Այս շաբաթ Թորոնթոյի մէջ. «Երկու կին, մէկ ամուսին» կատակերգութիւնը 


Հարցազրոյց՝ բեմադրիչ Լենա Խաչերեանին հետ 

Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան

Կազմակերպութեամբ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Թորոնթոյի «Գլաձոր» մասնաճիւղի, Մոնթրէալէն հրաւիրուած «Պետրոս Ադամեան» թատերախումբը՝ Շաբաթ, 21 Յունուար 2023-ին, երեկոյեան ժամը 8-ին, Հայ երիտասարդական կեդրոնի Համազգային թատերասրահին մէջ պիտի ներկայացնէ հեղինակ Ռէյ Քունիի խիստ քրքջալի՝ «Երկու կին, մէկ ամուսին» կատակերգութիւնը։

Ներկայացման բեմադրիչ Լենա Խաչերեանին հետ առիթը ունեցանք զրուցելու թատերախումբին, ինչպէս նաեւ այս նշանաւոր կատակերգութեան նիւթին մասին, որուն բնօրինակը կը կրէ Run for your wife խորագիրը։

Պէյրութի ծնունդ՝ Լենա Աւագեան Խաչերեան մանուկ հասակէն յատուկ սէր տածած է մշակոյթի եւ արուեստի հանդէպ եւ՝ աշխուժօրէն մասնակցած միութենական կեանքին։ 1985-ին Գանատա հաստատուելէն ետք հետեւած է Ներքին յարդարման (Interior design) դասընթացքներու: Մօտաւորապէս քառասուն տարի Համազգայինին անդամակցած բեմադրիչը մաս կազմած է «Պետրոս Ադամեան» թատերախումբին եւ, այլազան դերեր ստանալով, հանդէս եկած է լուսահոգի բեմադրիչ Սարգիս Զուրիկեանի եւ բեմադրիչ Վիգէն Թիւֆէնկճեանի բեմադրած թատերական ներկայացումներուն մէջ։

Մեր ունեցած հաճելի զրոյցը սիրով կը ներկայացնեմ «Թորոնթոհայ»-ի սիրելի ընթերցողներուն։ 


Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան- Եկէք նախ խօսինք Համազգայինի «Պետրոս Ադամեան» թատերախումբին մասին, որպէսզի թորոնթոհայ գաղութը մօտէն ծանօթանայ անոր գործունէութեան։

Լենա Խաչերեան- Մոնթրէալի Համազգայինի «Պետրոս Ադամեան» թատերախումբը իր առաջին ներկայացումը տուած է 1958-ին։ Նախապէս թատերախումբը կոչուած է «Շիրվանզադէ», իսկ 1976-էն սկսեալ՝ Համազգայինի «Պետրոս Ադամեան» թատերախումբ։ Անցնող 65 տարիներուն թատերախումբը բեմ հանած է 73 թատերախաղեր եւ շուրջ 90 այլեւայլ ներկայացումներ։ Այս վաստակը, ներկայիս նոր բեմադրութիւններ ունենալով, կը մղէ երիտասարդ բեմի նուիրեալները միանալու թատերախումբին եւ արձանագրելու նորանոր յաջողութիւններ։

ՏՄԿ.- Երկար տարիներ մաս կազմած էք Համազգայինի «Պետրոս Ադամեան» թատերախումբին, արդեօք ինչպիսի՞ ուղիներէ անցնելով հասաք այս կատակերգութիւնը բեմադրելու որոշումին։

ԼԽ.- Լուսահոգի բեմադրիչ Սարգիս Զուրիկեան՝ թատրոնի հանդէպ ունեցած սէրս, տաղանդս եւ նուիրումս տեսնելով յաճախ կը քաջալերէր զիս շարունակելու այս ուղին։ Սկիզբը պատանեկան թատրոններ բեմադրեցի, ինչպէս` «Ձիւնաթիւրը», «Քաջ Նազարը», «Անյաղթ աքլորը», «Սուտասանը», «Երաժշտութեան ձայնը», «Չեմչեմիկի արկածները», իսկ երեք տարի առաջ որոշեցի մեծահասակներու յատուկ թատրոններ բեմադրել եւ բեմադրեցի «Կասկածեալը», որմէ ետք Քորոնա ժահրի պատճառով կանգ առինք։ Ապա, այդ դժուար օրերը ետիս ձգած, բեմադրեցի այս երգիծական ներկայացումը։ Անձնապէս կը սիրեմ երգիծախառն ներկայացումներ բեմադրել եւ ժողովուրդին տրամադրութիւնը բարձրացնել։ Անշուշտ, բծախնդիր եւ համերաշխ մեր դերակատարներն ալ սիրով եւ ամենայն պարտաճանաչութեամբ առաջ կը տանին մեր աշխատանքը, որուն դրական արդիւնքը, առաւել ե՛ւս հանդիսատեսին գոհունակ արձագանգը լսելով կը քաջալերուին եւ կը պատրաստուին միեւնոյն կորովով շարունակել Համազգայինի «Պետրոս Ադամեան» թատերախումբին անունը բարձր պահել։ Ունինք բազմաթիւ կարող դերասաններ, որոնց համագործակցութեան արդիւնքով կ’ապահովուի այս ներկայացումին կատարեալ յաջողութիւնը։

ՏՄԿ.- Ներկայացման նիւթին մասին հակիրճ տեղեկութիւն կրնա՞ք տալ մեր ընթերցողներուն։

ԼԽ.- Մօտաւորապէս 90 տարեկան եղող անգլիացի հեղինակ Ռէյ Քունիի 1970 թուականին հեղինակած, ոչ-ժամանակավրէպ այս կատակերգութիւնը շատ հռչակաւոր է եւ ժամանակակից։ Քառասուն տարբեր լեզուներով բեմադրուած այս թատերգութիւնը ներկայացուած է աշխարհի չորս ծագերուն եւ մեծ յաջողութիւն արձանագրած է։

Մեր պարագային, անշո՛ւշտ, մեզի համար անյարմար եղող արտայայտութիւնները վերցուցի հոնկէ եւ արտառոց նախադասութիւնները կոկեցի։

Նիւթը հետեւեալն է.- Պարոն Յակոբ Զաքարեան թաքսի վարորդ մըն է, որ ունի երկու կին` Սօֆի եւ Արփի, ու բնականաբար` երկու տուն, մէկը՝ Մոնթրէալ, իսկ միւսը Լաւալ. անշուշտ hոս վայրերուն եւ հերոսներուն անունները փոխած եմ, որպէսզի անոնք մեզի յարմարին։

Ուրեմն գիշեր մը, երբ պարոն Յակոբ ճամբուն վրայ պատահար մը կը տեսնէ եւ կը փորձէ միջամտել, գլուխէն ուժգին հարուած մը կը ստանայ եւ ներկաները զինք կը փոխադրեն հիւանդանոց, ուր զոյգ շրջաններու ոստիկաններուն հարցաքննութենէն եւ իր տուն վերադարձէն ետք կը սկսի իրարանցումը, որմէ կը ծագին իրարայաջորդ քրքջալի դէպքերը, սուտերը եւ ներկայացման երգիծական ու հետաքրքրական ընթացքը։ Չեմ ուզեր աւելի մանրամասնել, որպէսզի հանդիսատեսը գայ եւ անձամբ վայելէ այս հիանալի ներկայացման հաճոյքը։

(լուսանկար՝ Հրայր Բազէ Խաչերեանի)

ՏՄԿ.- Ներկայիս՝ Արցախի մէջ կատարուած դէպքերուն պատճառած անհանգստութիւնն ու անտրամադրութիւնը կ’իշխէ մեր առօրեային. արդեօք այս իմաստով դրական ի՞նչ ազդեցութիւն պիտի ունենայ այս ներկայացումը։

ԼԽ.- Շատ ճիշդ մատնանշում ըրիք։ 2022 Հոկտեմբերին, երբ առաջին ելոյթը պիտի ունենայինք՝ Արցախի հարցերը սրած էին եւ մենք մտատանջ ու մտահոգ էինք, սակայն այն եզրակացութեան հասանք, որ մեր ազգը իր մշակոյթով պիտի շարունակէ իր գոյութիւնը ապացուցել։ Այո՛, ցաւը բոլորիս կը պատկանի եւ մեր սրտերը նեղ են, սակայն թշնամին պիտի չկարենայ մեր երթը խափանել։ Ուստի չորս ներկայացում ցուցադրեցինք եւ չորս օրերու ընթացքին ալ սրահը ծայրեծայր լեցուն էր. ներկաները, որոշ ժամանակի մը համար, իրենց առօրեայ դժուարութիւններն ու տխրութիւնը թօթափեցին իրենց ուսերէն։

Դեկտեմբեր 4-ին, Պոսթոնի հայերուն բուռն փափաքին ընդառաջեցինք եւ հոն ալ տարինք այս ներկայացումը, որ մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց մեզ մեծապէս գնահատող ներկաներուն մէջ։ Լիայոյս եմ, որ Թորոնոհայ գաղութն ալ միեւնոյն հաճոյքը պիտի ստանայ մեր խիստ քրքջալի կատակերգութիւնը դիտելով։


Համազգայինի «Պետրոս Ադամեան» թատերախումբի ներկայացումը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, 21 Դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 8-ին՝ Հայ երիտասարդական կեդրոնի թատերասրահէն ներս. տոմսերու համար կարելի է դիմել՝ Գառնիկին (416-500-1694), կամ Յասմիկին (416-445-8211)