Արցախն այս շաբաթ


Քաղաքական եւ ապահովական վիճակը Արցախի մէջ
— Ինչպէս յայտնի է, Ազրպէյճան օրերս ռուս խաղաղապահ զօրակազմի միջոցով պահանջած է մինչեւ 25 Օգոստոսը յանձնել Լաչինի միջանցքը`ըսելով, որ կառուցած է այլընտրանքային ճանապարհի իր հատուածը:

Արցախի տարածքային եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Հայկ Խաումեան այցելած է Արցախի Քաշաթաղի շրջանի Բերձոր, Աղաւնօ եւ Ներքին Սուս գիւղերը եւ յայտնած, որ տուեալ շրջանի բնակիչները պէտք է լքեն իրենց բնակավայրերը։

Ըստ Խանումեանի՝ երեք գիւղերուն մէջ, ընդհանուր առմամբ, մօտ 100 ընտանիք կը բնակի: Նախնական տուեալներով Արցախ բնակելու ցակութիւն յայտնած է բնակիչներուն մօտ 25-30 տոկոսը։

«Մօտ օրերս գիւղապետները պիտի ներկայացնեն ցուցակները եւ ըստ այդպիտի լուծուի Արցախ տեղափոխուող ընտանիքներու բնակարանային խնդիրը: Հայաստան տեղափոխուելիք ընտանքիները պիտի ստանան բնակարան գնելու վկայական, մինչ այդ բնակարանի վարձքի փոխհատուցում», ըսած է ան։

Պատասխանելով Արցախ-Հայաստան այլընտրանքային ճանապարհով երթեւեկութիւնը կազմակերպելու եւ կառուցուող նոր ենթակառուցուածքներու վերաբերեալ հարցին` նախարարը ըսած է, որ աւելի քան 21 քմ․ երկարութեամբ եւ 11 մեթր լայնութեամբ նորակառոյց ճանապարհը (որ կառուցած է Ազրպէյճանը մէկ տարուան մէջ), կը սկսի Տասը Վերստ բնակավայրէն, կ’անցնի Մեծ Շէն, Հին Շէն եւ Քաշաթաղի շրջանի Աղանուս համայնքի վարչական տարածքով եւ կը հասնի մինչեւ Հայաստանի սահման: Իսկ ենթակառուցուածքներու հետ կապուած աշխատանքները հնարաւորինս շուտ պիտի կազմակերպուին։

«Տակաւին կառուցուած չէ դէպի Կոռնիձոր 11 քմ․ ճանապարհը, որ կը նախատեսուի կառուցել եւ աւարտին հասցնել մինչեւ 2023-ի Գարնանը: Մինչեւ այդ, ժամանակաւորապէս պիտի գործէ 4 քմ․ հողային հատուածը, որ կը միանայ գործող մայրուղիին` Աղաւնոյի վերեւը», յայտնած է ան, աւելցնելով, որ այլընտրանքային ճանապարհը պիտի գործէ միջանցքի տրամաբանութեամբ:

Նոր ճանապարհի 5 քմ․ հատուածին մէջ պիտի կը տեղակայուի ռուսական խաղաղապահ զօրախումբը:

— Այս ընթացքին, բնակչութիւնը տարհանելուն զուհագեռ, Արցախի Կրթութեան եւ մշակոյթի նախարարութիւնը կ’իրականացնէ պատմամշակութային ժառանգութիւնը դուրս բերելու աշխատանքը:

Մշակոյթի նախարարի տեղակալ Լեռնիկ Յովհաննիսեան նշած է, որ կը տեղափոխուին խաչքարեր, յուշակոթողներ, տապանաքարեր, թանգարանային ցուցանմուշներ եւ գրադարանային ֆոնտը:

«Մօտ երկու տասնեակէն աւելի կոթողներ արդէն տեղափոխուած են, նոյնքանն ալ տեղափոխման ընթացքի մէջ է», յայտնած է Յովհաննիսեան վստահեցնելով, որ տեղափոխուած յուշարձանները իրենց ուրոյն տեղը պիտի ունենան Արցախի մէջ։

Իսկ Ազրպէյճանական լրատուամիջոցներուն կողմէ կը տարածուի Բերձորի Ս․ Համբարձման եկեղեցին մզկիթի վերածելու նախագիծը։ Ազրպէյճանի «Յուշարձաններու պաշտպանութեան միաւորում» կազմակերպութիւնը հրապարակած է նաեւ լուսանկար։ Ըստ նախագիծին՝ պիտի քանդուին գմբէթի վեղարն ու զանգակատունը, որոնց փոխարէն պիտի կառուցուին երկու մինարեթներ:

Ազրպէյճանական լրատուամիջոցներուն կողմէ կը տարածուի Բերձորի Ս․ Համբարձման եկեղեցին մզկիթի վերածելու նախագիծը

Յովհաննիսեան այդ ուղղութեամբ ըսած է, որ «Համապատասխան մարմինները բոլոր հնարաւոր ձեւերով պիտի աշխատին, որպէսզի հեղինակաւոր միջազգային կազմակերպութիւններուն կողմէ այդ ամէնը կանխուին»։

Նշենք, որ Ս․ Համբարձում եկեղեցւոյ կառուցումը սկսած է 1996-ին եւ աւարտած 1998-ին։


— Արցախի պետական նախարար Արտակ Բեգլարեան անդրադարձած է վերջին օրերուն ազրպէյճանական յարձակման հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակին:

Իր ֆէյսպուքեան էջին վրայ ան մասնաւորապէս գրած է, որ վերջին օրերու դէպքերը անգամ մը եւս ապացուցեցին, որ Արցախի ժողովուրդին դիմադրութեան ոգին կոտրուած չէ, եւ իրենք պատրաստ ու ունակ են ինքնապաշտպանութեան։ Ազրպէյճան կը շարունակէ հայատեացութեան ու պատերազմի քաղաքականութիւնըբացառելով հայ ազգի գոյութիւնը առնուազն Արցախի, իսկ ապագային նաեւ Հայաստանի մէջ։

«Քանի որ Արցախը բացառիկ նշանակութիւն ունի Հայաստանի եւ ողջ հայութեան համար եւ հաշուի առնելով վերոնշեալ վտանգները` մեր միակ լուծումը Արցախի եւ Հայաստանի ռազմավարական դիմադրողականութեան մակարդակի շարունակական ու արագ բարձրացումն է յատկապէս հետեւեալ ոլորտներուն մէջ՝ կայուն անվտանգութիւն, աճող ժողովրդագրութիւն, զարգացող տնտեսութիւն, որակեալ կրթութիւն, արդիւնաւէտ կառավարում, ազգային գաղափարախօսութիւն, պրագմատիկ միջազգային յարաբերութիւններ․․․», նշած է ան։

«Մենք կանգնած ենք գոյաբանական բնոյթի սպառնալիքներու առջեւ, շատ կարեւոր է հեռու մնալ ամբոխավարութենէ, սադրիչներէ, սուտ հայրենասէրներէ», ֆէյսպուքեան իր էջին վրայ գրած է Արցախի արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան:

«Այժմ մենք կանգնած ենք գոյաբանական բնոյթի սպառնալիքներու առջեւ, իսկ ատոր համար անհրաժեշտ է սառնասրտութիւն, արհեստավարժութիւն, հայրենասիրութիւն, աշխատանքի ճիշդ կազմակերպում, համբերութիւն եւ անսպառ աշխատունակութիւնը», առաջարկած է ան աւելցնելով, ներկայ պայմաններուն մէջ այս ամէնը կը հանդիսանան ժողովուրդի ու պետութեան փրկութեան երաշխիքը:

— 11 Օգոստոսին Աւստրալիոյ ազատական կուսակցութիւնը Նոր Հարաւային Ուէյլսի մէջ կայացած համաժողովի ժամանակ ճանչցած է Արցախի անկախութիւնը եւ Թուրքիոյ կողմէ իրականացուածհայերու, ասորիներու եւ յոյներու ցեղասպանութիւնները դիմելով Աւստրալիոյ դաշնային կառավարութեան` նոյնպէս ճանչելու Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը:

Արցախի արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան շնորհակալութիւն յայտնած է Աւստրալիոյ ազատական կուսակցութեան եւ Նոր Հարաւային Ուէյլս նահանգի խորհրդարանի հայ-աւստրալիական բարեկամութեան խումբին նման նախաձեռնութիւններու համար: «Սա քաղաքական եւ բարոյական կարեւոր աջակցութիւն է Արցախի ժողովրդին եւ մարդասիրութեան ու բարեկամութեան օրինակելի դրսեւորում», շեշտած է նախարարը:

Ընկերային կեանքը Արցախի մէջ
— Մարտակերտ քաղաքի փողոցներու գիշերային լուսաւորութեան համար կը տեղադրուին LED տեսակի լուսատուներ։ Արդէն մօտ 50 հատ տեղադրուած է քաղաքի կենտրոնական փողոցներուն վրայ:

Քաղաքապետ Միշա Գիւրջեան նշած է, որ կը շարունակեն տեղադրումը լուսատուներու, որոնք ձեռք բերուած են քաղաքապետարանի միջոցներով։ Վերանորոգուած է երկու խաղավայր, իսկ յառաջիկային կը նախատեսուի ասֆալտապատել քաղաքի Աբովեան եւ Օրբէլի փողոցները:

— Մարտունիի Հերհեր գիւղին մէջ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի (ԿԽՄԿ) աջակցութեամբ կը կառուցուի ապագայ մանկապարտէզի շէնքը:

Գիւղապետ Արման Ալեքսանեան նշած է, որ այս կրթօջախը պիտի ծառայէ նաեւ հարեւան երկու գիւղերու` Ծովատեղի եւ Խերխանի երեխաներուն:

Ըստ անոր` գիւղը նախապէս մանկապարտէզ չէ ունեցած:

«Շինարարութիւնը պիտի աւարտի երեք ամիսէն: Գիւղին մէջ մանկապարտէզ ունենալը շատ կարեւոր է: Մօտ 35 երեխայ ունինք, որոնք հնարաւորութիւն պիտի ունենան նախադպրոցական կրթութիւն ստանալ»։

Կարմիր Խաչի Արցախի պատասխանատու Էթերի Մուսայէլեան նշած է․ «Հերհերի մանկապարտէզի շէնքը հիմնովին պիտի վերանորոգուի եւ կահաւորուի կազմակերպութեան կողմէ: Մանկապարտէզ յաճախելու հնարաւորութիւն պիտի ունենայ 42-45 երեխայ»:

— 11 Օգոստոսին, Կարկառի մէջ սկիզբ առաւ ՀՄԸՄ-ի Արցախի կառոյցի խմբապետական առաջին բանակումը, որուն կը մասնակցին 20 արի-արէնուշներ:

Առաջին օրը սկաւոտները բաժանուեցան երեք խումբերու եւ սկսան վրանները դնելու: Այնուհետեւ զբաղուեցան բանակավայրի մաքրութեամբ։ Ներկայացուեցաւ դրօշակի իմաստը, դրօշակի արարողութեան անհրաժեշտութիւնը ու կարեւորութիւնը: Երեկոյեան կատարուեցաւ առաջին խարոյկահանդէսը, որ մեծ ուրախութիւն ու ոգեւորութիւն պարգեւեց մասնակիցներուն:

— 1 Օգոստոսին Ստեփանակերտի թիւ 8 դպրոցին մէջ մեկնարկեց ՀՅԴ հերթական պատանեկան ճամբարը, որ կազմակերպուած է ՀՅԴ Արցախի երիտարդական միութեան եւ ՀՅԴ Ֆրանսայի «Նոր սերունդ» երիտասարդական միութեան ջանքերով:

1 Օգոստոսին Ստեփանակերտի թիւ 8 դպրոցին մէջ մեկնարկեց ՀՅԴ հերթական պատանեկան ճամբարը (լուսանկարը՝ ՀՅԴ «Նոր սերունդ»-ի)

12-16 տարեկան 150 պատանիներ երկու շաբաթեայ ծրագիրով պիտի ունենան հետաքրքրական ու ուսուցողական առօրեայ` ժամանցային խաղեր, մրցոյթներ, հայոց պատմութեան ու երգերու ուսուցում:

Ճամբարին կը մասնակցին նաեւ Քռասնի գիւղի խումբ մը պատանիներ, որոնց տեղափոխման ծախսը կը հոգայ ՀՕՄ-ի Արցախի միաւորը:

Նշենք, որ մինչ այդ ՀՅԴ պատանեկան ճամբարներ կազմակերպուած են նաեւ Մարտակերտի Վանք գիւղին եւ Ստեփանակերտի թիւ 2 դպրոցին մէջ:

— Օգոստոսին, Արցախի տարբեր շրջաններէ խումբ մը երեխաներ` Արցախի թեմի հոգեւորականներու եւ մանկավարժներու առաջնորդութեամբ մեկնած են Գուգարաց թեմի «Ծիծեռնակ» ճամբար:

Երեխաներին ճանապարհելու եկած էր Արցախի թեմի առաջնորդ Տ․ Վրթանէս եպս․ Աբրահամեան: Սրբազան Հայրը օրհնած եւ բարի ճանապարհ մաղթած է երեխաներուն: Ստեփանակերտի Ս. Աստուածածին մայր տաճարի բակին մէջ հաւաքուած երեխաները աղօթած են եւ ուղեւորուած ճամբար:

— Ստեփանակերտի Վահրամ Փափազեանի անուան պետական դրամատիկական թատրոնը Նարինէ Աբգարեանի «Երկնքից երեք խնձոր ընկաւ» ստեղծագործութեան հիման վրայ բեմադրուած ներկայացումով 13 Յունիսէն մինչեւ 2 Յուլիս մեկնած են արտասահման: Դերասանները հանդէս եկած են Ֆրանսայի Լիոն, Պելճիքայի Պրիւքսէլ, Գերմանիոյ Քէոլն, Պեռլին եւ Աւստրիոյ Վիեննա քաղաքներուն մէջ: Բեմադրիչը եւ նախաձեռնողը Կարինէ Քոչարեանն է:

Դերասանները հանդէս եկած են Ֆրանսայի Լիոն, Պելճիքայի Պրիւքսէլ, Գերմանիոյ Քէոլն, Պեռլին եւ Աւստրիոյ Վիեննա քաղաքներուն մէջ: (լուսանկար՝ Ստեփանակերտի Վահրամ Փափազեանի անուան պետական դրամատիկական թատրոնի)

«Իրապէս, մեծ տպաւորութիւններով վերադարձած ենք Եւրոպայէն: Մեզի այնտեղ գրկաբաց ու ջերմ ընդունեցին: Ծանօթացանք շատ հայերու հետ: Տիկ․ Քոչարեանի շնորհիւ կազմակերպուեցաւ այս մեծ գործը, ու եւս մէկ անգամ ապացուցուեցաւ, որ Արցախը կայ ու կը մնայ», նշած է Արցախի դրամատիկական թատրոնի դերասան Էդուարդ Դաւթեան: