«Տոհմիկ օր»-ը Սուրիոյ հայ գաղութին շունչը սփռեց Թորոնթոյի մէջ


ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղին կազմակերպած «Տոհմիկ օր»-ը ձօնուած էր Սուրիոյ հայ գաղութին

Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան

Թորոնթոհայ գաղութի հիմնաքարերէն մէկը հանդիսացող ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղին կազմակերպած «Տոհմիկ օր»-ուան 28-րդը՝ «Հիւրընկալ Սուրիան, հայաշունչ Հալէպը» խորագիրը կրող ձեռնարկը տեղի ունեցաւ երկու օրերու տեւողութեամբ, 26 եւ 27 Նոյեմբեր 2022-ին։

Անցեալի ու ներկայի շաղախով լուսաւորուած «Տոհմիկ օր»-ուան խրախճանքին յաջողութիւնը ապահովող յանձնախումբերուն՝ ամիսներու տքնաջան աշխատանքի արգասիքը վայելելու նպատակով համախմբուած թորոնթոհայութիւնը ըմբոշխնեց Սուրիոյ կենարար բոյրով եւ յիշատակներով յորդող երեկոյ մը։

Հայ կեդրոնի մուտքին տեղադրուած Սուրիոյ քարտէսն ու «Հիւրընկալ Սուրիան, հայաշունչ Հալէպը» պաստառը ներկաները առաջնորդեց դէպի սրահ, ուր ցուցադրուած էին աշխարհահռչակ գեղանկարիչ Գէորգ Մուրատի արուեստի գործերէն նմոյշներ։ Սուրիոյ տեսարժան վայրերու պաստառներով զարդարուած էր բեմը, իսկ սրահին վերջնամասը տեղադրուած էր սուրիահայ մշակոյթին վերաբերող իւրայատուկ ցուցահանդէսի բաժինը, որ կ’ընդգրկէր սուրիական արտադրութիւններ, թանկարժէք զարդեր, հայկական ձեռագործ-ասեղնագործներ, արաբական հիւրասենեակ մը, Հալէպի «Ներսի շուկան» մարմնաւորող հսկայ պատկերներ, ինչպէս նաեւ վաճառքի սեղաններ։

Հիւրասիրութեամբ եւ տնական կեռասի խմիչքով դիմաւորուող հիւրերուն նուիրուեցան «Տոհմիկ օր»-ուան առթիւ հրատարակուած երկլեզու (հայերէն եւ անգլերէն) գիրքերէն մէկական օրինակներ, որոնք կը բովանդակեն Սուրիոյ հայ գաղութին պատմականը, համայնքի կազմաւորման հոգեմտաւոր լուսաճաճանչ քայլերն ու ձեռքբերումները, մշակութային եւ կրթական օճախները, ինչպէս նաեւ հոյլ մը սուրիահայ ականաւոր դէմքերու կենսագրականները։

Գեղեցիկ համադրութեամբ զարդարուած սեղաններէն, անոնց կեդրոնին զետեղուած ցորենի հասկերով ողողուն ծաղկամաններէն, իւրաքանչիւր անձի բաժին հասնող՝ հայկական ձեռագործէ տոպրակներուն մէջ զետեղուած դափնիի օճառներէն եւ անոնց կցուած՝ Սուրիոյ գեղատեսիլ վայրերու պատկերներով զարդարուն էջադիրներէն, մէկ խօսքով՝ Հայ կեդրոնի սրահին իւրաքանչիւր անկիւնէն կը բուրէր Սուրիոյ քաղցրութիւնն ու յուշերու առատութիւնը արտացոլող մանրամասնութիւնները։

Հանդիսավարներ՝ Սարին Փօլատեան-Աբիկեան եւ  Անդօ Խշուաճեան «բարի գալուստ» մաղթեցին ներկաներուն։  Նիգոլ Չոչեանի երգեցողութեամբ եւ երաժիշտ Վրէժ Ղազարեանի ընկերակցութեամբ հնչող քայլերգերէն եւ մէկ վայրկեան յոտնկայս՝ սուրիահայ անմահ հերոսներուն յիշատակը յարգելէ անմիջապէս ետք, բացման խօսքով հանդէս եկաւ «Տոհմիկ օր»-ուան փոխատենապետուհի Վարդուհի Պարտագճեանը, որ կարեւորեց ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղի 27 տարիներու «Տոհմիկ օր»-երու նուիրուած միջոցառումները: «Սուրիոյ մշակոյթի ու պատմութեան արմատները հազարամեակներու ընթացքին իւրայատուկ դեր եւ սերտ կապեր ունեցած են հայ ժողովուրդին ու Հայաստանին հետ։ Մեծ Եղեռնի տարիներուն, Սուրիոյ անապատները ականատեսը դարձան հայուն գողգոթային։ Սակայն յարութեան հաւատացող մեր ազգը շուտով գաղթականի ցնցոտին թօթափեց իր ուսերէն եւ իր աչքերը վերստին բացաւ կեանքին։ Կարճ ժամանակի ընթացքին Սուրիոյ հիւրընկալ հողին վրայ կազմակերպուեցաւ սուրիահայ գաղութը, հանդիսանալով սփիւռքի առաջին եւ մեծագոյն գաղութը, ուր մեր ժողովուրդը ապրեցաւ եւ  ստեղծագործեց՝ պահպանելով ազգային դիմագիծը, ինքնութիւնը, լեզուն, բարքերն ու աւանդոյթները։ Թող այս երեկոն ըլլայ յարգանքի եւ երախտագիտութեան տուրք մը, մեր պանծալի պատմութեան ամենադաժան ուղիները եւ ամենավսեմ բարձունքները նուաճած Սուրիոյ հայ գաղութին», Պարտագճեան ըսաւ իր խօսքին մէջ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր բարերարներուն եւ նուիրատուներուն, բարձրօրէն գնահատեց յանձնախումբի անդամները եւ բոլոր օժանդակ կամաւորները, որոնք յանձնառութեամբ կատարեցին իրենց վստահուած աշխատանքը:

Հանդիսավարներուն մեկնաբանութեամբ եւ բեմադրութեամբ ներկայացուող «Վերականգնում» խորագիրը կրող կենդանի պատկերին ընդմէջէն, Սուրիոյ հայ գաղութին՝ անցեալէն այսօր երկարող յաղթական ճանապարհը կենդանացաւ, խումբ մը պատանիներու եւ փոքրիկներու մասնակցութեամբ։  Գառնիկ Սարգիսեանի «Սուրիահայ քաջեր» երգի ընկերակցութեամբ, Սարին Փօլատեան-Աբիկեան հիանալի կերպով ասմունքեց  Զարմիկ Պօղիկեանի  «Հալէպեան հեքիաթ» բանաստեղծութիւնը, ուր կ’ըսուի․

«Կ’աղօթեմ քեզի համար հեքիաթային իմ Հալէպ,
Կ’աղօթեմ ու կը սպասեմ յաղթանակիդ քամիին,
Որ փչէ ան, վտարէ դաւաճանը՝ չար ոգին
Ու յաղթանակդ աւետէ խուլ ձեւացող աշխարհին,
Ու բարին միայն տիրէ հալէպեան իմ հեքիաթին»։

Սայաթ Նովայի «Դուն էն հուրին իս» երգի հոգեթով երաժշտութեան ընկերակցութեամբ՝ մենապարող Ռուպինա Դանիէլեանի առինքնող հայկական նազպարէն ետք Լեւոն Գարակիւլէեան մեներգեց Սայաթ Նովայի «Թամամ աշխարհ պըտուտ եկայ» երգը։

Պարգեւատրման պահը հասած էր։ Ընկերուհի Հուրի Նաճարեան ներկայացուց երեք մեծարեալներ՝ Սոնա Յովհաննէսեանի, Գրիգոր Հոթոյեանի եւ Տէր Սուրէն արք. Գաթարոյեանի վառ կենսագրութիւնները եւ իրենց գրական ու հոգեմտաւոր արժանիքները։ Իւրաքանչիւրին՝ ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղի ատենապետ Մարալ Միսիրեանի եւ «Տոհմիկ օր»-ուան յանձնախումբի ատենապետ Կարօ Միսիրեանի ձեռամբ, նուիրուեցաւ Հայաստանէն յատկապէս բերուած եւ շրջանակուած հայկական մանրանկարչութեան արուեստի նմոյշներէն օրինակներ: Պարգեւատրեալները յուզմունքի պահեր ապրեցան եւ իրենց սրտի խօսքերուն ընդմէջէն երախտագիտութիւն յայտնեցին ՀՕՄ-ին, ներկաներուն եւ «Տոհմիկ օր»-ուան յանձնախումբին։  

Տէր Սուրէն արք. Գաթարոյեան ներկայացուց՝ հարուստ, բազմերես, լայնածաւալ եւ իւրայատուկ դիմագիծ ունեցող Սուրիոյ եւ մանաւանդ Հալէպի հայ գաղութի պատմականն ու այժմու դիմակայած իրավիճակներու համադրութիւնը, որուն շնորհիւ ներկաները մտովի վերակենդանացուցին հալէպեան անցեալի փառաւոր օրերուն յիշատակները եւ իրենց կարօտով լի սրտերը ջերմացուցին Սրբազան Հօր հայրական պատգամը ունկնդրելով։  

Գանատայի հայոց թեմի առաջնորդ Տ․ Բաբգէն արք. Չարեան իր սրտի խօսքը եւ սեղանի օրհնութիւնը կատարեց, որմէ անմիջապէս ետք՝ «Հայերը Սուրիոյ մէջ» տեսերիզի ցուցադրութիւնը Սուրիոյ աննահանջ ու լուսաշող հայ համայնքին պատկերները սփռեց ներկաներուն աչքին առաջ։

Լիառատ սեղաններու շուրջ համախմբուած ներկաները վայելեցին «Կիլիկիա» նուագախումբի երաժիշտներ՝ Վրէժ Ղազարեանի, Յովիկ Կարապետեանի, Գէորգ Մանուկեանի եւ Յովհաննէս Մուպայէտի բացառիկ կատարողութեամբ հնչող հայերէն երգերը եւ մեներգողներ՝ Լեւոն Գարակիւլէեանի, Դալար Սիմոնեանի, Գէորգ Քատէհճեանի եւ Մհեր Մինասեանի համահունչ երգեցողութիւնը։ Երգ ու պարով, ճոխ մթնոլորտով, վիճակահանութեամբ եւ հաճելի անակնկալներով յագեցած աննախադէպ խրախճանքին ընթացքին, բոլոր ներկաները բերկրանքով վայելեցին «Տոհմիկ օր»-ուան յանձնախումբին, ամիսներ շարունակ երկարող, մեղուաջան աշխատանքին արգասիքը։

(հատուածներ՝ 26 Նոյեմբերի ձեռնարկէն (տեսանիւթ՝ «Նոր հայ հորիզոն»-ի)

«Տոհմիկ օր»-ուան երկրորդ օրը

Կիրակի, 27  Նոյեմբեր 2022-ին, Սուրբ եւ անմահ պատարագէն ետք Հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Թորոնթոյի Սուրբ Աստուածածին Հայաստանեայց Առաք․ եկեղեցւոյ մէջ, մեր նահատակ հերոսներու յիշատակին եւ հոգիներու խաղաղութեան համար, ապա՝ օրհնուած մատաղը բաժնուեցաւ հաւատացեալներուն։

Դասախօսական ցերեկոյթին թորոնթոհայերը համախմբուեցան Հայ կեդրոնի հայաբոյր սրահէն ներս, ուր ցուցադրուած պատկերներուն, իրերուն եւ զարդերուն կողքին՝ ներկաները ըմբոշխնեցին պատառիկներ արուեստագէտ Գէորգ Մուրատի արուեստէն։

Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ օրուան հանդիսավար Տիրուկ Մարգարեան-Կարապետեան: Համօ Սահեանի՝ «Ամէն մարդ կեանքում մի օճախ ունի, Իր նուիրական ճամբէքի վրայ, Եւ ուր էլ գնա, ուր էլ որ լինի, Բորբոք է պահում կրակը նրա», տողերը յիշելով՝ ան ըսաւ․ «Այդ կրակը կարօտն է… մենք, ծննդավայրը մեր սրտին տաքուկ անկիւնը պահած կը թափառինք օտար ափեր, սակայն նախ` որպէս հայ, ըմբոշխնած ազգային ժառանգութիւնը, ապա` որպէս սուրիահայ` արեւելքի արեւի ըմպած շողերը կը տարածենք ամենուրէք։ Մեր հոգիին ու հայու արձագանգող ոգիին մեղմիկ, բայց եւ զիլ ձայնով կը լեցնենք աշխարհի չորս դին»։ Օրուան պատգամն ու խորհուրդը ներկայացնելէ ետք հանդիսավարը ասմունքեց Համաստեղի «Հայու ոգին» բանաստեղծութիւնը։

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ «Տոհմիկ օր»-ուան յանձնախումբի ատենապետ Կարօ Միսիրեան, որ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ սոյն ձեռնարկին յաջողութիւնը ապահովող յանձնախումբերուն անխոնջ աշխատանքը գնահատեց, ի մասնաւորի այս ձեռնարկին գոյատեւումը եւ յարատեւութիւնը ապահովող Հուրի Նաճարեանին տարիներու անձնուէր եւ աննահանջ աշխատանքը։

Միսիրեան, բարձր գնահատեց նախորդ օրուան տօնախմբութիւնն ու խրախճանքը: «Սուրիոյ հայ գաղութը փայլփլող ու որակաւոր ձեռնարկներու կողքին տուած է մշակութային եւ մտաւորական յարատեւ ուռճացող մեծաթիւ տաղանդներ, որոնք ո՛չ միայն Սուրիոյ, այլ՝ աշխարհի տարբեր երկիրներուն մէջ անուն առած են… երբ Արմէն Անոյշ պատմեց եւ սերունդներուն փոխանցեց Ցեղասպանական ոճիրի ահաւորութիւնը, Մուշեղ Իշխան փնտռեց իր հայրենի տունը, իսկ Անդրանիկ Ծառուկեան տուաւ պատգամը՝ ուղղուած յաջորդ սերունդներուն։ Այդ մտաւորական երթը կը շարունակուի առ այսօր», ըսաւ ան՝ իր խօսքը եզրափակելով Անդրանիկ Ծառուկեանի «Ուխտ Արարատին» բանաստեղծութեան տողերով։

Հանդիսավարը ներկայացուց դասախօսներուն կենսագրականները, ապա՝ Մոնթրէալէն Թորոնթօ ժամանած դոկտ. Վիգէն Թիւֆէնքճեան ներկայացուց «Հալէպ հնոց հայապահպանման» նիւթը, որուն ընդմէջէն՝ հայաշունչ Հալէպի մէջ ծնած եւ հասակ առած դասախօսը, մշտանորոգ ու մշտադալար հալէպահայ կամքի ոյժն ու գոյատեւման փայլուն երանգներուն հիանալի արժեւորումը կատարեց։

Գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցան Նշան Փափազեան՝ ջութակով եւ Մարիա Տաւուտեան՝ դաշնամուրով, որոնք ներկայացուցին Կոմիտասի «Վաղարշապատի պար» եւ Արամ Խաչատուրեանի «Վալս» երաժշտական կտորները։

Ընկերուհի Մարալ Միսիրեան ընթերցեց Օնթարիոյի խորհրդարանի անդամ Արիս Պապիկեանի գնահատագիրը։

Դասախօսութեան երկրորդ նիւթով հանդէս եկաւ Մոնթրէալէն ժամանած Լորիկ Սապունճեան-Ծատուրեան «Սուրիոյ հայ գաղութի իւրայատկութիւնը» նիւթով ներկայացուց ի ծնէ հայրենասիրութեամբ թրծուած սուրիահայութեան հայրենասիրական եւ ազգային շունչով կերտած դժուարին, բայց յաղթական ճանապարհին բազմաբնոյթ մանրամասնութիւնները։

Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ Հրայր Թաշճեանի համադրած «Պատկերներ սուրիահայ կեանքէն» տեսերիզը, որուն քար լռութեամբ հետեւող ներկաները, պատերազմին պատճառած հոգեխռով փայլատակումներու յոյզեր ապրեցան, միեւնոյն ժամանակ՝ վէրքերու բուժման եւ վերակառուցման խրախուսիչ պատկերները դիտելով լաւատեսութեամբ յուսադրուեցան։

Երրորդ դասախօսը, Նիու Եորքէն ժամանած աշխարհահռչակ արուեստագէտ, սուրիահայ Գէորգ Մուրատ, ներկայացուց «Արուեստը մշակոյթի պահպանման միջոց» նիւթը եւ պաստառի վրայ ցուցադրեց իր «Four Acts for Syria» գծագրական շարժապատկերը, որուն տպաւորիչ կախարդանքին շնորհիւ, Սուրիոյ խաղաղ անցեալէն դէպի արկածալից եւ ալեկոծ օրերու, ինչպէս նաեւ երբեմնի ուրախ, ապա՝ տխուր եղելութեան պատկերներուն՝ սեւ ու սպիտակով գծագրական իւրաքանչիւր պատկերին ընդմէջէն, հանդիսատեսը նաւարկեց Սուրիոյ անծայրածիր երկինքին մէջ։

Ապա գեղանկարիչը մօտաւորապէս տասը վայրկեանի մէջ, իր նկարչական կենդանի կատարումով եւ ջութակի վարպետ Յովհաննէս Մուպայէտի նուագակցութեամբ՝ գծագրական կենդանի շարժապատկեր մը ցուցադրեց եւ իր արուեստին իւրայատուկ ոճովը հիացուց բոլոր ներկաները։

Առ ի գնահատանք, «Տոհմիկ օր»-ուան առթիւ իրենց մասնակցութիւնը բերած երեք դասախօսներուն, Մարալ Միսիրեանի եւ Կարօ Միսիրեանի ձեռամբ,  նուիրուեցան Մայքըլ Արամի՝ ՀՕՄ-ի հարիւրամեակին առթիւ հեղինակած արծաթեայ յուշանուէրները։

Սրտի խօսքով հանդէս եկաւ Տ․ Տաթեւ աւագ քահանայ Միքայէլեան։ Ողջունելէ ետք «Տոհմիկ օր»-երու ոգեկոչման շարունակական հայապահպանման երթը, Տէր հայրը կարեւորեց հայրենիքէն հեռու՝ օտար ափերու մէջ, նահանջի վտանգին ենթակայ, հայ սերունդին հայկական հոգին վառ պահող եւ ազգային ու մշակութային կեանքի կենսունակութիւնը ապահովող այսպիսի ձեռնարկներու գոյութիւնը։ Քահանայ հօր օրհնութենէն ետք, բոլոր ներկաները միաբերան երգեցին «Կիլիկիա» երգը։

«Տոհմիկ օր»-ուան յանձնախումբին պատրաստած բազմապիսի ուտեստներէն եւ քաղցրեղէններէն բաղկացած հիւրասիրութեամբ, աւարտին հասաւ ձեռնարկը։

ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղին կազմակերպած 28-րդ «Տոհմիկ օր»-ը, Սուրիոյ հայ գաղութին վառ ու անմահ գոյութեան դրոշմը սփռեց Թորոնթոյի հայ գաղութէն ներս եւ, նորանոր «Տոհմիկ օր»-եր կազմակերպելու երաշխիքը տալով, փակեց 2022-ի երկօրեայ ճանապարհին պատմութեան էջը։

(հատուածներ՝ 26 Նոյեմբերի ձեռնարկէն (տեսանիւթ՝ «Նոր հայ հորիզոն»-ի)