Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին եկեղեցին տօնեց Ս. Աստուածածնայ վերափոխումն ու եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնը


Հովանաւորութեամբ՝ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի, Բարեջան Առաջնորդ Գանատայի Հայոց Թեմին, Աստուածածնայ վերափոխման եւ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը կատարուեցաւ Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։

(լուսանկար՝ Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի)

Տօնին կանխող` Ուխտի շաբթուան ընթացքին, 8-12 Օգոստոս 2022-ին, ժամերգութիւններ կատարուեցան,  իսկ յաւարտ  Շաբաթ օրուան ժամերգութիւններուն եւ Կիրակմուտքի ժամերգութեան, եկեղեցւոյ բակին մէջ, Գերաշնորհ Առաջնորդին առաջնորդութեամբ, եկեղեցականներու աղօթքներով ու բարեպաշտ ժողովուրդի խոր հաւատքին գիտակցութեամբ` Աստուածաշնչական եւ հայ եկեղեցւոյ աւանդութեան համաձայն, կատարուեցաւ աղի եւ խունկի օրհնութիւնը եւ Ս. Աստուածածնայ ուխտի առիթով նուիրուած մատաղը օրհնուեցաւ։ 

(լուսանկար՝ Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի)

Գերշ. Առաջնորդը, Ուխտի շաբթուան իրենց մասնակցութիւնը բերած ուխտաւորներուն, կամաւորներուն, նուիրատուներուն եւ հոն ներկայ եղող հաւատացեալներուն, իր հայրական օրհնութիւնն ու գնահատանքը փոխանցեց` Ս. Աստուածածնի հանդէպ իրենց ունեցած ակնածանքին ու հաւատքին գիտակցութեան համար:

Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ ուխտի շաբթուայ ծրագիրներէն էր ուխտագնացութիւն մը դէպի Միտլընտ քաղաքին մէջ գտնուող Նահատակաց սրբավայրը (Martyrs Shrine), որ տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 9 Օգոս. 2022-ին: Ուխտաւորներուն ընկերացան Եկեղեցւոյ հովիւ Արժ. Տ. Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեանը եւ Դպիր Մանօ Ճենանեանը։

Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ ուխտի շաբթուայ ծրագիրներէն էր ուխտագնացութիւն մը դէպի Միտլընտ քաղաքին մէջ գտնուող Նահատակաց սրբավայրը (լուսանկար՝ Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ)

Ուխտաւորները շրջագայեցան Ս. Յովսէփ Եկեղեցւոյ այգին, ծանօթացան շրջափակի ուխտատեղիներուն եւ ունկնդրեցին եկեղեցւոյ հովիւ՝ Հայր Ռոպերթ ֆոլիոդի ներկայացուցած պատմականը։ Ապա Արժ. Տէր Հայրը եւ ներկաները Արեւագալի ժամերգութիւն կատարեցին եւ Սուրբ հաղորդութիւն ստացան։

Ուրբաթ եւ Շաբաթ երեկոներուն, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ բակին մէջ, Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի հովանաւորութեամբ եւ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ տարեկան քէրմեսը, որուն ընթացքին ներկաները ուրախ տրամադրութեամբ վայելեցին երգիչ՝ Սագօ Թաշճեանի  եւ իր նուգախումբի երգերն ու երաժշտութիւնը։

(լուսանկար՝ Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ)

Կիրակի օրուան կէս գիշերային աղօթքով սկսաւ ուխտաւոր հաւատացեալներու ուխտի գիշերը։ Հարիւրաւոր մոմերով լուսաւորուած խորանէն մատուցուեցան գիշերային  եւ առաւօտեան ժամերգութիւնները, եւ ուխտաւորներուն նախաճաշ հրամցուելէ ետք, Կիրակի, 14 Օգոստոս 2022, առաւօտեան ժամը տասին, սկսաւ սուրբ եւ անմահ պատարագը։

Աստուածամօր ուղղուած գոհաբանական աղօթքէն ետք՝ մատաղի, խաղողի, եւ նոր միւռոնով՝ ջուրի օրհնութենէն անմիջապէս առաջ, Գերաշնորհ Առաջնորդը ուղղեց իր պատգամը եւ ներկայացուց Ս. Մարիամ Աստուածածինի արժէքն ու առանցքային դերը հայ եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ, ապա՝ ընդգծեց սրբութեան ու խոնարհութեան խորհրդանիշ Աստուածածինի կեանքը եւ օրինակներ տալով շեշտեց, որ Աստուածամայրը Իր կեանքին եւ վկայութեան մէջ կը պարփակէ քրիստոնեայ մարդու բարոյական արժէքներն ու առաքինութիւնները: Գերաշնորհ Առաջնորդը շնորհաւորեց Աստուածածնայ անունը կրող հայուհիներուն անուանակոչութիւնը եւ ընդգծեց, որ հայ քրիստոնեայ հայաբոյր ընտանիքը չի կրնար զերծ մնալ Աստուածամօր կեանքէն ճառագայթող առաքինութիւններէն, եւ հայ մարդը՝ միասնութեամբ, հաւատքով ու Քրիստոսով կը  յաղթահարէ ամէն չարի։

Սուրբ եւ անմահ պատարագի աւարտին, հաւատացեալները ստացան ննջեցեալներուն հոգիներուն համար օրհնուած մատաղը, ջուրը եւ աստուածային բարիքներու խորհրդանիշ հանդիսացող խաղողի առաջին ճիռերը։

(լուսանկար՝ Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի)

Աստուածածնայ Վերափոխման եւ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնի առիթով իրագործուած Ուխտի շաբթուան վերջին օրը` 15 Օգոստոս 2022, առաւօտեան ժամը 10-ին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Մեռելոցի Ս. եւ անմահ պատարագ եւ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն վասն ննջեցելոց ազգիս հայոց։