Մարտունիի մէջ յայտնաբերուած հրթիռը սպիտակ ֆոսֆոր պարունակող ռազմամթերք է. Արցախն այս շաբաթ


* Ազրպէյճանցիները Արցախի մէջ բնական պաշարներու շահագործումը անընդունելի համարելով՝ սադրանքի մը դիմեն

 3 Դեկտեմբերին քաղաքացիական հագուստով ատրպէյճանցիներ, բնապահպանական խնդիրներու պատճառաբանութեամբ, Արցախը Հայաստանին կապող մայրուղին աւելի քան 3 ժամ փակ պահեցին: 7 Դեկտեմբերին ազրպէյճանական պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցաւ Արցախի մէջ տեղակայած ռուս խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատար, զօր. Անտրէյ Վոլքովի հետ՝ պնդելով բնական պաշարներու շահագործումը անթոյլատրելի է Արցախի երկու հանքավայրերու մէջ: Ազրպէյճանական կողմը բարձրացուց Արցախի թիւ մէկ հարկատու Կաշենի պղնձամոլիպտենային հանքավայրին, ինչպէս նաեւ Դրմբոնի հանքին մէջ մշտադիտարկման հարցը:

Պաքուն կը փորձէ ցոյց տալ, թէ Արցախի տարածքին մէջ որոշումներ տալու իրաւունք ունի, ըսաւ Արցախի խորհրդարանի իշխանական «Ազատ Հայրենիք» խմբակցութեան ղեկավար Արթուր Յարութիւնեան: Ան անընդունելի նկատեց ատրպէյճանական կողմի քայլերը ու զանոնք սադրիչ որակեց:

* «Ազրպէյճանական կողմի մտադրութիւնն է փակել լաչինի միջանցքը»․ Սիմոնեան

«Մենք կը տեսնենք ազրպէյճանական կողմի մտադրութիւնը` փակելու Լաչինի միջանցքը», յայտարարեց Ազգային ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեան Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) խորհրդարանական վերահաժողովին:

«Լաչինի միջանցքը Լեռնային Ղարաբաղի հայերուն կենսապահովման համար մարդասիրական նշանակութեան միակ լիարժէք ճամբան է», շեշտած է ան` անդրադառնալով երեք օր առաջ պատահած միջադէպին։ Սիմոնեան ընդգծած է, որ ՀԱՊԿ վերջին նիստէն ի վեր Հարաւային Կովկասի մէջ ռազմաքաղաքական իրավիճակը աւելի վատթարացած է, տեղի կ’ունենան իրադարձութիւններ, որոնք կը խաթարեն կայունութիւնն ու շրջանային անվտանգութիւնը:

Պաշտօնական Պաքուի ռազմատենչ հռետորաբանութիւնը, ըստ անոր, կը վկայէ Ազրպէյճանի հետագայ ծաւալապաշտական նկրտումներուն մասին:

* Մարտունիի մէջ յայտնաբերուած հրթիռը սպիտակ ֆոսֆոր պարունակող ոազմամթերք Է. Արցախի դատախազութիւն

44-օրեայ պատերազմէն ետք, Մարտունիի տարածքին մէջ յայտնաբերուած` չպայթած հրթիռի եւ անկէ առնուած նմոյշներու փորձաքննութիւնը փաստեց, որ անիկա սպիտակ ֆոսֆորէ բաղկացած ֆոսֆորային ռազմամթերք է:

«Փորձագիտական հետազօտութեան արդիւնքներով հաստատուած է, որ 2020-ի 44-օրեայ պատերազմի օրերուն Ազրպէյճանի զինուած ուժերը զանգուածային ոչնչացման ու մարդկային մեծաթիւ կորուստի, տառապանքի ու վնասի յանգեցնող քիմիական զէնքով ուղիղ թիրախի տակ առած են այն բնակավայրերը, ուր կը գտնուէր խաղաղ բնակչութիւն։ Ազրպէյճանը կոպտօրէն խախտած է Ժնեւի համաձայնութեան 35-րդ յօդուածը», յայտնեց Արցախի դատախազութիւնը:

Ըստ դատախազութեան՝ փորձաքննութեան նիւթերը անհրաժեշտութեան պարագային կրնան ներկայացուիլ միջազգային փորձագէտներու հետազօտութեան:

* Արցախի նախագահի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Ֆրանսայի մէջ բարձր մակարդակի հանդիպումներ կ’ունենայ

Այս շաբաթ Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը կը գտնուի Ֆրանսա, ուր հանդիպումներ կ’ունենայ Ֆրանսայի Ծերակոյտի, Ազգայի ժողովի քաղաքական ուժերու պատասխանատուներու եւ հայկական շարք մը կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու հետ։

«Այցիս նպատակը մեր մարտահրաւէրներու ու իրաւունքներու մասին բարձրաձայնելն է, Ֆրանսայի միջոցով եւրոպական պետութիւններու դերակատարներուն մեր խնդիրներուն ու ակնկալիքներուն մասին ուղիղ ներկայացնելը:Բարձր մակարդակի հանդիպումներու արդիւնքով կը բացուին համագործակցութեան եւ մեր իրաւունքներու ու շահերու պաշտպանութեան նոր հեռանկարներ», իր ֆէյսպուքեան էջին միջոցով տեղեկացուցած է Յարութիւնեան:

Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի պատուրիրակութեան այցը Ֆրանսա (լուսանկարները Արցախի նախագայի աշխատակազմին)

*Ստեփանակերտի մէջ ձեռնարկ՝ հաշմանդամներու միջազգային օրուան առիթով

3 Դեկտեմբերին Ստեփանակերտի մէջ կազմակերպուեցաւ հանդիսութիւն մը` նուիրուած Հաշմանդամներու միջազգային օրուան:

Գեղարուեստական յայտագրին երաժշտական եւ պարային կատարումներով հանդէս եկան` Շուշիի եւ Հադրութի արուեստի դպրոցներու, Սայաթ Նովայի անուան երաժշտական քոլեճի, «Արցախի ձայներ» նախագիծի եւ Ստեփանակերտի քաղաքապետարանի կից մշակոյթի տան սաները, ինչպէս նաեւ` «Ղարաբաղ» էսդրատային, «Մենք ենք մեր սարերը» երգի-պարի ու Աշոտ Բաբայեանի անուան պարի պետական համոյթները:

Արցախի Ընկերային աջակցութեան եւ հաշմանդամներու հիմնահարցերու վարչութեան նախագահ Սամուէլ Իսրայէլեան կարեւոր նկատեց պետութեան կողմէ ցուցաբերուող աջակցութիւնը հաշմանդամներու ընկերային-կենցաղային եւ առողջական հարցերու լուծման մէջ։ «Մենք պէտք է շարունակենք կատարել ամէն ինչ, որպէսզի հաշմանդամները իրենք զիրենք զգան հասարակութեան լիարժէք անդամներ: Այսօրուան ձեռնարկի նպատակն ալ զիրենք որոշ չափով մշակութային կեանքին մէջ ներգրաւելն է», յայտնեց ան:

* BBC-ին նոր փաստեր կը հրապարակէ Հադրութի Մեծ Թաղեր գիւղին, գերեզմանատան, դպրոցին եւ Սբ Աստուածածին եկեղեցւոյ աւերման մասին

Նոյեմբերին, BBC-ի թղթակից Օլկա Իվշինա այցելեց Արցախ՝ BBC-ի լրատուական խումբին հետ, որմէ ետք հրապարակեց «Յաղթանակի ցուցադրութիւն. ինչպէս կ’ապրի Ղարաբաղը երկու տարի ետք» ծաւալուն յօդուածը, որուն մէջ կը ներկայացուին Արցախի Հադրութի շրջանի Մեծ Թաղեր գիւղի գերեզմանատան, դպրոցի եւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ քանդումները եւ պղծումի գործողութիւնները, կը հաղորդած է monumentwatch.org կայքը։

Յօդուածը կը սկսի պատերազմին երկու կողմերուն կրած ծանր հետեւանքներու նկարագրութեամբ: «Առաւել քան 8000 զինուորներու մահ, 10 հազար անտուն մարդիկ, լքուած ու քանդուած բնակավայրեր», կ’ըսուի յօդուածին մէջ։

Լրագրողը, անդրադառնալով ատրպէյճանցիներու կողմէ Մեծ Թաղերու գերեզմանատան քանդումին՝ կը յայտնէ, որ 100 տարիներէ ի վեր հոն ապրած են հայեր, որոնք փախուստ տուած են պատերազմէն ետք։

Այնուհետեւ, նկարագրելով հիմնական ճամբայէն քանի մը տասնեակ մեթր հեռու գտնուող գիւղը, եւ 1846ին կառուցուած Ս. Ամենափրկիչ եկեղեցին՝ յօդուածագիրը բազմաթիւ մանրամասնութիւններ կը հաղորդէ ատրպէյճանցիներու կողմէ հայկական հետքերը ջնջելու, պղծումի եւ շարք մը այլ գործողութիւններու մասին։ «Մուտքի փայտեայ դռները կոտրուած են, եկեղեցւոյ դրան մօտ Յիսուսի կոտրուած քարէ գլուխն է։ Մուտքի կամարին տակ եկեղեցւոյ մասնիկներու փշրանքներ կան։ Հիւսիսային պատին մօտ գտնուող հին տապանաքարերէն քանի մը հատը կոտրուած են, իսկ ոտքերու տակ կը գլորին սպիտակ քարեր», կը գրէ Իվշինա։

Անդրադառնալով աղօթասրահին՝ ան կ՛ըսէ. «Աղօթասրահի կեդրոնին փայտեայ նստարան կայ՝ ծածկուած փոշիի հաստ եւ հաւասար շերտով։ Ուրիշ մը՝ շրջած, ինկած է մօտակայքը։ Երրորդ նստարանը անյայտ պատճառներով յենած է Աւագ խորանին։ Խորանին վրայ եւ որոշ պատերու վրայ կան կարմիր մեծ տառեր ՝ անուններ, որոնք այնտեղ ձգած են ատրպէյճանցի զինուորականները, որոնք 2020ի աշնան մտած են գիւղը։ Եկեղեցական կահ-կարասիէն գրեթէ ոչինչ մնացած է։ Ատրպէյճանցիները թողած են միայն պատռուած սրբապատկերի մը կէսը»։ Լրագրողը կը նկարագրէ գիւղին լքուած կեանքը՝ կոտրուած դարպասներ, փշրուած ապակիներ, ինքնաշարժի մը ժանգոտող մետաղը եւ այլն։

Ան կը փաստէ դպրոցի գոյքի թալանը եւ կը կ՛աւելցնէ, որ միջանցքներու պատերուն գրուած են ատրպէյճաներէն բառեր։ «Այն միջանցքները, ուր երկու տարի առաջ կը վազվզէին մանուկները, այսօր դատարկ են», կը նշէ յօդուածագիրը: