Սուրիահայութիւնը՝ հայրենամերձ բուրաստան, հայեցի ամրոց, անշէջ հնոց


Ստորեւ կը ներկայացնենք ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղին կազմակերպած 28-րդ «Տոհմիկ օր»-ուան առիթով հրատարակուած գիրքին յառաջաբանը. ձեռնարկը ձօնուած էր Սուրիոյ հայ գաղութին:


Ժան Հալլաճեան

Թորոնթոյի մէջ սովորութիւն դարձած է յիշատակել «Տոհմիկ Օր»-ը՝ նուիրուած հայկական գաւառներուն եւ կամ Երկրի շրջաններէն մէկուն: Այս ազնիւ ճիգը, որ իւրայատուկ երեւոյթ մըն է համայն գաղթաշխարհի մէջ, կ’իրագործուի ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղի նախաձեռնութեամբ:

Ձեռնարկին բովանդակութիւնը կը միտի ի մի հաւաքել ու ներկայացնել տուեալ գաւառին կենցաղը, տոհմիկ բարքերը, բարբառը եւ աշխարհագրական մանրամասնութիւնները, զանոնք համադրելով՝ կը ներկայացուի ձեռնարկի մը ընդմէջէն, ինչպէս նաեւ համապատասխան եւ բովանդակալից գիրքի մը հրատարակութեամբ: Հանրութեան ներկայացուած տուեալները կը նպատակադրեն կենդանի պահել տուեալ շրջանի բարքերը ու բոցավառել նոր սերունդի մօտ անոր տոհմիկ սովորութիւններն ու մշակութային արժէքները՝ ամրօրէն զանոնք զօդելու հայկական հարուստ ակունքներու մթնոլորտին հետ:

Այս իմաստով, «Տոհմիկ օր»-ուան շրջագծին մէջ, դժուար է ամփոփել գաղթօճախի մը էութիւնը՝ յատկապէս սուրիահայ գաղութի եռուն կեանքը։ Վստահ եմ, որ այս ձեռնարկի իրականացման կոչուած բոլոր ենթայանձնախումբերը դիմակայեցին դժուարին մարտահրաւէր՝ հակիրճ եւ սահմանափակ տեղեկատուական էջերով կամ երիզներով ներկայացնելու հարուստ, բազմերես, լայնածաւալ եւ իւրայատուկ դիմագիծ ունեցող սուրիահայ գաղութի պատմականն ու այժմու դիմակայած իրավիճակներու համադրութիւնը։

Գիրքի այս էջերուն ընդմէջէն ուրուագծուած համայնապատկերը կու գայ ներկայացնելու արդի սփիւռքի կազմաւորման սկզբնաղբիւրը իրաւացիօրէն հանդիսացող «Մայր գաղութ»-ը, որ իր փարթամ տեսքով եւ ուրոյն դիմագիծով դարձած է գաղթաշխարհի հայատրոփ անզուգական միջավայրը: Շատերու համար այդ նեկտարի կենարար հիւթը ուսանելի խնդիր է, որովհետեւ սոսկ տրամաբանութեամբ կարելի չէ բացատրել, որ արհաւիրքէ փրկուած ու հազիւ շնչող այդ խլեակները ինչպէ՞ս կարողացան յաղթահարել առօրեայ կեանքը քարշ տալու մարտահրաւէրները, միաժամանակ, նոյնքա՛ն կարեւորեցին վարժարաններ եւ եկեղեցիներ կառուցելու, պատսպարաններ ու համայնքային կազմակերպ կեդրոններ հիմնելու:

Այսպէս, հայկական գաւառական կեանքի եւ տեղական նոր պայմաններու հակոտնեայ երեւոյթները վերածուեցան գրաւիչ համակեցութեան եւ համադրութեան ծաղկեփունջի մը։ Իւրաքանչիւր քայլափոխին անոնք հանդիպեցան Մարաշի, Ուրֆայի, Այնթապի, Մուշի, Սասունի, էրզրումի, Տիգրանակերտի եւ Բալուի պատառիկներուն, որոնք վերջաւորութեան միաձուլուեցան ամբողջական տարազի մը ներքոյ եւ կազմեցին գարնանային արեւու բեհեզներու նման հիւսուածք մը, որ փարատեց նախճիրի մթագնած յիշատակները: Սուրիոյ օրհնեալ լուրթ երկինքի առօրեայ կեանքը զարդարուեցաւ Երկրի հայկական գաւառներու սովորութիւններով, ու բոլորը միաձուլուելով մէկ քուրայի մէջ վերածուեցան մէ՛կ յորդառատ աղբիւրի, որմէ պիտի սնանէր «Մայր գաղութ»-ը, առանց մոռնալու այդ կենարար աւիշով ներարկելու համայն հայ գաղթաշխարհը։

Կարելի չէ անտեսել այն մեծ դերը, որ սուրիահայութիւնը խաղցաւ հայ եկեղեցւոյ կեանքէն ներս, ամբողջացնելով անոր շարքերը կղերական ակնառու դասով, որ իր կարգին մեծ ներդրում ունեցաւ հայ գաղթօճախներու կազմակերպման ու զարգացման մէջ: Առաւել եւս, յատկանշական դեր ունեցան սուրիահայ արհեստաւորներու ստեղծագործ եւ հանճարեղ իրագործումները, որոնց միջոցաւ արաբ հասարակութեան մօտ աւելի ցայտուն դարձաւ հայու աշխատունակ եւ ստեղծագործ դիմագիծը:

ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղին կազմակերպած «Տոհմիկ օր»-ը ձօնուած էր Սուրիոյ հայ գաղութին (լուսանկար՝ Վազգէն Քէշիշեանի, համադրում՝ «Թորոնթոհայ»-ի)

Առանձնաբար, հայրենակցական կապերն անգամ ինքնանպատակ չդարձան եւ համալրուեցան կենսատու կենակցութեամբը՝ այնթապցիներու, սասունցիներու, մարաշցիներու, մեբաստացիներու, զէյթունցիներու, քիլիսցիներու, խարբերդցիներու եւ այլ երկրացիներու սովորութիւններով ու բարքերով, որոնք զիրար լրացնող մէ՛կ խճանկարի ամբողջութիւն մը կազմեցին։ Ժամանակ մը ետք, Հալէպի շրջանի մէջ գտնուող կիւրինցիներու քէմփը, թիթեղաշէն «Վարագաները», «Խորթլախը», «Տաուուտիան» եւ «Հուլլուկ»ը վերածուեցան Նոր Գիւղ աւանի, Վիլլաներու, Քաղաքի եւ այլ թաղամասերու, ի մէկ համախմբելով զիրար հարստացնող մասնիկները մէկ ամբողջութեան մէջ, ծանօթ՝ «Աւանդապաշտ սուրիահայ» անուանումով, որ իր բնականոն առօրեան ծաղկեցուց «ասպնջական» Սուրիոյ տարազին ներքեւ։ «Կէթօ»-ական կեանքի աւարտի ազդանշանով, առաջին սերունդի յետնորդները, տակաւ առ տակաւ շաղուեցան տեղական ստեղծուած նոր պայմաններուն հետ, դարձան կարեւոր մասնիկը սուրիական ընկերութեան, իւրացուցին լեզուն ու աւելի մօտէն շաղուեցան արաբական ընկերութեան այլ բաղադրիչներուն հետ:

Սուրիոյ հայրենիքի շառաւիղներով կենսագործած ականաւոր ռահվիրաներու՝ Հրաչ Փափազեանի, Մինաս Թէօլէօլեանի, երջանկայիշատակ Զարեհ վեհափառի, պատուելիներ՝ Յովհաննէս Էսքիճեանի, Ահարան Շիրաճեանի, Գերյարգելի Պօղոս Ծ. Վարդապետ Չալըգեանի եւ այլոց սերմնացանը պտղաբերեց, եւ մինչեւ օրս այդ աւիշը իր բարերար դերը կը կատարէ գաղութային կեանքի զարգացման մէջ:

Սուրիահայութեան խաղաղ նաւարկումը եւ զարգացումը քանի մը անգամ խանգարուեցաւ վերջին 80 տարիներու ընթացքին, բայց ամենէն ցնցիչը եւ ահաւորը՝ 2011 թուականին ծագած քաղաքական անհանգստութիւնն էր, որ վերածուեցաւ քաղաքացիական համընդհանուր պատերազմի եւ տարածաշրջանի ամենէն թնճուկային կացութեան:

Սուրիահայութեան դիմակայած ճակատագրական լինել-չլինելու կացութեան ի տես, աղօտացաւ անոր կայուն զարգացումը, եւ հակառակ այդ վիճակի խիստ լրջութեան ու այդ հսկայ զանգուածին ֆիզիքական գոյութիւնը վտանգող սպառնալիքներուն, նուազագոյն կորուստներով, գաղութը փրկուեցաւ նախճիրէ։  Յետ- պատերազմեան երեւելի եւ աներեւոյթ սպիները, պատերազմի վէրքին բուժման եւ հիմնական ցաւին յաղթահարուած ըլլալուն ախտանշաններն են: Դասեր քաղելով դժուար վիճակներէ, զարմանալիօրէն աւելի ուժեղ դառնալու եւ առաջ երթալու կամք կ’արտայայտէ սուրիահայ գաղութը, որ իր սպին՝ յաղթանակի եւ հպարտութեան դաջուածք սեպելով, վերանորոգ տրամադրութիւններով կը դիտէ պայծառ գալիքը եւ երբե՛ք առիթ չի տար, որ այդ սպիացած վէրքերը զինք դարձնեն ցաւին պատանդ, ընդհակառակը՝ պատերազմի արհաւիրքի տիղմէն պատուով դուրս  գալու ազնիւ ճիգերուն ականատեսը կ՛ըլլանք ամէն օր:

Կը հաւատամ, որ զատորոշիչ գործօնը, որ թոյլ չտուաւ ենթարկուելու պատմութեան էջերէն կորսուելու ճակատագիրին՝ Հայ ցեղին բնածին դիմադրողականութիւնն էր, արհաւիրքներու ու եղեռնային դրոյթներէն պայքարող անկոտրում ոգիով յառնելու եւ գոյատեւելու ունակութիւնն էր, եւ՝ վերանորոգ կեանքի պայմաններ կերտելու կամքը: Ի հեճուկս նորօրեայ աննպաստ պայմաններուն, այդ զանգուածը՝ «Մայր գաղութ» կոչումին յամառօրէն կառչած կը մնայ, պատուով՝ դեռ ե՛ւս կը շարունակէ իր կեանքը եւ վճռակամութեամբ փարած կը մնայ «Մայր գաղութ» յորջորջումին:

Պատերազմի առթած անհանգստութիւնը ստեղծեց սուրիահայութեան երկրորդ շերտ մը, որ իր բախտը որոնեց գաղթաշխարհի զանազան երկրամասերուն մէջ, իմա՝ Հայաստան: Այս հոսանքը, իր հոգեմտաւոր ունակութիւններովը, ձեռք բերած ազգային եւ կազմակերպչական երկարատեւ փորձովը՝ սուրիահայ գաղութին յատուկ դրոշմով զրահապատուած, հարկադրաբար, կայք հաստատեց նոր հասցէներու մէջ՝ ետին ձգելով հարազատներու շիրիմները եւ նիւթական հարստութիւնը: Իր աշխատունակ ու ձեռնհաս նկարագրով, նոր աշխարհի առօրեայ կենցաղային հեւքով ու մարտահրաւէրներով կլանուած, շիւղ առ շիւղ կրկին կառուցեց բնակարաններ ու նետուեցաւ առօրեայ աշխատանքի։ Օրապահիկի ապահովման ճիգին զուգահեռ, նոր միջավայրերու ազգային, կրօնական, միութենական եւ կազմակերպչական կեանքին մէջ, իր բոլորանուէր մասնակցութիւնը շատ արագ բերելով՝ խանդավառութեամբ հաշտութիւն կնքեց պարտադրուած կացութիւններուն հետ:

Սուրիահայու այս մեծ զանգուածը, որակական եւ քանակական նոր կեանք ու աւիշ տուաւ նոր միջավայրերուն, յստակօրէն իր մատնահետքը դրոշմելով գոյ ազգային-եկեղեցական կազմակերպ կեանքին: Այդ յուռթի ամպը օտար դաշտեր չոռոգեց եւ յումպէդս խոպան դաշտերու վրայ չմեռան անոր պարարտ կաթիլները, այլ սուրիահայու հատու ձեռակերտը, կարճ միջոցի մէջ կրկին փայլատակեց եւ համալրուեցաւ բոլոր տեղական գաղութային աշխատանքներուն հետ:

Տեղ մը այս զանգուածին բացակայութիւնը՝ «Մայր գաղութ»-ի կեանքէն ներս, անտարակոյս, իր ժխտական անդրադարձը ունեցաւ, սակայն՝ այլ տեղ մըն ալ մե՜ծ առաւելութիւն ունեցաւ՝ հարստացնելով ու շեշտադրելով նոր միջավայրերու հայկական դիմագիծը՝ հայախօսութեամբ եւ տոհմիկ, աւանդական բարքերով առլցուն:

Այս տուեալներուն լոյսին տակ, անվարան կրնամ հաստատել, թէ սուրիահայութիւնը՝ իր պահուածքով կը յամենայ մնալ հայրենամերձ բուրաստան, էութեամբ՝ հայեցի ամրոց, առաւել եւս՝ անշէ՛ջ հնոց, որ առկայծ կը պահէ հայու կենարար կերպարը եւ որպէս առաքեալ իր բաժինը կը մատակարարէ ազգին ու հայրենիքին հոգեմտաւոր կարիքներուն։