Արցախը 34 oր շրջափակման մէջ. կացութիւնը կը ծանրանայ


Արցախը 34 օրէ կտրուած է արտաքին աշխարհի հետ կապէն։ Հակառակ կոչերուն եւ զօրակցական յայտարարութիւններու՝ Լաչինի միջանցքը փակ պահող ազրպէյճանցիները ճամբան բանալու մտադրութիւն չունին տակաւին։ Երեսունչորս օրերու ընթացքին փակ հատուածով միայն Կարմիր խաչի եւ ռուս խաղաղապահներու ինքնաշարժներ կ’անցնին:

Վերջին շաբաթուան ընթացքին ուտելիքի, դեղորայքի, վառելիքի դժուարութիւններուն եկաւ գումարուելու ելեկտրականութեան եւ համացանցի անջատումներով յառաջացած տագնապը։ Երկուշաբթի, 9 Յունուարին վթարուեցաւ Հայաստանէն դէպի Արցախ մուտք գործող ելեկտրականութիւնը գլխաւոր գիծը։ Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ գտնուող Աղաւնոյ-Բերձոր հատուածով անցնող միակ բարձրավոլթ գիծի խանգարումին պատճառով, Արցախի մէջ ելեկտրականութեան անջատումներ տեղի կ’ունենան: Նորոգութեան համար ազերիները թոյլ չեն տար հայ մասնագէտներուն մուտք գործել տարածք։ «Արցախէներգօ»ն տեղեկացուց, որ բնակիչներուն սահմանափակումներով տեղական արտադրութեան հոսանք կը մատակարարուի եւ  յորդորեց կարելի եղածին չափ խնայողաբար օգտագործել հոսանքը` յաւելեալ անջատումներէ խուսափելու համար:

Յիշեցնենք, որ Արցախի մէջ ելեկտրականութիւն արտադրող ջրելեկտրակայաններուն մեծ մասը Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցաւ 2020-ի 44-օրեայ պատերազմէն ետք: Ասոր իբրեւ հետեւանք՝ շեշտակի կերպով նուազած է ելեկտրականութեան հզօրութիւնը:

Հինգմաբթի, 12 Յունուարին ազերիները անջատեցին հեռահաղորդացութեան եւ համացանցի հասնաելիութիւնը, սակայն մէկ օր անց Արցախի տեղեկատուական շտապը տեղեկացուց, որ Արցախի ամբողջ տարածքին համացանցի կապը վերականգնուած է՝ Արցախի մէջ տեղակայուած ռուս խաղաղապահներու վարած բանակցութիւններուն շնորհիւ։ «Ղարաբաղ տելեկոմ» ընկերութեան թեքնիք մասնագէտները կրցած են մեկնիլ խանգարումի վայրը եւ տեղւոյն վրայ վերանորոգել հաղորդալարերու վնասուած մասը։ Ըստ «Ղարաբաղ տելեկոմ»-ի, «մալուխը վնասուած էր Լաչինի միջանցքի այն հատուածին մէջ, ուր տեղակայուած են բնապահպան ձեւացող ազրպէյճանական կառավարութեան գործակալները»:

Շրջափակուած Արցախի մէջ ուտելիքը հաւասար բաշխելու համար, որդեգրուեցաւ կտրօնային համակարգը: Ստեփանակերտի եւ շրջաններու խանութներուն մուտքերուն երկար շարքեր կը գոյանան, որպէսզի իւրաքանչիւր քաղաքացի կարենայ ստանալ իր բաժին սնունդը։

Ըստ Արցախի կառավարութեան տուեալուն՝ նախորդ չորս շաբաթներուն ընթացքին Արցախ չէ ստացած առաւել քան 12 հազար թոն կենսական նշանակութիւն ունեցող ապրանքներ: Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէն ու Ռուսիոյ խաղաղապահները անոր միայն չնչին մասը մատակարարեցին: Ըստ «Ապարաժ»-ի՝ ուտելիքի շեշտուող սղութեան պատճառով փակուեցան 41 մանկապարտէզներ, յիսունվեց նախադպրոցական խումբեր եւ քսան երկարօրեայ ուսումնական հաստատութիւններ: 6 828 երեխայ այլեւս չի կրնար մանկապարտէզ, նախակրթարան և երկարօրեայ դպրոց յաճախել՝ զրկուելով համապատասխան խնամք, սնունդ եւ կրթութիւն ստանալու հնարավորութենէն։

Ստեփանակերտէն կը շարունակեն ահազանգել, որ շրջափակման պատճառով, Արցախի 120 հազար բնակչութիւնը, որոնց մէջ շուրջ 30 հազար մանուկներ, կանգնած են սովի վտանգին առջեւ: Դեղարաններուն մէջ առաջնային անհրաժեշտութեան դեղեր եւ մանուկներու ուտելիք գրեթէ չկայ։

Վիրահատութիւններու յետաձգման պատճառով, ըստ Արցախի կառավարութեան, 390 քաղաքացիներ զրկուած են վիրահատուելու կարելիութենէն: Ըստ պաշտօնական տուեալու` շրջափակման պայմաններուն մէջ, տնտեսվարողներուն առաւել քան 16 տոկոսը դադրեցուցած է իր գործունէութիւնը. առնուազն 3400 անձեր կորսնցուցած են իրենց աշխատանքը եւ եկամուտի աղբիւրը:

Շրջափակման չորս շաբաթներուն ընթացքին, Կարմիր խաչի միջնորդութեամբ եւ ընկերակցութեամբ, արդէն քսանմէկ ծանր հիւանդներ տեղափոխուեցան Հայաստան, անոնց կարգին մանուկներ ու օտարներ:

ՅԻՇԵՑՈՒՄ՝ Գանատայի Հայ դատի յանձնախումբը կոչ ուղղած է Գանատայի հանրութեան, որ դիմեն իրենց շրջաններու երեսփոխաններուն Արցախի շրջափակման հարցի շուրջ. կարելի է լրացնել յանձնախումբին կոչը այս յղումով:

* Արցախը կը դիմէ միջազգային հանրութեան՝ կանխելու Ազրպէյճանի կողմէ նախապատրաստուող ցեղասպանութիւնը

Չորեքշաբթի, 11 Յունուարին, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի գլխաւորութեամբ՝ գումարուեցաւ Անվտանգութեան խորհուրդի նիստը, որուն մասնակցեցան Արցախի Ազգային ժողովի քաղաքական բոլոր ուժերու ներկայացուցիչները: Քննարկուեցան Ազրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի արգելափակման պատճառով Արցախի մէջ արդէն մէկ ամիս տեւող մարդասիրական ճգնաժամը։ Ժողովի աւարտին որդեգրուեցաւ յայտարարութիւն, ուր անոնք վերահաստատեցին իրենց դիրքորոշումն առ այն, որ Արցախի ինքնիշխանութիւնը եւ պատմական հայրենիքին մէջ ազատ ու անկախ ապրելու իրաւունքը բացարձակ արժէքներ են: Որեւէ պարտադրանք կամ սպառնալիք չի կրնար իրենց ետ պահել պայքարը շարունակելու որոշումէն:

«Արցախի իշխանութիւնները Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն կը յորդորեն առաջնորդուիլ բացառապէս Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը միջազգային ատեաններուն մէջ յառաջ տանելու եւ պաշտպանելու դիրքորոշումով` օգտագործելով միջազգայնօրէն ճանչցուած պետութեան բոլոր կարելիութիւններն ու ամբողջ գործիքակազմը:

«Կը դիմենք միջազգային հանրութեան` Ազրպէյճանի կողմէ ձեռնարկուած ահաբեկչական գործողութիւնները, ծրագրուող ցեղային զտումները եւ նախապատրաստուող նոր ցեղասպանութիւնը կանխելու համար պատասխանատուութիւն ստանձնելու կոչով: Արցախի Հանրապետութեան ժողովուրդը եւ իշխանութիւնները վստահ են, որ աշխարհասփիւռ հայութիւնը պիտի շարունակէ սատար կանգնիլ Արցախի իրենց քոյրերուն եւ եղբայրներուն կայացուցած որոշումին, եւ ՀՀ իշխանութիւններուն կը յորդորեն առաջնորդուիլ բացառապէս Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը միջազգային ատեաններուն մէջ առաջ տանելու եւ պաշտպանելու դիրքորոշմամբ` օգտագործելով միջազգայնօրէն ճանչցուած պետութեան բոլոր հնարաւորութիւններն ու ողջ գործիքակազմը», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

Արցախի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նիստը (լուսանկարը՝ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմին)

Նոյն օրը Արցախի պետական նախարար, շտապի պետ Ռուբէն Վարդանեան հրաւիրեց ընդլայնուած խորհրդակցութեան՝ պետական մարմիններու ղեկավար կազմին մասնակցութեամբ:

Վարդանեան յայտնեց, որ ձմրան այս օրերուն Ազրպէյճան փաստօրէն կը խոչընդոտէ Հայաստանէն ելեկտրականութեան մատակարարումը: «Իրավիճակը բարդ է, եւ կը ցանկամ շնորհակալութիւն յայտնել մեր հասարակութեան, որ կը դիմանայ բոլոր դժուարութիւններուն: Բազմաթիւ խնդիրներ ունինք թէ՛ պարէնի, թէ՛ դեղորայքի հետ կապուած: Վերջին երկու օրերուն գումարուեցաւ նաեւ ելեկտրականութեան խնդիրը: Ազրպէյճանը ոչ միայն չի ձգեր սննդամթերք, դեղորայք բերել, այլ կը խոչընդոտէ մասնագէտներու այցը վթարի վայր` ելեկտրականութեան մատակարարումը վերականգնելու համար», ըսաւ ան՝ կարեւոր նկատելով ներքին պաշարներու խնայողական օգտագործումը:

Ըստ Վարդանեանի՝ Ատրպէյճանի քաղաքականութիւնը յստակ է` ճնշումներու միջոցով հասնիլ Արցախի հայթափման: «Բայց մենք կը պայքարինք մեր հայրենիքին, մեր հողին վրայ ապրելու իրաւունքին համար: Ու շատ ոգեւորիչ է, որ մեր ժողովուրդը կ’ընդունի այս մօտեցումը: Բայց ատիկա մեզմէ, որպէս ղեկավարներ, կը պահանջէ ժողովուրդին հետ ազնիւ ու անկեղծ ըլլալ, հասկնալ իրավիճակի ամբողջ լրջութիւնը», բացատրեց Վարդանեան:

* Արցախի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը կոչ ըրաւ միջազգային հանրութեան՝ միջամտելու 

Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութեան մը միջոցաւ կոչ ուղղեց պետութիւններուն, «որոնք կը գործեն ե՛ւ անհատապէս, ե՛ւ միջազգային կազմակերպութիւններու շրջանակներու մէջ, համաձայն մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ ցեղասպանութեան յանցագործութեան կանխարգիլման նկատմամբ ունեցած համընդհանուր յանձնառութեան, ձեռնարկելու բոլոր անհրաժեշտ միջոցները՝ անյապաղ կանխարգելելու ցեղասպան գործողութիւնները, որոնք Ազրպէյճանը համակարգուած կերպով կ’իրականացնէ Արցախի ժողովուրդին դէմ՝ բացարձակ անպատժելիութեան մթնոլորտի մէջ»:

Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յատկապէս նշեց, որ՝ «միտումնաւոր ստեղծելով անտանելի կենսապայմաններ՝ Ազրպէյճանը նպատակ կը հետապնդէ խարխլել Արցախի ժողովուրդի ընդհանրութիւնն ու ամբողջութիւնը՝ պարտադրելով օտարացում իր պատմական հայրենիքէն եւ հրաժարում սեփական հաւաքական իրաւունքներու իրացումէն․․․»:

* Հայաստան համահայկական հիմնադրամը կոչ ուղղեց միջազգային կառոյցներուն ջանքեր գործադրելու` Ստեփանակերտի օդակայանը գործարկելու ուղղութեամբ

Հայաստան համահայկական հիմնադրամը կոչ ուղղեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին, այլ միջազգային կառոյցներուն ու շահագրգիռ պետութիւններուն անյապաղ ջանքեր գործադրելու Ստեփանակերտի օդակայանի գործարկման ուղղութեամբ եւ երաշխիքներ ապահովելու օդային ճամբով Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան հրատապ մարդասիրական աջակցութիւն հասցնելու նպատակով:

«Կոչ կ’ուղղենք ամբողջ յառաջադէմ մարդկութեան եւ համապատասխան միջազգային կառոյցներուն ներդնելու իրենց բոլոր ջանքերը` կանխարգիլելու հաւանական նոր ցեղասպանութիւնը, ինչպէս նաեւ պաշտպանելու Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան բոլոր հիմնարար իրաւունքները», նշուած է յայտարարութեան մէջ:

* Արցախի մէջ 2022 թուականին ծնած է 1 623 երեխայ

Արցախի Հանրապետութեան առողջապահութիւնը հաղորդագրութեամբ կը տեղեկացնէ, որ նախարարութեան բուժհաստատութիւններուն մէջ 2022 թուականի ընթացքին ծնած է 1 623 երեխայ, որոնցմէ տասնըհինգը` զոյգ: Եւս քառասուներեք արցախցի երեխայ ծնած է Հայաստանի բուժհաստատութիւններուն մէջ: Արտամարմնային բեղմնաւորման ճանապարհով Արցախի առողջապահութեան նախարարութեան բուժհաստատութիւններուն մէջ ծնած է տասըեօթ երեխայ: 1-8 Յունուար 2023-ին, Արցախի բժշկական հաստատութիւններուն մէջ ծնած է 43 երեխայ: Շրջափակման օրերուն Արցախի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարարութեան բժշկական հաստատութիւններուն մէջ ծնած է հարիւր տաս երեխայ:

* ՀՕՄԱմանորեայ նուէրներով ուրախացուց շրջափակման մէջ գտնուող արցախցի մանուկները

Հայ օգնութեան միութեան Արցախի միաւորը Արցախի Ասկերանի շրջանի Խնապատ, Մարտունիի շրջանի Խնուշինակ, Մարտակերտի շրջանի Մոխրաթաղ ու Գառնաքար համայնքներու աշակերտներուն եւ նախադպրոցական տարիքի երեխաներուն համար ամանորեայ նուրէներ բաժնեց: ՀՕՄ-ի Արցախի միաւորի ատենապետուհի Լիլիթ Մարտիրոսեանի խօսքով, ՀՕՄ-ի ամանորեայ նուէրներու ծրագիրը շարունակական բնոյթ կը կրէ: Այս տարի նախատեսած են աւելի մեծ թիւով աշակերտներու նուէրներ տրամադրել, բայց որովհետեւ դուրսէն պատուիրելու կարելիութիւն չկայ, բաւարարուած են ունեցածով: Ծրագրի իրագործումը կարելի դարձաւ ՀՕՄ-ի աշխարհասփիւռ միաւորներու ուղարկած խաղալիքներու եւ հագուստներու շնորհիւ:

Մարտիրոսեան կարեւոր նկատեց շրջափակման պայմաններու մէջ ապրող մանուկներուն ճնշող առօրեայէն կտրելն ու ամանորեայ հրաշքի նկատմամբ հաւատքը վերականգնելը: Ան կը յուսայ, որ հայութեան միացեալ ուժերով կարելի պիտի ըլլայ ապահովել Արցախի երեխաներուն խաղաղ եւ անհոգ մանկութիւնը:

* Արեւային ջրատաքացուցիչներՄարտունիի շրջանի 75 ընտանիքներու համար

Արցախեան վերջին պատերազմէն ետք ընտանիքով Արցախի Մարտունի քաղաքին մէջ հաստատուած ամերիկահայ Շանթ Չարշաֆճեանը շրջանին մէջ իրականացուցած է շարք մը կարեւոր նախաձեռնութիւններ: Հերթականը Մարտունի շրջանին մէջ հինգ եւ աւելի երեխաներ ունեցող եօթանասունհինգ ընտանիքներու արեւային ջրատաքացուցիներ յատկացնելու ծրագիրն է: «Անհրաժեշտ գումարը հանգանակուեցաւ, նախատեսած եմ քանի մը տարբեր ընկերութիւններու հետ աշխատիլ, որպէսզի աշխատանքը արագ ընթանայ, բայց դժբախտաբար սահմանը փակուեցաւ: Միայն ընկերութեան մը պահեստին մէջ կար յարմար չափի արեւային ջրատաքացուցիչ համակարգ, որն ալ տեղադրեցինք Եմիշճան գիւղի 7 երեխայ ունեցող ընտանիքի տան մէջ», «Ապարաժ»-ի փոխանցմամբ՝ ըսաւ Չարշաֆճեան:

Ըստ անոր, պէտք է Արցախը ամէն առումով ինքնաբաւ դառնայ: «Պէտք է փորձենք մեր կարելիութիւններու սահմաններուն մէջ Արցախը անկախ դարձնել` յատկապես կազի, հոսանքի անկանխատեսելի անջատումները նկատի առնելով: Նաեւ` շատ երեխաներ ունեցող ընտանիքներու կեանքը աւելի դիւրացնել, որպէսզի մարդիկ ջուր տաքցնելու համար գումար չծախսեն, կամ ալ ծառերը չկտրեն», ըսաւ ան:

Յիշեցնենք, որ անցեալ տարի այս օրերուն Շանթ Չարշաֆճեանին եւ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Արցախի գրասենեակին միջոցով Մարտունիի գիւղերուն մէջ բեմադրուեցան մանկական թատերական ներկայացումներ: