Արցախցիք վճռակամութեամբ կը դիմակայեն խորացող ճգնաժամին․ Արցախն այս շաբաթ


* Արցախը վեց շաբաթէ ի վեր շրջափակման մէջ է խորացող ճգնաժամին դիմակայելու համար կառավարութիւնը կը սահմանէ սննդամթերքի եւ աշխատանքային յատուկ կարգեր

Քառասունմէկ օրերէ ի վեր, շրջափակման պատճառով՝ Արցախ սննդամթերք, դեղ ու այլ անհրաժեշտ ապրանքներ չեն մատակարարուիր. կացութիւնը հետզհետէ կը ծանրանայ։ Ազրպէյճանի կողմէ Հայաստանէն դէպի Արցախ կազամատակարարման եւ ելեկտրականութեան խափանման հետեւանքով երկիրը կը դիմագրաւէ նաեւ ուժանիւթի ճգնաժամ։ 9 Յունուարին Հայաստանէն Արցախ ելեկտրագիծը վնասուած է, իսկ Ազրպէյճան թոյլ չի տար զայն վերանորոգել։ Արցախցիներուն ելեկտրականութիւնը օրուան ընթացքին պարբերաբար կ’անջատուի։ Երեք օրուան անջատումներէն ետք ազրպէյճանական կողմը մասամբ բացաւ Հայաստանէն եկող միակ կազատարը, սակայն թոյլ ճնշման պատճառով մատակարարումը պիտի վերականգնի որոշ սահմանափակումներով:

Ձմրան ցուրտ եղանակին՝ ջեռուցման բացակայութեան պատճառով, Հինգշաբթի, 19 Յունուար 2023-ին, ժամանակաւորապէս փակուեցան Արցախի կրթական հաստատութիւններէն՝ մանկապարտէզները, դպրոցները (1-12-րդ դասարան) եւ արհեստագործական ու միջին մասնագիտական քոլեճները։  Շուրջ քսան հազար մանուկներ զրկուած են կրթութեան իրաւունքէն:

Արցախցի մանուկ մը մոմի լոյսին տակ (լուսանկարը՝ Դաւիթ Ղահրամանեանի)

Պետական հաստատութիւններու աշխատողներուն համար յատուկ աշխատանքային դրութիւն սահմանուեցաւ․ Մէկ մաս աշխատողները հեռակայ կարգով կը կատարեն իրենց պարտականութիւնները։

Արցախցիները սովին դիմակայելու եւ ուտելիքը հաւասար բաժնելու նպատակով՝ խանութներուն մէջ ուտելիքը եւ ապրանքները սկսան կտրօններով  տրամադրուելու: Քսան Յունուարէն սկսեալ, իւրաքանչիւր անձ պիտի ստանայ ամիսը մէկական քիլոկրամ հնդկաձաւար, մաքարոնեղէն, բրինձ, շաքար եւ ձէթ։

Այս շաբաթ Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի ինքնաշարժներով Արցախէն Հայաստան տարուեցան վեց հիւանդներ եւս: Ցարդ, Կարմիր խաչի միջնորդութեամբ, Հայաստան փոխադրուած են 36 հիւանդներ: Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի բեռնատարը Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութեան կողմէ տրամադրուած դեղորայք եւ այլ պարագաներ տեղափոխեց Արցախի բժշկական հաստատութիւնները:

Կարմիր Խաչի օգնութեամբ 20 Յունուարին կարգ մը ընտանիքներ վերամիաւորուեցան. Արցախէն Հայաստան տեղափոխուեցաւ 4 անձ, իսկ մէկ հոգի՝ հակառակ ուղղութեամբ:

* Տասնվեց մանուկներ Հայաստանէն Արցախ վերադարձան

Ազրպէյճանական շրջափակման պատճառով աւելի քան մէկ ամիս ծնողական խնամքէ եւ ընտանիքէ կտրուած 19 մանուկներ Գորիս-Ստեփանակերտ ճամբով վերադարձան տուն,տեղեկացուց Արցախի մարդկային իրաւանց պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան:

Ըստ Ստեփանեանի՝ երեխաները Գորիսէն Ստեփանակերտ տեղափոխուած են ռուսական խաղաղապահ զօրակազմին ուղեկցութեամբ, սակայն Շուշի-Քարին տակ հատուածին մէջ, ուր տեղակայուած են «բնապահպան» ձեւացող ազրպէյճանական կառավարական գործակալները եւ անոնց սպասարկող լրագրողները, փոխադրակառքը կանգնեցուած են: Այնուհետեւ, փոխադրակառք բաձրացած են քաղաքային հագուստով դէմքերը փակած 10-15 ազրպէյճանցիներ` տեսախցիկներով, նկարահանած են երեխաները: Մեքենային մէջ յառաջացած իրարանցումին հետեւանքով երեխաներէն մէկը ուշաթափուած է:

Ռուս խաղաղապահները հեռացուած են ազերիները փոխադրակառքէն, որ շարունակած է ընթացքը: Այնուհետեւ, ազրպէյճանցիները ցուցադրաբար բղաւոցներ հնչեցուցած են երեխաները տեղափոխող փոխադրակառքերուն ուղղութեամբ:

«Ազրպէյճանցիներու կողմէ հայերու նկատմամբ ազգային ատելութիւնը սահման չի ճանչնար` թիրախաւորելով նոյնիսկ անչափահաս երեխաները:

Այս սադրիչ եւ յանցաւոր գործողութիւնը անգամ մը եւս կ’ապացուցէ ճամբու փակուած ըլլալու փաստը եւ ատով անվտանգ երթեւեկելու անկարելիութիւնը` նոյնիսկ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի ուղեկցութեամբ», Դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է Ստեփանեան։

* Արցախ hամաձայն է Լաչինի միջանցքը միջազգային փաստահաւաք առաքելութիւն ուղարկելուն

Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը ողջունեց Եւրոպական խորհրդարանին կողմէ Արցախի շրջափակման դատապարտումը եւ համաձայնութիւն տուաւ տեղւոյն վրայ մարդասիրական իրավիճակը գնահատելու նպատակով Լաչինի միջանցքը փաստահաւաք առաքելութիւն մը ուղարկելու նախաձեռնութեան:

«Հաւանութիւն կու տանք տեղւոյն վրայ մարդասիրական իրավիճակը գնահատելու նպատակով Լաչինի միջանցք փաստահաւաք առաքելութիւն ուղարկելու, ինչպէս նաեւ` միջազգային կազմակերպութիւններու` Արցախ մուտքը ապահովելու կոչերուն: Բարձր կը գնահատենք Եւրախորհրդարանի դիմումը միջազգային հանրութեան` աւելի աշխոյժ մասնակցութիւն ունենալ Արցախի ժողովուրդի ճակատագրին մէջ:

 «Կրկին կ’ընդգծենք, որ Արցախի շրջափակումը Ազրպէյճանի` Արցախի ժողովրդի ոչնչացման ծրագրի բաղադրիչներէն միայն մէկն է: Ստեղծելով անտանելի կենսապայմաններ` Ազրպէյճանը նպատակ ունի վտարել Արցախի ժողովուրդը իր պատմական հայրենիքէն: Կարեւոր կը նկատենք միջազգային հանրութեան հաւաքական ջանքերու կեդրոնացումը յստակ քայլերու իրականացման վրայ` միտուած Ազրպէյճանի ցեղասպանական ծրագրի խափանմանը», նշուած է յայտարարութեան մէջ։

* Արցախի մէջ ներքաղաքական ճգնաժամ չկայ. Ռուբէն Վարդանեան պիտի չհրաժարի

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան Երկուշաբթի, 16 Յունուար 2023-ին, Ազգային ժողովին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ պատգամաւորներուն հետ, խօսեցաւ աւելի քան մէկ ամիս տեւող շրջափակման հետեւանքներուն, ներքին եւ արտաքին մարտահրաւէրներուն մասին եւ շեշտեց, որ այս առումով շատ կարեւոր է ներքին միասնականութեան պահպանումը՝ ընդգծելով խորհրդարանական ուժերուն կողմէ այս օրերուն իրականացուող միահամուռ աշխատանքը:

Անդրադառնալով վերջին օրերուն մամուլի եւ համացանցային էջերուն վրայ շրջան ընող եւ Արցախի ներքաղաքական կեանքին վերաբերեալ բուռն քննարկումներուն՝ ան շեշտեց, որ զերծ կը մնայ եղած շահարկումները մեկնաբանելէ, սակայն կը հաստատէ, որ Արցախի մէջ ներքաղաքական ճգնաժամ չկայ եւ կարելի չէ նման բան արտօնել, որովհետեւ կայ յստակ գիտակցութիւնը, որ մեր հիմնական օրակարգը ծագած հրատապ հարցերը յաղթահարելն է եւ Արցախը այս իրավիճակէն դուրս բերելը:

Նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան Արցախի Ազգային ժողովի մէջ հանդիպում կ’ունենայ պատգամաւորներուն հետ

Ատկէ մէկ օր առաջ Արցախի պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան Ֆէյսպուքի իր էջին վրայ, անդրադառնալով Արցախի մէջ պետական անձնաւորութիւններու հրաժարականին մասին տարածուող լուրերուն՝ գրեց, որ չի պատրաստուիր հրաժարիլ, յատկապէս ներկայ վիճակին մէջ: «Միեւնոյն ժամանակ, անընդունելի է երկրի նախագահի, հետեւաբար՝ նաեւ խորհրդարանի հնարաւոր հրաժարականը: Բոլորիս ջանքերը պէտք է բազմապատկել՝ յաղթահարելու Արցախի առաջ ծառացած մարտահրաւէրները: Այս իրավիճակին մէջ մենք թշնամիին օրակարգը սպասարկելու եւ յանձնուելու իրաւունք չունինք: Մենք հիմա Արցախը հայկական պահելու իրական հնարաւորութիւն ունինք: Բոլորին քաղաքական ողջախոհութեան եւ համերաշխութեան կոչ կ’ընեմ», ըսաւ Վարդանեան։

Չորեքշաբթի կառավարութեան հետ ընդլայնուած խորհրդակցութեան ընթացքին Վարդանեան ընդգծեց, որ Արցախի շրջափակումը քաղաքական է, սա միայն ճամբու փակում չէ, Ազրպէյճանի նպատակը Արցախի գերիշխանութիւնը ոչնչացնելն է։ «Պայքարը կը մղուի գերիշխանութեան համար։ Ես յստակ կ’ըսեմ, որ մեր նպատակն է ունենալ անկախ Արցախ, որ պէտք է ըլլայ անվտանգ եւ զարգացած: Ատիկա շատ կարեւոր նպատակ է, որուն հասնիլը շատ դժուար է: Բայց ես այդ կը նկատեմ միակ ճամբան եւ եկած եմ, որ միասին ամէն ինչ ընենք` այդ նպատակին հասնելու համար», ըսաւ ան։

* Ըստ Լաւրովի՝ Լաչինի միջանցքին իրավիճակը մօտիկ ապագային պիտի կարգաւորուի

Չորեքշաբթի, 18 Յունուարին, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ Լաչինի միջանցքին շուրջ իրավիճակը մօտիկ ապագային պիտի կարգաւորուի:

Ան նշեց, որ մէկ օր առաջ կապ հաստատած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ եւ անոր յիշեցուցած, որ Լաչինի միջանցքը, ինը Նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ պայմանաւորուածութեան համաձայն, պէտք է ազատ ըլլայ բեռներու, քաղաքացիներու եւ փոխադրամիջոցներու անցման համար:

«Տառացիօրէն երէկ կամ նախորդ օրը հանդիպեցան Ռուսիոյ խաղաղապահները, ազրպէյճանցիները եւ Ղարաբաղի ներկայացուցիչները: Կը կարծեմ, որ հարցը (միջանցքի բացումը) մօտակայ ժամանակներուն կը լուծուի», ըսաւ Լաւրով:

Հայկական կողմը հաստատեց ազերիներու հետ հանդիպման լուրը եւ նշեց, որ տակաւին որեւէ համաձայնութիւն չկայ կողմերու միջեւ։

* Հայաստան համահայկական հիմնադրամը հարիւր թոն պարէնամթերք նուիրած է Արցախին

Անցեալ տարեվերջին, 27 Դեկտեմբեր 2022-ին, տեղի ունեցած Հայաստան հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհրդի արտահերթ նիստի ընթացքին որոշուած է Արցախին հրատապ մարդասիրական աջակցութիւն ցուցաբերել:

Ըստ հիմնադրամի տարածած հաղորդագրութեան՝ մարդասիրական ճգնաժամը մեղմելու նպատակով, առաջին փուլով, հիմնադրամը հարիւր թոն պարէնամթերք նուիրած է Հայաստանի մէջ Արցախի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցչութեան: Յաջորդիւ օգնութիւնը պիտի ըլլայ առաջին անրաժեշտութեան դեղորայքի տեսքով:

Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի նաեւ, որ 2021-2022 թուականներուն հիմնադրամը Արցախի մէջ իրականացուցած է աւելի քան 32 միլիառ դրամի ծրագիրներ․ կառուցուած եւ շահագործման յանձնուած են հարիւրաւոր բնակարաններ ու առանձնատուներ, վերակառուցուած ու հիմնանորոգուած են դպրոցներ ու մանկապարտէզներ, կառուցուած են աւելի քան 52 քմ․ ռազմավարական ճանապարհներ, խմելու ջուրի մատակարարման ցանցեր, ինչպէս նաեւ ֆինանսաւորուած են առողջապահական, կրթական, մշակութային եւ այլ կարեւոր ոլորտներու զարգացման ուղղուած տասնեակ ծրագիրներ:

* «Զօրաշարժ ի խնդիր Արցախի պաշտպանութեան»․ Արամ Ա․ կաթողիկոս 

Մեծի տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա․ կաթողիկոս յայտարարութեամբ հանդէս եկաւ նշելով, որ Արցախի պաշտպանութիւնը համահայկական անյետաձգելի հրամայական է այսօր. վաղը կրնայ ո՜ւշ ըլլալ:

Ան շեշտեց, որ Արցախի հայութեան ինքնորոշման իրաւունքի պաշտպանութիւնը իւրաքանչիւր հայու եւ համայն հայութեան նուիրական պարտքն է եւ կոչ ուղղեց Մեծի տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թեմերուն՝ տեղական պայմաններուն համապատասխան մօտեցումով դիմելու հետեւեալ քայլերուն.-

«– Մեր ժողովուրդի զաւակներուն մօտ արծարծ պահել Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի պաշտպանութեան հրամայականը, որպէս համահայկական առաջնահերթութիւն:

– Արցախի ապաշրջափակման գծով ազդու միջոցներով լծուիլ քարոզչական աշխատանքի օտար շրջանակներէ ներս՝ պետութիւն, քաղաքական հասարակութիւն, կազմակերպութիւններ, մամուլ եւ այլն…:

– Նախաձեռնել Արցախի մեր զաւակներուն անմիջական կարիքներուն օժանդակութեան: Համակարգումի գծով շուտով տեղեակ պիտի պահենք մեր թեմերը»։

* Գանատայի խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու մշտական ​​յանձնաժողովը միաձայնութեամբ ընդունեց քննարկել Արցախի շրջափակման հարցը

Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի Օթթաուայի գրասեանեակը տեղեկացուց, որ Գանատայի խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու մշտական ​​յանձնաժողովը Չորեքշաբթի, 18 Յունուար 2023-ին, միաձայնութեամբ ընդունեց բանաձեւ՝ առաւելագոյնը երեք հանդիպման նիստ տրամադրել Արցախի շրջափակման վերաբերեալ եւ միաժամանակ, նիստի ընթացքին իրազեկուիլ Արցախի պետութեան ներկայացուցիչներուն կողմէ։  

Հայ Դատի յանձնախումբը յատկապէս նշեց, որ այս մէկը պատմական քայլ է, որ պաշտօնապէս հնարաւորութիւն կը ստեղծէ Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչներուն առաջին անգամ ըլլալով ելոյթ ունենալ Գանատայի խորհրդարանին առջեւ։

* ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութիւնը ամանորեայ նուէրներով Աշան գիւղ այցելեց

Հակառակ Արցախի մէջ ստեղծուած ծանր կացութեան` ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան անդամները ամանորեայ նուէրներով այցելեցին Աշան գիւղ: Պատասխանատուներու խօսքով, նպատակը այս անորոշութեան մէջ երեխաներուն տրամադրութիւնը բարձրացնելն ու ոգեւորելն էր:

Արդէն աւանդութիւն դարձած է Աշան գիւղի մանկապարտէզի եւ դպրոցի աշակերտներուն ամանորեայ նուէրներու տրամադրումը, որ կը հովանաւորուի սփիւռքահայ ընկեր Սերոբ Պօղոսեանի ընտանիքին կողմէ:

* «Արեւային դպրոցներ Արցախի մէջ»

«Ռէարմենիա» հարթակը եւ «Վիւն» գործակալութիւնը միասին նախաձեռնած են «Արեւային Արցախ» ծրագիրը, որուն նպատակը Արցախի մէջ արեւային ուժանիւթի օգտագործումն է, լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին տեղեկացուցած է «Վիւն» գործակալութեան տնօրէն Կարապետ Թոմիկեանը:

«Ռէարմենիա» հարթակը դիմումնագիր ներկայացուցած է «Հաւասար հնարաւորութիւն» հասարակական կազմակերպութեան եւ Մարտունիի երիտասարդական կեդրոնին: Անոնք առաջարկած են «Արեւային դպրոցներ Արցախի մէջ» նախագիծի իրագործումը: Նախագիծի ծիրին մէջ նախատեսուած է Մարտունիի Ճարտար, Քերթ, Սպիտակաշէն, Բերդաշէն համայնքներու, ինչպէս նաեւ Մարտունի քաղաքի դպրոցներուն մէջ տեղադրել արեւային կայաններ, որոնք կը մատակարարեն մնայուն եւ անվճար ելեկտրականութիւն ոչ միայն դպրոցներուն, այլ նաեւ` յարակից հանրային կառոյցներուն: Կ. Թոմիկեան նաեւ յայտնեց, որ նախագիծի ընդհանուր արժէքը կը կազմէ մօտաւորապէս քսանինը միլիոն դրամ:

Ան տեղեկացուց, որ նախագիծի մեկնարկի ժամանակ Արցախը տակաւին շրջափակման մէջ չէր, եւ ծրագիրը հաւանութեան արժանացաւ, որովհետեւ պատերազմէն ետք, յատկապէս` Արցախի մէջ, արդիական է արեւային ուժանիւթի օգտագործումը: Արեւային կայանները ունին երկու կարեւոր բաղադրիչ` ուժանիւթի խնայողութիւն եւ անկախութիւն։

Ըստ Կ. Թոմիկեանի, աշխատանքը կ’իրականացուի փուլային տարբերակով: Առաջին կայանը կը տեղադրուի Քերթի դպրոցին մէջ, երկրորդը` Սպիտակաշէնի, յաջորդաբար` Բերդաշէնի եւ Ճարտարի, իսկ աւարտին` քաղաք Մարտունիի դպրոցին մէջ:

«Այս պահուն Քերթի դպրոցի կայանին գումարը արդէն ունինք, սակայն Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճանապարհին փակման պատճառով կայանի տեղադրումը կ’ուշանայ, որովհետեւ կայանները պէտք է ներածուին: Հիմա  անհրաժեշտ է գումարը ամբողջութեամբ հաւաքել, որպէսզի ճանապարհը բացուելուն պէս կարենանք գործընթացը իր աւարտին հասցնել», ըսած է ան` գործին աջակցիլ փափաքողներուն յորդորելով միանալ` ծրագիրը կեանքի կոչելու համար: