«Սինֆոնիա Թորոնթօ»-ն ու Լին Իշնարը անգամ մը եւս կը հիացնեն Թորոնթոյի հանդիսատեսը


«Սինֆոնիա Թորոնթօ» սենեկային նուագախումբին տարեվերջի ելոյթը՝ սոփրանօ Լին Անոյշ Իշնարի մասնակցութեամբ, տեղի ունեցաւ 9 Դեկտեմբերին

Յարութիւն Դերձակեան

«Սինֆոնիա Թորոնթօ»-ն Գանատայի ամենէն յաջող սենեկային նուագախումբերէն է, որուն հիմնադիրը եւ տնօրէնը կը հանդիսանայ նախկին պոլսահայ, Մխիթարեանի սան, հանրածանօթ խմբավար եւ գեղարուեստական ղեկավար Նուրհան Արման, որ Գանատայի մէջ մեծ համբաւ կը վայելէ։ Նուրհան Արմանի մականին տակ տարեկան զանազան համերգներ եւ ձեռնարկներ կը կազմակերպուին։ 2022-23 տարեշրջանի վերջին համերգը տեղի ունեցաւ 9 Դեկտեմբեր 2022-ի երեկոյեան, «Ճեյն Մալեթ» թատերասրահին մէջ։ Համերգին իր մասնակցութիւնը ունեցաւ նաեւ Թորոնթոհայ համայնքի խոստմնալից երիտասարդուհիներէն, օփերայի երգչուհի, քօլօրաթիւր (Coloratura) սոփրանօ Լին Անոյշ Իշնար։ Երգչուհին քանիցս հայ եւ օտար դասական երգերով ու արիաներով, ինչպէս նաեւ զանազան օփերաներու մէջ հանդէս գալով, բոլորին անվերապահ գնահատանքին արժանացած է։

Սոփրանօ Լին Անոյշ Իշնար (լուսանկար՝ «Սինֆոնիա Թորոնթօ»-ի)

Յայտագիրը սկսաւ խմբավար Արմանի օրուան երաժշտական կտորներու հեղինակներուն մասին լայն տեղեկութիւններ փոխանցելով, այնուհետեւ հնչեց Ժոզեֆ Հայտընի (1732-1809)  Է ֆլէթ մէյճր քառեակի, Օփըս 33, թիւ 2 «կատակը» (Quartet in E-flat major, Op. 33 No. 2, Joke) կտորը։ Հայտըն ճանչցուած է որպէս «Լարային քառեակի հայր», ան ստեղծագործած է մօտ 70 քառեակներ, որոնք ընդօրինակուած են զանազան երաժշտներու կողմէ, ներառեալ՝ Մոցարթին։ Երեք մասերէ բաղկացած այս գեղեցիկ կտորին նուագախումբի մշակումը կատարած է Նուրհան Արման։

Ապա հանդէս եկաւ յայտնի երգչուհի Լին Անոյշ Իշնար, որ «Սինֆոնիա Թորոնթօ» սենեկային նուագախումբի ընկերակցութեամբ, յաջորդաբար մեկնաբանեց երեք կտոր․ Կ. Վէրտիի (1813-1901) «Ավէ Մարիա»-ն, հանրահռչակուած Տանթէի կողմէ, հիմնուած Վէրտիի իտալական տարբերակին վրայ, յարմարցուած Տանթէի հաւատքի արտայայտութիւններ պարունակող բանաստեղծութեան։ Լուտուիկ վան Պեթհովէնի (1770-1827) Տեսարան եւ արիա «Ո՝չ, մի՛ վրդովիր-մի՛ մտահոգուիր», որ կը պատմէ սիրոյ մասին։ Ալեքսանտր Զեմլինսքիի (1871-1942) «Մայիսի ծաղիկները ծաղկեցան ամէն տեղ» կտորը, որ կրքոտ եւ վրդովուած սիրոյ մասին է։ 

Աւարտին երգչուհին երաժշտասէրներու գնահատանքի բուռն ծափահարութիւններով ողջունուեցաւ։

Խմբավար եւ գեղարուեստական ղեկավար Նուրհան Արման (լուսանկար՝ «Սինֆոնիա Թորոնթօ»-ի)

Միջնանարէն ետք, նուագախումբը հանդէս եկաւ՝ Էնտրիու Պալֆուրի ( 1967) «Փիոթրիին երազանքը» (Pyotr’s Dream) կտորով։ Յաջորդին Լուտուիկ վան Պէթհովէնի Լարային քառեակ, օփ․ 95 «Սերիոսօ» (Streichquartett f-Moll op. 95 Quartetto serioso) կտորը մեկնաբանուեցաւ։ 1810-ին գրուած այս կտորը չորս մասերէ կը բաղկանայ։ Երաժշտութիւնը արտացոլացումն է երգահանին խոր յուսահատութեան` անձնական կեանքին եւ ունեցած սիրոյ կապի ձախողութեան։ Նուագախումբի տարբերակը կը պատկանի Նուրհան Արմանի։

Պէթհովէնի այս հոյակապ կտորը գլուխ գործոց մըն էր, վաստակաւոր խմբավարին բարձր ղեկավարութեամբ ու նուագախումբի անգերազանց մեկնաբանութեամբ աննախընթաց ոգեւորութիւն ստեղծեց սրահին մէջ։ Ե՛ւ խմբավարը եւ նուագախումբը արժանացան ներկաներու որոտընդոստ ծափահարութիւններուն։

Ներկաները ձեռնարկի աւարտին դասական երաժշտութեամբ լիացած, ակամայ մեկնեցան սրահէն։

Տարեշրջանի վերջին համերգը տեղի ունեցաւ 9 Դեկտեմբերին՝ «Ճեյն Մալեթ» թատերասրահին մէջ (լուսանկար՝ «Սինֆոնիա Թորոնթօ»-ի)