Թորոնթոյի Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ ծուխը՝ 94 տարեկան


Կիրակի, 4 Դեկտեմբեր 2022-ին, Սբ. Երրորդութիւն Հայոց Առաք․ եկեղեցին տօնախմբեց ծուխի հիմնադրութեան 94-րդ տարեդարձը:

Եկեղեցւոյ մամուլի գրասենեակը վերջերս յատուկ հաղորդագրութեամբ մը յայտնեց, որ այս առիթով սուրբ պատարագ մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Գանատահայոց թեմի առաջնորդ Տ. Աբգար եպս. Յովակիմեանը, առընթերակայութեամբ եկեղեցւոյ հովիւի օգնական Տ. Հայարի քհնյ. Թանաշեանին: Սուրբ պատարագին աղօթակցաբար մասնակից եղան Մայր աթոռ Սբ. Էջմիածնի միաբան Տ․ Արարատ եպս. Գալթաքճեանը, Գանատահայոց թեմի փոխառաջնորդ եւ Սբ. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Զարեհ աւագ քհնյ. Զարգարեանը, Թորոնթոյի Սբ. Աստուածածին Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ հովիւ Տ․ Վարդան Ծ. Վարդապետ Թաշճեանը եւ Տ․ Հարոլտ քհնյ. Նահապետեանը:

Սուրբ խորանին ծառայեցին եկեղեցւոյ սարկաւագներն, ուրարակիրներն ու դպիրները: Իսկ սուրբ պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց եկեղեցւոյ դպրաց դասը, դպրապետ Շահէ սրկ. Ալթունեանի ղեկավարութեամբ:

Սբ. պատարագի աւարտին Հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ, 1988 թուականին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժի զոհերուն, եկեղեցւոյ ծառայած եւ մեզմէ հեռացած նախկին հոգեւոր հովիւներու, կնքահայրերու, նուիրատուներու եւ ծխական խորհուրդի անդամներու հոգիներուն ի հանգիստ:

Նոյն օրը պաշտօնական ճաշկերոյթ տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ «Մակարոս Արթինեան» սրահէն ներս։ Սոյն ձեռնարկը կը վայելէր Տ. Աբգար եպս. Յովակիմեանի հովանաւորութիւնը։

Գանատայի եւ Հայաստանի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, բացման խօսքով հանդէս եկաւ օրուան հանդիսավար Սեդա Քէշիշեանը, ապա Սրբազան հայրը կատարեց սեղաններու օրհնութիւնը։ Իր սրտի խօսքն ու օրհնութիւնները փոխանցեց Մայր Աթոռ Սբ. Էջմիածնի միաբան Տէր Արարատ Եպս. Գալթաքճեանը: Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Ծխական Խորհուրդի ատենապետ Րաֆֆի Պետրոսեանը, «Պապայեան» հիմնադրամի ներկայացուցիչ Քնար Պասմաճեանը ներկայացուց իր սրտի խօսքը։ Օնթարիոյի երսփոխան Արիս Պապիկեան փոխանցեց իր բարեմաղթութիւնները եւ յանձնեց շնորհաւորական նամակ մը:

Եկեղեցւոյ վաստակաշատ հովիւ Տ. Զարեհ աւագ քհնյ. Զարգարեան փոխանցեց իր պատգամն ու սրտի խօսքը, անգամ մը եւս մէջբերելով 94-ամեայ Սբ. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ ունեցած դերն ու կարեւորութիւնը թորոնթոհայ համայնքին համար, անոր ձեռք բերած հոգեւոր, կրթական եւ մշակութային նուաճումներուն ընդմէջէն։ Տ. Զարեհ նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ սրբազան հօր, ներկայ հովիւներուն, թեմական եւ ծխական խորհուրդի անդամներուն, յարակից մարմիններուն, եկեղեցւոյ քարտուղարութեան, գրասենեակի կամաւոր աշխատողներուն, եկեղեցւոյ հոգատարներուն եւ բոլոր հովանաւորներուն ու ներկաներուն։

Սրբազան հօր եւ Տէր հօր ձեռամբ Արիս Պապիկեան գնահատուեցաւ Գանատահայոց թեմի շքանշանով, իսկ Լուիզա Քերիմ իր երկարամեայ ծառայութեան համար գնահատուեցաւ Սբ. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ «Սբ. խաչ» շքանշանով, ապա յատուկ գնահատագրեր յանձնուեցան իրենց գործունէութեամբ յատկանշուող անհատներուն՝ Շաքէ Սոսոյեան- Վեզիրեանին (տարուան կինը), Պետրոս Չինչինեանին (տարուան մարդը), Անի Պապայեանին (տարուան երիտասարդուհին), Երուանդ Չոբուրեանին (տարուան երիտասարդը), Շաքէ Պասմաճեանին եւ դուստրերուն՝ դոկտ. Իզապէլ, Քնար եւ Սիլվա Պասմաճեաններուն (տարուան ընտանիքը)։

Ծխական Խորհուրդի անուանբ եւ Տ. Զարեհ աւագ քհնյ. Զարգարեանի քահանայական ձեռնադրութեան 30-ամեակի առթիւ խորհուրդի ատենապետ Ռաֆֆի Պետրոսեանը Տէր հօր յանձնեց Սբ. Երրորդութիւն եկեղեցին խորհրդանշող ոսկեայ մետալը:

Գեղարուեստական յայտագրին մաս կազմեցին՝ արուեստագէտ Վարաժ Ստեփանեանը, ջութակահար Յովհաննէս Մուպայյետը եւ մեներգիչ Մհեր Մինասեանը:

Յաջորդաբար տեղի ունեցաւ 94-ամեակի կարկանդակի հատումը Սրբազան հօր, Տէր հօր, ծխական խորհուրդի անդամներու փոխադարձ բարեմաղթանքներու մթնոլորտին մէջ: Երեկոյթի պաշտօնական բաժնի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան հայրը իր սրտի խօսքին ընդմէջէն շնորահաւորեց պարգեւատրեալները, խրախուսեց համայնքի զաւակները զօրավիգ կանգնելու հայ հկեղեցւոյ։

Սրբազան հայրը ըստ արժանւոյն գնահատեց Տ․ Զարեհ Ա. քհնյ. Զարգարեանի գործունէութիւնը: Նմանապէս, Սրբազան հայրը գնահատեց ծխական խորհուրդի գործունէութիւնը եկեղեցւոյ, ծուխին եւ համայնքին նկատմամբ։