ «Այդ մէկ ամիսը իրանց համար քէֆի օրեր են։ Երեխաների ուրախութիւնն ու ոգեւորութիւնը տեսնելով՝ մենք ալ բաւարարուած ենք լինում մեր աշխատանքից», հրճուանքով կը նշէ ընկերուհի Արտեմիսը։

Կրթական այս հաստատութիւնները տարիներու ընթացքին դէպի դպրոց ճանապարհած են նախադպրոցական տարիքի հազարաւոր շրջանաւարտներ՝ անոնց ջամբելով հայրենասէր եւ օրինապահ քաղաքացի դառնալու առաջին սերմերը․ «Միշտ աշխատել ենք սիրով, նուիրուած․ մեր առաջին նպատակը եղել է երեխաներին հայեցի դաստիարակելը, նրանց այս օրուայ համար պիտանի մարդ դարձնելը», գոհունակութեամբ կը նշէ տիկին Ղուլեանը։

Պատերազմին կրած մեծ կորուստներով հանդերձ «Սօսէ» մանկապարտէզները կը շարունակեն գործել շնորհիւ իրենց աշխատանքին ու առաքելութեան նուիրուած արցախցի ընկերուհիներու ջանքերուն, նիւթական ու բարոյական աջակցութիւնը ունենալով Կեդրոնական վարչութեան եւ աշխարհասփիւռ ՀՕՄ-ուհիներու հոծ բանակին։